ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
«Ես հաւատում եմ, հայ ժողովուրդ, քո Դարձին, ... վասնզի կամրջընկեց Արաքսի ափերին, Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր Հայրենիքը կայ, ... որ ակնդէտ ու խռովայոյզ՝ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին...»: Ա. Ահարոնեան, Քառասնամեայ յոբելեանի ճառէն (1930, մայիսի 10)
Վերջին տասնամեակին, հայրենի գրական-ակադեմական գործունէութիւնը զգալի աճ մը ճանչցաւ` կապակցաբար հրատարակչական գործին, ու յատկապէս՝ խորհրդային տասնամեակներու արգիլուած-անտեսուած հեղինակներու եւ երկերու: Աճ մը, որ հակում ունի շարունակուելու — մասնակի վերհրատարակութիւններ (երկերու, հազուադէպօրէն՝ նաեւ ամբողջական գործի). կամ՝ ասոնց նուիրուած մենագրութիւններ, երբեմն ծաւալուն. եւ վերջապէս՝ աւելի յաճախակի՝ պարբերական մամուլի վերլուծական յօդուածներ կամ համառօտ ակնարկներ:
Առաջիններէն կրնանք յիշատակել՝ Լեւոն Շանթի ակադեմական բազամահատոր հրատարակութիւնը, Նիկոլ Աղբալեանէն՝ «Ընտրանի» մը(1), կամ՝ Աւետիս Ահարոնեանի նամականին՝ «Շւէյցարական գիւղը»(2), յանձնառու, մարտունակ ազգագրութեան հիանալի նմուշ մը:
Վերջին տասնամեակի արգասիք այս հրատարակութիւններէն շատ աւելի կանուխ, ուրեմն իբր բացում այսօրինակ հրատարակութիւններու, կ՚արժէ յիշատակել նոյն Աւետիս Ահարոնեանի գործերէն հատընտիր հատոր մը, «Խաւարի մէջ» խորագրով(3):
* * *
Դեռ նոր, անցնող դեկտեմբերին, Ա. Ահարոնեանի նուիրուած գիտաժողով մը(4), Երեւան, առիթ հանդիսացաւ կեդրոնանալու Ահարոնեան գրագէտին, ազգային-քաղաքական գործիչին եւ առհասարակ մարդու կենդանագիրներուն վրայ — պայծառագոյններէն մէկը՝ մեր նորագոյն պատմութեան դէմքերէն:
Միօրեայ այս ակադեմական նախաձեռնութիւնը եղաւ մեծապէս շահեկան, յատկապէս մասնակցութիւններու մեծ մասի հետազօտական լրջութեան ու որակաւոր բովանդակութեան շնորհիւ: Ճիշդ է, ԵՊՀի ակադեմական մտաւորականութեան կողքին, պիտի ակնկալուէր մասնակցութիւնը նաեւ գրական-մշակութային եւ պետական-քաղաքական ընտրանիի մը, որ սակայն կը բացակայէր մեծ մասամբ — առանց անտեսելու Սփիւռքի ու Կրթութեան եւ Գիտութեան զոյգ նախարարութիւններու բանբերներու ներկայութեան փաստը…
Եթէ հայրենի գրա-մշակութային համայնքը տակաւին, իր ընդհանրութեան մէջ, լրիւ պատրաստ չ՚երեւիր էական չափանիշներու համակարգի մը այսպիսի ընկալումի. եթէ, մանաւանդ, հասարակական ոլորտը՝ քաղաքական ընտրանի եւ հանրային կարծիք, չի հակիր առնչելու իր ներկան՝ մօտ անցեալի հիմնական արժէքներու, — բայց եւ այնպէս՝ այսօրինակ նախաձեռնութիւններու կրկնումը, պէտք է հաւատալ, ի վերջոյ անպայման պիտի յանգի գիտակցային ընդլայնումի, առիթ տալով Ահարոնեանի տարողութեամբ երեւոյթի մը ամբողջական արժեւորման, ներկան անցեալով լուսաւորելու, իմաստաւորելու մնայուն գործընթացի:
ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻ
… այսօր քննարկման առարկայ Աւետիս Ահարոնեանը (…) ժողովրդականութիւն վայելած գրագէտ եղած ըլլալու կողքին, նաեւ եղած է հասարակական-քաղաքական գործիչ` խորհրդարանի նախագահութեան առընթեր հայութիւնը ներկայացնելով միջազգային քաղաքական բեմերուն վրայ. Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող գրիչը կը պատկանի իրեն: Աւետիս Ահարոնեան առանձին չէր. 1918-ի հանրապետութեան գրեթէ ամբողջ ղեկավարութիւնը կազմուած էր հասարակական ասպարէզ նետուած մտաւորականներէ…
Յանձնառու` ազգային գործիչ մտաւորականը իր կեանքին ընթացքին իբրեւ առաջնորդող միտք անհրաժեշտ է իր հասարակութեան, իսկ իր մահէն ետք` իբրեւ օրինակելի տիպար երիտասարդութեան համար: Նորագոյն անկախութենէն քառորդ դար ետք այս մարզին մէջ թերացած ենք: Ո՞ւր են առաջին հանրապետութեան հերոս մտաւորականները (…) Մեր օրերուն մանաւանդ, երբ աշխարհի եւ, անշուշտ, Հայաստանի վրայ ամպերը կրկին կը կուտակուին, ինչի՞ կը սպասենք այդ լուսաւոր փարոսները իրենց արժանի հրուանդաններու վրայ զետեղելու համար` որպէս նոր սերունդները ոգեշնչող օրինակներու եւ վտանգներէ զերծ պահող ուղեցոյցներու: (…)
Հարց կրնայ տրուիլ անշուշտ, կոպիտ ձեւով ըսուած, թէ ի՞նչ գործ ունին քաղաքական հարցերը գրական-մշակութային գիտաժողովի մը բեմին վրայ: Հապա ո՞ւր պէտք է ըլլայ քաղաքական մտածումի վայրը, անոր սկզբնակէտը գէթ, եթէ ոչ համալսարանը: Ուրկէ՞ պիտի գայ առաջնորդող միտքը, եթէ ոչ մտածողէն` մտաւորականէն: Այդ միտքը պիտի արտայայտէ միայն դրամագլո՞ւխը, միայն գործնապա՞շտը, արդեօք օտա՞րը ընդհանրապէս: Ներկայ ժամանակներուն արդէն համաշխարհային մասշտապով այդպէ՛ս է, իսկ արդիւնքը բոլորիս աչքին առջեւն է. սարսափազդո՛ւ է: Սոկրատեսները իրենց վերապահուած յատուկ կարեւոր տեղը պէտք է ստանձնեն «պոլիս»ը՝ քաղաքը հետաքրքրող գործերուն մէջ:
Մկրտիչ Մկրտիչեանի բացման խօսքէն
(յանուն Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան)
* * *
Գիտաժողովներու կողքին, այդպիսի յոյսի, ակնկալութեան դուռ կը բանայ նաեւ մշակութային ա՛յլ կարեւոր երեւոյթ մը — հրատարակչական ոլորտը:
Արդէն սկիզբը նշուած, եւ հոս՝ վարը ծանօթագրութեամբ մէջբերուած օրինակները բաւականաչափ կ՚ընդգծէին արդէն ընդհանրական այն երեւոյթը՝ որ, մշակութային եւ առհասարակ մտաւորական նոր, անմիջական ոլորտներուն կողքին, կը վերարծարծուին ազգային մնայուն հարցեր, կը վերահաստատուին՝ անցեալ բայց միանգամայն հրատապօրէն այժմէական արժէքներ: Յատկապէս Ա. Ահարոնեանի պարագային, ճիշդ է՝ իր մեծածաւալ վաստակի վերհրատարակութեան երեւոյթը կը մնայ շատ մասնակի. բայց աւելի շօշափելի է իր կեանքին ու գործին անդրադարձող մեկնաբանական-վերլուծական գրականութիւնը:
Երբ աչքէ կ՚անցնենք Ահարոնեանի գործին նուիրուած այս նիւթերու գումարը, անոր մէջ հայրենի ակադեմական ներկայ միջին սերունդի ներկայացուցիչներու շարքէն՝ գրականագէտ-բանասէր Գագիկ Խաչիկեանի անունն է, որ կ՚անջատուի՝ իր արտադրութեան ե՛ւ քանակով, ե՛ւ որակով: Գիւմրեցի, Հայաստանի երկրորդ քաղաքի համալսարանի դասախօս եւ ամբիոնի վարիչ, Գ. Խաչիկեան իր հետազօտական աշխատանքներուն կարգին՝ լայն տեղ տուած է Ահարոնեանին՝ քսանեակ մը աշխատութիւններով, տեղ գտած՝ ակադեմական այլազան հրատարակութիւններու մէջ — գիտաժողովներու կամ գիտական նստաշրջաններու նիւթեր, ակադեմական ժողովածուներ, գրական մամուլ: Ու ասիկա՝ 2000-ականներու սկիզբէն…:
Գ. Խաչիկեանի այս աշխատանքներուն, կամ անոնց մեծ մասի, խտացեալ համադրութիւնը կը կազմէ «Աւետիս Ահարոնեանի գեղարուեստական արձակը» հատորը(5), որ «Ազատութեան ճանապարհին»ի հրաշունչ հեղինակի փաստօրէն ամբողջ վաստակին նուիրուած սպառիչ մենագրութիւն է(6): Բաւական ծաւալուն «Ներածութիւն» մը կը շօշափէ Ահարոնեանի «կեանքը, գրական-տեսական հայեացքները, ստեղծագործական մեթոդը». իսկ հետեւող յաջորդական գլուխները արդէն գաղափար կու տան աշխատութեան լայնօրէն ընդգրկուն բնոյթին մասին: Անոնք կը ներկայացնեն եւ կը վերլուծեն Ահարոնեանի «գեղարուեստական արձակը հայ քննադատական մտքի գնահատութեամբ» (Գլուխ Ա). «Վաղ շրջանի ստեղծագործութիւնները: Ազատագրական պայքարի արձագանքները: Գիւղը Ա. Ահարոնեանի երկերում» (Գլուխ Բ). ապա՝ «Չարը եւ Բարին, տառապանքը եւ ընդվզումը Ա. Ահարոնեանի հումանիզմի տիրոյթում: Կեանքը լռութեան սիւժէներում» (Գլուխ Գ). «Սփիւռքեան շրջանի արձակը» (Գլուխ Դ). եւ վերջապէս՝ «Ուղեգրութիւնները, քաղաքական օրագիրը» (Գլուխ Ե): Հատորը կը փակուի խիտ եզրակացութեամբ մը, ապա՝ «Օգտագործուած գրականութեան ցանկ»ով (նոյնպէս՝ ծաւալուն), եւ վերջապէս «Յաւելուած»ի քանի մը էջերով, ուր տեղ գտած է գործունէութեան քառասնամեայ յոբելեանին՝ Սորպոնի հանդիսասրահին մէջ Ահարոնեանի արտասանած պատմական ճաոի ամբողջական բնագիրը:
Հոս խուսափելով Գ. Խաչիկեանի այս տիրական աշխատութեան ըստ էութեան ներկայացման եւ արժեւորման ամեն փորձէ (որ ներկայ սիւնակներուն ու ծաւալին մէջ պիտի ըլլար անտեղի), կրնամ բաւարարուիլ մէջբերելով հատորի խմբագիր վաստակաւոր ակադեմիկոս Սերգէյ Սարինեանի բնորոշումը, ըստ որուն՝ Խաչիկեանի գործը, «լուրջ ներդրում՝ ահարոնեանագիտութեան ասպարէզում», կը ցուցաբերէ «հետեւողական ձգտում (…) վերագնահատելու Ահարոնեանի ստեղծագործութեան գրական-պատմական արժէքը, ազատելու այն՝ անստոյգ վերագրումներից եւ հիմնաւորելու նրա տեղը հայ դաական գրականութեան մէջ»:
«ՄԵՐ ՄԵԾԵՐԸ. ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ» փաստագրական տեսանիւթէն (հոկտ. 2016)
(Պատրաստութիւն՝ Սփիւռքի Նախարարութիւն – Համազգային)«Մենք պարտական ենք Աւետիս Ահարոնեանին (…), ազգովին պարտական ենք: Մենք հիմա պիտի ամեն ինչ անենք, որպէսզի նա նորից մերը դառնայ. նա դեռ մերը չէ. ժողովուրդը նրանն է, բայց նա դեռ ժողովրդինը չէ…»
Ալեքսանդր Թոփչեան«Կարծում եմ ՝ այսօր Աւետիս Ահարոնեանի ժամանակներն են… Վերադարձել են այդ ժամանակները: Այսօր մենք պարտք ենք Աւետիս Ահարոնեանին, եւ Ահարոնեանի երկերի ակադեմական հրատարակութիւնը, այսօր, պահի հրամայականն է: Մենք պարտաւոր ենք մեր բացը լրացնել մեր զաւակների մէջ, որովհետեւ միայն այդպէս կարելի է պահել հայրենիքը, նրա օրինակով եւ նրա գրականութեան օրինակով…:»
Սերժ Սրապիոնեան
* * *
Սփիւռքի համար — խօսելով յատկապէս՝ երէկի «աւանդական», հայախօս գօտիներու Սփիւռքին մասին —, Աւետիս Ահարոնեան երգիչն էր, միանգամայն եւ խորհրդանիշը ողջ հայութեան, անոր տառապանքին եւ ըմբոստութեան: Թէեւ ընտելացած Թումանեանի, Րաֆֆիի, նոյնիսկ աւելի նորերու, լաւապէս ընտելացած՝ անոնց արեւելահայերէնին, Սփիւռքը սակայն տարբեր կ՚ընկալէր Ահարոնեանը — աւելի սերտօրէն՝ քան ոեւէ ուրիշ շատ սիրուած գրագէտ — իբրեւ բո՛ւն իսկ իր «ամենայն հայոց»ը: Այդ Սփիւռքն էր, Ահարոնեանը գրկող, հայրագրող Սփիւռքը, որ կը սպասէր՝ անոր հայրենիք Դարձը տեսնելու օրը, զայն հայրենիքին վերադարձնելու օրը:
Ու թերեւս աւելի՝ քան անցեալի ուրիշ, կէս-վերադարձած, կէս-ընդունուած մշակութային թէ քաղաքական գործիչներու, Ահարոնեանի՛ պարագային է որ կը սպասուէր, կը սպասուի՛ այդ օրը. Ահարոնեանի՝ որ, ամբողջ կեանք մը ստեղծագործութենէ ու պայքարէ ետք, օտար հորիզոններ ինկած, հաւատաց «հայ ժողովուրդի Դարձին». րոպէ մը իսկ առանց դադրելու հաւատալէ, որ «հայրենիքը … ակնդէտ ու խռովայոյզ՝ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին…»:
Աթենք
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1) Ընտրանի՝ հայրենի համարժէք եզրոյթ՝ արեւմտահայերէն հատընտիրի, հատընտիր ժողովածուի:
2) Լ. Շանթի ութհատորեայ շարքը՝ Ակադեմիայի հրատարակութիւն է, կատարուած լծակցաբար՝ «Համազգային»ի հետ: Աղբալեանի «Ընտրանի»ն խմբագրուած է Գառնիկ Անանեանէ (ԵՊՀ հրատ., 2005): Ա. Ահարոնեանի «Շւէյցարական գիւղը» նորագոյն նախաձեռնութիւն է («Լուսաբաց» հրատ.): Բացի ասոնցմէ, հաւանօրէն կան ինծի անծանօթ, կամ այս պահուս յիշողութենէ խուսափող դեռ ուրիշ գրական երկեր: Ն. Աղբալեանի գրական-հրապարակախօսական վաստակին նուիրուած՝ ունինք նաեւ նոյն Գ. Անանեանի «Ն. Աղբալեան, կեանքը և գրական-հրապարակախօսական գործունէութիւնը» (հրատ. ԵՊՀ, 2002), եւ Ա. Ահարոնեանի նուիրուած՝ Ստ. Թոփչեանի «Կեանք դարերի համար» («Լուսաբաց» հրատ., 2003) մենագրութիւնները: Հոս՝ նիւթի ընդգրկումէն դուրս կը մնան «տուն դարձող» պատմագիր-պատմաբան հեղինակներ — Ս. Վրացեան, Ռ. Տէր-Մինասեան, Ալ. Խատիսեան, Կ. Սասունի…: Ասոնց շարքին կը դասուի նաեւ նոյնինքն Ա. Ահարոնեանի «Սարտարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լօզան» քաղաքական յուշագրութիւնը (ԵՊՀ հրատ., 2001): Զանց կ՚ընեմ նաեւ յիշատակումը տեսագրական նիւթերու, շարքեր՝ մեծ մասամբ պատրաստուած 2000ական տարիներէն անմիջապէս առաջ, նաեւ աւելի ետք՝ հեռատեսիլի յայտագրերու ծիրին մէջ — ինչպէս «Մեր Մեծերը», «Առաջին Այրեր», եւայլն, — որոնք երբեմն կը դառնան ազգային մշակոյթի ժողովրդականացման շատ որակաւոր գործիքներ (տե՛ս կից մէջբերումներ՝ Ալ. Թոփչեանէ եւ Ս. Սրապիոնեանէ):
3) «Խաւարի մէջ» պատմուածքներու ժողովածու, խմբագր. Ստ. Թոփչեան, Խ. Սամուէլեան, («Լոյս» հրատ., 1991):
4) Դեկտ. 15, 2016ին, կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի ու Երեւանի պետ. համալսարանի, մասնակցութեամբ նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան:
5) Գիւմրի, 2013, «Դպիր» հրատարակչութիւն:
6) Իբր Ա. Ահարոնեանի գործին նուիրուած մենագրութիւններ՝ Գ. Խաչիկեանի հատորի կողքին, բացի Ստ. Թոփչեանի արդէն նշուած գործէն, Երեւանի գրախանութները կը տրամադրեն նորագոյն աշխատասիրութիւն մը, դարձեալ համադրական, բանասէր Վարդան Գրիգորեանէ՝ «Ա. Ահարոնեան. հայոց ազատասիրութեան եւ տառապանքին տարեգիրը» խորագրեալ («Տիր» հրատարակչութիւն, 2014): Հիները չանտեսելու փոյթով, եւ փակելու համար ահարոնեանական մենագրութիւններու շարքը, յիշատակեմ նաեւ Մկրտիչ Պարսամեանի «Աւետիս Ահարոնեան. կեանքը եւ գրականութիւնը», հրատ. Փարիզ, 1930: