ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՄԻԱՆԱ՜Լ… ՄՈՌՑԷ՛Ք
Մեր դասացոյցին մէջ գրեթէ ամեն օր կը նշուէր արաբերէնը, որ իրողապէս մեծ բացակայ մըն էր, ազատ պահ: Ոմանք կը պնդէին, թէ արաբերէնը երկրին լեզուն է, ամեն տեղ արաբերէն պէտք է, սերունդը պէտք է արաբերէն սորվի, արաբերէնին տիրապետէ, որպէսզի տեղ հասնի, մարդ ըլլայ…: Զաւեշտական պատմութիւններ կը պատմէին մեր գիւղէն՝ Գարատուրանէն, բանակի ծառայութեան կանչուած երիտասարդներու մասին, որոնք զինավարժութիւններու ատեն արաբերէնը լաւ չհասկնալով՝ կ՚իյնային ծիծաղելի կացութեան մէջ: Արաբերէնի ուսուցման մասին հակառակը պնդող չկար, բայց փաստ էր, որ արաբերէնի դասագիրքը գրեթէ միշտ տունէն դպրոցական պայուսակին մէջ չէր տեղաւորուեր…: Ծնողները արաբերէն չէին գիտեր, արաբերէն դասաւանդող հայ ուսուցիչ գոյութիւն չունէր…: Տէ, շատերը արդէն Հայաստան գացին, մնացողներուն ալ աչքը արտասահման է…: Նախակրթարանէն ետք ուսման համար գրեթէ բոլորը կ՚երթային արտասահման՝ Կիպրոսի Մելքոնեան հաստատութիւն, Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարան, Երուսաղէմի, Վիեննայի, Ս. Ղազարի, Անթիլիասի, Զմմառի հայոց դպրեվանքերը, բայց մանաւանդ Լիբանան, ուր բոլոր գիտութիւնները կը դասաւանդուէին կա՛մ ֆրանսերէն, կա՛մ անգլերէն, կը մնար միայն արաբերէն լեզու մը, որ եթէ պէտք ըլլար, հոն կը սորվէին: Ալ ինչ խօսք…
Անշուշտ կար խօսակցական արաբերէն մը, որուն վարժ էին այր մարդիկ, մանաւանդ երբ կար ամենօրեայ շփում սահմանապահ զինուորներուն, ոստիկաններուն, Քեսապի քաղաքապետարանի եւ ծխախոտի ընկերութեան պաշտօնեաներուն, հարաւի ալեւի գիւղերու բնակիչներուն, շրջուն վաճառորդներուն հետ…: Հարցով մը գիւղ եկած ոստիկանները յաճախ հասկցուելու եւ հասկնալու լուրջ խնդիրներ կ՚ունենային, ու ստիպուած լուր կը հասնէր մօրս, թէ՝ «Տիկին Խաթուն, հասի՛ր, ասոնց հետ լեզու գտիր…»: Մայրս իր մանկութիւնը Լեռնալիբանանի մէջ անցուցած ըլլալով՝ սահուն ու վարժ արաբերէն մը կը խօսէր, տեղական բարբառ մը, որ այնքան հաճելի կը թուէր արաբ պաշտօնեաներուն… Ուրեմն հայն ալ արաբերէն կը խօսի եղեր… Բայց եկուր տես, որ ոչ ոք գիտէր պաշտօնական գրական արաբերէնը, որ մեր խօսած հայերէնին ու պատարագի գրաբարին ունեցած տարբերութենէն հազար անգամ մեծ տարբերութիւն ունէր խօսակցականէն…
Սուրիական պետութիւնը միշտ կը հետապնդէր պետական լեզուի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը: Օսմանեան շրջանին արաբերէնը չէր կարեւորուեր հայաբնակ շրջաններուն մէջ. ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին առաջնայինը ֆրանսերէնն էր, արաբերէնն ալ կար, բայց որո՜ւ հոգը…: Հաթայի պետութեան ատեն, կը պատմէին, որ Մուսթաֆա Քեմալի նկարով թրքերէնի դասագիրքեր ունեցեր են. հայը թրքերէնին վարժուելու խնդիր չէ ունեցած երբեք: Բայց հիմա երկրի միակ պետական լեզուն արաբերէնն էր: Յաճախ քննիչներ կ՚այցելէին գիւղը. Կրթական գերատեսչութեան պայմանները կը հետապնդէին. դասացուցակը, յայտարարութիւնները պատին պէտք է արաբերէնով գրուած ըլլային, աշակերտութեան անուանացանկը եւ ուրիշ բաներ…: Մանաւանդ արաբերէնով դասաւանդելի նիւթերու բացակայութիւնը կը վրդովեցնէր քննիչները…: Կար առասպելական վկայական մը, որ սերթիֆիքա կը կոչուէր, յետ պետական քննութեան՝ նախակրթարանը աւարտած յաջողակներուն կը տրուէր: Հոն հայերէնը տեղ չունէր, իսկ մեր դասացոյցին մէջ կար-չկար՝ միայն հայերէն կար: Տնօրէնները կը չքմեղանային, թէ քիչ մը համբերեցէք, այս հարցը մէկ-երկու տարիէն չի լուծուիր, վաղը միւս օր մենք արաբերէնով վկայեալ ուսուցիչներ կը գտնենք ու այս հարցը կը լուծենք կամաց-կամաց:
Պետութիւնը տասնամեակներէ ի վեր ամեն ճիգ կը թափէր հայ դպրոցներուն օգնելու համար: Կը տրամադրէր արաբերէնի ուսուցիչ, որուն աշխատավարձը ինք կը վճարէր, ձրի կը տրամադրէր դասագիրքերը: Այսուհանդերձ՝ կառքը տեղէն դժուար կը շարժէր: Մեր գիւղը ղրկուած արաբերէնի ուսուցիչները ընդհանրապէս դեռատի աղջիկներ կ՚ըլլային՝ երեք հոգի, իւրաքանչիւրը՝ մէկ դպրոցի համար: Ասոնք մեծ մասով հարաւի լեռներուն քրիստոնեայ գիւղերէն կու գային՝ Հաֆֆէ, Գասապ, Ըսլընֆէ, մինչեւ իսկ Սաֆիթայէն…: Ասոնց համար վերի թաղին մէջ որոշ յարմարութիւններով ապահովուած տուն մը կը տրամադրուէր: Անոնք ամեն առաւօտ միասին կ՚իջնէին վերի թաղէն ու մեր տան մօտիկ կանգնելով՝ անպայման մէկ- երկու խօսք կը փոխանակէին մօրս հետ եւ իրարմէ կը բաժնուէին, ամեն ոք՝ իր դպրոցը: Տարի մըն ալ ունեցանք երիտասարդ ուսուցիչ մը, Պարոն Ֆուատը, որ ուսուցչուհիներու տան կից ուրիշ տան մը մէջ տեղաւորեցին: Կը սիրէինք իր ներկայութիւնը, իր փողկապը, իր չխամրող ժպիտը: Ան առիթ չէր փախցներ մեզի հետ խաղալու, ու կը փորձէր մեզի հետ հայերէն խօսիլ: Չեմ գիտեր, թէ մե՞նք աւելի արաբերէն սորվեցանք, թէ՞ ինք՝ հայերէն: Թէ որքա՞ն լուրջի կ՚առնէինք այդ դասը՝ չեմ գիտեր, բայց չեմ մոռնար, օր մը Պարոն ֆուատը մեզի կարդաց իր գրած բանաստեղծութիւններէն մէկ-երկու հատը: Մէկուն մէջ քեսապցի հայը կը նմանցնէր Կասիոսի լանջին սաւառնող արծիւի, իսկ միւսին մէջ կը գովերգէր կեռաս շրթունքներով, խնձոր այտերով, ռեհանի բոյրով մեր գիւղի աղջիկները: Այդքանը հասկցանք. սա ալ կը նշանակէր, որ քիչ թէ շատ արաբերէն կը հասկնայինք…
Բայց երբեք չկրցանք հասկնալ, որ մենք ինչո՛ւ հիւրի պէս կը վարուէինք արաբերէնի ուսուցիչներուն հետ, որոնք այսօր կային, վաղը երբեք պիտի չըլլային… Մեր միտքին մէջ ինչ որ սահման կար մեր աշխարհին ու Սուրիա կոչուող երկրին միջեւ…
Արաբերէնի մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները երկար չէին դիմանար: Ամեն արձակուրդի կամ շաբաթավերջի կ՚այցէլէին իրենց տուները ու արձակուրդները կ՚երկարաձգէին: Տէ, նախ հետիոտն Քեսապ պէտք է երթային, անկէ Լաթաքիա իջնէին, եթէ փոխադրամիջոց գտնէին, այլապէս պէտք է գիշերէին Քեսապի դպրոցներու իրենց պաշտօնակիցներուն քով ու յաջորդ առաւօտ պասով իջնէին Լաթաքիա, անկէ ինքնաշարժ պէտք է փոխէին իրենց շրջանը երթալու համար…: Այսպէս… Հա՛ ձիւն է՝ ճամբաները փակ են, հա՛ ինքնաշարժ չգտանք, հա՛ հիւանդացանք…: Դասագիրքերը պայուսակներէն դուրս կ՚ելլէին ու կը շպրտուէին տան մէկ անկիւնը: Չվերադարձող ուսուցիչներ ալ կ՚ըլլային…
Օր մըն ալ վլվլուք փրթաւ գիւղին մէջ. քննիչները եկեր են գիւղ, նստեր են երեք տնօրէններուն հետ առանձին, ապա համատեղ, յետոյ պահանջեր են, որ երեքը միասին ներկայանան Լաթաքիա՝ Կրթական տնօրէնին, որ յստակ պահանջք ներկայացուցած է. գիւղին մէջ 20-25 աշակերտով երեք դպրոց կայ, որ պետութեան կ՚արժէ երեք ուսուցիչ, եւ… արդիւնք չկայ: Աշակերտները պետական սերթիֆիքայի քննութեան չեն կրնար ներկայանալ: Կը պահանջուի, որ երեք դպրոցները միանան, որպէսզի քիչ թէ շատ դպրոցի նմանի 60-70 աշակերտութեամբ. որակեալ ու փորձառու ուսուցիչ պիտի ղրկէ ու հետապնդէ, որ կրթական գործը երբեք չկաղայ: Երեք դպրոցներու միացումը անհրաժեշտ է: Մի՛ացէք:
Անդին՝ Քեսապի մէջ եւս 4 հայկական վարժարաններ կային. հոն ալ պետութիւնը առաջարկեր էր միանալ, այլապէս 100-է պակաս աշակերտութիւն ունեցող դպրոցին պիտի չնպաստէ:
Այդ ինչպէ՜ս կ՚ըլլայ, որ դպրոցները մէկ ըլլան: Չի՛ կրնար ըլլալ: Ի հարկէ, պետութիւնը միամիտ կը ձեւանար, բայց շատ լաւ գիտէր, որ այնտեղ կայ հնչակ-դաշնակ, կայ առաքելական-աւետարանական-կաթողիկէ, բայց ինք իր ըսածը կ՚ըսէր. «Մենք երբեք դէմ չենք, որ դուք հայերէն դասաւանդէք, եթէ միանաք՝ աւելի լաւը պիտի ըլլայ, մի՛ կասկածիք, ձեր զաւակները միատեղ պիտի կրթուին, ստանան հայեցի հիմնաւոր կրթութիւն եւ պատրաստուին իբրեւ լիիրաւ սուրիացի քաղաքացի»:
Շատեր համաձայն էին. «Տեսէք ինչ օրի հասանք, — կ՚ըսէին, — օտարը մեզ պիտի միացնէ»:
Պատասխանատուներու պատասխանը կտրուկ մերժում էր. «Մենք մեր դպրոցները չենք կրնար միացնել: Խօսեցէք Հալէպ՝ մեր թեմական եւ կեդրոնական մարմիններուն հետ…: Անոնց ալ պատասխանը նոյնը պիտի ըլլայ: Մոռցէք»:
Բայց…
— Բայց ի՞նչ՝ կ՚ուզէ օգնէ, կ՚ուզէ չօգնէ, մենք մեր ուսուցիչը կը գտնենք՝ կը վճարենք: Մենք մեր դպրոցը չենք փակեր…
ՄԻԱԿ ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ԷՐ
Քիթ-քիթի մեր երեք դպրոցներուն դասացոյցները նոյնն էին՝ հայերէն ընթերցանութիւն, քերականութիւն, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօն, արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն, երկուքէն մէկը, բայց երեք դպրոցներուն ալ դասագիրքերը տարբեր էին, բացառութեամբ արաբերէնի, որ Կրթական տնօրէնութենէն պարտադիր կը տրամադրուէր բոլորին:
Ամեն վերամուտի դասագիրքերու ընտրութիւնը հարց կը դառնար: Բոլորին խօսակցութեան առարկայ: Վերջին հաշուով որոշողը դպրոցները չէին կրնար ըլլալ. Հալէպէն պէտք է հաստատէին. Ազգային առաջնորդարանը ասիկա կը հաստատէր, Աւետարանականներու համայնքապետարանը ատիկա կը հաստատէր, Բարեգործականի շրջանակայինը անիկա նպատակայարմար կը գտնէր: Առարկութի՞ւն… Յաջորդ տարեշրջանին վերատեսութեան կ՚ենթարկենք:
Այս պատմութիւնը այսպէս կը շարունակուէր տարուէ տարի…
Անշուշտ չէինք հասկնար, թէ ի՛նչ է պատճառը, որ Միացեալ վարժարանի ընթերցանութեան դասագիրքը «Շողական» կը կոչուէր, որուն վրայ հեղինակի անուն չկար, Հալէպէն կու գար, Աւետարանական վարժարանի դասագիրքը Հրանդ եւ Զապէլ Ասատուրի «Թանգարան»ն էր, Կ. Պոլիսէն կու գար, իսկ մերը՝ «Արագած» Պէյրութէն կու գար, կողքին վերը գրուած էր Օննիկ Սարգիսեան եւ Սիմոն Սիմոնեան:
Հայոց պատմութեան անունը անփոփոխ մը մնար, բայց գիրքերը տարբեր էին՝ Միացեալ վարժարանի դասագիրքը Արմէն Անոյշի Հայոց պատմութիւնն էր, Հալէպէն կու գար, Աւետարանական վարժարանի դասագիրքը՝ Կարապետ Պասմաճեանի հայոց պատմութիւնն էր, Կ, Պոլիսէն կու գար, մերը՝ Սիմոն Սիմոնեանի Հայոց պատմութիւն էր, Պէյրութէն կու գար:
Ինչ մեղքս պահեմ, ես աւետարանական դպրոց յաճախող Շամբոյի գիրքը ամբողջ շաբաթ մը տուն տարած եմ, որպէսզի կարդամ: Նոյնը ըրած եմ Միացեալ վարժարան յաճախող Ղազարեան Զենոբի գիրքին: Խեղճերը այդ շաբաթ երկու անգամ ծանրօրէն պատժուած են դասագիրքը տուն մոռցած ըլլալնուն համար:
Զենոբը իր դաստակին վրայ լուռ ընդուներ է քանակի երկուքական հարուած, իսկ Շամբոն ցակռտելով, ափերը ոտքերուն միջեւ պահելով, լացեր է ու ըսեր.
— Պարոն, Յակոբը գողցաւ:
Ու անկէ ետք՝ կորսուած հայոց պատմութեան գիրքի համար ծնողները մեր բակէն կը կանչէին.
— Աղջիկ Խաթուն, մեր տղուն պատմութեան գիրքը ձեր տղուն քո՞վն է:
Ինչ ըսեմ, ինչպէս արդարանամ… Ատիկա մէկ անգամ պատահած էր. տեսեր, կարդացեր, համեմատեր էի. ես իմ Հայոց պատմութիւնը ոչ մէկ գիրքի հետ կը փոխէի: Քուն թէ արթուն՝ բոլոր երազներս այդ գիրքի էջերէն կու գային, տունը պառկած՝ մեր առաստաղին խոնաւութեան հետքերը ինծի համար այդ գիրքով հերոսներու դիմանկարներ, պատերազմի տեսարաններ, երեքթեւեան նետ ու աղեղ կը դառնային, Հայաստանի քարտէզ, որուն բոլոր սահմաններուն վրայ մերկ սուրեր կային. «Սահման քաջաց զէնն է իւրեանց», մեր լեռան ժայռերը, անտառի ծառերը կը կերպարաւորուէին Սիմոն Սիմոնեանի հերոսներով…
Հապա՜:
Ինծի համար գիրքի ճակատին վրայ, ամենէն վերը, գրուած «Սիմոն Սիմոնեան»-ը ուրիշ հմայք մը ունէր: Գիտէի, որ գիրքի մը հեղինակին անունը հոն կը գրուի, գիտէի նաեւ, որ սա ալ անձնանուն—-մականուն է՝ Սիմոն Սիմոնեան. Ուրեմն՝… Չէ, իմ մտքիս մէջ չէր տեղաւորուեր, որ ան մեր վարժապետներուն պէս մարդ մըն էր. մարդ ալ չէր, հապա ի՞նչ էր… Ոգի էր կարծես, որ ամեն անգամ գիրքիս էջերը իմ մատներովս կը բանար, ու հազար անգամ կարդացած պատմութիւնս նոր կախարդանքով մը հոգիս կ՚ալեկոծէր…
Ես ինչ գիտնայի, որ դասագիրք մը կրնայ գերել դպրոցականի մը ամբողջ էութիւնը:
Անշուշտ, երբ բարկանայի, աւելի ճիշդ՝ երբ զիս բարկացնէին միւս դասանիւթերն ու դասագիրքերը, դասատուներն ու տնօրէնի բարկաճայթ յանդիմանութիւնները՝ դասարանի պատուհանէն կը թռչէի դուրս, բոլոր գիրքերս կը թափէի հոն, ու միայն իմ պատմութեան գիրքս լաթէ պայուսակիս մէջ ձգած՝ կը հեռանայի այդտեղէն: Գիրքս կ՚ամոքէր իմ զայրոյթս, վրէժս կը լուծէր, բարձ կը դառնար ինծի համար:
Կէսօրին, մեր տան վերէն անցած պահուն, վարժապետը կը կանչէր.
— Տիկին Խաթուն, տղադ նորէն դպրոցէն փախաւ… Գիրքերը հաւաքէ, Աստուած օգնէ քեզի…
Այս բոլորին մէջ միակ յանցաւորը, մարդ չգիտցաւ, «Սիմոն Սիմոնեան»-ն էր:
ՎԱՅ ՍԱՌԻԿ ԱՂԲՐԿԻՆ, ՎԱ՜Յ
Օտար լեզուները հարց էին. Միացեալ եւ Մեսրոպեան վարժարանները միշտ խնդիր ունէին ֆրանսերէնին հետ. ֆրանսացիները գացեր էին, ֆրանսերէնի աստղը կը մարէր, ու իրենք տակաւին կառչած էին անոր: Կը յիշեմ, մերը կոկիկ ու գեղեցիկ գունագեղ նկարներով գիրք մըն էր, որմէ միայն մէկ արտայայտութիւն միտքս մնաց՝ Par avion, որ արժեց ծանր ապտակ մը. ցաւը տակաւին կը զգամ:
Աւետարանական վարժարանին մէջ անգլերէն կ’անցնէին: Այդպէս եղած էր հարիւր եւ աւելի տարիէ ի վեր, երբ ամերիկացի միսիոնարները Քեսապ եկան այնթապցի թրքախօս քարոզիչ-ուսուցիչներու հետ: Դպրոցներ հիմնեցին: Միսիոնարներէն մնաց անգլերէնը, այնթապցի ուսուցիչներէն՝ թրքերէն խոճա (ուսուցիչ) բառը: Հետաքրքրական է, որ թրքերէնն իսկ հրաժարած էր այդ միջնադար հոտող բառէն, իսկ հայերէնը՝ վարժապետէն, բայց մեր քով կը մնային, թէեւ թրքերէնը հրմշտուքի մէջ էր մեր գեղեցիկ վարժապետ բառին հետ (բարբառ՝ վարժապիտ):
— Անգլերէնը համաշխարհային լեզու կը դառնայ շուտով, — կ՚ըսէր Սթալին խոճան տեսակ մը հպարտանքով, — անգլերէնը նոր սերունդին աւելի անհրաժեշտ է:
Իրաւունք ունէր. Քեսապի աւետարանական նախակրթարաններէն շրջանաւարտները ուղղակի կը մտնէին Ալեփփօ քոլէճ, որ, կ՚ըսէին, Այնթապի նշանաւոր քոլէճին շարունակութիւնն է: Շատեր կ՚երթային Լիբանանի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանները, իսկ անկէ շատեր կը մտնէին Պէյրութի Հայկազեան քոլէճ, Ամերիկեան համալսարան եւ ամենէն կարեւորը՝ NEST, որ է Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ հոգեւոր հովիւներու երկար շարք մը կար ամբողջ աշխարհին մէջ: Հապա որքա՜ն բժիշկներ, ակնաբոյժներ, ատամնաբոյժներ, երկրաչափներ…
— Մեզի ինչ օգուտ, բոլորը դուրսի համար մարդ եղան, Ամերիկայի մարդ, — կը բողոքէր Խաչիկ Ղազարեանը, — այսպէս երթայ՝ մենք բժիշկի երես պիտի չտեսնենք…
— Տոքթորը կայ՝ Աւետիս Ինճեճիքեանը, ան Քեսապի մարդ է, — կ՚ըսէր Հաննա եղբայրը:
— Անկէ ինչ տոքթոր, մարդը ժամանա՞կ ունի, պետական եւ ազգային երեսփոխան, ազգային գործիչ…: Դուռը զարկես՝ քսուկ մը կու տայ կը ղրկէ, եթէ ազգային հարց մը չկայ…
Գիւղի բուժեղբայրը Պարոն Գաբրիէլն էր, առաջին օգնութեան պայուսակը միշտ հետն էր, կը վազէր, վէրքերը կը մաքրէր, կը վիրակապէր, ոսկորի հարցով եղբօր՝ Նշանին ձայն կու տար. Նշանը ատենին հովիւ եղած ըլլալով՝ այծերու վրայ բեկաբուժութիւն սորված էր ու այդ բաներէն լաւ կը հասկնար, կ՚օճառէր, կը կակուղցնէր, կը քաշէր, տեղը կը բերէր, կը կապէր:
— Հասի՛ր, Պարոն Գաբրիէլ, պզտիկը տաքութիւն ունի, — լուր կու տային:
Պարոն Գաբրիէլը կը հասնէր, սրսկիչը եռացած ջուրին մէջ պահ մը դնելէ ետք՝ պայուսակէն կը հանէր փենեսելինի սրուակը, կը քաշէր ու կը զարնէր:
— Անցած ըլլայ:
Եւ կ՚անցնէր:
Թէ՛ անգլերէնը, թէ՛ ֆրանսերէնը կարծես անցագիր էին երկրէն դուրս ելլելու համար:
— Բնաւ կապ չունի, մենք ոչ Չըրչիլի կողմն ենք, ոչ տը Կոլի կողմը. լեզու է՝ կը սորվինք, կը սորվեցնենք, ահա, Անտունը հօտ մը զաւակներ ունի, վաղը չէ միւս օր Պէյրութ կ’երթան, այս փոքրիկները ինչ ընեն այս քար ու հողին հետ…Ծօ՛, ունեցողները ամենէն առաջ կը մեկնին, ալ ուր մնաց անորպէսները, որոնց կալուած ըսածները քարքարուտներուն մէջ կորսուած կօշիկի կարկտաններ են…
Պարոն Գաբրիէլը, ֆրանսերէն ըլլայ-չըլլայ, գացողը չէր, որովհետեւ ծառն ու հողն ալ կը սիրէր: Բայց տղաքը, դպրոցը աւարտելէն ետք, ճամբայ մը կը գտնէ, կը ղրկէ.
Պարոն Եսայիին ալ աչքը Պէյրութին առեր է. հիմա վեց զաւակները դպրոցին մէջ թիւ էին, վաղը մէկալ օր հոս ի՛նչ ընէին…:
Բայց Սթալին խոճան գացողը չէր: Ընտանիքի, զաւակներու հոգ չունէր: Տարիները կը թաւալէին, ահա քառասունի սեմին էր, աշխարհը տայիր՝ ինք իր դպրոցի բակէն դուրս ելլողը չէր, իր բարձունքէն ամբողջ գիւղը իր հսկողութեան տակ առնելէն մեծ հաճոյք չէր ճանչնար ու իր լաւագոյն դասն ալ կը մնար անգլերէնը…
Ու անգլերէնի պահուն թէ՛ անոր հարցումը եւ թէ՛ աշակերտներուն պատասխանները շա՜տ բարձր կը հնչէին.
—What is this?
—This is a cat.
Ասիկա զաւեշտական կը հնչէր մանաւանդ մեր Սառիկ աղբրկինին համար, որ օր մը, փէշը գօտիին մէջ խրելով՝ գոգին վրայ ծրար շինած, ճիշդ դասարանին կից թթենի ծառը կը մագլցի՝ իր շերամին տերեւ հաւաքելու համար. վարժապետը կը սկսի դասին.
— What is this?… What is this?
— Հիրէք ի էսիս, էրի չաթս տիս (Հերիք է ըսես, եկուր չաթս տես), — բարձրաձայն կը յանգաբանէ Սառիկ աղբրկինը ծառին վրայէն իր չաթերը՝ վերին սրունքները, ցոյց տալով:
Ամբողջ գիւղին համար ասիկա նիւթ դարձաւ:
Վայ Սառիկ աղբրկին, վա՜յ…
ԾՈՎԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՄԱՔՐԷ
Ամենօրեայ դարձած էին վէճերը գիւղի յայտնի սաքուներուն մէջ հաւաքուող մարդոց միջեւ: Տաք-տաք կը վիճէին, կը հակադրուէին իրարու, կը վիրաւորէին զիրար, իսկ երբ կիներն ալ մտնէին վէճին մէջ՝ անէծքն ալ կ՚աւելնար սպառնալիքներուն վրայ: Կաթողիկոսական ընտրութիւններու բերած հակամարտութիւնները, Լիբանանի մէջ ահագնացող եղբայրասպանութիւնը, աստուածաբանական ճեմարանի քեսապցի ուսանողի մը անյայտ կորուստն ու փուռը նետուած ըլլալու ամբաստանութիւնները կիրքերը կը բորբոքէին չես գիտեր որո՛ւն դէմ: Յետոյ բնականաբար ճակատներ կը գոյանային մարդոց միտքին մէջ: Ոմանք տռտռալով-պռպռալով կը հեռանային, որովհետեւ եթէ քիչ մըն ալ առաջ երթային՝ մահակները գործի պիտի անցնէին: Այդտեղ, փաստօրէն, չէզոք մարդ չէր մնացած. այսպէս ըսես՝ դաշնակ ես, այնպէս ըսես՝ կարմիր ես, լուռ մնաս՝ սադրիչ ես, դաւադիր ես, դաւաճան ես…:
Խիչա եւս չդիմացաւ շատերու պէս: Ինք եւս սաքուէն իջաւ, պահ մը կեցաւ բակին մէջ, ետ դառնալու եւ բան մը ըսելու պէս ըրաւ: Չըսաւ: Ձեռքը թափահարեց ու արագ քայլերով գնաց տուն, ջրամանը եւ ուտելու բաներ մը տեղաւորեց պայուսակին մէջ, զարկաւ ուսին ու բակի պատին յենած ձկնորսական եղեգը վերցնելով իջաւ գնաց: Իրիկուան մօտ էր: Կինը պատշգամէն տեսաւ մարդը, հասկցաւ, որ գիշերը «կախուեցնել»ու՝ կարթով ձուկ որսալու կ’երթայ, բայց զարմացաւ, երբ անդրադարձաւ, որ վաղը Կիրակի չէ…
Առաջին դարձուածքի բարձունքէն ծովը երեւցաւ. ալեկոծութիւնը ոչխարներու հսկայ հօտի մը պէս կը պսպղար ծովուն մակերեսին վրայ: Կատաղի փոթորիկ կ՚երեւէր: Զինք եղեգով տեսնողը պիտի ըսեր «կո՞յր է, չի՞ տեսներ, որ այսօր ծովուն մօտենալ կարելի չէ, ինչ ձուկ, ինչ բան»:
Ինք գիւղէն կը փախէր, ու այս ճամբան ծովէն բացի ուրիշ տեղ չէր տաներ:
Վերջին թաղը կտրուկ արահետով մը շրջանցեց: Մարդ տեսնել չէր ուզեր: Մարդու երես նայելու փափաք չունէր; Անկէ վար մարդ-մարդասանք չէր ըլլար, բայց ծովուն ձայնը արդէն կը լեցնէր ամբողջ ձորը: Հասաւ ծովափի խարակին ծայրը, մէյ մը նայեցաւ ծովուն, պղտոր, մուգ ու մութ զանգուած մը, որ հսկայ վիշապի պէս մէջքը կը ծռէր ու ետ-ետ քաշուելով յատակը կը ճանկռտէր, ապա բաշը բարձրացնելով կը գալարուէր եւ ահաւոր թափով կը զարնուէր ծովափի խարակներուն՝ դուրս թքելով ամեն բան, որ երախին մէջ առած էր: Ալիքները կը բախուէին իրարու, կը բզքտէին զիրար ու կրկին թափ առնելով կու գային առաջ:
Չդիմացաւ Խիչա. խարակի քովնտի կածանէն կամաց-կամաց իջաւ ցած ու կեցաւ Դատաւորի քարի կողքին: Ծովու տատանումէն կարծես գլխապտոյտ ունեցաւ: Խիչա գրկեց քարը ու կողմնակի նայեցաւ ծովուն. ետեւ մնացած ջուրերը մեծ խշշոցով սահեցան ցած, ծովափի քարերն ու աւազը իրենց հետ քաշելով: Ծովը կրկին ետ եկաւ, բարձրացաւ, գլուխը թեքեց դէպի ցամաքը. Խիչա հազիւ կրցաւ անցնիլ քարին ետեւը, երբ հսկայական ալիքը փշրուեցաւ քարին վրայ ու ցնցուղի նման հոսեցաւ՝ իր թքած աղբերն ալ թափելով Խիչայի գլխուն եւ ուսերուն վրայ:
— Այսօր ծովն ալ կատղած է, — մտածեց Խիչան, — աշխարհ իրար անցած է:
Արդէն ուր որ է՝ մութը կոխելու վրայ էր: Բարձրացաւ քիչ մը վեր, դէսէն-դէնէն հաւաքեց շալակ մը ցախ ու փայտ, կապեց ու թեւին տակ առնելով՝ մօտեցաւ Ս. Սարգիսի քարայրի խարակին: Եղեգը յենեց ժայռին, ապահով տեղ մը, ապա ցախն ու փայտը ձեւով մը հետը քաշելով-քաշքշելով մագլցեցաւ քարայրն ի վեր: Հասաւ: Մտաւ ներս: Քարայրի պատին թիկնեցաւ ու շարունակեց դիտել սեւին տուող ու լայն տատանումներով ելեւէջող ծովը: Զինք երբեք այդքան չէր վախցուցած ծովուն մութ ու անյայտ խորութիւնը:
Վառեց կրակը: Թեթեւ ճարճատիւնը ջերմութեամբ լեցուց զինք; Հանեց թրջուած շապիկը, փռեց կրակին քով դրուած ցախին վրայ ու շարունակեց դիտել ծովը: Հայեացքը պաղեցաւ կարծես, անթարթ մնաց: Թօթուուեցաւ, հագաւ շապիկը, պատառ մը հաց դրաւ բերանը, երկու պուտ ջուր կլկլացուց, պայուսակէն հանեց փոքրիկ ծածկոցը եւ առաւ ուսերուն վրայ: Հեռուն՝ լոյսերու շարան մը կը պլպլար, յետոյ կ՚անհետէր, կարծես պահ մը կը ծածկուէր լեռներէն ծովուն վրայ իջնող սեւ վարագոյրով: «Մուսա լեռան լոյսերն են» մտածեց ու կամաց-կամաց կոպերը ծանրացան եւ քունը իջաւ, ինչպէս ծովու մակերոյթը կը ծանրանայ անդունդներուն վրայ:
* * *
Աչքերը բացաւ ու նկատեց, որ լուսաբաց է արդէն: Քիչ մը պաղած էր, կրակին վրայ խեշերանքներ թափեց, փչեց: Բոցը շոյեց երեսը, դարձաւ նայեցաւ ծովուն: Ոտքի ելաւ, կեցաւ քայրայրի մուտքին. խաղաղութիւն էր ամեն կողմ. Ծովը, չըրփ…չըրփ, աննշան հեւքով մը հազիւ կը շնչէր: Մտածեց անցնիլ դիմացի ժայռին վրայ ու կարթը նետել; Ծովը այնքան թափանցիկ էր ու խաղաղ:
Իջաւ. երէկուան ալիքներուն հասած բարձունքները դեռ թաց էին: Ծովը թքեր, թքեր ու դուրս էր շպրտեր այդ ամբողջ աղբը, որ դիզուած էր յատակին, որ մարդիկ թափեր էին ծովուն մէջ՝ ծովաբոյսեր, պատեաններ, ոսկոր, սատկած ձուկեր, տուփեր, շիշեր, փայտ: Գերան մըն ալ տեսաւ, «Տեսնես դարձիս կրնա՞մ պահել տեղ մը՝ օր մը էշով տուն տանելու համար, պէտք կու գայ» մտածեց:
Խիչա զղջաց որ երէկ իրիկուն ինք չթքեց գիւղի խաղաղութիւնը խանգարող այդ մարդոց երեսին: Ինքն իր վրայ բարկացած, ոտքով զարկաւ ժայռի մը ծայրը հանգչցած քարի մը, ինչպէս դրան մէջ պառկած շան մը կը զարնես: Ցաւցուց ոտքը:
Բարձրացաւ ժայռին վրայ ու նայեցաւ վարը: Վտառ մը կը պտտէր խորունկները. կերը անցուց կարթի կեռին ու նետեց վար:
Ժպտաց. ծովը մաքրեր էր ինքզինքը…: Խիչա մտածեց, թէ ժողովուրդն ալ ծովու պէս է. օր մը աղբը դուրս կը թքէ:
ՀՈՂԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻ՝ ՀՈՂԻ ԿԱՐՕՏԸ ՍՐՏԻՆ
Գետնասահքի ենթարկուած գետին էր. սահեր-շարժեր, սահեր-շարժեր էր, ինչպէս մաղէ անցած կալի ցորենը. հողը իջեր էր ընդերք կամ մաշեր գացեր, գետինը դարձեր քարաստան-խճաստան:
Ու Հաննա ամմին առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ծունկի եկած ափ-ափ, հատ-հատ խիճերը կը լեցնէր զամբիւղին մէջ, կը տանէր կը թափէր վարի անկիւնը, այնքան որ եգիպտական բուրգ մը եղեր էր հոն: «Ինչ կ՚ընես» հարցնող չէր ըլլար, որովհետեւ միայն ինք չէ, կողքին՝ եղբայրն ալ եւ շատ ուրիշներ նոյն բանը կ՚ընէին. քարէն հող կը մաղէին, արտ կը բանային:
Ետին բացուած գետնին մէջ ալ հող չէր երեւեր, ճերմակին տուող մանրիկ խիճերով ծածկուած արտ էր: Որքան ալ պեղէր՝ նոյնը պիտի ըլլար:
Ինչ ընէր, ասիկա էր իր հողը, իսկ հողին պիտի նայիս, որ հողը քեզի նայի:
1939-ին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանագծումին հետեւանքով Թուրքիոյ կցուեցան Քեսապի շրջանին հիւիւսային եւ հիւսիս արեւելեան մասերը, շրջանին կէսէն աւելին: Յանկարծ՝ իր տան շեմին կանգնած գիւղացին, շա՛տերը, ա՛լ երթալիք տեղ չունեցան, ո՛չ ցանքի արտեր մնացին, ո՛չ ձիթաստաններ, ո՛չ աղբիւր, ոչ արօտավայրեր: Հաննա ամմոյենց տոհմին կալուածները մնացին հոն, սահմանէն անդին: Այծերու հօտն ալ քառորդի իջաւ:
Վրայ հասաւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը. անգործութիւն, սով, ծայրայեղ չքաւորութիւն, արտագնայ աշխատանքի մեկնողներու հոսանք դէպի Պաղեստին, Յորդանան, Լիբանան, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներ…: Ապրիլն ալ գաղտնիք մը ունի եղեր…
Վարի թաղի Գէորգ աղբարը կեցաւ պատին վրայ, բարեւեց:
— Իջիր, — ըսաւ Հաննան, — սիկառէթի ատենը եղաւ:
Նստան, Հաննա սիկառէթ փաթթեց, վառեց. Գէորգը ծխողներէն չէր:
Գէորգ աղբար տեղեակ էր, որ Հաննայի մեծ տղան Լիբանան կը գաղթէ: Քանի մը գլուխ այծերով ընտանիք չի կրնար պահել, ահա, կառավարութիւնն ալ այծերը կ՚արգիլէ, քանի մը պատառ հողէն ինչ կ՚ելլէ…: Իր ալ պարագան տարբեր չէ. տղան սիրած աղջիկը փախցուց տուն բերաւ. տղուն ինչի՞ն աղջիկ տային… Հիմա ան որքա՞ն կը դիմանայ այս անտէր գիւղին մէջ…
— Տղաս կ՚ուզէր խնձորենի տնկել, — ըսաւ Հաննա,- բայց ծառ տնկողը ծառի պէս համբերութիւն պիտի ունենայ… Չէր կրնար: Հայոց վանքը Պիքֆայիայի մէջ պարտիզպանի պէտք ունի եղեր, տուն տեղ ալ կու տան, կ՚աշխատի կը մնայ…
— Հա՜, կը մտածեն գիւղացիի մասին, — հեգնեց Գէորգ աղբարը, — կաթողիկոս, կուսակցութիւն եւ միւսերը լաւ կ՚ընէին, եթէ մեր պարոններուն (մեծաւոր) ականջին փսփսային, որ հողերու բաժանումի ատեն արդար ըլլային, հողազուրկին հող շնորհէին եւ ոչ թէ անհող ձգած՝ քաշէին տանէին իրենց կողմերը:
Գէորգին ըսածը ամեն մարդ գիտէր:
1946-ի հայրենադարձութիւնը փրկութեան լաստ նկատուեցաւ Սուրիոյ հայութեան համար: Շատեր մեկնեցան՝ իրենց ունեցած տուն ու կալուածները ծախելով տեղացիներուն՝ արաբին, քիւրտին, թիւրքմէնին: Տարի մը ետք հայրենադարձութեան աւետիսը հասաւ Քեսապ: Ինչպէս ամեն տեղ՝ հոն եւս վազեցին թիւրքմէնները: Քեսապցիք, մեկնողներ թէ մնացողներ, երբեք չէին ուզեր, որ իրենց շրջանը դիմագիծ փոխէ: Դարերով հայկական մնացած Քեսապը, ուզեցին որ շարունակէ պահել իր անխառն դիմագիծը: Երեւելիներէն կազմուեցաւ երկու յանձնախումբ՝ մեկնողներէ բաղկացած Ծախող յանձնախումբ, մնացողներէ կազմուած Գնող յանձնախումբ: Հողերը գնահատուեցան ամենէն ցած, աննշան գիներով՝ մէ՛կ պայմանով, որ Գնող յանձնախումբը այդ հողերը պիտի տրամադրէ իսկապէս հողի կարիք ունեցող գիւղացիներուն:
Քեսապցիները մեկնեցան Հայրենիք՝ գրեթէ պարապ ձեռքերով:
Ասկէ ետք կը սկսի բուն պատմութիւնը՝ հողերու բաշխումը:
Գիւղացիները նկատեցին, որ հողերու բաժանումը արդար չ՛ընթանար: Պարոնները, գիւղի մեծերը, կալուածատէրերը յափշտակեր էին շրջանի լաւագոյն հողերը:
— Ունեցողին աչքը ծակ կ՚ըլլայ, որքան ունի՝ աւելին ունենալ կ՚ուզէ, — ըսաւ Գէորգը, — պարոնները հողերը բաժնուեցան, մեզի ձգեցին այս խաղցածները, լեռան ծերպերն ու քարաստանները…:
Պաղեստինէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն արտագնայ աշխատանքի մեկնողները երբ հասան Գնող յանձնախումբի դրան՝ արդէն հող չէր մնացած:
— Չէինք կրնար սպասել, վարկ վերցուցած էինք Առաջնորդարանէն ու Սուրիահայ օգնութեան խաչէն, — պատասանեցին պատասխանատուները:
Շատեր ցաւով վերցուցին իրենց ընտանիքները ու վերջնականապէս կռնակ դարձուցին Քեսապին:
— Մեր քով ամեն լաւ սկիզբ գէշ կը վերջանայ, — աւելցուց Հաննան:
Իսկ հողատէրերը կալուածները ձգեցին այնպէս՝ ինչպէս ստացած էին:
— Տե՛ս, տե՛ս, — կ՚ըսէր Գէորգ աղբարը՝ ցոյց տալով վարի թաղերը, — ինչ հարթութիւններ կը տեսնես ՝ անոնց կը պատկանին: Հասեր տիրացեր են մինչեւ թաղի բակերուն, հաւնոցի տեղ ալ չեն ձգած գիւղացիին, իսկ իրենք, իրենց սերունդները օր մը Պէյրութ են, օր մը Ամերիկա…: Եղբայր կ՚ըսես, տունս հեղեղի բերան մնաց, կտոր մը հող ծախէ՝ տուն շինեմ: Չի տար, «Հող է, մնացեր է՝ թող մնայ, ինչ կ՚ըլլայ հողին» կ՚ըսէ…
Մինչ գիւղացին հողէն կը փախչի՝ հողի կարօտը սրտին մէջ:
(Շարունակելի)
Երեւան