Տարի մը արդէն

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Կեանքը մեզի չի սպասեր, կը թաւալի ու կ՚երթայ։ Տարի մը առաջ էր արդէն, երբ Համաստեղի մահուան յիսնամեակին անդրադառնալու կը պատրաստուէինք, ստացանք գոյժը մեր նորագոյն գրականութեան տիտաններէն Ռուբէն Յովսէփեանի մահուան։
Արձակագիր էր ան, վերջին յիսնամեակի արեւելահայ արձակի լաւագոյններէն։ Հրատարակուած գործերէն յիշենք «Որոնումներ», «Երկու վիպակ», «Ամենատաք երկիրը», «Կարուսէլի կանաչ ձին», «Հրաշալի օր», «Ճայերը»: Իր գործերէն մաս մը թարգմանուած է ռուսերէնի: Հայերէնի թարգմանած է Գարսիա Մարկէսի «Հարիւր տարուայ մենութիւն» վէպը: Իր սենարիոներով նկարահանուած են «Հնձան», «Ամենատաք երկիրը», «Բարութեան ջրվէժ» ֆիլմերը: Ունեցած է նաեւ խքբագրական բեղուն գործունէութիւն,
1990-ին անդամագրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Նոյն թուականին ընտրուած է ՀՅԴ Հայաստանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ, եղած է ԿԿ-ի ներկայացուցիչը (1990-1992): 1992-ին, ՀՅԴ 25-րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ: 1998-2006-ին եղած է Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան անդամ: 2000-2007-ին ընտրուած է ՀՀ Ազգային ժողովի 2-րդ եւ 3-րդ գումարումներուն պատգամաւոր, մաս կազմելով ՀՅԴ խմբակցութեան:
2007-2011-ին եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի աւագ խմբագիրը:
Մահացաւ 27 հոկտեմբեր 2016-ին, Երեւան:
Իր մահուան Ա. տարելիցին առթիւ, այս թիւով կու տանք ծաղկեփունջ մը իր վաստակէն, ինչպէս նաեւ իր աշխարհայեացքը ուրուագծող հարցազրոյց մը իր հետ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *