Յառաջաբան եւ թարգմանութիւն Գառնիկ աւ. քհ. Գոյունեանի, Մոնթրէալ, 2021, 40 էջ
ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ
Ռուս-օրթոտոքս աւագ քահանայ Ալեքսանդր Շմեմանի վաստակէն երկրորդն է ասիկա, որ Տ. Գառնիկ մեզի կը ներկայացնէ, իրագործելով տարի մը առաջ աստուածաբանին «Հայր մեր»-ի բացատրութեան հրատարակման օրը՝ գրախօսողիս իր տուած բանաւոր խոստումը:
Ս. Գիրքի պատմագիտութենէն գիտենք, թէ Յիսուս Քրիստոս իր քարոզութիւնները բերանացի կատարած էր միայն եւ որեւէ գրուածք չէր ձգած: Վարդապետին առաքեալները անոր ուսուցումները նոյնպէս քարոզեցին, անոնցմէ մի քանին՝ նաեւ նամակագրութեամբ: «Սակայն առաքեալներն ալ հաւատացեալներուն պաշտօնական եւ լիակատար ամփոփուած մը չթողուցին, որ իբրեւ հաստատուն եւ անփոփոխ կանոն՝ քրիստոնէութեան դաւանութիւն կազմէր: Ինչ որ մեր ձեռքը կը գտնուի այժմ իբր Առաքելոց վարդապետութիւն, կամ Առաքելոց հանգանակ, կամ Առաքելոց կանոն (…) երբեք իբր պաշտօնական եւ հիմնական գրուածք չընդունուեցան», կ՚ըսէ Օրմանեան սրբազան:
Ընդհանրական Եկեղեցին 3-րդ եւ 4-րդ դարերու միջոցին է, որ կարողացաւ Տիեզերական սուրբ ժողովներու գումարումով (325-ին՝ Նիկիա, 381-ին՝ Կ. Պոլիս, 431-ին՝ Եփեսոս), պաշտօնական Հաւատոյ հանգանակ մը պատրաստել՝ համայն քրիստոնէութեան համար:
Ալեքսանդր Շմեմանի Հաւատքի հանգանակի բացատրութեան թարգմանութիւնը մատուցելէ առաջ, Տ. Գառնիկ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ «Նիկիական հանգանակ»ի սկզբնաւորութեան, տարբերակներու, խմբագրման եւ առնչակից հարցերուն մասին հետազօտութիւններ կատարած է եւ անոնց խիտ պատկերը տուած՝ իր յառաջաբանին մէջ:
Տ. Գառնիկ գրած է.
«Ըստ 19-րդ դարու բանասիրութեան, Հայ եկեղեցւոյ Հանգանակը Նիկիոյ ժողովինն էր, սակայն ճոխացուած էր Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, ապա Մեծն Ներսէսէ, եւ Սահակ Պարթեւ «մի քիչ բան»-ի յաւելում կատարած էր: Անհաւանական չէ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հանգանակի «ամենազուտ ձեւ»ին ընդունողն էր, եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ անոր գործածութիւնը առաջին պատուիրողը: Մեծն Ներսէսէ «ճոխացո՞ւմը». կը խորհիմ, որ ան որպէս ծիսական բարեկարգիչ՝ «ամենազուտ ձեւին» գործածութիւնը հաստատողը եւ տարածողն էր: Իսկ Սահակ Պարթեւ, որպէս թարգմանչաց աշխատանքին ծրագրողը, առաջնորդողը եւ վերատեսողը, յետ Եփեսոսի ժողովին՝ այժմեան Հանգանակը վերջնական խմբագրողն էր»:
Ծիսական աստուածաբան Շմեման Նիկիոյ-Կ. Պոլսոյ Հանգանակը բացատրած է 19 գլուխներով: Գաղափար մը տալու համար անոր կատարածէն, կը մէջբերեմ հատուած մը գրութեան 15-րդ գլուխէն.
«(Կը հաւատամ) Ս. Հոգիին, Տէր եւ Կենդանարար. ան Հօրմէ կը բխի, եւ Հօր ու Որդիին հետ միասին կը պաշտուի եւ կը փառաւորուի»:
Ո՞վ է այս Ս. Հոգին, զոր Հաւատքի հանգանակը «Տէր» եւ «Կենդանարար» կը կոչէ, միաժամանակ մեզ հրաւիրելով զայն պաշտելու Հօր եւ Որդիին հետ միասին (այսինքն՝ հաւասարապէս):
Ս. Հոգիի մասին խօսիլը, մեր բանապաշտ լեզուն գործածելով, այն հաւատքը բացատրել փորձելը, անչափելիօրէն աւելի դժուար է քան Հօր եւ Որդիի մասին խօսիլը: Աստուած որպէս Արարիչը ստեղծագործութեան, որպէս սիրող Հայր, որպէս Ամենակալ —- այս ամենը, մեր մտքերը կրնան մասամբ ըմբռնել: Ու կը հաւատանք անոր Միածին Որդիին՝ որովհետեւ արժանացած ենք վստահելու եւ սիրելու Յիսուս Քրիստոսը, որ ինքն իսկ յայտնաբար հաստատած է, թէ Աստուծոյ Որդին է: Բայց երբ կը փորձենք խօսիլ Ս. Հոգիի մասին՝ կը դժուարանանք, չըսելու համար որ մեզի համար անկարելի կ՚ըլլայ խօսիլը, զգալը, հասկնալը, ճանչնալ անոր տարբերութիւնը Հօրմէ եւ Որդիէն. կամ, աւելի պարզօրէն՝ հասկնալ Եկեղեցւոյ հաւատքը Երրեակ եւ մի աստուածութեան, որ ինքզինք մեզի կը յայտնէ երեք դէմքերով: Աստուծոյ այս հասկացութիւնն է, կրօնական այս փորձառութիւնն է, որ Եկեղեցին միշտ համարած է որպէս կատարը հաւատքին, հոգեւոր կեանքին բարձունքը, վերջնական եւ ամենապարփակ ճշմարտութիւնը, որուն գիտութիւնն է, որ Աւետարանը «յաւիտենական կեանք» կը կոչէ…:
Ահաւասիկ պատեհ առիթ մը մեզի՝ իբր քրիստոնեաներ ու Ընդհանրական եկեղեցւոյ անդամներ, ձրիաբար օրինակ մը ապահովելու տետրէն, սերտելու զայն եւ առաւել գիտութեամբ ու համոզումով մասնակից ըլլալու Ս. Պատարագի ընթացքին երգուող Նիկիական հանգանակին:
Արժ. Տ. Գառնիկ աւ. քհ. Գոյունեանի այս բծախնդիր եւ գեղեցիկ թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի օրհնութեամբ եւ մեկենասութեամբ տիար Ահարոն Խուպէսէրեանի, ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Հայկազ եւ Էլիզ Խուպէսէրեաններուն: