Մովսէս Ծիրանի
Երեւան, մայիս 1975
Այդ օրերուն Օպերայի մօտ Շարա Տալեանի բնակարանը կ՚ապրէի վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց.
—Արի՛ Մովսէս ջան, էլի էդ «նագլի» մարդն է զանգում:
Այդ «նագլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր:
—Ասա՛ Հրանդ ջան, լսում եմ:
—Վեր կաց արի՛, քեզ համար լաւ անակնկալ կայ:
—Հէնց հիմի՞, ժամը ութը անց է արդէն:
—Այո, հէնց հիմի:
—Լաւ Հրանդ ջան, բայց կարող է մի քիչ ուշանամ, ընկեր-ընկերուհիներ կան մօտս, ճանապարհեմ… կը գամ:
—Մի ուշացի, որովհետեւ այստեղ Պէյրութից մի տաղանդաւոր գեղեցկուհի է քեզ սպասում:
—Ո՞վ է, ես ճանաչու՞մ եմ…
—Յայտնութիւն է…, արի կ՚իմանաս…
Նման պարագաներու Հրանդը կատակելու սովորութիւն չունէր: Ընդհակառակը. թէ՛ ժլատ էր եւ թէ՛ զուսպ իր արտայայտութիւններուն մէջ: Զգացի որ այդ պահուն Հրանդը խանդավառուած է «գեղեցկուհի»-ով եւ անմիջապէս գացի: Վեհանոյշ Թեքեանն էր. անձամբ չէի ճանչնար, սակայն իր քանի մը բանաստեղծութիւնները կարդացած էի ու տպաւորուած: Պարզուեցաւ, որ ծանօթ էր եղբօրս՝ Պետիկին (Պետրոս Հերեանին) եւ անոր գրականութեան: Հազիւ սկսանք զրոյցի, ժամանեց նաեւ գրականագիտութեան դոկտ. Սուրէն Աղաբաբեանը կնոջ հետ: Հակառակ անոր, որ Հրանդը բարձր գնահատականով ու լաւ կերպով ներկայացուց Վեհանոյշը, Աղաբաբեանի ներկայութիւնն ու չոր կեցուածքը որոշ պաշտօնականութիւն մը կը հաղորդէին մեր զրոյցին, որուն թեման բնականաբար գրականութիւնն էր, իսկ առանցքը՝ Վեհանոյշը: Յամենայնդէպս, Հրանդի բարձր տրամադրութիւնն ու կնոջ՝ Վերժինէի սրտբաց վերաբերմունքը որոշ չափով ջերմացուցին մթնոլորտը եւ վերջաւորութեան ես համարձակութիւն ունեցայ Վեհանոյշին ըսելու.
—Եթէ որեւէ բանի պէտք ունենաս, խնդրեմ հեռաձայնէ եւ ես պատրաստ եմ օգնելու։
—Բարեբախտաբար օգնողներ շատ ունիմ, սակայն անհրաժեշտութեան պարագային կը հեռաձայնեմ…
Շաբաթ մը ետք Ռազմիկ Դաւոյեանը կանխելով Վեհանոյշին, զանգեց.
—Մովսէս ջան՝ վաղը երկոյեան գործ ունե՞ս:
—Ունեմ, թատրոն եմ գնալու:
—Մի՛ գնա, էստեղ արի, աւելի լաւ թատրոն է լինելու:
—Ի՞նչ կայ, ասա Ռազմիկ ջան, արժի՞ որ գամ, ուրիշ ո՞վքեր են լինելու:
—Մերոնք են, օտար մարդ չկայ, Վեհանոյշն է գալու, դուք արդէն ծանօթացել էք Հրանդի մօտ:
Ես կատակով ըսի.
—Որ այդպէս է, անպայման կը գամ, բայց ոչ թէ քո, այլ Վեհանոյշի «խաթեր»:
Ռազմիկը իրեն յատուկ «լկտի» առոգանութեամբ ըսաւ.
—Արի՛, յետոյ կ՚իմանաս ո՞վ ու՞մ «խաթեր» համար է գալիս…
Յաջորդ օրը գացի, հոն էին նաեւ Մ. Գուշաքճեանը եւ Յակոբ Յակոբեանը կնոջ՝ Մարիին եւ դստեր՝ Նորայի հետ: Շնորհիւ Ռազմիկի յախուռն ու սրամիտ բնաւորութեան եւ կնոջ՝ Յասմիկի ասպնջական ընդունելութեան, երեկոն մտերմիկ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ անցաւ:
Պէյրութ, ամառ 1978
Շատ լաւ կը յիշեմ, Վեհանոյշենց բնակարանը «Զալքա» թաղամասի «Լը Լա Լէ» վաճառատան վրան էր: Յատուկ առիթով մը Վեհանոյշը հրաւիրած էր նաեւ զիս: Պօղոս Սնապեանը խորհուրդ չտուաւ որ երթամ… բայց ես գացի եւ ճիշդ ըրի: Ընդունելութիւնը փառաւոր էր: Այդ օրերուն դիւրին չէր այդքան մարդ հաւաքել եւ այն ալ բոլոր քաղաքական հոսանքներէն, յարանուանութիւններէն յայտնի դէմքեր: Շատ չանցած հաւաքոյթը կիսապաշտօնական բնոյթ ստացաւ…: Երբ ներկաներուն տրամադրութիւնները բարձրացան ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, եղան բաժակաճառեր, արտասանութիւններ նաեւ երգեր: Վեհանոյշը, զսպուած յուզումով յանդուգն «ճառ» մը արտասանեց, աւելի ճիշդը ինքնաբուխ ու «ցաւատանջ» պոռթկում մը ունեցաւ, շեշտը դնելով Սփիւռքի ճգնաժամային խիստ կացութեան ու մեր ազգային անմիաբանութեան մտահոգիչ հարցի վրայ: Իրաւութեամբ համակուած անոր խօսքը, ուղղակիօրէն մեր սերունդի սրտէն կը բխէր, եւ միաժամանակ կ՚արտայայտէր բռնի ուժով սփիւռքացած հայու տագնապներն ու տուայտանքները: Ես չափազանց ազդուած էի եւ այնքան յուզուած, որ ուրիշներու նման չկրցայ անմիջապէս մօտենալ ու շնորհաւորել զինք: Սակայն մեկնելէ առաջ ոչ միայն շնորհաւորեցի, այլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն, ոչ այնքան ջերմ ընդունելութեան, որքան քաջաբար արտայայտած իր մտքերուն համար:
Յաջորդ օրերուն, երբ դարձեալ Սնապեանին հանդիպեցայ, ըսաւ.
—Է՜, ինչպէ՞ս էր, ձեր «կերուխումը» լաւ անցա՞ւ:
—Հաւաքոյթը «կերուխումէ» աւելի, ազգային գրական երեկոյի բնոյթ ստացաւ, որ հոյակապ էր:
—Շատ մարդ կա՞ր:
—Այո, հակառակ անոր որ համեմատած այլ բնակարաններու, հիւրասրահը բաւականին ընդարձակ էր… լեցուն: Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մեր սերունդի մտաւորականներէն քիչեր միայն կը բացակայէին, իսկ երէցներէն Եր. Փամպուքեանն ու Գր. Շահինեանը միայն ներկայ էին.:
—Իսկ Վեհանո՞յշը…
—Բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ, թէ տաղանդաւոր է եւ թէ ազգային ցաւերով տագնապող բանաստեղծուհի մը: Այս առումով Վեհանոյշը մեր սերունդի իրաւութեան մարմնացումը կը թուի ըլլալ: Ես հիացած եմ…
—Շատ մի հաւատար, այդ տեսակները կամ մինչեւ ամուսնութիւն կը գրեն, եւ կամ ալ եթէ չամուսնանան թէեւ կը շարունակեն, սակայն կը խուսանաւեն ծանծաղ ջուրերու մէջ:
—Կը կարծեմ թէ Նազ Տէր Սարգսեանն ու մանաւանդ Վեհանոյշ Թեքեանը փայլուն ապագայ կը խոստանան: Հարկաւոր է գուրգուրալ ու քաջալերել զիրենք:
—Նայի՛ր Մովսէս, դուն օտար չես, «Բագին»-ի խմբակի պարագային իմ ըրածս ի՞նչ է: Ամեն ինչ կ՚ընեմ, որ տեղ հասնին, բայց ի զուր…: Կին գրողներու վրայ շատ յոյս մի դներ…:
—Ես այս գաղութին մէջ նորեկ եմ, բոլորը չեմ ճանչնար, եւ ոչ ալ քու փորձառութիւնդ ունիմ, չեմ կրնար հակաճառել, սակայն ինծի համար Վեհանոյշն ու Նազը արդէն իսկ կայացած գրողներ են: Եւ նկատի առ, որ Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյանի նման դէմքեր եւս Վեհանոյշի գրականութեան մասին շատ բարձր կարծիք ունին:
—Այնուամենայնիւ ապագան ցոյց կու տայ որ չեմ սխալած…
Սնապեանը բոլովին չէր սխալած, լիբանանահայ կին գրողներէն շատեր մնացին միջակ հարթակներու վրայ, նոյնիսկ անոնք որոնք ինք «յատուկ» կը շարունակէր քաջալերել, իսկ տաղանդաւորներէն ոմանք պարագաներու բերումով դադրեցան գրելէ: Սակայն եղան նաեւ Մարուշի, Շուշիկ Տասնապետեանի եւ կամ Սեդա Գրիգորեանի նման կիներ, որոնք թէ տաղանդ ունին եւ թէ կը շարունակեն գրել, հակառակ տիրող խիստ աննպաստ պայմաններուն: Իսկ Վեհանոյշի պարագային պարզ է որ կը սխալէր… անոր բարձրորակ եւ պատկառելի վաստակը վկայ, որ ան «Արեւուն գնդակահարելու» յանդգնութեամբ օժտուած ու ի վերուստ «անիծուած» գրելու մոլուցքով, կը շարունակէ տակաւին պատնէշի վրայ մնալ ու «Ապրիլ անմահութեան թոյնով»…
Պէյրութ, «Ազդակ»
Վեհանոյշ ջան,
Քիչ կը պատահի որ կարեւոր հանդիպումներու վայրը կամ թուականը մոռնամ…: Գուցէ դուն յիշես թէ ե՞րբ էր եւ ու՞ր հանդիպեցանք պատահաբար, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մուտքի՞ն, թէ՞ ուրիշ վայր մը…: Ես ներս պիտի մտնէի, դուն դուրս կ՚ելլէիր ընկերուհիի մը ընկերակցութեամբ: Թէեւ ես տրամադրուեցայ ողջագուրուելու, սակայն կարծես թէ մէկը զսպեց զիս ու միայն ձեռնուեցանք… իրարու նայեցանք… դուն ըսիր.
—Վեհանոյշն եմ …. Վեհանոյշ Թեքեանը…
Չպատասխանեցի… աւելի ճիշդը չկրցա’յ պատասխանել: Դուն անգամ մը եւս շեշտեցիր.
—Վեհանոյշն եմ, չե՞ս ճանչնար…
Մինչեւ որ ինքզինքս հաւաքեմ ու պատասխանեմ, դուն քեզ ընկերացող կնոջ դառնալով ըսիր.
—Քալէ քալէ, չճանչցաւ…
Հազիւ ինքզինքս գտած, պիտի պատասխանէի… արդէն հեռացաք…:
Սիրելի Վեհանոյշ,
Չկրցայ պատասխանել, որովհետեւ կայծակի նման ուղեղիս մէջ արձագանգեց այն օրուան խիզախ ելոյթդ…: Այո, այդ պահուն յուզուեցայ, ոչ թէ անոր համար որ կը հանդիպէի մտերիմի մը, կամ նախկին ընկերուհիի մը, այլ անոր համար, որ այդ օրերուն ինչքան համահունչ էին քու ցաւատանջ մտահոգութիւններդ..:
Ի դէպ, իմ յանպատրաստից «յուզումս» տարօրինակ ու անբնական չթուի քեզի: Շատեր կը կարծեն թէ ըրածս դերասանութիւն է, բայց այդպէս չէ: Նոյնիսկ դասախօսութիւններու եւ կամ հարցազրոյցներու ընթացքին յաճախ կը յուզուիմ…: Այս մէկը ընտանեկան «թուլութիւն» մըն է, որուն վարժուած են բոլոր ընկերներս, ծանօթներս ու նոյնիսկ ուսանողներս…: Հայրս՝ Որսորդ Սըդդանը, երբ «Կռունկ»-ի կամ «Ծիրանի ծառ»-ի նման որեւէ եղանակ լսէր ոչ միայն կը յուզուէր, այլեւ երբեմն նոյնիսկ կը հեծկլտար: Երբ մայրս կը բարկանար իր վրայ, «իմ ձեռքս չէ» կ՚ըսէր: Իմ պարագային ալ… աղուոր աղջիկ, վստահ եղիր որ այդ օրը «իմ ձեռքս չէր»…
Երեւան, Անտառային թաղամաս, յունիս 2018
Էլոյին հետ հրաւիրուած էինք Դոկտ. փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեանի բնակարանը, ուր ներկայ էին նաեւ նախկին ծանօթներէս Ճարտարապետ Վազգէն Բրուտեանն ու Պէյրութի հին ընկերներէս Յարութիւն Մատէնեանը: Քիչ անց ներս մտաւ նաեւ միջահասակ, սակայն թիկնեղ անձնաւորութիւն մը: Դոկտ. Արմէնեանը ծանօթացուց.
—Դոկտ. փրոֆ. Արա Թեքեանը, թէեւ ինք եւս նշանաւոր է իբրեւ մանկավարժ բժիշկ, սակայն յաճախ կը ճանչցուի իբրեւ Վեհանոյշ Թէքեանի եղբայրը:
Ես անմիջապէս պատմեցի Վեհանոյշի հետ հանդիպմանս «ձախորդ» պատմութիւնը եւ աւելցուցի.
—Աստուած գիտէ թէ Վեհանոյշը այդ պահուն ի՞նչ մտածեց իմ մասին…
—Հոգ մի ըներ, ես ալ հինգ քոյրերուս մէջ միակ տղամարդն եմ եւ յաճախ կը շփոթեմ զիրենք… ու չեն հասկանար զիս: Սակայն վստահ եղիր որ Վեհանոյշը եթէ լսէ բացատրութիւնդ, ճիշդ պիտի հասկանայ քեզ: Ես կը խօսիմ իրեն…
Այդ օր մենք շատ հաճելի եւ շահեկան զրոյց ունեցանք: Բժշկութենէն անցանք գրականութեան, ես յիշեցի նաեւ Վեհանոյշի «ցաւատանջ» ելոյթը, որ դժբախտաբար կը շարունակէր «թարմ» մնալ այդ օրերուն իսկ…: Յետոյ անցանք գեղանակարչութեան, եւ ամենակարեւորը՝ առիթ ունեցանք դիտելու նաեւ դոկտ. Արմենեանի ջրանկարչական աշխատանքներէն շարք մը, որոնք տաղանդաւոր ու կայացած արուեստագէտի մը արգասիքը կ՚ենթադրեն:
Վերջաւորութեան Արան հեղինակին կողմէ մեզի (Էլոյին եւ ինծի) նուիրեց Վեհանոյշին նոր հրատարակուած երկու պատկառելի եւ գեղատիպ հատորները՝ «Սփիւռքապատում» եւ «Սփիւռքագիր», զորս տարի եւ փոխանակ գրադարանիս մէջ զետեղելու եւ մոռնալու, ինչպէս յաճախ կ՚ընեմ, դրի գրասեղանիս: Հակառակ անոր, որ երկար տարիներէ ի վեր արուեստով կը զբաղիմ եւ գրեթէ գրականութիւն չեմ ընթերցեր, օրեր ետք չկրցայ դիմանալ գայթակղութեան ու սկսայ թերթատել զանոնք ու… բռնուեցայ: Բանաստեղծութիւններէն ոմանք կարծես թէ այսօր գրուած ըլլային:
Վեհանոյշ ջան,
Եթէ ըսեմ որ երկու հատորներն ալ լրիւ կարդացի, մի հաւատար, սակայն եթէ ըսեմ որ շարք մը պատմուածքներ ու բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ ընթերցեցի… հաւատա՛: Այնուամենայնիւ, սակայն ես չէ, որ պիտի գնահատեմ գրական վաստակդ, այլ սկսեալ Շահան Շահնուրէն, Գուրգէն Մահարիէն մինչեւ Ալեքսանդր Թոփչեանի ու Հենրիկ Էդոյեանի նման դժուարահաճ դէմքեր գործդ արժեւորած են ու բարձր գնահատանքներ արձանագրած են քու հասցէին…:
Անոնք չեն սխալած…
Երեւան, մարտ 2023