ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Այս անգամ պիտի խօսիմ իրարմէ շատ տարբեր երկու գիրքերու մասին, մէկը առնչուած Սփիւռքին, միւսը՝ Հայրենիքին։ Սակայն ձեւով մըն ալ անկասկած առնչուած իրարու։
Առաջին գիրքը գրուած է անգլերէն. DARING TO ACCOMPLISH («Յանդգնիլ յաջողիլ»), որ կը կրէ երկու ենթատիտղոսներ՝ Born in Egypt from Armenian Genocide survivors — to Canadian CEO (Ծնած Եգիպտոս՝ զաւակը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու — դարձած գանատացի գլխաւոր գործադիր պաշտօնատար) եւ The life of Garo Nichanian (Կարօ Նշանեանի կեանքը). հրատարակիչը՝ tellwell, 257 էջ. թէեւ հրատարակութեան թուական ու վայր չէ նշուած, Յառաջաբանին ներքեւ սակայն կը կարդանք 2019, իսկ գիրքը հանրութեան ներկայացուեցաւ 2023 մարտին՝ ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած շնորհանդէսի մը։ Գեղատիպ կողքով (գործ Նորայր Ասլանեանի), բազմաթիւ լուսանկարներով ճոխացած՝ ինքնակենսագրական բնոյթի հատոր մը։
Ինչո՞ւ ինծի համար հետաքրքրական է այս գիրքը։ Առաջին հերթին որովհետեւ Կարոյին հետ ծանօթութիւնս կու գայ մանկութեանս օրերէն։ Իր հայրն ու մայրը՝ Տէր Յուսիկ քահանան ու Սրբուհի երէցկինը ծնողքիս ընտանեկան բարեկամներն էին, իսկ Կարոն իմ սկաուտական երէց եղբայրս էր։ Երկրորդ՝ առիթներ չէին պակսած նաեւ այստեղ հանդիպելու, գործակցելու «Համազգային»-ի կամ «Գանատայի հայ առեւտրական խորհուրդ»-ի ճամբով կամ այլապէս։ Կարօ Նշանեան ծանօթ է նաեւ շատերուն իր թաւշեայ ձայնով ու բեմական յատկութիւններով։
Գրքին յառաջաբանին մէջ Նշանեան կը նշէ, թէ անձնական փորձառութիւններու եւ իրադարձութիւններու պատումով լի այս գիրքը կրնայ օգնել ոեւէ մէկուն որ ունի տենչը իր ասպարէզին մէջ յաջողելու։
Արդարեւ գիրքը կարեւոր է ու հետաքրքրական, որովհետեւ կը պատմէ սփիւռքահայու մը կեանքի ընթացքը, որ միայն իրը չէ եղած։ Շատ համեստ պայմաններէ մեկնելով ան դարձած է յաջող գործատէր մը ժամանակակից արհեստագիտութեան նոր հաստատուող մէկ մարզին՝ տեղեկագիտութեան մէջ։
Նման յաջողութիւններու, ինչո՞ւ ոչ՝ նաեւ ձախորդութիւններու եւ անոնց յաղթահարման պատումը կատարող գիրքեր շա՛տ պէտք է գրուին՝ նախ Սփիւռքի պատմութիւնը արձանագրելու համար, ապա նաեւ նոր սերունդին յառաջդիմելու ինքնավստահութիւն եւ ցանկութիւն ներշնչելու համար։ Ափսոս, որ Կարօ դատած է, թէ անգլերէնով աւելի՛ ընթերցող կրնայ ունենալ իր այս հատորը, քան թէ հայերէնով։ Ինչ որ դժբախտաբար իրականութենէն հեռու ըլլալու չէ։
Երկրորդ գիրքը՝ ԱՒԵՏԵԱՑ ԵՐԿՐԻ ՏԵՍԻԼՔՈՎ, կը պատկանի Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գրչին, լոյս տեսած 2023-ին, Երեւանի Արմաւ հրատարակչութենէն, 204 էջ, Արամ Ուռուտեանի խորհրդանշական կողքով։ Յատկանշական է մեկենասներու ինքնութիւնը՝ Մոնթրէալէն Հայաստան հաստատուած Ռաֆֆի եւ Արմինէ Քէօհնելեանները եւ իրենց զաւակները՝ Մոնթէն եւ Անահիտը։
Տաւուշի քաջ առաջնորդի այս հատորը կը բովանդակէ զրոյցներ եւ հրապարակախօսական յօդուածներ, ուր ան իր սիրտը կը պարպէ։ «Յոյսի՞ հայրենիք, լոյսի՜ հայրենիք» ենթախորագրուած իր «Երկու խօսք»-ը կը բանայ գիրքին բնոյթը լաւապէս ներկայացնող հետեւեալ տողերով.
Սիրելի ընթերցող.
Սրտի անհուն ուրախութեամբ քո դատին ու ընթերցանութեանն եմ ներկայացնում «Աւետեաց երկրի տեսիլքով» գիրքը, որը պարզ եւ անկեղծ զրոյցների շարք կամ զրոյց է քեզ հետ մեր այսօրուայ դառն իրականութեան եւ գողացուած ուրախութեան ժամանակաշրջանում, եւ միեւնոյն ժամանակ անկեղծ երկխօսութիւն թէ՛ մեր անցած ճանապարհի եւ թէ՛ մեր անելիքների մասին՝ հիմնուած Աստուածաշնչի կենդանի ապրող պատգամի եւ մեր ժառանգութեան վերլուծութեան վրայ։ Այն պարզապէս մի փորձ է ուրուագծելու մեր իսկատիպ նկարագիրը, բացառիկ ինքնութիւնը եւ մղելու մեզ ապրել մեր Աւետեաց Երկիրը կառուցելու տեսիլքով, որը բոլորիս երազանքն ու ձգումն է։
Այս հատորն ալ ներկայացուեցաւ Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած շնորհանդէսին։ Ինչպէս Նշանեանի, նաեւ Գալստանեանի գիրքերը ներկայացնողն էր ծանօթ հրապարակագիր ու գրող Լեւոն Սեւունց՝ շառաւիղը մտաւորական գերդաստանի մը։
Բագրատ Սրբազան՝ հայրենասէր ու մտաւորական այս եկեղեցականը, վարած է բազմաթիւ պաշտօններ, ի միջի այլոց Գանատայի էջմիածնական թեմի առաջնորդութիւնը։ Վերջերս հրատարակուեցաւ նաեւ Գէորգեան ճեմարանէն շրջանաւարտութեան ատեն իր պաշտպանած կարեւոր աւարտաճառը՝ «Խոսրով եպիսկոպոս Անձեւացու ժամակարգութեան մեկնութիւնն ու աստուածաբանութիւնը»։ Ափսոս, որ զոյգ գիրքերն ալ մեր մշակոյթի պատմութեան կը յանձնուին ոչ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ։
(շարունակելի)