ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ի՞նչ կրնայ նշանակել «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը արեւմտահայ սփիւռքահայուն համար։ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ «Լիբանանահայ գիրքը 2012-2016» խորագրեալ ձեռնարկը այդ դրսեւորեց Լիբանանի մէջ սոյն տարիներուն հրատարակուած հայալեզու գիրքերու ճամբով։ Արդարեւ, համալսարանի «Տէրեան» գրադարանին կազմակերպած այս ձեռնարկը իր լուսարձակը ամբողջութեամբ ուղղեց հայերէն գիրքերու հրատարակութեան եւ ընթերցման նիւթին։ Ձեռնարկը արծարծեց արհեստագիտութեան ազդեցութեամբ յառաջընթացող 21-րդ դարուն ներգործումը գիրքի օգտագործման եւ սպառման մէջ, գիրքը նկատեց սփիւռքահայուն գոյատեւման պարարտ հող, ինչպէս նաեւ գնահատեց հեղինակները եւ «Տէրեան» գրադարանին գիրքի նուիրատուները։
Այս առիթով ձեռնարկի բանախօսը՝ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յատկանշական ընդգծումներով եւ միտքը գրգռող գաղափարներով հանդէս եկաւ։ Ան տպագրութիւնը նկատեց ժողովուրդի մը զարգացման լաւագոյն արժէչափը, եւ հետեւաբար հակիրճ բաղդատութիւն մը ըրաւ Լիբանանահայ գաղութին պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին լոյս տեսած հրատարակութիւններուն թիւին մասին։ Աւագեան իր տուեալներէն ետք յայտարարեց, թէ Պէյրութ կը շարունակէ մնալ հայ գիրքի երկրորդ մեծագոյն կեդրոնը։ Անշուշտ անկարելի է անդրադարձ չկատարել հայոց պատմութեան սփիւռքեան իրականութեան եւ հայ գիրքի դերակատարութեան մասին. այս իմաստով Աւագեան նշեց, թէ հայ գիրքը խթան հանդիսացած է հայ ինքնութեան պահպանման, որուն ընդմէջէն մտահոգութիւն յայտնեց ներկայ իրավիճակին մասին, ուր հետզհետէ կը պակսի գրասիրութիւնը, անկախ ատկէ, որ դարը թուայնացուցած է գիրքը եւ անկախ ատկէ, որ տնտեսութիւնը կը դժուարացնէ գիրքի սպառումը։
Վիգէն Աւագեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ։
Սակայն նախքան անցնիլը անոր, կ՚արժէ անգամ մը եւս հարց տալ մենք մեզի թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ը արեւմտահայ սփիւռքահայուն համար։
Արեւմտահայ սփիւռք եզրը կը շեշտեմ, պարզապէս առանձնացնելու համար անհող արեւմտահայերէն լեզուն պետականացած արեւելահայերէն լեզուէն։ Արեւմտահայերէնի ուսերուն բարդուած է հայկական ինքնութեան եւ սփիւռքի գոյատեւման ծանր հրամայականը։ Չունենալով պետութիւն, արեւմտահայերէնի ճակատագիրը յանձնուած է լեզուագէտներու տեսութիւններուն, վիճաբանութիւններուն, ինչպէս նաեւ զանազան գաղութներուն տարբեր մշակոյթներուն։ Բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութ երբ օգտագործէ արեւմտահայերէնը, անոր մէջ կը ներմուծէ իր տեղանքին մշակոյթը, հետեւաբար փոփոխութեան մատնելով արեւմտահայերէն լեզուին գործածութիւնը։ Հոս կարգ մը լեզուագէտներու տեսութիւններով կը ստեղծուին ճիշդի եւ սխալի հարցեր, իսկ կարգ մը ընկերային լեզուագէտներու տեսութիւններով կը ծնին լեզուին շարժաբանութիւնը բացատրող երեւոյթներ։ Յամենայնդէպս, «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»ուան զուգահեռ կ՚արժէ մտածել արեւմտահայերէնի խօսակցական լեզուին՝ գրական արեւմտահայերէնի եւ հետեւաբար տպագիր գիրքի ներազդեցութեան մասին։ԱՐԱԶ Գ.
«Հայ գիրքի տպագրութեան անցեալն ու ներկան ուսանելի պատմութիւն մըն է, ուր միահիւսուած է նուիրումը մայրենիին հանդէպ, սէրը դէպի հայրենիքը եւ հաւատքը, ձգտումը դէպի լուսաւորութիւն եւ համամարդկային արժէքներու տարածում, յարգանքը կրթութեան եւ այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ», կը հաստատէր Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012 հատորին լոյս ընծայման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի այս յարկին տակ։
Ուսանելի այդ պատմութեան նորագոյն էջերուն ծանօթանալու հանդիպում մըն է այսօր, որ կազմակերպուած է Համալսարանին «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին կողմէ եւ նուիրուած է 2012-2016 տարիներու լիբանանահայ հրատարակչական բերքին։
Ողջունելի նախաձեռնութիւն մը, որովհետեւ հայ տպագրութիւնը հայ մշակոյթի կարեւորագոյն արտայայտութիւններէն մէկն է եւ քանի մը տարին անգամ մը նման հանդիպումներու կազմակերպումը, անկասկած, կը նպատակադրէ արժեւորել անցնող շրջանին լիբանանահայութեան արձանագրած յառաջդիմութիւնը գիրի եւ գրականութեան մարզին մէջ։ Տպագրութիւնը լաւագոյն արժեչափն է այս իմաստով՝ ծանօթանալու գաղութին հոգեմտաւոր զարգացման աստիճանին եւ գիտնալու, թէ ի՞նչ բնոյթի, որքա՞ն գիրք հրատարակուած է տուեալ ժամանակին, ու նաեւ՝ տարածման եւ ընդունելութեան ի՞նչ համեմատութիւն ունեցած է ան։
Դժբախտաբար, վերոյիշեալ բոլոր հարցումներուն ամբողջական պատասխանները չունինք, որովհետեւ ինչպէս քիչ մը ամեն մարզի մէջ, հոս եւս վիճակագրական թիւերն ու տուեալները կը պակսին մեզի։ Գիտենք, որ 2012-2016 հնգամեակին, Լիբանանի մէջ 70 հեղինակէ հրատարակուած է շուրջ 200 գիրք (Այս թիւը կը մօտենայ 1975-1979 հնգամեակին Լիբանան հրատարակուած 283 գիրքերու թիւին, սակայն բաւական հեռու կը թուի ըլլալ 1980-1984 հնգամեակին լոյս տեսած 397 գիրքերու թիւէն։ Զոյգ թիւերը քաղուած են բանասէր, գրականագէտ Ժիրայր Դանիէլեանի «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն» գիրքէն, լոյս տեսած Պէյրութ, 1986)։
Թուաբանական պարզ հաշիւով մը, եթէ 200 գիրքերէն նուազագոյնը 100 օրինակ շրջանառութեան մէջ դրուած է (դիտմամբ ծախուած է չենք ըսեր, որովհետեւ մեր օրերուն մարդիկ աւելի շատ գիրք կը նուիրեն ու կը բաժնեն՝ քան կը ծախեն), այս կը նշանակէ թէ հինգ տարուան ընթացքին 20 հազար նոր գիրք լիբանանահայ երդիքներէն ներս մուտք գործած է։
Այս թիւին վրայ եթէ աւելցնենք 2012-էն առաջ տպուած գիրքերու, դասագիրքերու, նաեւ լիբանանահայ հեղինակներու կողմէ գրուած, խմբագրուած, սակայն Հայաստան կամ արտասահման տպուած գիրքերու ընդհանուր գումարը, առաւել նոյն հնգամեակին հայ գիրքի Անթիլիասի տարեկան ցուցահանդէսներուն վաճառուած 52.500 գիրքերու եւ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Հրատարակչատան գրատարածին կողմէ ծրարներով բաժնուած եւ դպրոցներու մէջ վաճառուած շուրջ 17.500 գիրքերը, ապա կը կարծենք որ 2012-2016 լիբանանահայութեան սպառած գիրքերուն թիւը կ՚անցնի 90 հազարի սահմանները։
(Թիւերու լեզուով խօսելով, Անթիլիասի հայ գիրքի ցուցահանդէսներուն 2012-ին ծախուած է 12.500 գիրք, 2013-ին՝ 11.500 գիրք, 2014-ին՝ 11.000 գիրք, 2015-ին՝ 9000 գիրք, իսկ 2016-ին՝ 8500 գիրք։ Համազգայինի հրատարակչատունը մամուլով պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, թէ տարեկան շուրջ 2000 գիրք կը ցրուէ ծրարներու վաճառքով, իսկ 1500 գիրք ալ կը ծախէ դպրոցական շրջուն ցուցահանդէսներու ընթացքին։
Տակաւին, 90 հազարի թիւը չի ներառներ «ԳՈՀԱՐ» համոյթի 2015-ին հրատարակած եւ Պէյրութի ելոյթներուն բաժնած երգարանները, որոնց թիւն ալ նկատի ունենալու պարագային՝ 2012-2016 հնգամեակին լիբանանահայութեան սպառած գիրքերուն քանակը դիւրութեամբ կը հասնի 100 հազարի պատկառելի թիւին)։
Այս թիւերը բաւարար հիմքեր կու տան մեզի հաստատելու, որ հակառակ հայ գիրքի ապրած համազգային տագնապին, Պէյրութը է՛ ու կը մնայ Երեւանէն ետք հայ գիրքի երկրորդ մեծագոյն կեդրոնը, իր պատմական հրատարակչատուներով, տպարաններով, գրադարաններով եւ ընթերցող զանգուածով։
Հայ գիրքի մայրաքաղաքէն դուրս դժուար թէ գտնուի տեղ մը, ուր այնքան շատ հայերէն գիրք տպուի եւ սպառի՝ որքան Լիբանանի մէջ։
Հո՛ս է, որ կը գործեն հայ գիրքը ապրեցնող հրատարակչական բազմաթիւ հիմնադրամներ։
Հո՛ս է, որ տեղի կ՚ունենան հայ գիրքի համահայկական տարեկան ցուցահանդէսներ, ու նաեւ՝ մանկապատանեկան գիրքերու շրջուն ցուցահանդէս-վաճառքներ։
Հո՛ս է, որ ամենէն աւելի գործակցութիւն կը մշակուի հայրենի հեղինակներու եւ հրատարակչատուներու հետ՝ միացեալ հրատարակութիւններ իրականացնելու համար։
Հո՛ս է, որ հայկական հրատարակչատուներու բերքահաւաքին գնահատումը կը կատարուի ըստ արժանւոյն։
Նաեւ հո՛ս է, հայախօս այս միջավայրին մէջն է, որ հայ գիրքի եւ գրականութեան մեծաթիւ մրցանքներ կը կազմակերպուին կրթական, մշակութային եւ միութենական զանազան մարմիններու կողմէ։
Այսքան հոգածութիւն եւ գուրգուրանք կրնայ քիչ մը զարմանալի թուիլ։
Այո՛, զարմանալի ժողովուրդ ենք։ Զարմանալի եղած ենք։ Եւ չենք կրնար չըլլալ՝ եթէ հայ ենք։ Ինքնին առեղծուած մըն է մեր հայկական ինքնութեան պահպանումը Սփիւռքեան կլանիչ պայմաններուն մէջ։ Առեղծուած մը, որ հաւանաբար կը կարօտի պատմաբաններու եւ ընկերաբաններու խոր ուսումնասիրութեան։
Առեղծուածին մէկ մասն ալ մեր հայկական էութեան միախառնումն է հայ գիրին հետ, հայ մարդուն սերտ բարեկամութիւնը, աւելի ճիշդ՝ ընկերութիւնը հայ գիրքին հետ, ձեռագիր, տպագիր թէ ելեկտրոնային տարբերակներով։
Հայ գիրքը հայ մարդուն ընկերն է ամեն տեղ եւ ամեն ժամանակ։ Հոն ուր հայութիւնը օտարացման եւ ձուլման վտանգ կը դիմագրաւէ հայ գիրքը կը դառնայ ինքնապաշտպանութեան զրահ։ Հոն ուր հայութիւնը ընկրկումի եւ տկարացումի նշաններ ցոյց կու տայ հայ գիրքը կը հանդիսանայ ազգային գոյատեւման կարեւոր երաշխիք։ Եթէ հանենք հայ գիրքը հայութեան կեանքէն, սպանած կ՚ըլլանք ազգային մեր կենսագրութիւնը։
Կարելի՞ է երեւակայել հայութիւնը առանց գիրքի։ Կամ մտածել՝ ծովուն մասին առանց ջուրի, ցերեկին մասին՝ առանց լոյսի։
Գիրքը պիտի չըլլար առանց մարդու, ըսուած է իրաւամբ։
Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլար մա՛րդը առանց գիրքի։
Ինչպէ՞ս արդեօք պիտի ծանօթանար ան մարդկութեան դարաւոր իմաստութիւնը ներկայացնող Համուրապիներուն, Հոմերոսներուն, Սոկրատներուն, Աստուածաշունչի հոգեշունչ տեսանողներուն, Նարեկացիներուն, Շէյքսփիրներուն, Վիքթոր Հիւկոներուն, Պարոյր Սեւակներուն եւ անոնց գրչակից բիւր-բիւրաւորներուն։
Ի վերջոյ, գիրքը տպուած թուղթերու տրցակ մը չէ։ Ո՛չ ալ անկենդան գոյութիւն մըն է։ Գիրքին մէջէն անձեր, հաւաքականութիւններ, ապրումներ եւ գաղափարներ, մէկ խօսքով կեանք ու բովանդակութիւն ունեցող տրամադրութիւններ կը շարժին ու մարդս կը շարժեն։
Ուշագրաւ է գրագէտ Հելէն Քէլըրի վկայութիւնը։ 1880-ին ծնած եւ 1968-ին մահացած Քէլըր կոյր էր, խուլ եւ համր։ Ամերիկացի այս կինը չէր կրնար գիր տեսնել, ձայն լսել կամ արձակել, բայց եւ այնպէս ան հեղինակած է 12 հատոր գիրք եւ կարդացած է բազմատասնեակ ուրիշներ՝ բարեկամուհիի մը կողմէ իր ձեռքին տրուած հարուածներու յատուկ կշռոյթով։ Քէլըր գիրքի արժէքին եւ դերին մասին խօսելով կ՚ըսէ. «Ճշմարտապէս ամեն մէկ գիրք կը նմանի նաւու մը, որ մեզ կը հեռացնէ եւ կ՚ազատագրէ մեր սահմանաւորումներու քարացեալ վիճակէն եւ կը շարժէ ու կը տանի դէպի շքեղութիւնը կեանքի անհուն ովկիանոսին»։
Փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեր աչքերը բաց են։ Բայց խոստովանինք, որ շատ-շատերու աչքերը փակ կը մնան գիրքին դիմաց։ Սպառումի թիւերը թող չշլացնեն մեզ։ Շատեր կը մերժեն հայերէն գիրք կարդալ, նոյնիսկ երբ հայերէն գիտեն։ Ուրիշներ կը մերժեն հայերէն գիրք գնել, բայց իրենց քսակը լայն կը բանան անձնական ամեն տեսակի հետաքրքրութիւններու դիմաց։
Գրասիրութեան, գիրքի եւ ընթերցանութեան հրաւէրը բաց է բոլորին։ Ան չի ճանչնար դաւանանք, կուսակցութիւն, դասակարգ, մտաւորական կամ վաճառական, գործատէր կամ գործաւոր։ Մարդոց գլխարկները կրնան տարբեր ըլլալ, բայց գլուխը՝ մէկ, գրպանները կրնան իրենց ծանրութեամբ անհաւասար ըլլալ, բայց սիրտը՝ մէկ, հետաքրքրութիւնները կրնան այլազան ըլլալ, բայց կամքը՝ մէկ։ Հայ գիրքը բոլորինն է՝ մեծին թէ փոքրին, հարուստին թէ աղքատին։ Գրադարաններու եւ պահեստանոցներու համար ստեղծուած չէ ան։ Չի բաւեր գիրք գրել եւ հրատարակել։ Գիրքը պէտք է տուն փոխադրել, կարդալ եւ կենդանի հաղորդութեան մէջ մտնել անոր հետ։
Գիրքը լոյս է, մարդիկ պէտք է աչք ըլլան առնելու համար այդ լոյսը եւ իրենց տուներուն մէջ զայն վերածեն ընտանեկան ճրագի։
Թերեւս ներկաներուն համար նորութիւն չեն ըսուածները։ Ներկաները ծանօթ են հայ գիրքի արժէքին ու կարեւորութեան։ Հարցը այս եւ նմանօրինակ հանդիպումներէ բացակայողներն են, հայ գիրքի հանդէպ անտարբերները, որոնք լուրջ տագնապի մը ազդանշանը կու տան։
Տագնապ մը, որ խորքին մէջ մեր կարծածէն շատ աւելի մեծ է, որովհետեւ ունի միջազգային բնոյթ եւ քանի մը երես. տպագիր հրատարակութիւններու տագնապ (գիրք թէ թերթ), ստեղծագործութեան տագնապ, ընթերցանութեան տագնապ, գրատարածման տագնապ ու, վերջապէս, արժէքներու պահպանման տագնապ։ Այս բոլորը բարձրաձայն խօսուելիք եւ քննարկուելիք հարցեր են, որոնք հրաշք լուծումներ չունին անպայման, բայց ուշ կամ կանուխ տրամաբանական ու գործնական լուծումներ կրնան ունենալ, պէ՛տք է ունենան։
Մեր օրերուն շատ կը խօսուի կենսոլոտային ապականումի մասին, մարդիկ ամենուրեք ահազանգ կը հնչեցնեն ֆիզիքական մեր գոյութեան անոր ունեցած վտանգներուն մասին, սակայն ի՜նչ ըսել հոգեկան, բարոյական եւ մտաւորական այն այլասերումներուն մասին, որոնք շատ աւելի մտահոգիչ կերպով կը խաթարեն մեր նկարագիրը, ինքնութիւնն ու դիմագիծը։ Դարմանը մեր կարծիքով գիրքն է, մեր մարդկային, իմացական, հոգեկան եւ բարոյական արժէքները ամրապնդող հրատարակութիւններն են, որոնք եթէ արտաքին վտանգներուն ամբողջովին դէմ չդնեն՝ գէթ մեր ներքին կամքն ու դիմադրականութիւնը կ՚աւելցնեն։
* * *
Գիրքի, ընթերցանութեան եւ գրատարածման կնճիռը բաւական բարդ է։
Ժամանակին քիչերը կը գրէին, շատերը կը կարդային։ Այսօր համեմատութիւնը շրջուած է. շատերը կը գրեն, իսկ քիչերն են որ կը կարդան։ Մարդիկ աւելի շատ կը դիտեն։
Իսկ ի՞նչ է արդեօք շատերու կողմէ գրուածը։ Քանի մը տողնոց գրառումներ ընկերային ցանցերու մէջ, կամ՝ հաճելի ժամանցի եւ զբօսի նիւթեր, որոնք գրուած են շահադիտական մօտեցումներով եւ շուկայական նպատակներով։ Ակներեւ է ստեղծագործական աշխատանքի լուրջ բացակայութիւնը։ Խնդրոյ առարկայ է որակի հարցը, որովհետեւ ամեն տպուած գիրք՝ գիրք չէ, մանաւանդ երբ ան կը ծառայէ միայն անմիջական նպատակներու, անդրադառնալով կեանքի մակերեսային երեւոյթներուն։ Գիրքի հարազատ կոչումին արժանի է այն հատորը, որուն մէջ մարդ ինքզինք գտնելու ճանապարհներ կը փնտռէ, ներքին ճանաչումի, բիւրեղացումի եւ կատարելագործումի կը ձգտի։
Ընթերցանութիւնը օրէ օր կը նահանջէ։ Ընթերցող, ու մանաւանդ մտածո՛ղ մարդու պակասը հետզհետէ ինքզինք աւելի զգալի կը դարձնէ, ինչ որ ցուցանիշ է ընդհանրապէս մշակոյթի, գիրի, գրականութեան, դպրոցի եւ ուսման հանդէպ մարդոց հետաքրքրութեան նահանջին՝ ի դիմաց թեթեւ ժամանցի եւ ճաշկերոյթ-պարահանդէսներու մշակոյթին, որ օրէ օր ծաղկում կ՚ապրի։
Կայ նաեւ ելեկտրոնային գիրքերու եւ համացանցի մրցակցութիւնը գիրքին հետ։ Բայց այս երկուքը չեն կրնար փոխարինել գրաւոր գիրքը, որքան ալ գրաւիչ ու արդիական ըլլան անոնք։
Համացանցի աշխարհը իւրայատուկ է, որովհետեւ մարդ հոն ազատ-համարձակ կը լողայ տեղեկատուութեան ովկիանոսի մէջ՝ անսահման գիտելիքներու արագօրէն ծանօթանալու համար, սակայն համացանցին բաղդատած՝ անհամեմատելի է այն հաճոյքը, զոր մարդ կրնայ ստանալ իր համեստ ու լուռ ընկերներէն՝ գիրքերէն։
Տեղեկատուական միջոցներ, ընկերային ցանցեր եւ համակարգչային արդի ծրագիրներ ճաշակ կու տան, յաճախ ախորժակ կը սրեն, բայց բուն ճաշը կը մնայ գիրքը, ընթերցումը, որուն վայելքը տարբեր համ ու հոտ ունի գէթ քանի մը սերունդի համար, որոնք հոգիի ու մտքի իրենց սնունդը ստացած են անկէ։
Այս բոլորին կողքին տակաւին կը յամենայ հայ գիրքի տարածման հանապազօրեայ մտահոգութիւնը։ Մէկ կողմէ այս աշխատանքով զբաղող հայկական ընկերութիւններու բացակայութիւնը, իսկ միւս կողմէ թղթատարական առաքումներու սակերուն անհամեմատ սղութիւնը ստեղծած են դժուար կացութիւն։ Անհրաժեշտ են արդի մօտեցումներ՝ այս հարցին լուծման համար։
Հայաստանի մէջ մասնակի լուծում մը գտնուած է այս հարցին, գիրք նուիրելու մշակոյթի մը ստեղծումով։ Փետրուար 19-ը՝ անմահանուն Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, հռչակուած է «Գիրք նուիրելու օր» եւ այդ առթիւ մարդիկ գիրք կը նուիրեն իրարու։ Եթէ Հայաստանի բնակչութեան հինգ տոկոսը այս մշակոյթին մասնակից դառնայ արդէն դրական կարեւոր քայլ մը առնուած կ՚ըլլայ այս ուղղութեամբ։ Իսկ ինչո՞ւ այս մշակոյթը չներածել Սփիւռք եւ տարին անգամ մը գիրք չնուիրել երկու-երեք ծանօթի կամ բարեկամի (Հայաստանի մէջ տարածուած է նաեւ դպրոցական-թաղային գրադարաններու գիրք նուիրելու երեւոյթը)։ Ամէն ինչ կը սկսի նորոյթով։ Ինչո՞ւ այս նորոյթն ալ մենք չտարածե՛նք եւ զիրար չվարակենք։
Երբ ընթերցողը գիրքին չ՚երթար, ինչո՞ւ չմտածենք գիրքը ընթերցողին տանելու նորարար ձեւերու մասին։
Հայ գիրքի բարեկամներ,
Հայ գիրքի նկատմամբ բարի կամք ունեցողներ,
Այս բոլոր խորհրդածութիւնները կը կատարենք լիբանանահայ գիրքի բերքահաւաքին նուիրուած այսօրուան հանդիպումին առիթով։ Ուրախ եւ հպարտ ենք հինգ տարուան ընթացքին 200 գիրքի, այլ խօսքով՝ տարեկան 40 գիրքի նկատառելի բերքին համար։ Թիւը, անցեալին բաղդատած, կրնայ անբաւարար թուիլ շատերու, բայց եւ այնպէս, 200 գիրքն իսկ պատիւ կը բերէ լիբանանահայ տպարաններուն, հրատարակիչներուն, անհատ հեղինակներուն եւ առաջին հերթին՝ լիբանանահայութեան, փաստը տալով անոր գոյատեւելու կամքին եւ մշակութային կենսունակ կեանքին։
Ի տես կատարուած գնահատելի աշխատանքին, հայ գիրքի սպասաւորները մեզի կը ներկայանան իբրեւ հերոսական ոգիի տէր մարդիկ։ Տարբեր բնորոշում կարելի չէ տալ մարդոց, որոնք այսքան դժուարութիւններու դէմ յանդիման՝ տակաւին գիրք կը գրեն, գիրք կը տպեն, գիրքի մեկենաս կ՚ըլլան, գիրք կը տարածեն, հրատարակչատուն եւ գրադարան կը պահեն։
Յարգա՜նք իրենց հաւատքին ու գործին։
Աստուած երկար եւ ստեղծագործ կեանք շնորհէ բոլորին, որպէսզի անոնք կարենան լիբանանահայ գիրքի հարստացման ճամբով լիբանանահայ մտքի զարգացման նպաստել։
Վարձքը կատար հայ գիրքը լոյս աշխարհ բերող հայ մշակոյթի «անծանօթ զինուոր»ներուն՝ գրաշարներուն, սրբագրիչներուն, էջադրողներուն, տպագրիչներուն, կազմարարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը մնան հայ տիպ ու տառին անխոնջ նուիրեալները։
Յատուկ շնորհակալութիւն Հայկազեան Համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին, որ ահա երրորդ անգամն է, որ մեզ բոլորս կը հրաւիրէ լիբանանահայ գիրքի անմիջական անցեալն ու ներկան լուսարձակի տակ առնելու։ Նման հանդիպումները արդէն գեղեցիկ աւանդութեան մը վերածուած են։ Եւ ճիշդ այդ աւանդութեան, շարունակականութեան մէջ նաեւ մենք կը տեսնենք անոր կարեւոր արժանիքներէն մէկը։
Մաղթենք, որ այս հանդիպումը առիթ մը ըլլայ ձեռնարկելու հրատարակութեանը «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012» հատորին առաջին յաւելուածին, որ պիտի ընդգրկէ հատորին լոյս ընծայումէն մինչեւ օրս լոյս տեսած լիբանանահայ 200 գիրքերուն մատենագիտական ցանկը, իբրեւ յաւելեալ արժէք՝ կատարուած կոթողային գործին։
Մաղթենք, որ նոյն ջանքով ու խանդավառութեամբ, Հայկազեան Համալսարանը իր կորովի անձնակազմով այս աշխատանքը կը շարունակէ նաեւ այսուհետեւ, եւ լիբանանահայ գիրքին մեծարժէք պատմութիւնը կը գրէ սերունդ առ սերունդ, էջ առ էջ, հում նիւթի առատ բերք ընծայելով վաղուան բանասէրներուն եւ պատմաբաններուն։
Վերջապէս մաղթենք նաեւ, որ հոգեշահ այս հանդիպումը առիթ մը կ՚ըլլայ բոլորիս լիբանանահայ գիրքին հետ ջերմօրէն հաղորդուելու, հայ գիրքին մօտենալու հայո՛ւ պէս եւ զայն առնչելու, միաձուլելու մեր կեանքին, որպէսզի այդ կեանքը մեզի պարգեւէ անձնական յաջողութիւն եւ հաւաքական յաղթանա՛կ։
Պէյրութ