ՎԵՐԱԴԱՐՁ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Աւելի դիւրին է անցեալը ջնջել քան վերադառնալ հոն եւ սրբագրութիւններ կատարել։ Մէկը շատ կտրուկ է եւ ճամբան կարճ, իսկ միւսը՝ կնճռոտ եւ երկար։
Բայց կան անցեալներ (այո, մէկէ աւելի անցեալ ունինք), որոնք եթէ նոյնիսկ կարելի է ջնջել՝ ձեռքդ չ՚երթար պատմութենէդ վտարելու։ Եւ պատճառը անցեալին կապուածութիւնդ չէ, կամ անցեալի կարօտդ չէ։ Կան ուրիշ հանգամանքներ, որոնց պատճառաւ մէկ կամ երկու անցեալ վիզէդ կախուած կը մնան տաժանակիր պատիժի նման։ Յանցանքի զգացում, պարտքի գիտակցութիւն, կամ վրէժխնդրութիւն։
Վերջինը բաւական հեռու էր Աննայէն. պիտի նախընտրէր ջնջել այդպիսի անցեալ մը, որ վրէժխնդրութեան զգացում պիտի յառաջացնէր իր մէջ, քան անոր վերադառնալ այդ թունաւոր զգացումով, — շատ մութ վայր է հոն, ուր կրնաս կորսնցնել դուն ինքդ քեզ։
Նուազ մութ բայց հաւանաբար նոյնքան դժուար է համակերպիլ յանցանքի զգացումին եւ չփորձել անոր յաճախանքը ստեղծող անցեալին վերադառնալ եւ սրբագրել որոշակի կէտեր, մեղմել որոշակի սրութիւններ։
Իր քրոջ հետ յատուկ մտերմութիւն մը չէր ունեցած Աննա, սակայն իրենց միջեւ միշտ եղած էր քրոջական սէ-ր եւ յարգանք։ Եղած էր այդ՝ մինչեւ Աննայի անհատականութեան հասունացումը եւ անդրադարձը, թէ ինչքան տարբեր էին ինք ու իր քոյրը։ Բայց այդ գիտակցումով ոչ թէ պակսած էին իր սէրն ու յարգանքը, այլ յարգանքը հիմա կը պարունակէր հանդուրժողութեան որոշ տոկոս մը, որ կը բխէր ընտանեկան պատուախնդրութենէ։ Ինչքան ալ փափաքելի էր, որ երկու քոյրեր մտերիմներ ըլլային, նկարագրային տարբերութիւնները միշտ որոշ հեռաւորութեան վրայ կը պահէին զիրենք։ Տարբեր խառնուածքներ, տարբեր մտածողութիւն, կեանքի տարբեր ընտրութիւններ։ Բայց ձեւով մը միշտ յաջողած էին կէտի մը վրայ իրարու հանդիպիլ եւ այդ կէտը որոշ ժամանակով մը երկարաձգել։

* * *

Եւ ահա պատահեցաւ այն՝ ինչ հիմա այդ անցեալն էր, որ Աննային կ՚անհանգստացնէր եւ պէտք է սրբագրուէր։ Անցեալ մը՝ որ սահմանուած էր վիրաւորանքով։ Վիրաւորանքը երկուստեք էր. մէկը իմացեալ, միւսը նկարագրային։ Քոյրը ընդհանրապէս առանց նրբազգացութեան ինքզինք արտայայտելու սովորութիւն ունէր արդէն եւ ընտանիքին մէջ ընդունուած էր, որ Արմինէն կրնար յանկարծ, խօսակցութեան որեւէ պահուն սուր խօսք մը ըսել՝ առանց դիմացինը վիրաւորելու մասնաւոր նպատակ ունենալու (գոնէ ինք այդպէս կ՚արդարանար)։ Բայց նման արտայատութիւն մը՝ Աննայի կեանքին ամենազգայուն շրջանին, երբ իր հանդուրժողութեան պատը ծակծկած էր եւ ինքնապաշտպանութեան կարծր պատերը բարձրացած՝ այդ աննրբանկատ խօսքը իմացեալ վիրաւորանքի հակադարձին ենթարկուեցաւ։ Եւ այդ շինիչ կէտը, ուր երկուքը կը յաջողէին հանդիպիլ հակառակ իրենց տարբերութիւններուն, վերածուեցաւ բացասական կէտի մը, ուր երկուքին դառնութիւնները ընդհարեցան իրարու։
Այդ օրերուն, Աննա շատ յարմար ու արդար նկատեց իր խիստ հակադարձութիւնը Արմինէի վիրաւորական խօսքին։ Մայրը նոր մահացած էր, որու հետ Աննայի կապը վերջին տարիներուն արմատապէս խորացած էր։ Մօր բաժանումը ազդած էր իր մարմնի ամեն մէկ բջիջին, իր մտքի ամեն մէկ կայծին, իր արեան ամեն մէկ կաթիլին։ Եւ իր քոյրը՝ Արմինէն, կասկածած էր իրենց մօր հաշիւներուն նկատմամբ Աննայի պարկեշտ խնամակալութեան։
— Դուն վայելեցիր մամային թոշակը. հիմա ինչո՞ւ կ՚ուզես որ միասին հոգանք թաղման ծախսերը։
Սուր… դաշոյն… տեղացող փամփուշտ։
Արմինէին այդ խօսքով՝ իրենց հիւանդ մօր թագուհիի նման հոգացած, անոր բոլոր խնդրանքները, նոյնիսկ քմայքները, կատարած, զինք սիրած, փայփայած Աննան կ՚ամբաստանուէր մօր գումարները գողցած ըլլալու յանցանքով։ Եւ աւելին՝ Արմինէն նաեւ իրմէ հաշիւը կը պահանջէր մօր համար ծախսուած գումարներուն (հակառակ իր որեւէ գումար տրամադրած չըլլալուն), որպէսզի որոշէր եթէ իր բաժինը պիտի բերէր ծախսերուն։
Կրկնակի վիրաւորանք՝ Աննայի անեղծութեան, որ իր նկարագրային ամենակարեւոր յատկանիշներէն էր։ Վստահութեան պակասը իրեն հանդէպ անսպասելի էր եւ ցաւալի։ Ան հակադարձեց իր փխրուն վիճակին շնորհած միակ զէնքով՝ վիրաւորանքով, որքան ալ անյարիր ըլլար այդ իր բնաւորութեան։ Ան եկեղեցասէր ու հաւատացեալ Արմինէին «դուն ո՛չ քրիստոնեայ ես եւ ո՛չ ալ մօրդ զաւակը» ըսաւ եւ արգիլեց անոր մուտքը իր տունէն ներս։
Արմինէն լուր ղրկեց, որ կ՚ուզէր իրեն այցելել. վստահաբար Աննան շատ դիւրազգած էր այս օրերուն եւ իր ըսածները սխալ մեկնաբանած էր։ Ինք պարզապէս կ՚ուզէր գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս ծախսուած են մօր գումարները. ամեն ինչ Աննան ինք դասաւորած էր մինչ այդ եւ իրեն ոչինչ տեղեկացուցած։
Իսկ մինչ այդ ո՞ւր էր Արմինէն։ Ան այսքան տարիներ հետաքրքրութիւն չէր ցուցաբերած մօր նիւթականին հարցով։ Ընդունած էր, որ Աննան է իրենց մօր հոգատարը եւ վերջ. չէր հարցուցած թէ մօր պահանջները ի՞նչպէս կը գոհացուէին, իր առողջական խնամքը ի՞նչպէս կը կատարուէր։ Հիմա, սակայն, յանկարծ հաշիւ կը պահանջէր, երբ կատարուելիք ծախսին իր ալ մասնակցութիւնը կ՚առաջարկուէր։

* * *

Յուղարկաւորութիւն, թաղում, արցունքներ, յետոյ լռութիւն։
Ամիսներ անցան լռութեան մէջ։ Երկու քոյրեր իրարմէ հեռու՝ աւելի հեռացան։ Կորուստի երկու տարբեր վերաբերմունք եւ սուգի երկու տարբեր զգացողութիւն, որոնք ամրագրեցին լռութիւնը։
Աննան հետզհետէ դուրս եկաւ իր փխրուն վիճակէն եւ վերագտաւ իր բնականը։ Գտաւ իր ներքին ճշմարտութիւնը, որ չէր ընդուներ այս լռութիւնը։ «Զիրար իսկապէս չենք ճանչնար, չենք ճանչցած երբեք»,— ըսաւ ինքն իրեն։ Ի պաշտօնէ քրոջական յարաբերութիւն մը եղած էր միշտ իրենց միջեւ։ Մօր ողջութեան՝ յաճախ հանդիպած էին երկուքին ընտանիքները, միասին եղած ընթրիքի սեղանին շուրջ, նոյնիսկ միասին մեկնած պտոյտի վայրեր, բայց ամեն ինչ եղած էր թեթեւակի, ոչ խորաթափանց։ Հիմա մնացած էին երկուքը, առանց իրենց մօր, եւ այդ իրողութիւնը զիրենք աւելի միացնելու փոխարէն՝ բոլորովին հեռացուցած էր իրարմէ։ Արմինէին անփափկանկատ բնաւորութիւնը նոր չէր, որ պիտի գիտնար Աննան։ Բայց վերջապէս քոյրն էր, չէ՞։ Ինչպէ՞ս կրնար վերադառնալ անցեալի այդ էջին եւ սրբագրել քանի մը բառ, ջնջել քանի մը տող։ Թերեւս մեղմացնել իր խստութիւնը եւ հետեւանքները փոխել։
Կարելի չէր։ Ինչ որ կարելի էր՝ ներկան փոխելն էր,— այս ներկան, որ իրենց դառն լռութենէն կախուած կը ճնշէր իր վրայ, եւ թերեւս Արմինէին ալ։
«Կ՚ուզեմ ներել եւ ներուիլ։ Ինչո՞ւ այդքան դժուար է ներողութիւն խնդրել, երբ ինծի համար դիւրին է ներել»։ Աննա կը տարուբերէր հպարտութեան եւ համեստութեան միջեւ։ Ներքին խաղաղութիւնը կը պահանջէր, որ ներուէր իր պատճառած վիրաւորանքին համար, բայց արժանապատւութիւնն ալ կ՚ակնկալէր, որ Արմինէն ալ ներողութիւն խնդրէր իրմէ։ Ելքը՞… իրենցմէ մէկը պէտք է աւելի քաջ ըլլար ու նետուէր հպարտութեան եւ ներողամտութեան միջեւ գտնուող բարակ թելին վրայ։

* * *

Աննայի երկար ժամանակով հեռանալը քաղաքէն առիթ տուաւ իրեն հեռաձայնելու իր քրոջ։ Հակառակ որ մինչ այդ որեւէ նշոյլ անգամ չկար, որ Արմինէն հետաքրքրուած էր իրենց մտերմութիւնը գոնէ մազաչափ վերականգնելով, Աննան որոշեց ենթադրել, որ Արմինէն կ՚ուզէր իրեն հետ խօսիլ եւ գիտնալ իր մասին։ Եւ այդպէս քաջաբար ու առանց տարակուսանքի՝ նախքան իր մեկնումը, օդակայանէն հեռաձայնեց իրեն։ Այդ օտար վայրը, իր տունէն հեռու, ուր փշրանքներ չկային փոխանակուած վիրաւորանքներու, Աննային սպասած վերջին կաթիլն էր ուժի, որ իրեն նետէր հպարտութեան եւ ներողամտութեան միջեւ գտնուող եւ ներկան փոխելու կարող այդ բարակ թելին վրայ։
— Արմինէ ջան, ես երկու ամիսով Փարիզ կը մեկնիմ գործով եւ մեկնելէ առաջ ուզեցի պայպայ ըսել։ Յուսամ ամեն ինչ լաւ է ձեր մօտ։
Արմինէն քիչ մը շուարած պատասխանեց հեռաձայնին։ Նախ՝ կարծես չէր հաւատացած, որ Աննան է խօսողը, յետոյ՝ քիչ մը շփոթ կար իր ձայնին մէջ։ Բայց շուտով ինք ալ բան մը չեղածի նման սկսաւ խօսիլ։
— Հա, ամեն ինչ լաւ է։ Բարի ճանապարհ քեզի։ Ե՞րբ կը վերադառնաս։
— Երկու ամիսէն։ Բայց եթէ գործս երկարի՝ աւելի ուշ կրնամ վերադառնալ։
— Ի՞նչ գործով կ՚երթաս,— Արմինէին համար դեռ յստակ չէր թէ ճիշդ ի՞նչ գործով կը զբաղէր Աննան։
— Մեր ընկերութեան Փարիզի կեդրոնի աձնակազմը պիտի մարզեմ։ Training ընելու կ՚երթամ։
— Վերադարձիդ խօսինք նորէն։ Մեր մօտերը արուեստի նոր կեդրոն մը բացուած է, կրնանք հոն երթալ միասին։
— Անպայման։ Ուրեմն հիմակուհիմա ցը։

Լոռէն

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *