ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ

Հեղինակ՝ Թամըս Մըրթըն

Ի յուշ Ադոլֆ Այխմանի(1)

Թամըս Մըրթըն – Thomas Merton (1915-1968) կաթոլիկ վանական մըն էր, խորհրդազգած աստուածաբան մը, կրօնագէտ մը, յանձնառու մտածող մը, բանաստեղծ մը: Մեծ հռչակ ունեցաւ իր «Եօթնայարկ լեռը» («The Seven Storey Mountain») գիրքը, որ, ըստ էութեան, կը վերաբերի իր իմացական եւ հոգեւոր աճման, անդրակերպման, եւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ վերածնունդին: Ուստի՝ ներքին ինքնակենսագրութիւն մըն է անիկա: 27 տարիներու իր գրականութիւնը՝ աւելի քան 50 գիրքերու ցանկ մըն է: Թարգմանիչը ձեռքի տակ ունի հրատարակելի ժողովածոյ մը Մըրթընէ հատընտիր գրութիւններու եւ ճառերու, որոնցմէ «Հորիզոն գրական»-ի ընթերցողներուն կը մատուցէ ներքեւ տրուածը:

Այխմանի դատավարութենէն(2) յայտնուած ամենախռովիչ փաստերէն մէկը այն էր, որ հոգեբուժ մը զինք քննած էր, եւ յայտարարած՝ թէ կատարելապէս հոգեպէս առողջ (sane) էր: Երբեք չեմ կասկածիր ատոր, եւ ճիշդ այդ է որ խռովիչ կը գտնեմ:
Եթէ բոլոր նացիականները հոգեհիւանդներ եղած ըլլային, ինչպէս իրենց առաջնորդներէն ոմանք, իրենց սոսկալի անգթութիւնը որոշ առումով մը աւելի դիւրին պիտի ըլլար հասկնալ: Բայց խիստ տաժանելի է մտաբերել այս հանդարտ, «հաւասարակշռուած», անխռով սպային գիտակցաբար երթալն ու գտնուիլը իր պաշտօնասեղանին շուրջ, իր վարչական գործին վրայ, որ պատահած էր ըլլալ հսկողութիւնը զանգուածային սպանութեան մը: Ան խոհուն էր, ճշդապահ, եւ չերազող: Ունէր խոր յարգանք վարչադրոյթին, օրէնքին ու կարգին: Հնազանդ, օրինապահ, եւ հաւատարիմ սպայ մըն էր մեծ պետութեան մը: Ան շատ լաւ ծառայեց իր կառավարութեան:
Յանցանքի զգացումէ շատ չէր խանգարուած: Չեմ լսած, թէ ան հոգեմարմնական որեւէ հիւանդութիւն ունէր: Ակնյայտօրէն հանգիստ կը քնանար: Լաւ ախորժակ ունէր, կամ այդպէս կը թուի: Իրաւ է, որ երբ Աուշուից կ՚այցելէր, ճամբարին հրամանատարը՝ Ռուդոլֆ Հէօս, դիւային խորամանկութեամբ կը փորձէր գրգռել իր վերակացուն, եւ զայն վախցնել շարք մը տեսարաններով: Այխման կը խռովէր, ա’յո: Ան կը խռովէր: Նոյնիսկ Հայնրիխ Հիմլէր խռոված էր, եւ ոտքերը թուլցած էին: Գուցէ, նոյնպէս, ընդհանուր վերակացուն պողպատի մեծ գործարանի մը խռովէր պիտի՝ եթէ իր հոն գտնուած ատեն արկած մը պատահէր ներսը տեղ մը: Բայց, անշուշտ, Աուշուիցի մէջ ինչ որ եղաւ՝ արկած մը չէր. առօրեայ գործի լոկ սովորական տխուր դէպք մը չէր: Մարդ պէտք է ուսերուն վերցնէր առօրեայ բեռը հայրենիքի համար միօրինակ գործի: Այո՛, մարդ պէտք է անհանգստութեամբ եւ նոյնիսկ սրտխառնուքով տառապէր անտանելի տեսարաններէն եւ աղաղակներէն: Այն ամենը կու գան պարտականութեան, անձնազոհութեան եւ հնազանդութեան գլխուն տակ: Այխման նուիրուած էր իր պարտականութեան եւ հպարտ էր իր ասպարէզով:
Այխմանի հոգեկան առողջութիւնը խռովիչ է: Մենք հոգեկան առողջութիւնը կը հաւասարեցնենք արդարութեան, մարդկայնութեան, խելամտութեան, սիրելու կարողութեան եւ ուրիշները հասկնալու իմաստի մը: Մենք հոգեկան առողջութիւն ունեցող մարդոց կը վստահինք աշխարհի պահպանութիւնը բարբարոսութենէ, խենթութենէ, կործանումէ: Եւ հիմա մեզի կը յայտնուի, թէ ճիշդ այդ հոգեպէս առողջներն են ամենէն վտանգաւորները:
Հոգեպէս առողջներն են, իրենց կացութեան լաւ յարմարածներն են, որոնք կրնան առանց երկմտանքի եւ առանց սրտխառնուքի հրթիռները ուղղել եւ կոխել կոճակները՝ տալով մեկնակէտը կործանումի տօնախմբութեան, զոր իրենք՝ առողջները պատրաստած են: Մեզ ի՞նչը այնքան վստահ կը դարձնէ, ի վերջոյ, թէ վտանգը կու գայ հոգեհիւանդէ մը, որ ձեռք կը ձգէ դիրք մը՝ կրակելու հիւլէական պատերազմին առաջին հարուածը: Հոգեհիւանդները պիտի կասկածուին: Առողջները զանոնք հեռու պիտի պահեն կոճակէն: Ոչ ոք կը կասկածի առողջներուն, եւ անոնք պիտի ունենան կատարելապէս արդար պատճառները, տրամաբանական եւ շատ լաւ պատշաճեցուած պատճառները՝ կրակը արձակելու: Անոնք պիտի հնազանդին առողջ հրամաններու, որոնք հրամանատարական առողջ հոգեկանութեան շղթայով վար իջած են: Եւ իրենց հոգեկան առողջութեան պատճառով՝ երբեք որեւէ երկմտանք պիտի չունենան: Արդ, երբ հրթիռները արձակուին պիտի ուղղուին դէպի ճշգրիտ թիրախները:
Այլեւս չենք կրնար ենթադրել, թէ քանի մէկը «հոգեպէս առողջ» է, ուրեմն՝ «արդարամիտ» է: Ընկերութեան մը մէջ, ուր հոգեւոր արժէքները կորսնցուցած են իրենց իմաստը՝ հոգեկան առողջութեան ամբողջ յղացքը անիմաստ է: Մարդ հոգեպէս առողջ կրնայ ըլլալ սահմանափակ առումով մը, այսինքն՝ չի խանգարուիր իր խառնիխուռն յուզումներէն, եւ կը գործէ անվրդով, ըստ կարգին, ներդաշնակ ընկերային իր իսկ կացութեան կարիքներուն եւ պահանջքներուն: Ան կրնայ կատարելապէս ինքզինք «յարմարցուցած» ըլլալ իր ընկերային կացութեան: Աստուած գիտէ, գուցէ այսպիսի մարդիկ կրնան կատարելապէս իրենք-զիրենք յարմարցնել նոյնիսկ դժոխքին մէջ:
Եւ արդ, ես ինծի հարց կու տամ. Ի՞նչ է իմաստը հոգեկան առողջութեան յղացքի մը, որ կը վանէ սէրը, զայն անվաւեր համարելով, եւ կը քանդէ մեր կարողութիւնը սիրելու այլ մարդիկ, պատասխանելու անոնց կարիքներուն եւ անոնց տառապանքներուն, զանոնք ճանչնալու որպէս անձեր, անոնց ցաւերը ընդունելու որպէս սեփական ցաւեր: Ակնյայտօրէն, ասիկա երբեք անհրաժեշտ չէ «հոգեկան առողջութիւն» յորջորջուածին համար: Ասիկա կրօնական իմացք մըն է, հոգեւոր իմացք մըն է, քրիստոնէական իմացք մըն է: Ի՞նչ է մեր շահը «հոգեկան առողջութիւն»ը հաւասարեցնելու «Քրիստոնէութիւն» որակուածին հետ: Բացարձակապէս ոչինչ, ակնյայտօրէն: Յոռեգոյն սխալը երեւակայելն է, թէ քրիստոնեայ մը պէտք է փորձէ ամեն մարդու նման հոգեպէս առողջ ըլլալ, թէ մենք՝ քրիստոնեաներս կը պատկանինք մեր տեսակի, այսինքն՝ հոգեպէս առողջ ընկերութեան. թէ պէտք է անոր մասին «իրատես» ըլլանք: Պէտք է զարգացնենք հոգեպէս աոողջ քրիստոնէութիւն մը. եւ թէ՝ անցեալին մեծաթիւ հոգեպէս առողջ քրիստոնեաներ եղած են:
Տանջանքը նորութիւն մը չէ, այդպէս չէ՞: Քիչ մը ուղեղ լուալու եւ ցեղասպանութիւն բանականացնելու ի վիճակի պէտք է ըլլանք, եւ տեղ մը ճարենք մեր բարոյական աստուածաբանութեան մէջ հիւլէական պատերազմին, կամ գոնէ՝ նափալմ ռումբերու գործածութեան համար: Անկասկած, մեզմէ ոմանք արդէն մեր լաւագոյնը կ՚ընեն այդ անդունդեզրերու երկայնքին: Կան յոյսեր…: Նոյնիսկ քրիստոնեաները կրնան թափ տալ բարեսիրութեան մասին իրենց զգացական նախապաշարումներուն եւ կրնան առողջ հոգեկան ունենալ նման Այխմանի: Կրնան նոյնիսկ կառչիլ քրիստոնէական որոշ բանաձեւերու ցանկի մը եւ զանոնք յարմարցնել Ամբողջատիրական Գաղափարաբանութեան մը: Թող անոնք խօսին արդարութեան, բարեսիրութեան, սիրոյ եւ մնացեալի մասին: Այս բառերը չեն զսպած կարգ մը առողջ հոգեկանով մարդիկ, որ հոգեկան կատարեալ առողջութեամբ եւ ճարպիկօրէն գործէին անցեալին…
Ոչ, Այխման առողջ էր հոգեկանով: Համաշխարհային Բ. պատերազմին, երկու կողմերու հրամանատարները եւ կռուողները, անոնք, որոնք ամբողջ քաղաքներ հիմնայատակ քանդելու վրայ եղած էին՝ հոգեպէս առողջներ էին: Անոնք, որ հնարած եւ զարգացուցած էին ատոմային ռումբերը, ջրածնային ռումբերը, հրթիռները. Անոնք, որ ծրագրած էին յաջորդ պատերազմին մարտավարութիւնը. անոնք, որ հաշուարկած էին բազմազան կարելիութիւնները մանրէաբանական եւ քիմիաբանական հետեւանքներուն. ասոնք բոլորը խելացնոր մարդիկ չէին, այլ էին հոգեպէս առողջներ: Անոնք, որ պաղարիւնութեամբ հաշիւը կ՚ընեն, թէ հիւլէական պատերազմի մը մէջ քանի միլիոն մարդ կարելի է բնաջնջել, կը կարծեմ, որ անոնք շատ լաւ կ՚ընեն Ռորշախեան մելանաճապաղոյթներու(3) հետ եւս: Միւս կողմէ, հաւանաբար պիտի հանդիպինք այն կարծիքին, թէ խաղաղապաշտները եւ ռումբերու արգիլման համար պայքարողները շատ լրջօրէն խելագարներ են, ինչպէս կը կարդանք «Time»ի մէջ:
Կը սկսիմ գիտակցիլ, թէ «հոգեկան առողջութիւնը» այլեւս արժէք մը չէ կամ ինքնիրմէջ վախճան մը: Արդի մարդուն հոգեկան առողջութիւնը գրեթէ այնքան օգտակար է իրեն՝ որքան հսկայ զանգուածը եւ մկանները դինոզորին: Եթէ արդի մարդը քիչ մը նուազ առողջ ըլլար հոգեպէս, քիչ մը աւելի՝ կասկածող, քիչ մը աւելի արթնատես իր անհեթեթութիւններուն եւ հակասութիւններուն, գուցէ կարելիութիւն մը ըլլար անոր վերապրումին: Բայց եթէ հոգեպէս առողջ է, շատ առողջ…, գուցէ պէտք է ըսենք, թէ ընկերութեան մը մէջ, որպիսին է մերը՝ յոռեգոյն հոգեկան անառողջութիւնը՝ ըլլալն է կատարելապէս առանց անձկութեան, կատարելապէս «առողջ հոգեկանով»:

Թարգմ. Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԷՆ

1— Գրութիւնը՝ հեղինակին «Raids on the Unspeakable» գիրքէն:

2— Ադոլֆ Այխման Հրէական ողջակիզումին դահիճներէն էր, որ յաջողած էր Արժանթին փախչիլ: Հրէական գաղտնի սպասարկութիւնը զինք առեւանգելով տարաւ եւ կեցուց Իսրայէլի Գերագոյն ատեանին առջեւ: Յետ դատավարութեան՝ ան մահապատիժի ենթարկուեցաւ 1962-ին:

3— Ռորշախեան մելանաճապաղոյթներ (Rorschach inkblots): Հերման Ռորշախ հեղինակն է մելանաճապաղոյթներով քննութեան: Անոնցմով կը քննուին անձնաւորութեանց յուզաշխարհի, երեւակայութեան եւ գիտակցութեան տարածքները՝ հասնելու համար հոգեկան հիւանդութիւններու ախտաճանաչման:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *