ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Փանոս Ճերանեանի վեցերորդ բանաստեղծական հատորը՝ «Թրթիռներ…»

Հրատարակութիւն՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան։ Պէյրութ, 2020, 104 էջ։

Ս.Ա.Յ.

«Հորիզոն գրական»ի աշխատակից Փանոս Ճերանեան ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ նոր հատորով մը՝ «Թրթիռներ…» խորագրով։ Բանաստեղծական այս հատորը Ճերանեանի հրատարակած վեցերորդ գիրքն է։ Ան կը յաջորդէ իր «Քամիներ» (1979), «Ընդմիջուած լռութիւն» (1991), «Քեզ ինչպէս կոչեմ…» (1998), «Ի լուր …» (1999) եւ «Բառերուն լոյսը …» (2005) հատորներուն: Նշենք, որ «Ի լուր …» հատորը արժանացած էր «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին:
«Թրթիռներ» հատորը հինգ բաժիններու մէջ կը մէկտեղէ Ճերանեանի բանաստեղծութիւնները հետեւեալ խորագրիրներուն տակ. — «Հայքուներ եւ պատկերներ», «Սիրոյ ժամանակ», «Աշնանային ժամանակ», «Ընդելուզուած բնութեան մէջ», եւ վերջին բաժինը «Մտերմօրէն» խորագրով, — կ՚աւարտէ այս հատորը հեղինակի Կոմիտասի յիշատակին նուիրած բանաստեղծութեամբ՝

Մանկութեանս
«Տլէ-եաման»-էն աւելի
հօրս շուրթին Կոմիտասի
Պատարագը կը լսէի,
ապա հայրս իր ծննդավայրի
սէգ լեռներուն կարծրութեամբ՝
իր երգերուն արձագանգին կը սպասէր

եւ լուռ կ՚արտասուէր… (էջ 100)

Ճերանեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողը կը տանին, իր յիշողութեան թելերուն հետ դէպի իր անցեալը, կամ պատմութեան թէ բնութեան գիրկը։ Ոճը հաճելի է ու հաղորդական։
«Թրթիռներ» հատորին մէջ ընդգրկուած բանաստեղծութիւններուն մէջ, «Աշնանային ժամանակ» բաժինէն դուրս եւս, գերակայ է աշունը։
Հատորը կը սկսի «Աշնանային արձակ հայքուներ» խորագրեալ բանաստեղծութեամբ մը՝

Աշնան ճանապարհիս
վարդենի մը կիսամերկ
գարուն կը բուրէ տակաւին։

Աշնան տերեւի նման
հովը ի զուր կը փորձէ տանիլ
սրտէս պոկուածը։

Թարթիչներդ փուշի նման չըլլային՝
Այտիս վրայ համբոյրդ
վարդի հետքեր չէր թողուր։

Աշունէ-աշուն
տարիքս անձայն յայտարարելէ
ծղրիթները ծերացան։ (էջ 5)

Մատթէոս Զարիֆեանի նուիրուած բանաստեղծութեան մէջ (էջ 81) դարձեալ աշունը կը գտնենք՝

Հովը անցաւ,
աշնան ծաղկի ջերմութեամբ՝
քերթուածէդ,
սիրոյ տողեր շշնջելէ
լուսամփոփիս վարդակարմիր նշոյլին.
Ամբողջ գիշեր,
հովին սոյլը
հեռուներէն կը լսէի տակաւին…

Գրիչը անսպառ մեր աշխատակից բանաստեղծ Փանոս Ճերանեանին եւ բարի ընթերցում բոլորիդ։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *