ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐ

Արեգակը՝ յանդուգն պատռեց հորիզոնի շղարշը։ Խաւարը իր ցնցոտիները արագ մը հաւաքելով, մենամարտը պարտուած դիապարտի նման՝ կորաւ անհունութեան մէջ։
Ճշմարտութեան լոյսը՝ համարձակ գգուեց երեսս ու կրկին բազմեցաւ ամենօրեայ իր նախասիրած տեղը՝ հոգիիս խորքը։
Դարձեալ, սիրայօժար տեղ բացի իրեն ու զինք ամուր մը փաթթեցի, քաջ գիտնալով , որ այդ բերկրանքը կարճատեւ մեղրալուսին է։
Նորէն ալ, յագեցած անոր անկեղծ մտերմութենէն, փառք տալով պիտի ըսեմ՝ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ սիրելիներ։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՐԱՐ

Այսօր, արեւածագի առաջին շողը զգուշաւորութեամբ վեր ցցեց իր վէս իրանը՝ հետախուզելով երկնակամարը։
Խաւարը, իր նենգամիտ հնարքներով, վերջին փորձը կ՚ընէր ուշացնելու ճշմարտութեան ճրագի աւետո-ւմը։ Հոյլ մը աստղերու խոհական միջամտութիւնը, տարհամոզելու աղջամուղջը, իր անգեղեայ կոհակները հաւաքելու ու խաղաղօրէն մեկնելու՝ ի դերեւ ելան։ Մենամարտը անխուսափելի էր։
Պահ մը երկնակամարի մղձաւանջի երկունքը ստացաւ գեհենը յիշեցնող քաւարանի թողութեան վայրի գոյնը։ Բարեբախտաբար, երկա՜ր չտեւեց լաբիւրինթոսը։ Արարչական երանելի շէնշող ճշմարտութեան շողը, իր յաղթական վէս հասակով, բազմեցաւ երկնքի գահին՝ նրբութեամբ թակելով մեր պատուհանները, աւետելով տարերքի յաղթանակը։

ԵՐՐՈՐԴ ԱՐԱՐ

Այս առաւօտ, ԱՐԵԳԱԿՆ ԱՐԴԱՐ, զարդարուած իր ոսկեթել խիտ ճառագայթներով, իր բերկրաբեր կոհակներու տատանումներով, յոխորտանքով, կը սփռրէ զանոնք հորիզոնին վերեւ։ Արբշիռ մէկ օր առաջ իր շռնդալից թագադրութեամբ՝ ճախրող արծիւներուն յոգնած թեւերուն ջերմ շոյանքով թափ կու տայ։
Ծառերը, իրենց սաղաւարտները երկարած, գոհաբանելով վաղեմի ախոյեանը, կը տատանին աջ ու ահեակ, առաւօտեան զեփիւռին առթած համաչափ կշռոյթով։ Մժեղները, անհամբեր, արեւնամուտին չսպասելով՝ պարս կապած են արդէն ու, շուրջպար բռնելով, խնդութեամբ կը շեփորեն արեգակի մէկ օր առաջուան ուշագրաւ նուաճումը։
Արտոյտները, միանալով ծառերու սաղաւարտներու ցնծութեան, կանգնած տարուբերուող ճիւղերուն վրայ, առաւօտեան իրենց հնչեղ ձայնով, յոյսով կ՚օրօրեն ճառահատ եւ յոգնաբեկ թիթեռները։
Լճակը, քաջալերուած արեգակի յաղթանակով, վճիտ ու զուլալ իր պերճանքովը աղջնակները կը հրաւիրէ իր անարատ ջուրերով լոգնալու ու հայելւոյն անբասիր ցոլքովը պճնուելու։
Մինչ խաւարը, իր դաւադիր սեւեռումներով, գաղտնագողի, նզովեալ դեւերու պահեստազօրքը լարելով, կարապներու ու, բուերու հինգերորդ զօրասիւնին բամբասանքի շեփորները մատակարարելով՝ մռայլ ահազդու մեղեդիներու վարժութիւնը իւրացնել կու տայ։
Իսկ ԱՐԵԳԱԿԸ, յաւերժին մէջ իր սրընթաց երթով, զգաստ, կը պատրաստուի անհունութեան ամրոցին մէջ, մոլորակներու կրկէսի հարթակին վրայ մարտիրոսանալու, քաջ գիտակցելով, որ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ պիտի յաղթանակէ անտարակոյս, այլ ելք չկայ։

ՉՈՐՐՈՐԴ ԱՐԱՐ

Առաւօտ վաղ ժամերուն, մոլորակներու կրկէսի հարթակը քաշողական երուզեռ կ՚ապրի։
Պարզուած տեսարանը՝ սպանդանոցի մը մակերեսի տեսքը կը յիշեցնէ։ Հակառակ այս տհաճ երեւոյթին, Խաւարն ու Լոյսը, խանդաղատանքով, մակընթացութեան եւ տեղատուութեան մրցոյթով՝ սիրաբանելով ու զբօսնելով կը գզվռտին։
Խաւարը՝ անշշուկ, իր ժանիքները սրած, ճակատագրական մարտի անդոհանքը կ՚ապրի։ Ներկայացուած այս պատեհ առիթը նկատելով իր դարաւոր երազը իրականացնելու հասունցած պահը, երբ պիտի փորձէ շրջել տիեզերական օրինաչափութիւնները։ Հիմնական օրինաչափութիւնը, որուն դէմ կ՚ըմբոստանայ, «Քունի արքայ» յորջորջումն է։ Այդ մէկը, ան նզովք կը նկատէ։ Խաւարը նախատինք կը սեպէ իր համեմատական անգործութիւնը, եւ արարածներու հեշտագին երազներուն սո՛սկ գիշերային պահակի հանգամանքը վայելելը։
Մենամարտը խնայելու համար, հոյլ մը աստղերու անկողմնակալ ու հաշտարար կանչերը ի դերեւ կ՚ելլեն։ Յարդգողի երկնային ճանապարհը, անջրպետի ծանօթ աւագը՝ Ծիր Կաթինը, Վահագնի շաւիղներու երկարած բարի կամեցողութեան կամուրջներով, պաղատագին կ՚աղերսէ հասկացողութեամբ աւարտել այս արարը՝ խնայելու անբաղձալի ընդհարումի ծանր հետեւանքները։
Կրկէսի նստարանները վաղ ժամերէն՝ լիք էին հանդիսատեսներով։ Անոնք, անձկութեամբ ու լարուած կը հետեւէին թաւալգլոր զարգացումներուն։ Արտոյտները՝ միանուագ երգեցողութեամբ, իրենց հեշտագին ճվլվոցով, իսկ ծղրիդները իրենց դողդոջուն թեւերուն ճռճռոցին ծափ տալով, միաձոյլ վարդերու բուրմունքին ու խոնաւ կանաչիներու թարմութեան հետ, կը պայքարէին չէզոքացնել բուերու գուժերգը եւ ագռաւներու մահաբոյր կռինչներու աղմուկը։
Յանկարծ, ամպրոպներու կախուած լորցնաշուրթ լեզուները, կայծակներու սահմռկեցուցիչ ու շլացուցիչ փայլատակումներուն թափ տալով, կը փորձեն վարագոյր քաշել հազիւ բեղմնաւորուած ծիածանի խաղարարար եւ հաստատուն կամարներուն։ Կենարար գետերն ու աղբիւրներն, անսալով ծիածանի ահազանգային գոչիւններուն, թեքելով իրենց հուներէն, կը կարողանան ամպրոպներու կնքահայր, վիշապաներու հրեղէն լաւան մարել։
Արեգակը, կապոյտ երկնքի անդորրը պահպանելու տենչանքով, ամեհի կրքոտութեամբ, ուժգնօրէն կը պաշտպանէ արարչական արժեհամակարգը՝ արդարութեան նիզակները խրելով խաւարի անպատկառ իրանին ու վերջին տապարի հարուածը հասցնելով՝ կ՚անճիտէ անոր գլուխը։
Մոլեգնած՝ պարտեալ Հանդիսատեսներու գլխիկոր ամբոխը, տրտնջալով, կը ցրուի՝ բարձրանալով մշտնջենականութեան կոհակներուն վրայ, ի կատար ածելու իրեն վստահուած տարերքը։
Խաւարը, տնքացող վէրքերով, մահաբոյր շունչը քաշելով, անձնատուր Արեգակի շառաչուն յաղթանակին՝ կ՚արձակէ հրէշային վայնասունը, թնդացնելով անհունունութեան անաղարտ լռութիւնը ու կորսուելով արարչական արդարութեան դաշտին մէջ։
Իրիկո՛ւնն ալ, իր ոսկեհեղեղ ցոլքերու թափթփուկները հաւաքելով, անձնատուր, գլուխը կքած, ետին ձգելով լռութեան մխացող անբոց հուրը՝ կը հանգչի կրկէսի հարթակին վրայ, պատրաստուելով մեկնումի։
Արեգակը, իր տպաւորիչ վեհութեամբ, դափնեայ պսակով թագադրուած, կը մագլցի առօրեայ երկնակամարի ծոցը, աւետելով արշալոյսի յաղթական երթը եւ ճշմարտութեան յաւերժութիւնը։ Միւս կողմէ, վստահեցնելով լուսնակին, որ իրեն պիտի մատակարարէ իր ցոլքերու մնացորդացը, որ իր կարգին շարունակէ փայփայել գիշերուան մութ երկնակամարը, մասամբ փարատելով խաւարի անշնորհ ներկայութիւնը։
Իսկ արդարադատ մարդկային հիւլէն, յղփացած գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան համատարած աներկբայ յաղթանակով՝ տոգորուած կը բացականչէ.
Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,
Երկնէր և ծովն ծիրանի.
Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղէգնիկ.
Ընդ եղէգան փող ծուխ ելանէր,
Ընդ եղէգան փող բոց ելանէր,
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.
Նա հուր հեր ունէր,
Բոց ունէր մօրուս, Եւ աչքունքն էին արեգակունք։

Թորոնթօ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *