ԳՐԵԼ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կ՚ուզեմ գրել, որովհետեւ գրելը թերեւս շատ կը սիրեմ: Ուրեմն պէ՛տք է որ գրեմ: Յաճախ պիտի գրեմ ու որոշած եմ, եթէ ժամանակս ներէ, միշտ գրել:
Սակայն ինչո՞ւ: Այս վայրկեանին յստակ եւ որոշ պատասխան մը չունիմ:
«Պէտք է»ն, «պիտի»ին հետ խառնելով, ինքնաբերաբար կ՚իյնամ անորոշութեան մը գիրկը: Խոր եւ երբեմն ալ վախազդու:Գրե՜լ:
Ինչ լաւ բան է: Բայց կը խնդրեմ հիմա ինձմէ նման բան չի պահանջէք: Որովհետեւ, գրելը նախ կամք կ՚ուզէ, քիչ մըն ալ ժամանակ, բայց անպայման կ՚ուզէ ջիղ, զգացում, մթնոլորտ ու ասոնցմէ ծնած՝ ներշնչում: Չեմ գիտեր, գրելը տակաւին ուրիշ ինչե՜ր կրնայ ուզել:
Գրասեղանիս առջեւ նստած կը փորձեմ դուրս գալ այս անկարգ ու անկանոն վիճակէս եւ ամփոփուելով որոշ եզրի մը հանգիլ: Ճիշդ այս պահուն, գրեթէ փուլ եկած, քիչ մըն ալ շուարած, ուղեղիս ինքնակեդրոնացման ղեկը ձեռք ձգել կը ջանամ ու կը փորձեմ իրավիճակս քննարկման ենթարկել: Հաստատ էր, որ անկարգ ու անկանոն վիճակ մը ունէի: Կը զգայի, որ հոգւոյս պատերը փուլ եկած էին: Չէք կրնար հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ պատին փուլ գալը: Մինչեւ հիմա կը կարծէի, որ այդ պարիսպ ըսուածը հաստատ կառոյց մըն էր եւ ոչ ոք կրնար զայն տապալել: Բայց ահա աւերակ դարձած է: Ներքին եւ անձայն երկրաշարժի մը հետեւանքով եղած ըլլալու էր: Երկրաշարժ մը, որ հիմնովին ցնցած է այդ կառոյցը ու խախտելով անոր խարիսխները՝ յաջողած է զայն տապալել, կտոր կտոր ընելով պատին աղիւսները:
Հաւատացէք, չեմ գիտեր, թէ մարդուս հոգին պատ կ՚ունենայ եւ, եթէ կ՚ունենայ, ան քանի՞ շարք աղիւսներէ կազմուած կրնայ ըլլալ եւ ի՞նչ են անոր մանրամասնութիւնները, շաղախին չափն ու որակը: Գիտեմ, որ հոգիս քառակուսի չէ, ոչ ալ տափակ կամ կլոր: Կ՚ըսեմ. թող ամեն մարդ իր հոգւոյն պատը ունենայ. հոգս չէ. բայց ես չեմ ուզեր, որ իմ հոգիս իր պատը ունենայ, որովհետեւ կ՚ուզեմ, որ ան ազատ եւ արձակ ապրի:
Թո՛ղ զինք դիտող աչքեր ունենայ, որո՞ւ հոգը: Թո՛ղ որ հովերը փչեն ամեն կողմէ: Թո՛ղ որ մարդիկ գաղտագողի չդիտեն զինք: Թո՛ղ ականատես ըլլան իր ճարպիկ խաղերուն, դէպի սէր ու ատելութիւն իր վազքին ու տանջանքին, իր ցաւին եւ տառապանքին, իր յուզումներուն եւ կեանքի սիրուն կամ տխուր խաղերուն:
Այո՛, կ՚ուզեմ, որ հոգիս ազատ ապրի, համարձակ, ճակատաբաց, արծիւի նման թռիչք ունենայ եւ սլացք եւ խաղ: Ի՞նչ կ՚ըլլայ. թող այդպէս ըլլայ, զարտուղի. ո՞վ է զիս այպանողը: Կ՚ուզեմ նաեւ, որ ան իր կեանքը այսպէս անպարիսպ շարունակէ որպէսզի չյուսախաբուի, չզղջայ, չափսոսայ: Թող երեւակայութեանս կապոյտ ովկիանոսին նման անծայրածիր հորիզոններ ունենայ ու բոլորին ներկայութեան կեանքի իր խաղերը գիտակցօրէն խաղայ:
Ուրախ կամ տխուր խաղերը: Չէ… անպայման ուրախ, որովհետեւ այդ խաղերն են, որոնք զինք պիտի ապրեցնեն: Այդ շարժումներն են, որոնք իրեն շունչ եւ կենդանութիւն պիտի տան: Նոր կեանք պիտի բերեն նոր սնունդով եւ աւիշով:
Հոգս չէ … թո՛ղ…
Բայց … անկախ այս բոլորէն, կ՚ուզեմ գրել: Այս մէկը նախապայման կը համարեմ: Թերեւս հոգւոյս բարի եւ զուարթ խաղերէն մէկն ալ է գրելը: Թերեւս ան, այս ձեւով է, որ կը վերապրի ու կը վերապրեցնէ իր հետ: Թերեւս: Ո՞վ գիտէ:
Նման ծանօթ եւ անծանօթ գաղափարներով հարստացած, ներքին զգացում մը յանկարծ սողալով կը պատէ զիս ու կը ստիպէ, որ մտածումներուս գերի դարձած գրիչս, որուն մելանը հին ու նոր յուշերու գոյներով խառնուած է, վազէ դէպի տողերս, անհանգիստ աճապարանք մը ձգելով իր ետին: Այս բոլորը՝ որպէսզի հոգիս չտխրի. մնայ ուրախ եւ իր երթը սահուն շարունակէ:
Ի՜նչ լաւ բան է, երբ մարդուս հոգին ուրախ է, որովհետեւ մեր ամենօրեայ կեանքի ժամերը, որոնք շատ յաճախ թաթխուած կ՚ըլլան զանազան անօրինակ զգացումներով, առիթ չեն տար, որ հոգիս իր խաղերով զբաղուի:
Այդ հարցերն են, որոնք մեր հոգիները իրենց վայրկեաններու թակարդին մէջ կ՚առնեն ու անոնց ազնիւ զգացումները կը մկրատեն, կը փութացնեն եւ գերի կը պահեն: Բայց, ինչ լաւ բան է, երբ հոգին ուրախ է: Այդ կը նշանակէ, թէ կամ իր շուրջը տաղտուկ չկայ եւ կամ ալ կրցած է անտեսել ամեն արգելք եւ այդ ձեւով դուրս մնալ անոր սպառիչ եւ սպաննիչ ոստայնէն:
Ուրեմն, պէտք է, որ գրեմ որպէսզի հոգիս ուրախ մնայ: Ուրեմն, այնպէս կ՚երեւի որ պէտք է միշտ գրեմ, որպէսզի ան ապրի: Գոյատեւէ: Հապա ե՞ս:
Այս ի՜նչ զատորոշութիւն է: Ի՜նչ անձնասիրութիւն: Մէկը ուրախ պահելու համար ինչո՞ւ անպայման ուրիշը պէտք է զոհել: Զոհ մատուցանել: Ուրիշին հաճոյալի դառնալու կամ ուրիշը երջանկացնելու համար անպայման զոհ մը պէ՞տք է:
Բայց ո՞վ դրած է այս պայմանը:
Ո՛չ, ո՛չ, սխալ մօտեցում է: Նման հաճոյք անընդունելի է եւ անհարազատ: Թերեւս ալ անվայել, վայրի, անտաշ եւ կոպիտ ալ է:Ես ո՞ւր եմ այս բոլորին մէջ: Ո՞վ է իմ մասիս մտածողը: Ո՞վ զիս պիտի ուրախացնէ եւ կամ երջանկացնէ:
Մտածումներս յանկարծ ճիշդ այդ վայրկեանին կանգ առին: Գրիչս անմիջապէս դադրեցուց իր վազքը: Գրէթէ սառեցաւ:
Պատահած էր անսպասելին: Կեանքը գերեզմանի մը վերածուած էր: Բայց տակաւին կը հաւատամ, որ գերեզմանները իրենց իսկութեամբ կեանքեր են, որոնց հետ մարդիկ ներքին կապ մը ունին: Ուրեմն… պէտք էր, որ…:
Բայց կ՚երեւի սխալ բան մը պատահած էր: Թերեւս իմ մեկնաբանութիւնս բոլորին վիրաւորած էր:
Երբեմն կը պատահի, որ հսկայ գործարանի մը աղմկոտ մեքենաները յանկարծ կանգ առնեն եւ այս ձեւով ծածկեն իրենց ստեղծած ժխորը ու զայն լռութեան դատապարտեն, զարմանք եւ շփոթ պարտադրելով շրջապատին: Հիմա ալ նոյնն էր, կը մտածեմ: Իրար անցնելու պէտք չունէի, բայց արդէն իսկ իրար անցած էի:
Չէի կրնար գրիչիս ստիպել, որ իր երթը շարունակեր: Այդ վայրկեանին այդ կարողութիւնը կը պակսէր ինձմէ:
Ինծի հետ շփոթած էր նաեւ հոգիս ու անոր հետ մտածումներս իրար խառնուելով զիս նետած էին փոթորկալի վիճակի մը մէջ :
Այս մեծ պատահարին համար պատասխան մը կը փորձէի փնտռել: Մտածումներս մէյ մը ինծի, մէյ մըն ալ տողերուս կը նայէին:
Կը փորձէի արագ մը վերաքաղ մը ընել եւ ստեղծուած այս վիճակին լուծում մը տալ:
Կը նմանէի հսկայ շոգեկառքի մը, որ իր արագընթաց մէկ պահուն արկածի մը հանդիպելով գիծէն դուրս կու գար, դուրս նետելով նաեւ իրեն հետեւող կառքերը, որոնք կը խորտակուէին, կը ջարդուէին, անտէր ու անտիրական կը մնային:
Անոնցմէ ոչ մէկը կրնար միւսին օգնել: Ամեն մէկը իր իւրայատուկ վէրքը ունէր: Ունէր նաեւ զինք տառապեցնող իրավիճակը: Ու ի՞նչ է վերջին հաշուով վէրք ըսուածը, եթէ ոչ վիշտերու անկանոն ծրար մը, մարդոց պարտադրուած:
Կը մտածեմ, արդեօ՞ք վիշտերը կարգ ու կանոն ունին կամ կ՚ունենան:
Պատասխան չունիմ:
Միայն այն գիտեմ, որ այս բոլորը պատահեցան յուշերուս թուղթէ լերան ստորոտը եւ տակաւին ճամբայ իսկ չելած: Այս բոլորը պատահեցան, որովհետեւ… որովհետեւ որոշեցի, յանկարծ որոշեցի գրել:
Ահա պատասխանը:
Չգրել. այս էր վերջական լուծումը, որ հատու դանակի մը նման կտրած էր մտածումներուս սահուն հոսքը:
Ազատ չե՞մ, չե՛մ ուզեր գրել, չեմ ուզեր, որ ինծի հետ միշտ անհաշտ հոգիս, մինակը, միս մինակը, առանց զիս ալ բաժեկից դարձնելու, ուրախանար, երջանկանար:
Ե՛ս ալ մարդ եմ, չէ՞: Ե՛ս ալ զգացումներ ունիմ: Ըսէ՛ք, ով զիս պիտի ուրախացնէ:
Ներքին թագուն նախանձի մը արդիւնքն էր, որ ուղեղիս պատերը մագլցելով անցած էր դէպի ներս ու կեդրոն հասնելով, անոր ղեկին իշխելով մկրատած էր մտածումներուս բոլոր կապերը, միեւնոյն ատեն անջատելով անոնց արագ եւ յստակ հոսքը:
Ու չեմ ափսոսար: Ով կ՚ուզէ թո՛ղ ըսէ:

Կրկին մտածումներս դողահար զիրար կը դիտեն:
Թո՛ղ դիտեն, կը յամառիմ:
Ո՛չ մէկ կարեկցութիւն ունիմ անոնց նկատմամբ: Իմ կողմէս, ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կամ զիչում:
Թերեւս մէջս սխալ բան մը կար, սխալ բանի մը ծնունդը, ապօրինի եւ վաղաժամ: Թերեւս:
Որովհետեւ կը մտածեմ, հիմա… ես այսպէս չէի:
Զիս ճանչցողները այս մէկը կրնան հաստատել:
Կարծես ենթագիտակցութիւնս սկսած է տրամաբանել:
Թերեւս մէջս բթացած էին բոլոր ազնիւ զգացումներս: Թերեւս:
Ուրեմն ուրիշը այպանելու չէի: Եղածը պարզ էր: Աժան եսասիրութիւն մը, որ հոգիիս եւ իմ միջեւ կ՚ուզէր ցանկապատ մը կառուցել:
Ի՜նչ անձնասիրութիւն:
Բայց ըսէ՛ք ինչ տարբերութիւն կայ իմ եւ իմ հոգիիս միջեւ: Ո՞վ գծած է այս երկուքին սահմանները: Ո՞վ բաժնած է այս երկուքը իրարմէ: Արդեօ՞ք օտարներու ձեռք անցած է հոգիս: Արդեօ՞ք ես ալ օտարացած եմ: Արդեօ՞ք ես զիս իրապէս մոռցած եմ ու հիմա կ՚ուզեմ վերագտնել:
Գիտեմ, որ երբ հոգիս ուրախ է, ուրախ էր նաեւ այն միւսը:
Հապա ե՞ս:
Գիտեմ նաեւ, որ ես անձնապէս ուրախ կ՚ըլլամ, երբ այդ ուրիշը մօտս է թեւերուս եւ աչքերուս մէջ…: Երջանիկ եմ, երբ այդ մէկը միայն ինծի կը պատկանի, զիս կը շոյէ, կը փայփայէ, կը սիրէ …:
Այս է ահա իրականութիւնը: Պարզ իրականութիւնը:
Այս է հսկայ տարբերութիւնը մեր երկուքին միջեւ: Յաւելեալ բացատրութիւններու չի կարօտիր:
Գիտեմ, ամեն բան գիտեմ: Բայց հոգիս այս բոլորէն տեղեակ չէ:
Կը կրկնեմ, պոռալու գինով կը բացայայտեմ… ես ու հոգիս նոյնը չենք, վերջակէտ:
Կը զգամ, որ ջղայնութիւն մը պատճառ դարձած էր, որ քրտնիմ: Կը խորհէի, որ անհակացողութենէ մը ծագած անտեղի հակամարտութիւն մըն էր այս մէկը: Մէկ խօսքով անիմաստ մրցակցութիւն մը, որ նախանձի հիւսքերով գործուած անճաշակ գորգի մը կը նմանէր:
Կ՚անդրառնամ: Ամօթահար եմ:
Գրասեղանս կը մթննայ: Անիմանալի մատներ արդէն անջատած են անոր լոյսերը ու զիս ձգած մթութեան մէջ: Առաւօտեան այս ժամուն, երբ ամեն մարդ իր աշխատանքով զբաղած է, ես զիս մթութեան մէջ կը գտնեմ, հոգւոյս կից, դռկից եւ այնքան մօտ:

Կարծես աքլորամարտի մը կանչող զանգին սպասէինք երկուքս ալ: Ինք՝ խղճացած, անձայն եւ անտէր, իսկ ես՝ դաժան մը, որ յօնքերը պրստած, աչքին ծայրովն իսկ վախ կ՚ազդէ դիմացինին:
Երկուքս իրարու մօտ, կողք կողքի, անձայն եւ մտածկոտ, հիմա զիրար կը դիտենք: Ինք իր այս վիճակին տակ կքած է եւ յուզումէն ու բարկութենէն կու լայ կարծես: Շփոթած, բան մը կը փնտռէ: Կարծես կ՚ուզէ պահուըտիլ, պատսպարուիլ: Իրեն համար թերեւս նորութիւն են այս բոլորը: Խեղճացած է, անօրինակ խեղճութեամբ:
Յստակ է, թէ ուղեղս պարպուած է, իր մէջ գտնուող բոլոր ազնիւ զգացումներէն մերկացած ու այսպէս ձեւով մը սառած, նոյնիսկ փճացած է:
Յանկարծ լոյսի շաւիղ մը մեզ կը գտնէ:
Ահա նոր իրականութիւն մը: Զարմանալի. բայց իրականութիւն:
Դարձեալ խիստ կը նայիմ իրեն: Թէեւ անգութ կը թուիմ ըլլար, բայց հաւասարակշռութիւնս երբեք չեմ կորսնցներ: Ինքզինքս արդար կը գտնեմ ու միաժամանակ իր լացն ալ անտեղի: Նոյնիսկ իր այս յուզումը՝ ներելի չէ:
Նայուածքս նոյնիսկ զիս ալ կը սարսափեցնէ: Զինք պաշտպանող քանի մը աղիւս այդ պատերը նայուածքիս տակ տեղաշարժ կ՚ըլլան: Ներքին ինքնածին երկրաշարժ մը, որ շատ հաւանաբար արդար ծնունդն էր խռովքիս, կը շարժէ ու կը փլցնէ զանոնք:
Դարձեալ զինք կը դիտեմ երկար: Փլատակ պատին տակ կքած, անձայն կու լայ: Ինծի կը թուի, թէ իր այս վիճակը եթէ երկարի, կրնա, նոյնիսկ իր արցունքներէն խեղդամահ ըլլալ:
Համբերութեամբ կը դիտեմ զինք: Թերեւս իրեն համար բռնատէր մըն եմ, որ վեջապէս հասած է իր նպատակին:
Բայց, կ՚ըսեմ ինքզինքիս, այս լացը ի՞նչ օգուտ ունի: Լացը միայն տկարներուն յատուկ զէնքն է: Ուրեմն ինք տկար մըն է:
Նայէ, կ՚ըսեմ իրեն. ես չեմ լար:

* * *

Չեմ գիտեր, երբ եւ ինչպէս այս երկխօսութիւնս զիս կամաց կամաց տարած էր դէպի ենթագիտակցութեան դռները ու հոն բաց մարգագետնի մը մէջ, նոր ու անծանօթ բան մը զիս դէպի նոր հորիզոններ կ՚առաջնորդէր:
Վիճակէս. ամօթահար էի: Մտածումներս անզգալաբար իրենց ուղղութիւնը սկսած էին փոխել: Կարծես կը գիտակցէին կատարուածին, կոտորածին, լացին եւ տառապանքին: Մէկ խօսքով, ստեղծուած դժոխքին:
Դժոխք ըսի: Որակումս ճիշդ էր: Ինքզինքս անգիտակից մէկու մը կը նմանցնէի: Քմահաճ մը, որ դիմացինին վրայ ցանած էր անձնասիրութեան փոշին, զայն շնչահեղձ ընելու միտումով:
Ուրեմն այս վիճակէս պէտք էր, որ դուրս գայի: Վերջին հաշուով երկուքս ալ դրացիներ էինք, պէտք էր, որ հաշտ ապրէինք իրար հետ:
Կը փորձէի նման համոզումներով ինքզինքս սրբագրել:

* * *

Վերջապէս կ՚որոշեմ գրելս շարունակել, որպէսզի հոգիս իր նախկին պարին վերադառնայ:
Երկար ատեն անշարժութեան մատնուած շոգեկառքի մը առաջին շարժումին հանած աղմկալի ճռնչոցին նման, հիմա գրիչս իր առաջին քայլերը սկսած էր նետել:
Ուղեղէս հասած հրահանգը կը գործադրուէր ու մատներս կը հնազանդէին անոր ազդանշանին: Բառերս, թուղթիս ճերմակ տողերուն վրայ իրենց ազատ վազքը կ՚ապրէին:
Մինչ, երբ հոգիս իր նոր ցնծութեամբ մը կը վերապրէր, աչքերս մեծ ճիգով մը կր փորձէին հեռու մնալ արցունքի աւազանէն:
Հիմա եթէ սենեակին մէջ լացող մը կար, ան ալ ես էի:
Նորածին երջանկութիւնս իր հետ լացն ալ բերած էր՝ ակամայ:

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *