Անգլերէն թարգմ. Թաթուլ Սոնենց Փափազեան, խմբ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։ Հրատ. Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան։ Մարտ 2021։
Ս.Ա.Յ.
Ցանէ՜, ցանէ՜. նոյնիսկ հեռու սահմանէն,
Աստղերու պէս, ալիքներու պէս ցանէ՜:
Ծիտերն ի՛նչ փոյթ թէ հատիկներդ կ՚աւարեն.
Տեղը Աստուած պիտի մարգրիտ սերմանէ:
Դ. Վարուժան
Sow, sow, even beyond the boundary,
Sow as stars, sow on as swells of the sea.
No matter if nestlings decimate your seeds.
God will replenish and disseminate pearls.
Թարգմանութիւն՝ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի
Անցեալ ամիս, մարտ 2021-ին, լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» հատորի առաջին ամբողջական երկլեզու՝ անգլերէն-հայերէն հրատարակութիւնը, Song of the bread խորագրով, թարգմանութեամբ Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի եւ խմբագրութեամբ Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։
Հատորը կը բաղկանայ 146 էջերէ։ Գիրքը կը սկսի անգլերէն յառաջաբանով մը, որուն կը յաջորդէ, դարձեալ անգլերէնով, Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութիւնը՝ Poet interrupted խորագրով։
Ապա, անգելրէնով յօդուած մը «Հացին երգը» երկի թարգմանութեանց մասին։
Ապա ընթերցողին կը ներկայացուին — հայերէն եւ անգլերէն — Հացին երգի երեսուն քերթուածները։
Հատորի վերջաւորութեան ընթերցողին կը հրամցուի հայերէն ուսումնասիրութիւն մը՝ «Դանիէլ Վարուժանի կերպարը Եղիշէ Չարենցի Մահուան տեսիլ (1933) բանաստեղծութեան մէջ» խորագրով։
Ինչպէս նախաբանին մէջ յիշուած է, «Հացին երգը» առաջին անգամ լոյս տեսած է Դանիէլ Վարուժանի նահատակութենէն վերջ, 1921-ին, իր այրիին եւ բարեկամներու ջանքերով, որոնք ազատած են այս անտիպ բանաստեղծութիւնները թուրք ոստիկանատան պահեստէն։
Գիրքին մէջ, Վարուժանի սահմանած յաջորդականութեանբ, դրուած էր 29 բանաստեղծութիւն։ Ա. հրատարակութեան յաոաջաբանին մէջ կը նշուի, թէ Վարուժանի ծրագրած շարքէն կը բացակային վերջին 6 երգերը, որոնց վերնագիրերը նշանակուած էին բանաստեղծի գրպանի տետրակներուն մէջ հետեւեալ շարքով. «Ալիւր», «Ախոռը», «Թթխմոր», «Փուռը», «Հայրենի սեղան» եւ «Հացին երգը»։
Հատորը 2019-ի վերջերը վերահրատարակուեցաւ Թուրքիոյ մէջ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ։ 2009-ին «Գոհար» համոյթի ղեկավար Սեպուհ Աբգարեան երեսուն երգ-բանաստեղծութիւնները եղանակաւորած ու դաշնաւորած էր եւ հրատարակած առանձին հատորով։
Թուրքիոյ մէջ վերահրատարակութեան առթիւ, «Եռագոյն» կայքէջը կը նշէր, թէ՝ «Դանիէլ Վարուժան, որ մինչեղեռնեան հայ գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մէկն է, վերածուած է կոթողի մը՝ իր ժողովուրդին կեանքը քերթողական արուեստի գագաթները նուաճող ստեղծագործութեամբ մը նկարագրելուն համար: Վարուժան ձերբակալուած է 24 ապրիլ 1915-ի իրիկունը, իր տան մէջ: Ոստիկանները այդ օրերուն գրաւած են նաեւ իրեն պատկանող թղթապանակները, որոնք աւելի ուշ ետ առնուած են, արկածալից աշխատանքով մը: Յիշեալ թղթապանակներուն մէջ էր նաեւ 1921-ին հրատարակուած «Հացին երգը»-ի ձեռագիրները, ուր Վարուժան քնարային ոճով մը անմահացուցած է գիւղական կեանքը: Ան իր տողերով կեանք ու հոգի կը պարգեւէ ո՛չ միայն հայ մշակին, գիւղացիին, հողագործին, մարդուն, այլ նաեւ անասուններուն, հողագործական առարկաներուն, նոյնիսկ ցօղի կաթիլին: «Հացին երգը»-ին մէջ հեղինակը կ՚երգէ երգը անոնց, որոնք կեանքը ամէն օր վերստին կ՚արարեն, եւ կը հիւսէ հացին երգը այնպէս մը, որ մինչ այդ ոչ ոք հիւսած էր եւ թերեւս իրմէ ետք ոչ ոք հիւսել կարենայ: Գիրքը հայերէն ընթերցողներուն կը մատուցուի 1921-ի առաջին տպագրութեան ապակետիպ բազմացումով՝ միաժամանակ կը ներկայացուի նաեւ թրքերէն տարբերակ մը՝ Օհաննէս Շաշքալի թարգմանութեամբ»:
Դանիէլ Վարուժանի համար բանաստեղծութիւնը երգ է։ Հացին երգը ընթերցողը կը տանի հայրենի աշխարհ հարուստ պատկերներու ընդմէջէն ու կորուսեալ հայրենի գեղջկական կեանք։ Իսկ թարգմանութիւնը Դանիէլ Վարուժանի երեսուն հացի երգերը մատչելի կը դարձնեն անգլիախօս հասարակութեան։
Վարձքը կատար թարգմանիչին եւ խմբագրին։
Գիրքը կը վաճառուի Amazon հարթակին վրայ։