ՓՕԼ ԹԻԼԼԻԽ
Թարգմ. Սահակունի
Նոր տարուան յաջորդ օրն էր: Վրէժ-Արմէն գրասենեակս այցելած էր եւ հետաքրքրուած, թէ ի՞նչ գործի վրայ էի: Աւարտած էի թարգմանութիւնը 20-րդ դարու հռչականուն աստուածաբաններէն Փօլ Թիլլիխի «Նոր Արարածը» ճառին, եւ ստուգելու վրայ էի կատարածս: Ու զարգացաւ խօսակցութիւնը: Արդարեւ, հայ մտքի ընդհանրացեալ ճահիճին մէջ, նման մտածողներու ժամանումը նորոգող զօրութիւն մը ունի: Նաեւ նորոգող՝ լեզուականօրէն: Եւ հրապարակագիրը մտքի ախորժաբեր սնունդէն զատ՝ մանաւանդ շահագրգռուած էր մեր լեզուին շարժով: Կը յայտնուէր փափաքը՝ «Հորիզոն Գրական»-ին յանձնելու ճառը: Արդ, ահաւասիկ:
Թարգմանիչ
«Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ,
այլ նոր արարած ըլլալը»,
Գղ 6.15։
Եթէ մեր ներկայ ժամանակին համար ինձմէ խնդրուէր քրիստոնէական պատգամը երկու բառով ամփոփել, Պօղոս առաքեալի հետ պիտի ըսէի, թէ անիկա Նոր Ստեղծագործութեան պատգամն է։Նոր Ստեղծագործութեան մասին կարդացած ենք Պօղոս առաքեալի Բ. Կորնթացիներու նամակին մէջ։ Անոր նախադասութիւններէն մէկը՝ ճշգրիտ թարգմանութեամբ կրկնեմ. «Եթէ ոեւէ մէկը Քրիստոսի հետ միութեան մէջ է՝ նոր արարած է. իրերու հին վիճակը անցած հեռացած է. իրերու նոր վիճակ մըն է [այժմ]» Բ. Կր 5.17(1):
Քրիստոնէութիւնը պատգամն է Նոր Ստեղծագործութեան, Նոր Արարածին, Նոր Իրականութեան, որ երեւցած է Յիսուսի յայտնութեամբ, եւ որ այս պատճառով, ու միայն այս պատճառով՝ կոչուած է Քրիստոս։ Քանզի ան է Քրիստոսը, Մեսիան, ընտրեալն ու օծեալը, որ կը բերէ իրերու նոր վիճակը։ Մենք ամենքս կ՚ապրինք իրերու հին վիճակին մէջ, եւ մեր քաղածէն մեզի ուղղուած հարցումը սա է, թէ մենք եւս մասնակի՞ց ենք իրերու նոր վիճակին։ Մենք Հին Ստեղծագործութեան կը պատկանինք, եւ քրիստոնէութեան մեզի ուղղած կոչը այն է, որ մե՛նք ալ մասնակցինք Նոր Ստեղծագործութեան։ Մենք մեզ ճանչցած ենք մեր հին լինելութեամբ, եւ այժմ մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ մենք ալ Նոր Արարածի փորձառութիւն ունեցա՞ծ ենք մեր մէջ։
Ի՞նչ է այս Նոր Արարածը։
Պօղոս առաքեալ այս հարցումին նախ կը պատասխանէ ըսելով՝ թէ ինչ չէ։ Անիկա ոչ թլփատութիւն է, ոչ անթլփատութիւն է, կ՚ըսէ ան։ Պօղոս առաքեալի եւ իր նամակը կարդացողներուն համար, ասիկա շատ յստակ միտք մը կ՚արտայայտէր։ Կը նշանակէր, թէ ո’չ հրեայ ըլլալը եւ ո’չ ալ հեթանոս ըլլալը կարեւոր է ի վերջոյ. միակ կարեւորը միութիւնն է Անոր հետ, որուն մէջ է Նոր Իրականութիւնը։
Թլփատութիւնը կամ անթլփատութիւնը ի՞նչ կը նշանակեն մեզի համար։ Անոնք կրնան որոշ բան մը նշանակել, բայց նաեւ շատ տիեզերական նշանակութիւն մը կրնան ունենալ։ Սա ըսել է, թէ չկայ կրօնք՝ որ Նոր Արարած կ՚արարէ։ Թլփատութիւնը կրօնական ծէս մըն է, որ հրեաները կը պահէին. զոհերը կրօնական ծէսեր էին, որ հեթանոսները կը պահէին. մկրտութիւնը կրօնական ծէս մըն է, որ քրիստոնեաները կը պահեն։ Այս ամբողջ ծէսերը չեն կարեւորը, այլ Նոր Ստեղծագործութիւնն է կարեւորը։ Արդ, համաձայն Պօղոս առաքեալի, քանի այս ծէսերը կը գրաւեն տեղը իրենց ներկայացուցած կրօնքին ամբողջութեան, ապա կրնանք ըսել, թէ որեւէ կրօնք կարեւոր չէ, այլ միայն իրերու նոր վիճակը։
Մտածենք Պօղոս առաքեալի այս ուշագրաւ հաստատումին վրայ։ Ինչ որ կ՚ըսէ այն է, թէ քրիստոնէութիւնը աւելին է քան կրօնք մը. անիկա պատգամն է Նոր Ստեղծագործութեան։ Քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօնք կարեւոր չէ. անիկա նման է թլփատութեան կամ անթլփատութեան, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս։ Արդեօք կարո՞ղ ենք երեւակայել առաքելական յայտարարութեան հետեւանքները մեր կացութեան համար։ Քրիստոնէութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ թլփատութեան եւ անթլփատութեան զանազան կերպերու առջեւ է։ Այսօր թլփատութիւնը կրնայ նշանակել ամեն ինչ որ կրօնք կոչուած է, անթլփատութիւնն ալ՝ ամեն ինչ որ աշխարհային է, բայց կիսակրօնական պնդումներ կը կատարէ։ Քրիստոնէութեան քով մեծ կրօնքներն են. հնդկականութիւնը, իսլամութիւնը եւ մնացորդները դասական յուդայականութեան։ Անոնք ունին իրենց առասպելներն ու ծէսերը, այսպէս ըսած՝ իրենց «թլփատութիւն»-ը, որ զանոնք կը տարբերէ միւսներէն։ Կան աշխարհային շարժումներ. ցեղակրօնութիւնը (fascism) եւ համայնավարութիւնը (communism), աշխարհային մարդկայնականութիւնը (secular humanism), եւ բարոյագիտական գաղափարապաշտութիւնը (ethical idealism)։ Անոնք կը փորձեն վանել առասպելներն ու ծէսերը, եւ կը ներկայացնեն, այսպէս ըսած՝ անթլփատութիւնը։ Այսուհանդերձ, անոնք նաեւ կը յաւակնին իւրացուցած ըլլալ բացարձակ ճշմարտութիւնը եւ կատարեալ նուիրում կը պահանջեն։ Քրիստոնէութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կանգնի անոնց դիմաց։ Պէ՞տք է անոնց ըսէ. «Մեզի միացէք, մենք աւելի լաւ կրօնք ենք, թլփատութեան կամ անթլփատութեան մեր տարբերակը աւելի բարձր է քան ձեր տարբերակը։ Պէ՞տք է գովաբանէ քրիստոնէական մեր կենսակերպը, թէ՛ կրօնականը եւ թէ՛ աշխարհականը։ Պէ՞տք է որ քրիստոնէական պատգամը յաջող պատումի մը վերածենք, եւ նման ծանուցանողներուն ըսենք, որ մեր հետ փորձեցէք զայն եւ պիտի տեսնէք, թէ որքան կարեւոր է քրիստոնէութիւնը բոլորին համար։ Կարգ մը միսիոնարներ եւ կարգ մը քարոզիչներ եւ աշխարհական մարդիկ այս ընթացքը ունին։ Անոնք քրիստոնէութեան կատարեալ անհասկացողութիւն մը ցոյց կու տան։ Առաքեալը որ միսիոնար էր եւ քարոզիչ էր եւ աշխարհական էր միաժամանակ՝ կ՚ըսէ ուրիշ բան մը։ Ան կ՚ըսէ. — Չկայ կրօնք մը որ աւելի կարեւոր է քան ուրիշ մը. ո՛չ մերը, ո՛չ ալ ձերը։ Բայց կ՚ուզեմ ձեզի ըսել, թէ բան մը եղաւ որ կարեւոր է, բան մը որ կը դատէ ձեզ եւ զիս, ձեր կրօնքը եւ իմ կրօնքը։ Նոր Ստեղծագործութիւն յառնած է, Նոր Արարած յայտնուած է. եւ մենք հրաւիրուած ենք անոր հաղորդակից ըլլալու։ Ա՛յս է որ ըսելու ենք հեթանոսներուն եւ հրեաներուն, երբ անոնց հանդիպինք։ Մի՛ բաղդատէք ձեր կրօնքը եւ մեր կրօնքը, ձեր ծէսերը եւ մեր ծէսերը, ձեր մարգարէները եւ մեր մարգարէները, ձեր քահանաները եւ մեր քահանաները, եւ մեր բարեպաշտներն ու ձեր բարեպաշտները։ Այս ամենը անօգուտ են։ Եւ ամեն ինչէ վեր, մի՛ մտածէք, թէ մենք կ՚ուզենք ձեզ կրօնափոխ դարձնելով՝ անգլիական կամ ամերիկեան քրիստոնէութեան, կամ արեւմտեան աշխարհի կրօնքին բերել։ Մենք չենք ուզեր ձեզ կրօնափոխ դարձնելով մեզի միացնել, ոչ իսկ՝ մեզմէ լաւագոյններուն։ Ասիկա ապարդիւն ճիգ մը պիտի ըլլար։ Միայն կ՚ուզենք ձեզի ցոյց տալ մեր տեսածը եւ պատմել մեր լսածը, թէ հին Ստեղծագործութեան մէջտեղը Նոր Ստեղծագործութիւն մը կայ, եւ թէ՝ այս Նոր Ստեղծագործութիւնը յայտնուած է անձովը Յիսուսի, որ կոչուած է Քրիստոս:
Եւ երբ ցեղակրօններու կամ համայնավարներու, գիտական մարդկայնականներու եւ բարոյագիտական գաղափարապաշտներու հանդիպինք, պէտք է ըսենք անոնց. «Շատ մի՛ պարծենաք, թէ դուք ծէսեր եւ առասպելներ չունիք, թէ դուք զերծ էք աւելորդապաշտութիւններէ, թէ դուք կատարելապէս տրամաբանական էք, եւ ամեն առումով՝ անթլփատ: Նախ եւ առաջ, դուք եւս ձեր ծէսերն ու առասպելները ունիք, թլփատութիւն մըն ալ: Ու անիկա նոյնիսկ ձեզի համար շատ կարեւոր է: Բայց եթէ դուք կատարելապէս ազատ ըլլայիք անկէ՝ պատճառ մը պիտի չունենայիք ձեր անթլփատութիւնը յայտարարելու: Անօգուտ է: Մի՛ խորհիք, թէ կ՚ուզենք ձեզ հեռացնել ձեր աշխարհայնութենէն՝ դարձի բերելով միացնել կրօնայնութեան մը, թէ կ՚ուզենք ձեզ կրօնասէր դարձնել եւ անդամ՝ շատ բարձր կրօնքի մը՝ քրիստոնէութեան, եւ անոր մէկ շատ մեծ յարանուանութեան, այսինքն՝ մերինին: Ասիկա ապարդիւն ճիգ մը պիտի ըլլար: Մենք միայն կ՚ուզենք ձեզի հաղորդել փորձառութիւն մը, որ մենք ունեցած ենք, թէ աշխարհի մէջ այստեղ ու այնտեղ, եւ մեր մէջ հիմա ու ետքը Նոր Ստեղծագործութիւն մը կայ, լայնօրէն թաքուն, սակայն մերթ՝ բացայայտ, եւ ստուգապէս յայտնուած անձովը Յիսուսի, որ կոչուած է Քրիստոս»:
Այս է եղանակը, որով պէտք է խօսինք բոլոր անոնց՝ որոնք քրիստոնէութենէն դուրս կը գտնուին, անոնք կրօնասէր ըլլան թէ աշխարհային: Եւ շատ մտահոգ պէտք չէ ըլլանք քրիստոնէական կրօնքին համար, եկեղեցիներու վիճակին համար, անդամագրութեան եւ վարդապետութիւններու համար, հաստատութիւններու համար, եկեղեցականներու, քարոզներու եւ Խորհուրդներու համար: Այս ամենը թլփատութիւնն են: Իսկ անոր չըլլալը, այսինքն՝ աշխարհայնացումը, որ այսօր ամբողջ երկրագունդին վրայ կը տարածուի՝ անթլփատութիւնն է: Երբ գերագոյն հարցումը դրուի, այսինքն՝ Նոր Իրականութեան հարցումը, երկուքն ալ ոչինչ են, որեւէ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ: Այս հարցումը, ի դէպ, անսահման կարեւորութիւն ունի: Պէտք է որ անոր համար աւելի տոչորուինք քան երկնքի ու երկրի միջեւ որեւէ այլ երեւոյթի կամ իրի համար: Նոր Ստեղծագործութիւնը, — ասիկա է մեր գերագոյն նպատակը: Ասիկա պէտք է ըլլայ մեր անսահման կիրքը, անսահման կիրքը ամեն մարդ էակի: Ասիկա է կարեւորը. ասիկա միայն կարեւոր է բացարձակապէս: Անոր բաղդատաբար, նոյնիսկ կրօնքը կամ արտակրօնքը, նոյնիսկ քրիստոնէութիւնը կամ արտաքրիստոնէութիւնը՝ շատ քիչ կարեւոր են, եւ ի վերջոյ, ոչ մէկ նշանակութիւն ունին:
Եւ հիմա թող քիչ մը պարծենամ այն իրողութեամբ, որ մենք քրիստոնեաներ ենք, եւ թող պարծենալով անմիտ դառնանք, ինչպէս Պօղոս առաքեալ ինքզինք համարած է, երբ սկսած է պարծենալ(2): Քրիստոնէութեան մեծութիւնն է, որ կրնայ ինքզինք տեսնել, թէ որքան փոքր է: Քրիստոնեայ մը ըլլալուն կարեւորութիւնը այն է, որ կրնանք տոկալ գաղափարին՝ թէ իբրեւ կրօնք կարեւոր չէ անիկա: Կրօնքին ներքին զօրութիւնն է, որ հոգեւոր մարդը ի վիճակի կը դարձնէ անվախօրէն նայելու կրօնքին ունայնութեան: Քրիստոնէական հասկացողութեան ամենահասուն պտուղն է իմանալը՝ թէ քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօնք անօգուտ է: Ասիկա պարծենալ է, բայց ոչ թէ անձի պարծենալ, այլ պարծենալ՝ վասն քրիստոնէութեան: Իբրեւ պարծենալ՝ անմտութիւն է: Բայց պարծենալ թէ ոչինչ կայ պարծենալու՝ իմաստութիւն եւ հասունութիւն է: Ունենալը՝ իբրեւ չունենալ, —ասիկա ճիշդ կեցուածքն է կեանքին մէջ ամեն ինչի նկատմամբ որ մեծ է ու գեղեցիկ, նոյնիսկ կրօնքին եւ քրիստոնէութեան պարագային: Սակայն Նոր Ստեղծագործութեան նկատմամբ ճիշդ կեցուածքը չէ: Անոր նկատմամբ ճիշդ կեցուածքը խանդավառ կ՚ըլլայ եւ անսահմանօրէն տենչացող:
Եւ հիմա դարձեալ հարց կու տանք.
— Ի՞նչ է այս Նոր Արարածը:
Նոր Արարածը չէ միայն Հին Արարածին տեղը առնող երեւոյթ մը: Այլ նորոգումն է Հինին, որ ապականած, եղծուած, երկփեղկուած եւ գրեթէ կործանած է, դեռ ոչ՝ ամբողջապէս: Փրկութիւնը չի կործաներ ստեղծագործութիւնը, այլ Հին Ստեղծագործութիւնը կը կերպարանափոխէ Նոր Ստեղծագործութեան: Արդ, Նորի մասին կրնանք խօսիլ նորոգման եռակի եզրերով, որոնք հետեւեալներն են. հաշտութիւն, միաւորում, եւ յարութիւն(3):
Իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ Նոր Ստեղծագործութիւնը կը զօդէ հաշտութեան: Հաշտութեան պատգամն է. Հաշտուէ՛ Աստուծոյ հետ: Դադրէ՛ անոր թշնամի ըլլալէ, քանի Ինք թշնամի չէ քեզի: Հաշտութեան պատգամը այն չէ, թէ Աստուած ինք պէտք ունի հաշտուելու: Բայց ինչպէ՞ս ինք հաշտուելու պէտքը ունենայ։ Քանի Ի՛նքն է աղբիւրը եւ զօրութիւնը հաշտութեան՝ որո՞ւն պաշտօնը կրնայ ըլլալ զինք հաշտեցնել: Հեթանոսներ, հրեաներ եւ քրիստոնեաներ, ամենքս ալ փորձած ենք եւ կը փորձենք զԻնք հաշտեցնել ծէսերով եւ Խորհուրդներով, աղօթքներով եւ պաշտամունքներով, վարք ու բարքով եւ բարեսիրութեան գործերով: Սակայն եթէ կը փորձենք նոյնը, եթէ դեռ կը փորձենք Իրեն բան մը տալ, ցուցադրել բարի արարքներ, որոնք կը միտին զԻնք մեղմելու՝ ապա կը ձախողինք: Երբեք բաւարար չէ. երբեք չենք կրնար զԻնք գոհացնել, քանի որ անսահման է մեզմէ ակնկալուածը: Եւ քանի չենք կրնար զԻնք մեղմացնել՝ Իրեն դէմ թշնամական կը դառնանք:
Երբեք նկատա՞ծ էք, թէ որքա՜ն թշնամութիւն կը բնակի բարի եւ պարկեշտ մարդոց հոգիներու խորքերուն մէջ, անոնց՝ որոնք կը գերազանցեն բարեսիրութեան գործերու, բարեպաշտութեան ու կրօնական նախանձախնդրութեան մէջ: Այլ կերպ չի կրնար ըլլալ ասիկա. քանի մարդը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար թշնամի է հանդէպ անոնց՝ որոնց կողմէ մերժուած կը զգայ ինքզինք: Ամեն ոք այս կացութեան մէջ է, ինչ ալ կոչէ զինք մերժողը. «Աստուած» կամ «բնութիւն» կամ «ճակատագիր» կամ «ընկերային պայմաններ»: Ամեն ոք թշնամութիւն ունի ընդդեմ գոյութեան, որուն մէջ նետուած է, ընդդէմ թաքուն ուժերուն, որոնք իր կեանքին եւ տիեզերքի ընթացքը կ՚որոշեն, ընդդէմ անոր՝ որ զինք յանցաւոր կը հանէ, եւ յանցաւորութեան պատճառով՝ կը սպառնայ կործանել զինք: Մենք ամենքս ալ մերժուած կը զգանք եւ թշնամի ընդդէմ անոր որ մեզ մերժած է: Ամենքս ալ կը փորձենք զայն մեղմել եւ երբ կը ձախողինք՝ աւելի թշնամի կը դառնանք: Ասիկա կը պատահի յաճախ առանց նկատուելու մեր կողմէ: Բայց կան երկու ախտանիշեր, որ մենք դժուար թէ կարենանք անտեսել. մենք մեզի հանդէպ թշնամութիւնը եւ թշնամութիւնը հանդէպ ուրիշներու: Յաճախ կը խօսուի մարդոց հպարտութեան, յոխորտանքին, ինքնահաւանութեան եւ ինքնահաճութեան մասին: Սակայն, շատ պարագաներու, ասիկա մակերեսային մակարդակն է իրենց գոյութեան: Ասոր ներքեւ, աւելի խորքին, կայ ինքամերժում, նողկանք, եւ նոյնիսկ ատելութիւն՝ սեփական անձին հանդէպ: Աստուծոյ հետ հաշտուած ըլլալը կը նշանակէ հաշտուած ըլլալ մեր սեփական անձերուն հետ: Բայց մենք հաշտուած չենք մեր անձերուն հետ. մենք կը փորձենք մենք մեզ մեղմել: Կը փորձենք մենք մեզ աւելի ընդունելի ընել մեր սեփական դատաստանին առջեւ, եւ երբ կը ձախողինք՝ աւելի կը թշնամանանք մենք մեզի դէմ: Եւ ան որ ինքզինք մերժուած կը զգայ Աստուծմէ, եւ ան որ ինքզինք կը մերժէ՝ կը զգայ նաեւ թէ ուրիշներ ալ զինք կը մերժեն: Մինչ ճակատագրին եւ իր անձին հանդէպ իր թշնամութիւնը կը մեծնայ, նոյն ժամանակ ուրիշներու հանդէպ իր թշնամութիւնը կը մեծնայ: Եթէ յաճախ կը սոսկանք մեզի դաւաճանող մարդոց գիտակից կամ անգիտակից թշնամութենէն կամ մեր կողմէ սիրով (կարծեցեալ) կապուած մարդոց հանդէպ մեր թշնամութենէն, չմոռնանք հետեւեալը, թէ անոնք մեզմէ մերժուած կը զգան, եւ մենք ալ անոնցմէ մերժուած կը զգանք: Անոնք շատ փորձած են մեզի ընդունելի դարձնել իրենց անձերը, եւ ձախողած: Մենք ալ փորձած ենք մեր անձերը ընդունելի դարձնել անոնց՝ եւ ձախողած: Եւ թէ՛ մեր ու թէ՛ իրենց թշնամութիւնը մեծցած է: Հաշտուած ըլլալ Աստուծոյ հետ, միաժամանակ կը նշանակէ հաշտուած ըլլալ ուրիշներու հետ: Սակայն չի նշանակեր փորձել հաշտեցնել ուրիշները, ինչպէս նաեւ չի նշանակեր փորձել հաշտեցնել ձեր անձերը: Փորձէ՛ հաշտեցնել զԱստուած: Պիտի ձախողիս: Ա՛յս է պատգամը. Նոր Իրականութիւն մը յայտնուած է, որուն մէջ դուն հաշտուած ես: Նոր Արարածին հետ հաղորդութեան համար՝ պէտքը չունինք բան մը ցուցադրելու: Հակառակ ցուցադրելու համար մեր ոչինչ ունենալուն՝ մեր հոգիները միայն պէտք է բաց ըլլան, որպէսզի ան իրը դարձնէ զանոնք:
Հաշտուած ըլլալը առաջին նշանն է Նոր Իրականութեան: Եւ միաւորուած ըլլալը՝ երկրորդ նշանը: Հաշտութիւնը կարելի կը դարձնէ միաւորումը: Նոր Ստեղագործութիւնը այն իրականութիւնն է, ուր երկփեղկուածը միաւորուած է: Նոր Արարածը յայտնուած է Քրիստոսի անձով, որովհետեւ անոր մէջ երկփեղկումը երբեք չյաղթեց իր եւ Աստուծոյ միութեան, իր եւ մարդկութեան միութեան, իր եւ իր անձին միութեան: Աւետարաններով տրուած անոր պատկերին ասիկա գերազդու եւ անսպառ ուժ մը կու տայ: Անոր մէջ մենք կը տեսնենք մարդկային կեանք մը, որ պահպանած է միութիւնը, հակառակ ամեն ինչին որ զինք քաշած է դէպի երկփեղկում: Ան է եւ կը փոխանցէ Նոր Արարածին ուժը, քանի որ է եւ կը փոխանցէ ուժը անհերձեալ միութեան մը: Հոն ուր Նոր Իրականութիւնը կ՚երեւի՝ հոն մարդ միաւորուած կը զգայ Աստուծոյ, հիմքն ու իմաստը անհատի գոյութեան: Մարդ էակը, հին բացատրութեամբ, կը սիրէ իր ճակատագիրը իր ձեռքը առնել, իսկ մենք այսօր կ՚ըսենք՝ քաջաբար յանձնառու ըլլալ մեր սեփական անձկութիւնը մեր ուսերուն վերցնելու։ Այն ատեն է, որ մարդ կ՚ունենայ զարմանալի փորձառութիւնը ինքզինքին հետ միաւորուածութեան, ոչ թէ հպարտութեան եւ ինքնագոհութեան, այլ խոր ինքնընդունման։ Ինքնընդունման այն փորձառութիւնը սեփական անձը կը զգայ իբրեւ յաւիտենապէս կարեւոր, յաւիտենապէս սիրուած, յաւիտենապէս ընդունուած։ Սեփական անձէն նողկանքը եւ ատելութիւնը անհետացած կ՚ըլլայ։ Կեանքին համար կեդրոն մը կայ, ուղղութիւն մը կայ, իմաստ մը կայ։ Ամեն բուժում, —մարմնական եւ հոգեկան, — սեփական երկփեղկեալ ինքնութեան միութիւնը կը ստեղծէ։
Հոն ուր իրաւ բուժում կայ՝ այնտեղ Նոր Արարածն է, Նոր Ստեղծագործութիւնը։ Սակայն իրաւ բուժումը հոն չէ, ուր մարմնին կամ հոգիին մէկ մասը միաւորուած կ՚ըլլայ ամբողջին, այլ ամբողջը ինք, մեր ամբողջ գոյութիւնը, մեր ամբողջ անձնաւորութիւնը գտած կ՚ըլլայ իր միութիւնը։ Նոր Ստեղծագործութիւնը բուժարար ստեղծագործութիւն է, որովհետեւ սեփական անձին միաւորումը կ՚արարէ։ Նաեւ կ՚արարէ ուրիշներու հետ միաւորումը։ Հին Արարածի պարագային, ոչինչ աւելի զատորոշիչ ախտանիշ է քան մարդ էակին բաժանումը իր նմանէն։ Արդ, չկայ աւելի տենչալին՝ քան ընկերային բուժումը, քան Նոր Արարածը պատմութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։
Կրօնքը եւ քրիստոնէութիւնը խստօրէն կը մեղադրուին, թէ մարդկային պատմութեան միութիւն չբերին։ Ո՞վ կրնայ ժխտել այս մարտահրաւէրին ճշմարտութիւնը։ Այսուհանդերձ, մարդկութիւնը դեռ կը գոյատեւէ։ Գուցէ չգոյատեւէր մինչեւ այսօր, եթէ բաժանումի ուժը առյաւէտ նուաճուած չըլլար միաւորման, բուժման եւ Նոր Ստեղծագործութեան ուժով։ Հոն ուր մարդ էակը կ՚ընդունուի որպէս մարդ էակ, այսինքն՝ իր յատկանիշերով, նոյնիսկ երբ անձնական նողկանքը, կամ ցեղային առումով օտարութիւնը, կամ ազգային հակառակութիւնները, կամ տարբերութիւնները սեռի, տարիքի, գեղեցկութեան, զօրութեան, գիտութեան, եւ բոլոր միւս անհաշուելի պատճառները բաժանումի՝ պէտք է յաղթահարել, այնտեղ Նոր Ստեղծագործութիւնը կ՚ըլլայ։ Մարդկութիւնը կը գոյատեւէ, որովհետեւ Նոր Ստեղծագործութիւնը կ՚ըլլայ կրկին եւ վերստին։ Եւ եթէ Եկեղեցին, որ Աստուծոյ ժողովածն է, գերագոյն նշանակութիւն մը ունի, ա՛յս է անոր նշանակութիւնը, թէ իր մէջ է, որ մարդ ընդ մարդու միութիւնը կը քարոզուի, կը խոստովանուի եւ կ՚իրականանայ, նոյնիսկ կոտորակումներով, տկարութիւններով եւ եղծումներով։ Եկեղեցին տեղն է, ուր մարդ ընդ մարդու միութիւնը իրական դէպք է, հակառակ անոր որ Աստուծոյ Եկեղեցին անդադար տեսած է եկեղեցիներուն անհաւատարմութիւնը։ Թէեւ անհաւատարմութիւն տեսած եւ վանուած՝ սակայն Նոր Ստեղծագործութիւնը կը փրկէ եւ կը պահպանէ այն (հասկնալ՝ եկեղեցիները, մարդկութիւնը եւ պատմութիւնը), որ իրեն հանդէպ անհաւատարիմ գտնուած է եւ զինք վանած է։
Եկեղեցին, նման իր բոլոր անդամներուն, Նոր Արարածէն կը մոլորի դէպի Հին Արարածը։ Արդ, Նոր Ստեղծագործութեան երրորդ նշանը յարութիւնն է։ «Յարութիւն» բառը շատերու համար կը նշանակէ մեռած մարմիններուն իրենց գերեզմանները ձգելը, կամ այլ մտացածին պատկերներ։ Սակայն յարութիւնը կը նշանակէ յաղթանակը իրերու Նոր վիճակին, Նոր Արարածի ծննդեան՝ Հին Արարածի մահուան վրայ։ Յարութիւնը դէպք մը չէ, որ պիտի պատահի հեռաւոր ապագայի մը մէջ, այլ անիկա Նոր Արարածին ուժն է մահէն կեանք ստեղծելու, այստեղ եւ հիմա, այսօր եւ վաղը։ Հոն ուր Նոր Արարածն է, այնտեղ յարութիւն կ՚ըլլայ, այսինքն՝ ժամանակի իւրաքանչիւր պահը յաւիտենապէս կ՚արարուի։ Հին Արարածին նշանն է քայքայումը կամ մահը։ Նոր Արարածը հինին վրայ նոր նշան մը կը դնէ։ Քայքայումին կամ մահուան վրայ յաւիտենական նշանակութեամբ ծնունդ մը կ՚արարէ։ Ինչ որ մխրճուած է կազմալուծման մէջ՝ կը բարձրանայ Նոր Ստեղծագործութեան մէջ։ Յարութիւնը հիմա կ՚ըլլայ, կամ՝ երբեք։ Անիկա կ՚ըլլայ մեր մէջ եւ մեր շուրջ, հոգիին ու պատմութեան, բնութեան եւ տիեզերքին մէջ։
Հաշտութիւն, միաւորութիւն, յարութիւն. ասիկա Նոր Ստեղծագործութիւնը, Նոր Արարածը, իրերու Նոր վիճակն է։ Մենք կը մասնակցի՞նք անոր։ Քրիստոնէութեան պատգամը քրիստոնէութիւնը չէ, այլ Նոր Իրականութիւնը։ Իրերու Նոր վիճակ մը յայտնուած է ու տակաւին կը յայտնուի. անիկա թաքուն է եւ տեսանելի, հոն է եւ հոս է։ Ընդունէ՛ զայն, մտիր անկէ ներս, ձգէ որ անիկա քեզ իր մէջ առնէ։
ԾԱՆՕԹԱԳՐԱԿԱՆ
1.— Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութիւն՝ «Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ», Բ. Կր 5.17։
2.— Տե՛ս Բ. Կր 11.17:
3.— Ճառին այս քանի մը նախադասութիւնները թարգմանութեան առջեւ կը կանգնեցնեն խնդիր մը։ Կը մէջբերեմ բնագրէն. «Therefore we can speak of the New in terms of a re-newal: the threefold ‘‘re’’, namely, re-conciliation, re-union, re-surrection»։ Այս «re» մասնիկներուն հայերէնը՝ «կրկին» կամ «վերստին» իմաստով «վեր» կամ «վերա» մասնիկն է։ Հակառակ անոր որ «renewal» բառը երբեմն «վերանորոգում», այսինքն՝ կրկին կամ վերստին նորոգում իմաստով թարգմանուած է, այստեղ կարելի չէ, քանի որ յօդուածին մտածողութիւնը եզակի «դէպք»ին կը վերաբերի, եւ այն «դէպք»ը Նոր Արարածին յայտնութիւնն է Յիսուսի անձով։ Եւ այն «դէպք»ին հետ «ժամանակի իւրաքանչիւր պահը յաւիտենապէս կ՚արարուի»։ Ուրեմն, «re»ն այստեղ անդր-ժամանակային «կրկին եւ վերստին»ն է, այսինքն՝ «յաւիտենապէս»ը, այլ խօսքով՝ յաւիտենականին կը յղէ։ Միւս բառե՞րը։ «Reconciliation»ը աւանդութիւն է կարդալ «հաշտութիւն» իմաստով եւ Թիլլիխ այս իմատով ալ գործածած է, առաւել՝ քանի կապած է անկրկնելի «դէպք»ին, ապա կրկնութեան եզրը չէ աշխատցուցած։ Նոյնն է պարագան «reunion»ին։ «Resurrection»ը սկիզբէն «յարութիւն» նշանակած է, եւ երբեք իր մէջ չէ ունեցած «կրկին» կամ «վերստին» իմաստները։ Այս ալ միւս բառերուն պէս պահուած է Նոր Արարածի եզակի յայտնութեան գաղափարին հաւատարիմ։