ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Սուրիայէն հասնող գրային ամեն փշուր սարսուռով կը պատէ մեր հոգիները, որովհետեւ ան իսկոյն կ՚ոգեկոչէ այն ահաւոր պայմանները, ուր մարդիկ կ՚ապրէին մօտիկ անցեալին, այն «երազային Հալէպը», որ այլես չի կրնար պաշտպանել իր զաւակները, չի կրնար լուսաւորել անոր գիշերները, չի կրնար ջերմացնել մինչեւ ոսկորները թափանցող ցուրտը, եւ ընդհանրապէս միշտ չէ, որ կը յաջողի ապահովել անոր հանապազօրեայ հացն ու ջուրն իսկ: Եւ չես կրնար առանց շլմորելու հարց չտալ՝ հապա ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ այս պայմաններուն մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք, անտեսելով այդ բոլորը, սիրտ կ՚ունենան գրիչ բռնելու, իրենց պատգամը յղելու աշխարհին ու մարդկութեան, արուեստի գործ մշակելու՝ ջերմացնելով իրենց եւ ընթերցողներուն հոգիները:
Բայց արդեօք Միսկարեանի՝ Չարին դէմ պայքարելու ենթագիտակցական ուրոյն մէկ հնարքը չէ՞ այս, եւ ճիշդ այսպիսի կացութեանց համար չէ՞ ըսած Դոստոեւսկի, թէ «արուեստը պիտի փրկէ մարդկութիւնը», որքան ալ,_ միւս կողմէ,_ հեղինակը գիտնայ, թէ «գեղեցկութիւնն ու անմեղութիւնը ծիծաղելի ու անպաշտպան են, մինչ մոլորակը գրկած՝ կ՚եռան կիրքերը չար հողմերուն…(«Առաջին ծաղիկը»):
Այս մտքերով էի տարուած այն քանի մը շաբաթներուն, ուր յանձն առեր էի խմբագրել ու հրատարակութեան պատրաստել Լալա Միսկարեան-Մինասեանի այնքան յափշտակիչ «Սուրիահայ օրագիր»-ին ստուար էջերը:
Այդ Օրագիրի ցնցիչ մանրամասնութիւններէն ետք հիմա իր ընթերցողներուն սեղանին վրայ հեղինակը կը դնէ արտասովոր անակնկալ մը , որ է այս անգամ գեղարուեստական հատոր մը՝ բաղկացած քանի մը տասնեակ պատմուածքներէ ու նորավէպերէ: Եթէ «Սուրիական օրագիր»-ը իր բնոյթին իսկ բերումով ստիպուած էր ըլլալ որոշ չափով ինքն իր վրայ թաւալող ու ինքզինք կրկնող, այլեւ զիրար թելադրող անցքերու ու դէպքերու որոշ չափով միօրինակ ու կաշկանդիչ պատում մը, որ չէր կրնար դուրս ելլել Սուրիան բզկտող առօրեայի ճիրաններէն, ներկայ հատորը՝ «Ծիրանի ոգիներ»-ը, գեղարուեստական բացարձակ անկաշկանդուածութեամբ, ազատ առիթ տուած է հեղինակին ժամանակի ու տարածութեան մէջ ընտրելու իր բնաբանները, որոնք ազատօրէն ամփոփուած են հինգ գլուխներու մէջ, ու մշակելու զանոնք գեղարուեստական նրբագոյն հիւսուածքով:
* * *
Առաջին բնաբանը ըմբռնելի պատճառներով պատերազմն է, մարդոց ամենօրեայ բարքերէն այլեւս անբաժան պատերազմը, որ իր ամբողջական արհաւիրքով կլանած է ու իր կշռյթով դրոշմած է բոլորին կեանքը, որ ենթակայ է անոր քմայքներուն եւ օրէնքներուն հաւասարապէս: Եւ այս զարմանալի պատերազմը կը յարուցէ կացութիւններ ու նկարագրեր, որոնք այլապէս ըմբռնելի պիտի չըլլային:
Այսպէս, հայ պառաւ մըն է «Ճամալ» պատմուածքի հերոսուհին, որ կ՚ապրի ամենօրեայ հարեւանութեամբը չորս պատահական զինուորներու, որոնք դիրք գրաւած են իր բնակարանին շուրջ: Եւ կը հասնի պահ մը, ուր կը սկսի կապուիլ անոնց՝ իբրեւ հարազատ զաւակներու, ձեւով մը փոխարինելով իր իսկ ամուսինին ու զաւակին բացակայութեան ստեղծած պարապութիւնն ու խանդաղատանքը, յատկապէս անոնցմէ մէկուն՝ նոյնինքն Ճամալին, քանի այս վերջինը Տէր Զօրէն է, ուր տասնամեակներ առաջ փրկութիւն գտած է իր անչափահաս հայրը՝ փրկուելով թուրքին եաթաղանէն: Այս գիտակցական ու ենթագիտակցական զգացումներն ալ, որոնք կը յաաջանան ազգային ու կրօնական պատկանելութենէն վեր ոլորտի մը մէջ, կը մղեն պառաւը գերագոյն զոհողութեան, որ կը հասնի այն պահուն, երբ ան կը պատրաստուէր Ճամալին սիրած ոսպապուրը եփելու:
Բայց պատերազմը միշտ ազնիւ մարդկային զգացումներու ծնուցիչը չէ, ան նպաստաւոր պահն է նաեւ, ուր երեւան կ՚ելլեն մարդկային նկարագրի ամենայոռի երեսները եւս, որոնք իրենց կարգին կը մռայլեն պատերազմի արհաւիրքներուն ստեղծած կացութիւնը: Այսպէս է «Կորուստ» պատմուածքին պատգամներէն մէկը. «Միտքէն կրկին ու կրկին կ՚անցնէին առեւանգումներու փոխան մեծ փրկագիներ պահանջողները, ռմբակոծումներէ փախածներու տուները կողոպտողները, սննդամթերքի ու այլ ապրանքներու կամայական սղաճը, շուկայի մարդոց բացայայտ խարդախութիւնը՝ թերակշռում, աննկատելիօրէն անպէտք ապրանք «քալեցնել», հաշիւին մէջ ալ միշտ ի նպաստ իրենց թիւեր կլորցնել, պետական պաշտօնեաներու լկտի անտարբերութիւնն ու կաշառակերութիւնը…»:
«Պատրանքներ»-ը կը կազմէ յաջորդ բնաբանը, ուր Միսկարեան, վերացումի զմայմելի ճիգով մը, բոլորովին կը կտրուի շրջապատէն ու անոր հոգելլկիչ իրականութենէն՝ յանձնուելու համար արուեստի հոգեպարար ու սփոփիչ յորձանքներուն: Այստեղ իշխող տարրը ընդհանրապէս կինն է ու անոր հոգիին խորագոյն ծալքերը, ուր պահուած են անոր քմայքներն ու տագնապները միաժամանակ, եւ որ այնքան հմտութեամբ ու նրբութեամբ գիտէ հեղինակը պեղել ու լոյսին բերել: Կանացի հոգեբանութեան տիպարը այս շարքին մէջ Լիլիթն է, աստուաշծաշնչական այն քիչ ծանօթ ու խորհրդաւոր կերպարը, որ ենթադրուած է ըլլալ Ադամի առաջին կինը եւ որուն այնքան գեղեցիկ էջեր յատկացուցած է Աւ. Իսահակեանը: Լիլիթ գրեթէ ամեն ինչ ունի Եդեմին մէջ՝ ապահովութիւն, սնունդ, երիտասարդ ու գուրգուրոտ ամուսին մը եւ աստուածային հովանին իր գլխուն վերեւ: Սակայն այս բոլորը հետզհետէ տաղտկալի կը դառնան իրենց միօրինակութեամբ: Անոր քմայմքոտ հոգին կը ձանձրանայ…:
«Հմայիչ ու քմահաճ էր Լիլիթ։ Շուտով այլեւս իրեն հաճոյք չէին պատճառեր դրախտին հրաշալիքները, Ադամին սիրազեղումները: Նեղ կու գային ե՛ւ Ադամի միտքին սահմանները, ե՛ւ դրախտի միշտ գոց պարիսպները։ Ու մինչ Ադամ իր Լիլիթով հիացումի ու արբեցումի մէջ էր՝ Լիլիթ ձանձրացաւ։ Զինք կը գրաւէր անծանօթը, որ անպայման ըլլալու էր պարիսպներէն անդին։ Բայց ուզածը անձեւ էր ու տարտամ»։
Այլ խօսքով՝ Լիլիթ դրախտէն դուրս կը պատկերացնէր իր հոգիին բարդ որոնումներուն առարկան, որ այնքան ալ ծանօթ չէր իրեն եւ որուն տարտամ նախազգացումը ունէր միայն, մինչեւ որ կը հանդիպի… Սատանային. ա՛ն է որ կը յաջողի Լիլիթին տալ այն սարսուռները, որ Ադամն ու դրախտին փափկութիւնը չէին կրցած պարգեւել Լիլիթին: Բայց մի՞թէ այս նոյն յաւիտենական ու համամարդկային զգացումը՝ անորոշին, անծանօթին, աւելի գեղեցիկին ու կատարեալին փնտռտուքը չէ, որ հազարամեակներէ ի վեր կ՚առաջնորդէ հանուր մարդկութիւնը ու յատկապէս իգական սեռը: Որքան տաղտկալի ու ձանձրացուցիչ պիտի ըլլար կեանքը առանց այս որոնումին, հակառակ զայն պարուրող անորոշութեան, վտանգներուն, սպառնալիքներուն ու մանաւանդ ցաւին, որոնք սակայն արարածները մարդկայնացնելու յատկութեամբ օժտուած են: Եւ հետագային Ադամ եւ իր Եւան նոյն ճամբով պիտի ընթանան՝ Եդեմի տաղտկալի փափկութենէն դուրս՝ յոգնութեան ու մանաւանդ ցաւի աշխարհի մէջ պիտի փնտռեն իրենց լինելութիւնը, քանզի «Ճանաչողութիւնը կը սկսի ցաւով ու կ՚անցնի ցաւին մէջէն» («Գոյ-ին լոյսը»)։
Բայց Լիլիթին զուգահեռը գոյութիւն ունի իրական կեանքի մէջ եւս. «Հովէն քշուած» պատմուածքին հայուհի Ալինն է ան, որ արհամարհելով հայկական տաքուկ ընտանիքի ու միջավայրի բարիքները, իր կարգին այդ անծանօթ սարսուռը կը փնտռէ տունէն դուրս ու զայն կը գտնէ… քիւրտի մը ծոցին մէջ:
Երրորդ մեծ բնաբանը արդի հայուն երկու մեծ տագնապներն են՝ լեզուի ու նաեւ հողի, որոնց երկուքն ալ վտանգուած են:
Նախ՝ լեզուն, այն լեզուն, այն դաբիրը կամ սրբարանը, որ, Թէքէեանի բառերով, «քիչեր կը կարդային արդէն եւ պակսեցան անոնք ալ», իսկ հեղինակին բառերով՝ երբեմնի «յաղթական, պայծառ, վսեմ ու խրոխտ լեզուն», որ հիմա արդէն կը հալածուի, կը բզկտուի, կը տրորուի ի՛ր իսկ «օտարապաշտ» զաւակներուն կողմէ: Իբրեւ հայոց լեզուի երկարամեայ ուսուցչուհի՝ հեղինակը ուրիշներէ քիչ մը աւելի լաւ կը նկատէ լեզուին այս մաշումն ու անկումը, այս անտեսումը՝ թէ՛ իր սեփական աշակերտներուն, թէ՛ մանաւանդ անոնց ծնողներուն քով, որոնք հաւանաբար մեծ բաժին ունին անոնց ընթացքին ու մտայնութեան ձեւաւորումին մէջ: Այսպէս է, քանի ծնողները իրե՛նք է որ հայերէնի մէջ իրենց զաւակներուն հաշուոյն կը տեսնեն «մտային բեռ մը», որ արգելք կը հանդիսանայ դպրոցի «կարեւոր» նիւթերու եւ գիտելիքներու իւրացումին, այնպիսիներուն, որոնցմէ կախեալ է այդ զաւակներուն հետագայ ասպարէզը ու նիւթական յաջողութիւնը: Եթէ գաղթահայ կեանքի մէջ կար ժամանակ մը, ուր նման միտքեր թաքուն կը պահուէին,_ որքան ալ գոյութիւն ունենային այդպէս մտածողները,_ հիմա արդի հայը չի վարանիր դպրոցներու մէջ, ծնողական բազմամարդ հանդիպումներու ընթացքին բարձրաձայն արտայայտուելու՝ առանց որեւէ բարդոյթի, եւ պահանջելու իսկ, որ սանձ մը դրուի հայերէնի ուսուցումին՝ եզրակացնելով. «Արդէն հիմա հայերէն սորվող ալ չկայ» («Ազգը մեզի ի՞նչ կու տայ որ…»): Յատկանշական է այս հոգեբանութիւնը. եւ որովհետեւ իրենք չեն ուզեր հայերէնով ժամավաճառ տեսնել իրենց զաւակները, ապա համոզուած են, որ ընդհանրապէս արդէն հայերէն սորվող չէ մնացած: Գալով այսպիսիներուն՝ իրենք կը շարունակեն հայերէն խօսիլ, որովհետեւ «ուրիշ լեզու չեն գիտեր»:
Լեզուն ուրացողին կամ արհամարհողին համար միայն մէկ քայլ է նաեւ սփիւռքի մէջ իր հայ շրջապատը, իսկ Հայաստանի պարագային՝ ամբողջ հայրենիք մը ու պատմութիւն մը լքելով՝ լեռներով ու ովկիանոսներով հեռու-հեռաւոր երկիրներու մէջ բնակութիւն հաստատելու մարմաջը, մարմաջ մը, որ հանգիստ չի տար եւ ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէ գոհացում ստանալու միջոցներուն մէջ: Այս ալ կը կազմէ ուրիշ հիմնական բնաբան մը, որ կարմիր գիծի մը պէս կ՚անցնի աշխատութեան զանազան հատուածներուն մէջէն եւ որուն աղեխարշ մանրամասնութեանց այնքան նրբութեամբ, բայց նաեւ տառապանքով ընթերցողը իրազեկ կը դարձնէ հեղինակը իր զոյգ հանգամանքներով՝ հալէպահայու եւ լոռեցիի:
Մերօրեայ այս ողբերգութեան, այս հաւաքական անձնասպանութեան տիպարը Նազան մայրիկն է («Ուտե՜մ»): Ան հայ գեղջկուհի մըն է, որ բնաւ դուրս չէ ելած իր գիւղէն: Ամուսնացած է, ունի չորս զաւակ ու աշխատասէր ամուսին մը: Ինք ալ եռանդագին կ՚աշխատի համայնական տնտեսութեան մէջ, գոհ է, ինքնաբաւ է, առողջ ու երջանիկ է: Անկախութենէն ետք գործէ կը դադրի թէեւ, բայց ահա կը գոհանայ տնամերձի մշակումով ու ստացած բարիքներովը: Հոգեկան առաջին բեկումը կ՚ունենայ աղջկանը՝ Անգինին քաղաք հարս երթալուն առթիւ, քաղաք… Հայաստանի մէջ: Նազան մամիկը չի կրնար ըմբռնել, որ մարդ իր ծննդավայրը լքէ, թէկուզ մնալով նոյն հայրենիքին մէջ: Բայց ահա օր մըն ալ Անգին Ամերիկա կը տեղափոխուի, ինչ որ տակնուվրայ կ՚ընէ զինք. «Ինչի՞ թողիր, որ քիրդ գնայ էդ քանդուած երկիրը, մեր… ի՞նչն էր պակաս»,_ կը դառնանայ Նազան մայրիկը իր տղուն: Այս հարուածին ցաւը տակաւին չմեղմացած՝ կը լսէ ահա միւս զաւակներուն բերնէն՝ իրենց կարգին Ամերիկա գաղթելու երազին փայփայումը. «Ա՜յ մէր, Ամերիկան աշխարհի ամենահարուստ երկիրն ա, մեծ ու շէն երկիր ա, մեր երկիրն ա քանդուածը»:
Ահա այսպէս է, որ այդ շէն ու աւանդական հայ ընտանիքին մէջ կը քակուի Ամերիկաները գաղթելու կծիկը, մինչեւ որ կը յաջողին մէկ-մէկ այնտեղ փոխադրուիլ, ի վերջոյ գրեթէ բռնի փոխադրելով նաեւ Նազան մայրիկն ու ամուսինն ալ, մանաւանդ որ… տարեցներուն թոշակ կը վճարէ ամերիկեան կառավարութիւնը, իսկ անոր հարազատները պէտք ունին այդ թոշակին՝ հաւասարակշռելու համար իրենց նիւթական վիճակը: Այլ խօսքով՝ ծերունիները մնայուն ու ապահով ներդրումներ են իրենց հայրենաթող զաւակներուն համար:
Եւ այսպէս կը պարպուի Հայաստանը:
Այսպէս կը պարպուին հայաստանամերձ գաղութները:
Այսպէս ալ կը պարպուի հայութիւնը իր հայութենէն:
Այս բոլորը մղձաւանջային հետեւողականութեամբ կը պարզէ հեղինակը, որ միայն դէպքերը արձանագրող մը չէ, այլ զանոնք սրտցաւօրէն կ՚ապրի իր մորթին վրայ ու էութեան խորերը:
* * *
«Ծիրանի ոգին» հատորը շատ աւելի բովանդակալից ու տարողունակ է, քան այն քանի մը նշմարները, որ արձանագրեցի այստեղ, այս նեղ էջերուն վրայ: Այս իրողութեան պիտի անդրադառնաք ձեր ընթերցումի միջոցին, որ յուսախաբ պիտի չընէ ձեզ:
Բարի վայելում:
Պիտի ուզէի անդրադառնալ վերջին իրողութեան մը եւս, որ ահաւասիկ:
Միսկարեան, ինչպէս ըսուեցաւ, արեւելահայ է, ան հետագային սորված է արեւմտահայերէնը, որ իր գրիչին տակ զգեցած է իւրովի շնորհ մը: Ան մեր բարբառը հարստացուցած է կիրթ արեւելահայու անբեկանելի շարահիւսութեամբ ու մանաւանդ ճոխ, հարուստ ու շողշողուն բառամթերքով մը, որուն արդիւնքը եղած է պայծառ ու պսպսղուն շարադրանք մը: Ոճական այս ձեռքբերումը կը պարտինք անշուշտ նախ եւ առաջ իր՝ հեղինակի գրողական անհերքելի օժիտին, բայց այնտեղ կը գտնենք նաեւ մեր երկու բարբառներու միաձուլումէն յառաջացած իւրօրինակ վայելչութիւն մը, որուն կը հանդիպինք նաեւ երկերուն մէջը Գուրգէն Մահարիի, Նայիրի Զարեանի, Վահագն Դաւթեանի, Վահրամ Փափազեանի եւ մեր այն գրողներուն, որոնց լեզուն նմանապէս բարեյաջող համարկումն է մեր զոյգ բարբառներուն:
Պէյրութ