Հասկցողաց համար Քեսապը պատառ մը հայրենիք է

Յակոբ Չոլաքեան
ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ԺԱՅՌԸ ՍՐԲԱՎԱՅՐԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ

Գարատուրանի Ծովու թաղէն շուրջ մէկ քիլոմեթր վեր, գիւղի նախկին հողէ ճամբուն տակ կը գտնուէր Պաղ աղբիւրը, պատին դրուած ջրդոնէն հոսող ճկոյթ մը ջուրով: Որսորդներ ու ճամբորդներ հոս անպայման կանգ կ՚առնէին, ափ մը երկու ափ ջուր կը խմէին, օ՜խ, ափ մըն ալ կու տային երեսին, ճակատին, կը շփէին ծոծրակը, ապա հանգստանալու համար կը նստէին ճամբուն վրայ թեք ինկած հսկայ ժայռին տակ, ուր ո՛չ արեւ կը դպչէր, ո՛չ անձրեւ։
Այդպէս էր, երբ տակաւին հետիոտն էր ճամբորդութիւնը շրջանին մէջ եւ կամ էշով էր ու ձիով։
Պաղ աղբիւրէն քիչ անդին կը գտնուէր ու տակաւին կայ Աթիկեաններու միայնակ տունը, ինչպէս որ եղած էր դար մը կամ շատ աւելի առաջ: Ուրիշ բնակութիւն չկար:
Պաղ աղբիւրը հէքեաթի պէս կախարդական բան մը ունէր այդ օրերուն։ Թեք քարը ամռան շուք էր, ձմռան անձրեւին՝ պատսպարան, իսկ ջուրը՝ անմահական, որ ամառ-ձմեռ նոյնն էր, ո՛չ կը պակսէր, ո՛չ կ՚աւելնար։
Այստեղ կանգ առած մէկը ալ չէր մոռնար Պաղ աղբիւրը։
Վերի թաղերէն Մանճիկոնց Եղիսաբէթ անուն աղջիկ մը երազին մէջ կը տեսնէ Պաղ աղբիւրին թեք ինկած քարը։ Երկու-երեք գիշեր նոյնը կը տեսնէ: Երազը մղձաւանջ կը դառնայ աղջկան համար: Կը պատմէ մօրը, բնիկ Մուսալեռան Խտըրպեկ գիւղէն Մանուշակ Ազապեանին:
— Այդ քարը քեզմէ ուխտ կ՚ուզէ, — կ՚ըսէ մայրը, — բան չկայ, կ՚առնենք աքլոր մը եւ տրցակ մը մոմ, կ՚իջնենք կ՚երթանք Աթիկենց տուն, Մարիին հետ կ՚անցնինք Պաղ աղբիւր, մոմդ կը վառես, աղօթքդ կ՚ընես, աքլորն ալ կը զենենք կու տանք Մարիենց :
Մարին՝ Գլըճեան, նոյնպէս մուսալեռցի էր, Պիթիաս գիւղէն:
Այդպէս ալ կ՚ընեն, աքլորը կը զենեն կու տան Մարիին, որովհետեւ ուխտի միսը տուն չեն վերադարձներ:
Ու չենք գիտեր, թէ Եղիսաբեթին քունը այլեւս կը խանգարուի՞ թեք քարի յաճախանքէն, թէ ոչ։ Բայց թեք քարը կը վերածուի սրբավայրի: Վարի, վերի թաղերէն ամեն գէշ երազ մը տեսած կամ մտմտուք մը ունեցող կիներ, աղջիկներ հոս կու գան, մոմ կը վառեն ու պաղ աղբիւրէն ձեռք ու երես կը թրջեն կ՚երթան:
Պաղ աղբիւրը հիմա նոր ճամբայէն քիչ մը հեռու կը մնայ. ջուրը կայ, աղբիւրը չկայ, ձեռք չկայ, որ երկու քար դնէ ու ջրդոն մըն ալ ամրացնէ բերանին, թէք քարը կայ, մրոտ անկիւնը կայ, բայց ոտք չկայ, որ թփուտին մէջէն արահետ բանայ։
— Որքան կ՚ուզէի մէյ մը այցելել ու մոմս վառել, ափսոս, — կը պատմէ Քեսապէն 87ամեայ Անժէլ Աթիկեան-Յովսէփեանը, — մանկութիւնս հոն մնաց։

ԷՇՈՎ ՏՈՒՆԸ

Ահա եւ Սուլեան թաղը, Սուլուլէքը, Տունակ լեռան ստորոտին, քարավէժին առջեւ։ Հոս 40 օր արեւ չի դպիր. Ստեփան ամեն օր կը հաշուէ, թէ արեւը որքան հեռու կը մնայ թաղէն, իսկ դարձին, որքան մօտեցած կ՚ըլլայ անոր, ու ահա՛, բախտաւոր օր մըն ալ իր տան շեմին կը հասնի։ Մութ ու թաց տեղ է Սուլեան թաղը։
Այսուհանդերձ, ան շէն տեղ էր ատենին՝ Սուլեան, Թիթիզեան, Անտրեան, Զահթէրեան, Գարամարտեան եւ Ատուրեան գերդաստաններով։ 1911-ին Անտիոքի կաթողիկոսական փոխանորդ Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեան թաղին մէջ 39 ընտանիք կը հաշուէր։ Իմ մանկութեանս թաղին մէջ նաեւ մանկապարտէզ մը կը գործէր։
Հիմա թաղին մէջ կայ-չկայ կիսատ-պռատ երկու ընտանիք կայ, հեռացածներու կարօտով ապրող կամ հեռանալու յոյսեր որոճացող մնացորդաց մը։
Ամռան եղանակին մէկ-երկու լոյս ալ կ՚աւելնան։
Ես ալ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կը փնտռեմ այս լքուած, անդուռ-անպատուհան տուներուն մէջ։
Ու ահա կանգ կ՚առնեմ շրջանի հայոց հնագոյն ձեւի տուներէն մէկուն առջեւ։ Մէկ սենեկանի ընդարձակ տուն է, եւ աշշաքլամա կը կոչուի։ Կեդրոնի սիւնով չորս բաժնի վերածուած է։ Սիւնը ունի բարձիկ (խոյակ), որուն վրայ մէկ պատէն միւսը երկարող գերանը կը նստի։ Ասիկա էշ կը կոչուի, ատկէ՝ այս տեսակ տան աշշաքլամա անունը։ Եթէ սիւնը երկճղի է, ապա բարձիկը աւելորդ կ՚ըլլայ։ Այդքան երկար գերան չգտնելու պարագային երկու գերան կը նստին բարձիկին վրայ ու միասին տան էշը կը կազմեն։ Ապա միւս պատերէն էշին վրայ կը հանգչին միւս գերանները։
Աշշաքլամա տունը նահապետական տան տեսակ է։ Զաւակները կ՚ամուսնանան ու անոր կը կցեն միայարկ կամ երկյարկ տուն մը, եւ այդպէս շարունակ, ու կը կազմուի տոհմական թաղը։ Տուներու շարքը որքան ալ երկարի ՝ էշով տունը կը մնայ գլխաւոր հաւաքատեղի։ Հոս կը հաւաքուին թաղի ահէլներն ու ճահէլները, հոս կ՚ընդունին հիւրերը։
Ահա եւ միւսը։ Այս տունը տեսած է 1909-ի Աղէտը, Քեսապի վրայ յարձակող խուժանը հասած է հոս ու ալան-թալանէ ետք հրկիզած է տուները։ Մովսէս Անտրեան վերանորոգած է տունը ու տան բարաւորին վրայ հայատառ թրքերէնով փորագրած Է «1909 ԱՊՐԻԼ 10ՏԷ, ԵԱՆՂԸՆ ՎԷ ԹԱԼԱՆՏ (1909 Ապրիլ 10, հրդեհ ու կողոպուտ)»։ Տարիներ առաջ խնդրեր էի Յակոբ Անտրեանէն, որ գուրգուրայ այդ փայտին վրայ, ատիկա վաւերագիր է, որ պէտք է պահել։ Յաջորդ այցելութեանս փայտը չկար, եւ ոչ ոք գիտեր, թէ ուր գնաց։
Հիմա վերանորոգուած ու ամրացուած է տունը, բայց առանց այդ փայտին։
Կը գոհանամ ի հարկէ, բայց… վե՞րջը։

ԿԱՐԱՍԸ

Անհաւատալի կը թուի, որ այս կարասը 2000 տարեկան է։ Գարատուրան գիւղէն Վարդան Գալէմտէրեան կը պատմէ, որ ըստ մօր պատմածին՝ կարասը գտնուած է անոր հայրական՝ Տէր Արթինլէք թաղի արտերուն մէջ, շուրջ 100 տարի առաջ։ Այնտեղ կարասային թաղումներ ալ եղած ըլլալու են դարեր առաջ։ Կաւէ սարքերու բեկորներ կան ամենուրեք։
Կարասը յայտնաբերուած է սալքարէ կափարիչով, յատակին՝ սեւ փոշի մը։ Ան ջնարակուած կարաս է, թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին տեսքով անթերի պահպանուած, հասակը՝ 60 սմ., կեդրոնի շրջագիծը՝ 173 սմ, բերանը՝ 34 սմ. տրամագիծով։ 1947-ին Տէր Արթինլէք թաղի բնակիչները հայրենիք կը ներգաղթեն։ Կարասը իր հայրական թաղէն իր տուն կը բերէ Վարդանին մայրը՝ տիկին Եւան, հայրը՝ ուսուցիչ Գաբրիէլ Գալեմտէրեանը կարասը գործածած է գինի մթերելու համար։
Հիմա Վարդանին համար կարասը խօսուն պատմութիւն է իր թաղին ու իր հողին մասին, յիշողութիւններու կարաս է։ Եւ ոչ միայն կարասը։ Ան իր բակը զարդարած է հայրենի գիւղի տարածքէն յայտնաբերուած երկրաբանական իրերով, բրածոներով, կամ մառաններու մէջ լքուած աշխատանքի հին իրերով։ Ծովային կենդանիներու բրածոներ ընդգրկող սա ժայռաբեկորը կռնակին առած բերած է տէ Կասիոսի բարձրադիր մէկ տեղէն, Կարճաւօտի մօտերէն։ Չէ, Վարդան գեղարուեստական իմաստ չի փնտռեր անոնց մէջ, անոնք իր գիւղին, իր թաղին, իր հողին ու հայրենակիցներուն պատմութիւնը կը խօսին, կը բացայայտեն իր ինքնութիւնը, որմէ հեռանալ եւ զայն լքել ինչպէ՞ս կարելի է։
Բայց Վարդանը միակը չէ. ո՛ր տան բակը մտնես՝ լոյսին մէջ պատմութեան ստուերն ալ կը տեսնես։ Մին հպարտութեամբ կը պատմէ, թէ Տիգրան Մեծի դրամ գտնուած է իրենց գիւղին մէջ, միւսը Լեւոն Մեծագործի մէկ դրամը կը պահէ ամենաթանգակին իրի պէս։ Ու միայն Քեսապի բարբառն է, որ պահած է Արիմներու երկրի հնագոյն առասպելներէն մէկուն մէջ յիշուող վիշապը՝ Արուանտը, վիշապ իմաստով։ Անոր բացած ճամբան ցոյց կու տան ժայռերուն վրայ։ «Մի մօտենաք այդ ջուրերուն, — կ՚ըսէին մեծերը տղոց, — Արուանտը կը պըլլղի ըզձի (Արուանտը կը կլլէ ձեզ)։
Եւ ահա թէ ինչու հասկցողաց համար Քեսապը պատառ մը հայրենիք է։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *