ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՄԷԿ ՀԱՏՈՐԸ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Հրաչեայ Աճառեանը հաւանաբար մեր մշակոյթի ամենէն արտասովոր եւ համակրելի դէմքերէն մէկն է։ Արտասովոր՝ իր առասպելական աշխատասիրութեան եւ իրագործումներուն համար։ Համակրելի՝ իր կեանքի պայմաններուն եւ զանոնք յաղթահարելու կոչուած կամքի դրսեւորումներուն համար։Արդարեւ, եթէ Աճառեան գիտնականի երկերուն թուարկումն անգամ միայն պատկառանք եւ հիացում կրնայ արթնցնել, Աճառեան մարդուն հետ աւելի մօտիկ ծանօթութիւնը, անոր անձնական յուշերուն, անոր մասին գրուած յուշերուն, անոր նուիրուած կենսագրութեան եւ, այժմ, անոր գրած բանաստեղծութիւններուն եւ անոր մասին գրի առնուած մանրավէպերուն ընդմէջէն, ընթերցողին մէջ անմիջական հետաքրքրութիւն ու հմայք կը ստեղծուի անհատի մը հանդէպ, որ այնքան անմիջանականութեամբ կը ներկայանայ եւ կը ներկայացուի մեզի, եւ որուն մարդկային նկարագիրը այնքան օրինակելի գիծեր ունի։ Պէտք չէ զարմանալ, որ լիբանանահայ հանգուցեալ մանկավարժ ու գրադատ Գրիգոր Շահինեանը, տարիներ առաջ, Հր. Աճառեանի «Կեանքիս յուշերից»-ը արեւմտահայերէն փոխադրութեամբ եւ մանկավարժական խտացումով զայն ներկայացուցած էր իբրեւ մանկա-պատանեկան գրականութեան նմոյշ։
Երեւանի Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարան հրատարակչատունը, անոր գիտաշխատողներէն Հրաչեայ Աճառեան կրտսերի (նշանաւոր լեզուաբանին թոռը) աշխատասիրութեամբ, 2008-ին լոյս ընծայած էր «Բանաստեղծութիւններ. Անեկդոտներ իր մասին» փոքրիկ հատորը։ Գիրքը լոյս տեսած էր սփիւռքահայ հանգուցեալ բարերար Յարութիւն Սիմոնեանի ընտանիքի մեկենասութեամբ։
Բնագիրները պահպանուած են նոյնինքն Աճառեանի կողմէ գրի առնուած տետրերու մէջ։ Գիտենք, որ հռչակաւոր լեզուաբանը դպրոցական տարիներէն գրական հակումներ ունեցած է ու գրած զանազան գործեր, որոնք կորսուած են անոր տեղափոխումներուն ժամանակ։ Այս 39 բանաստեղծութիւնները, ուր երբեմն գեղարուեստական գեղեցիկ պատկերներու կը հանդիպինք, այդ գրական հետաքրքրութիւններուն վերապրուկն են։
Ինչպէս նշած էր բանասէր Հենրիկ Բախչինեանը՝ թանգարանի օրուան վաստակաշատ տնօրէնը, Աճառեանի դասական ուղղագրութեամբ գրած ու գրի առած նիւթերը լոյս տեսած են միեւնոյն ուղղագրութեամբ։ Ուրեմն, գրեթէ ամբողջութեամբ դասականով լոյս տեսած գիրք մը ունինք, բացառելով Հ. Բախչինեանի յառաջաբանը (էջ 7-8) եւ լեզուաբան Խաչիկ Բադիկեանի կենսագրութենէն համադրաբար քաղուած էջերը՝ Աճառեան բանաստեղծի եւ զուարթախոհի մասին (էջ 9-16)։
Այս երեւոյթը հետաքրքրական է, որովհետեւ յաւելեալ լոյս կը սփռէ ժամանակին յայտնուած պնդումին վրայ՝ «մեծանուն հայագէտի այն տասնամեակների տառապանքը, որ նա կրել է հին ուղղագրութիւնից նոր ուղղագրութեանն անցնելու իր ոդիսականում»(1)։ Աճառեան ի վերջոյ համոզուած կ՚ըլլայ, որ «բարեփոխուած» ուղղագրութիւնը ճիշդ ճանապարհն էր։ Մինչ մանրավէպերու հաւաքածոն 1920-30-ական թուականներուն կը վերաբերի (այսինքն՝ 1922-ի եւ 1940-ի միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին՝ դասականի կիսավերականգնումէն առաջ), բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, զոր կ՚ենթադրենք ժամանակագրական կարգով տպուած, իբրեւ ամենավերջին թուակիր կտոր ունի «Մայրը կարօտալի որդուն» (13 մայիս 1943), որմէ ետք չափածոյ եօթը ուրիշ գործեր տպուած են։ Մէկ խօսքով՝ Աճառեան շարունակած է ստեղծագործել դասական ուղղագրութեամբ մինչեւ կեանքին վերջին տարիները, իսկ եթէ գիտական աշխատութիւններ շարադրած է 1940-ի, այսինքն՝ այսօր գործածուող «բարեփոխուած» ուղղագրութեամբ, պատճառը այն է, որ հրատարակութեան նախատեսուած գործեր էին, զորս այլեւս չէր կրնար այլեւայլ հնարքներով դասականով տպել, ինչպէս ըրած էր անցեալին՝ մինչեւ իսկ… գրաբարին դիմելով։ Բայց իր անձնական թուղթերուն (նամակներ, բանաստեղծութիւններ) դասական ուղղագրութեամբ գրելը արդէն վերջնականօրէն կը լուծէ հարցը։
Մանրավէպերը իրականի ու անիրականի սահմաններուն մէջ դեգերող գրառումներ են, որոնք գիտնականի կեանքէն բնորոշ գիծեր երեւան կը հանեն։ Ինչպէս կը պատահի նման պարագաներու, անոնք ընդհանրապէս ճշմարտանման են, ու Աճառեանի երբեմն կատարած տողատակի ծանօթագրութիւններն են, որոնք կ՚օգնեն կողմնորոշուելու։ Յատկապէս հետաքրքրական է ուսանող Յ. Ոսկերչեանի կողմէ 12 նոյեմբեր 1930-ին գրի առնուած չորս մանրավէպերէն մէկը.
«Լեզուաբանական ներածութեան դասին Աճառեանը ասում է, թէ լեզուն ընդունում է էվօլիւցիա, բայց չի ընդունում ռէվօլիւցիա։
Ուսանողներից մէկը հարց է տալիս, թէ դիալեկտիկան լեզուի զարգացման մէջ ի՞նչ դեր է խաղում։
Աճառեանը պատասխանում է.
—Ձեր այդ դիալեկտիկան ուր ուզում էք խոթեցէք, միայն իմ առարկայի մէջ մի խոթէք» (էջ 82-83)։
Աճառեանի ծանօթագրութիւնը կը լուսաբանէ, որ մանրավէպը՝ «իրական դէպք համարուելով», պատմուած է «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթին մէջ (թիւ 2, 1931), թէեւ այդ թիւը (2 յունուար 1931) որեւէ նման նիւթ չի պարունակեր՝ ըստ մեր ստուգումին։ Սակայն, կրնանք ենթադրել, որ այդ տարիներուն, երբ արդէն սկսած էին «զտումները» եւ յարձակումները համալսարանի դասախօսներու դէմ (յատկապէս անոնք, որոնք անկուսակցական էին), հաւանաբար նման մանրավէպի հրատարակութիւնը անմեղօրէն կատարուած չէր։
Բայց բացառուած չէ, որ մանրավէպը իրական հիմք ունենար, իսկ Աճառեանը գրիչի մէկ հարուածով կեղծ համարած ըլլայ զայն՝ խուսափելու համար քաղաքական անախորժ բարդութիւններէ։ Հետագային, բանտարկութեան տարիներուն իր մորթին վրայ կրածները ծնունդ պիտի տային մանրավէպերու, որոնք ընդգրկուած են յաւելուածի բաժնին մէջ (էջ 114, 116)։
Ի մի բան, հետաքրքրութեամբ կարդացուող հատոր մըն է, որ Աճառեանի կեանքի մեր իմացութեան ուշագրաւ յաւելում մը կը բերէ։

1) Տե՛ս Յովհաննէս Բարսեղեանի յառաջաբանը՝ Հրաչեայ Աճառեան, Հայ գաղթականութեան պատմութիւն, Երեւան, 2002, էջ 7-8։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *