Վահան Իշխանեանի յիշատակին

ՐԱՖՖԻ ԱՃԵՄԵԱՆ

Հինգ տարի առաջ էր, կարծես երէկ ըլլար։ Վահանը զանգեց, «Մոնթրէալ եմ» , — ըսաւ, — «տեսնուինք»։ Երկար ատեն է ծանօթ էինք անշուշտ, քանի մը տարի առաջ Հայաստան ալ տեսնուած ու անձամբ ծանօթացած, սակայն Մոնթրէալի մէջ էր, որ առիթ պիտի ըլլար իրարու հետ աւելի յաճախակի շփուելու ընկերական ու մտերիմ մթնոլորտի մէջ։ Շատ աղուոր բարեկամութիւն մը ստեղծուեցաւ, մտաւորական բարեկամութիւն մը՝ Սփիւռք-Հայաստան մտքերու հանդիպումի ընդհանուր յայտարարի մը տակ։
Սակայն ատկէ շատ աւելին էր Վահանը, աշխարհի լայն տարածքներուն՝ ե՛ւ մտաւորական իմաստով, ե՛ւ մշակութային՝ իր անսահման հետաքրքրութեամբ ու հոյակապ կերպով բաց մտքով, միաժամանակ մինչեւ ակունքները գացող հայրենասիրութեամբ մը՝ կապուած Հայաստանի հողին ու իրականութեան։ Որքան կ՚ափսոսար երբ կը խօսէր Հայաստանի մէջ վերջին տարիներու ապիկարութիւններուն ու ձախողութիւններուն մասին։ «Պատկերացնո՞ւմ ես», — կ՚ըսէր, — «որ մարդիկ սերունդներով ապրել են պապենական իրենց հողերուն վրայ, ու ալ հոն հայ պիտի չապրի…»։
Կարդացէ՛ք մեծհօր, որուն անունը կը կրէր՝ Վահան Չերազի մասին գեղեցիկ գրութիւնները։ Այնքա՜ն յուզիչ է տեսնել, թէ որքան նուիրումով փարած են մարդիկ հայրենիքի գաղափարին, Պոլիսը ձգած, եւրոպաները ու ամերիկաները ձգած եկած հաստատուած են այն ատեն հազիւ երկիրի նմանիլ սկսող կտոր մը հողի վրայ։ Ի՜նչ վեհ նպատակներով եկեր ու քանի մը տարի չանցած իրենց կեանքերը վրայ տուեր։ Չվերջացող ողբերգութիւն մըն է կարծես, կը զգաք ատիկա Վահան Չերազ երէցի գրած նամակներուն մէջ օրինակ, սակայն նոյն ատեն անհաւատալիօրէն վարակիչ է հոն գաղափարի պայծառութենէն բխող լաւատեսութիւնը՝ ընդդէմ ամեն դժուարութեանց։
Վահան Չերազ կրտսերն ալ այդպէս էր։ Թէեւ որոշ չափով զգացած էր որ առժամաբար պէտք է հեռանար Հայաստանէն, տեսնելով որ գրչին առջեւ փակուեր էին լրագրութեան դռները, սակայն մօտէն կը հետեւէր ու այնքա՜ն բուռն կերպով կը հակազդէր քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Չէր հանդուրժեր սուտն ու կեղծիքը ու մեր երկրին վերջին հարիւր տարուան պատմութիւնը քաջ գիտնալով, բնազդային կերպով կը զգար վտանգներն ու զառածումները ամեն քայլի ետեւ։ Անկախութենէն ասդին քաղաքական բոլոր սադրանքներն ու իրադարձութիւնները գոց գիտէր, ամենայն մանրամասնութեամբ, թուականներով ու անուններով։ Ծանօթ է ձեզի հրապարակագրական իր վաստակը։ Սուր գրիչը չէր խնայեր բոլոր քծնող ու ազգադաւան կեցուածքները։ Նոյն ատեն սակայն անհաւատալի կարդացող էր։ Կը սիրէր ամեն լեզուի գրականութիւն կարդալ, կը սիրէր համաշխարհային ֆիլմարուեստն ու կինօն ու յաճախ կը գրէր կարդացածին ու տեսածին մասին «Ինքնագիր»-ի, անձնական պլոկի, ինչպէս նաեւ Դիմատետրի էջերուն։ Իր ներկայութիւնը Մոնթրէալ մեր կեանքը ճոխացուցած էր եւ անձնապէս երախտապարտ եմ առիթին համար, որ ունեցանք քանի մը տարի գոնէ իսկապէս վայելելու զինք, իր հետ կրքոտ ու երկար զրոյցներն ու իր համայնասփիւռ հետաքրքրասիրութիւնը։
Իր մեկնումով Մոնթրէալն է, որ կարծես կ՚ամայանայ։ Մե՛նք է, որ կ՚ամայանանք, կորսնցնելով զինք ոչ միայն իբրեւ սիրելի ընկեր, այլ որպէս Սփիւռք-Հայաստան հայութիւն, որովհետեւ Վահանը այն քիչ զրուցակիցներէն էր, որ ոչ թէ միայն խորապէս ծանօթ էր մեր ժողովուրդի երկու ափերուն, ոչ թէ միայն գիտէր, կարդացած էր, այլ մեծցած էր ուղղակի տան մը մէջ, ուր Սփիւռք եւ Հայաստան անընդհատ շփումի մէջ եղած էին սկիզբէն։ Կը պատմէր ինչպէ՛ս ամեն Հայաստան այցելող մտաւորական կամ ծանօթ դէմք իրենց տունը այցի կու գար. չէ՜ որ հայրը Ռաֆայէլ Իշխանեանն էր, մայրն ալ Բիւրակն Չերազ-Անդրէասեանը, այդ զոյգ՝ կրկնակի կերպով մտաւորական մականուններով իսկ հայութեան ապագան երազողները ի մի բերող՝ Մինաս Չերազի Պոլիսէն մինչեւ Անդրանիկ Անդրէասեանի Գալիֆորնիան։ Այդ զրոյցն է, որ աստիճան մը կ՚ամայանայ այսօր, որովհետեւ Վահանը կամրջողներու այն ցեղէն էր, հազուագիւտ արարածներ, որոնք մէկ երկրի երկու երազները իրենց անձին ու մտքին մէջ իրար կրնան կապել ու քով-քովի բերել։ Վկայ՝ վերջին 15 տարիներուն ծաւալած փոխադարձ ծանօթացման այն գործունէութիւնը, որ կը դրսեւորուէր Երեւանի մէջ «Ինքնագիր» ակումբի գրական հանդիպումներու շարքերով ու հրատարակչական գեղեցիկ գործունէութեամբ։
Իսկական Սփիւռք-Հայաստան հանդիպում մը եղան անոնք, մտաւորական հանդիպում, հեռու՝ փառասիրական ու լոզունգային որեւէ սին կոչերէ։ Որովհետեւ այդ ալ Վահանն էր. չէր ախորժեր ու հեռու կը մնար ցուցամոլական բոլոր փուճ արարքներէն, մինչ իր փնտռածը միշտ բան մը սորվիլն էր դիմացինին մասին ու բան մը աւելցնել շրջապատին վրայ։ Առանց հաշիւի տուող էր, խրոխտ լրագրողի կողքին՝ մտաւորական փնտռտուքի ծարաւով ապրող համեստ ու իսկական աշխատաւոր մը։
Լոյսերու մէջ հանգչիս, սիրելի՛ Վահան։ Ձգած բացդ մեծ է։ Վաստակդ ու յիշատակդ կը մնան մեզ մխիթարող։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *