Բժ. Օհան Թապաքեան
Դիւցազնավէպերը նպատակ ունեցած են սերունդներուն ներշնչել գեղեցիկին, ճշմարիտին ու հերոսականին գաղափարը ու ապագայ սերունդներուն մօտ ստեղծել գեղեցիկ ու հերոսական գործերու ձգտումը: Առասպելները կը ծառայեն երեւան հանելու ժողովուրդի մը կամ հաւաքականութեան մը նկարագրին յատկանշական գիծերը, ու որեւէ պատմութիւն չի կրնար զերծ մնալ այն հիմնական խաւէն, որ կը կոչուի առասպել, աւելի լայն բացատրութեամբ դիցաբանութիւն:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ տարիք մը կայ, ուր ամեն ինչ զգացում է ու պատկեր. կայ ուրիշ տարիք մըն ալ, ուր ամեն ինչ խորհրդածութիւն է ու հետաքրքրութիւն: Առաջինը առասպելներու շրջան է, երկրորդը այն շրջանն է, ուր աստուածներն ու առասպելական հերոսները կը մեռնին, ու ամեն արդիւնք կ’ենթարկուի գիտական հետազօտութեան: Հայ գրականութեան մէջ առասպելներ են Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթը», «Թմկաբերդի առումը», Իսահակեանի «Սասնայ ծռերը», «Աղա Նազարը» եւայլն:
Այլ ժողովուրդներ ունեցած են իրենց իւրայատուկ առասպելները. ֆրանսացիք ունեցած են իրենց «յարդէ պուպրիկ»ը, որ իր մոգական ցպիկով անհաւատալի հրաշքներ կը գործէր ամենուրեք. նոյնպէս դարեր առաջ Պրազիլիոյ բնիկ հնդիկները (bororo) ունեցած են իրենց առասպելները, որոնցմէ մին կը նշէր, որ ժամանակին լուսինն ու արեւը կը գտնուէին պրազիլիական հողի վրայ. օր մը անոնք ծարաւ ըլլալով այցելութիւն կու տան հազարաւոր թռչուններէ բաղկացած խումբի մը, որոնք հսկայ տակառի մը մէջ ջուր կը պահէին: Առանց թռչուններուն հաւանութիւնը առնելու, արեւը կը վերցնէ տակառը, սակայն սխալ շարժումով մը ան գետին իյնալով կը փշրուի զայրացնելով թռչունները. արեւն ու լուսինը փախուստ տալով կ’ապաստանին հիւղակի մը մէջ: Արեւը սարսափէն կը տաքնայ. թռչունները տաքը փարատելու համար կը թափահարեն իրենց թեւերը, ստեղծելով գերբնական հովի ալիքներ, որոնք արեւն ու լուսինը կը բարձրացնեն երկինք, ուր կը գրաւեն իրենց ներկայ դիրքերը:
Ճաբոնցիները նոյնպէս ունին իրենց առասպելները. ըստ անոնցմէ մէկուն աստուածային զոյգ մը արձակած է երկար նետ մը, որ իյնալով ծովուն մէջ ստեղծած է ճաբոնական կղզիները:
Հէքեաթները ժողովրդական ստեղծագործութիւններ են, ու առասպելական առանցքը կը կազմէ անոնց հէքեաթին մէջ հետապնդուածը բարիին յաղթանակն է չարին: Ան խոնարհ խաւերուն սիրելի գրական սեռ մըն է, որ կը կազմէ կորիզը մանկական գրականութեան: հէքեաթին մէջ իրականութենէն աւելի կը փնտռուի հրաշապատումը: Ան առասպելականը ունենալով սեւեռակէտ կը հետապնդէ ունկնդիրներուն վրայ ազդելու նպատակ: հէքեաթները երեւակայական պատմութիւններ են, որոնց հերոսները եղած են ոգիներու, չարերու ու կախարդներու դէմ մաքառող քաջեր: Հէքեաթը դարեր ամբողջ մնացած է մարդկային հոգին յափշտակութիւններու կապող ստեղծագործութիւն:
Բուշկինի հէքեաթները ռուսական գրականութեան մէջ, ինչպէս հազար ու մէկ գիշերներու հէքեաթները արաբական գրականութեան մէջ մնայուն գրական գոհարներ են:
Հայ գրականութեան մէջ հէքեաթներ են Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթը», «Քաջն Նազարը» ու նաեւ «Կաթիլ մը մեղրը», որուն նիւթը Թումանեան 13-րդ դարու գրագէտ Վարդան Այգեկցիէն առնելով, զայն մշակած է ու վերածած գրական գոհարի: Աւետիք Իսահակեանի հեղինակած «Սասնայ ծռերը» նոյնպէս հայ ֆոլքլորը ճոխացնող այլ գոհարներ են:
Հերոդոտոսէն առաջ պատմութիւնը բանաստեղծութիւն էր լայն չափով Հերոդոտոսի մօտ առաջին անգամ ըլլաով կը գտնենք պատճառի ու արդիւնքի յարակցութիւնը: Ան հրաշքներու չի հաւատար, կը ժխտէ առասպելը ու կը ջանայ ամեն ինչ բացատրել գիտական տուեալներով, ընդունելով հանդերձ գերբնականին ազդեցութիւնները: Ըստ իրեն աշխարհի վրայ չկայ որեւէ երեւոյթ, որ արդիւնքը չըլլայ որոշ պատճառներու. ան չի հաւատար հրաշքներուն, ու իւրաքանչիւր անբացատրելի երեւոյթներուն համար կը փնտռէ գիտական բացատրութիւններ: Փասքալի համար հրաշքը գերբնականն է. որեւէ երեւոյթ երբ բնական ուժի սահմանէն կ’անցնի կը դառնայ հրաշք: Միջին դարուն հրաշք պիտի նկատուէին ելեկտրականութիւնը, օդանաւը, սուզանաւը, հեռապատկերը, ինչպէս նաեւ համացանցը: Փասքալ իր «Pensées» (Մտածումներ) հատորին մէջ կը նշէ հրաշքի երկու տեսակներ — կեղծ եւ իրաւ. երբ ճշմարտութեան կը ձգտի հրաշքը կը կոչուի «իրաւ». երբ ան կը խեղաթիւրէ ճշմարտութիւնը, կը դառնայ «կեղծ»:
Հրաշքները անհրաժեշտ եղած են առաջին տարիներուն. եւ թերեւս քրիստոնեայ պիտի չըլլայի, առանց հրաշքներու, կը խոստովանի հռոմայեցի Օգոստինոս կայսրը. արդարեւ շատեր Քրիստոսի կը հաւատային ի տես անոր գործած հրաշքներուն: Ներկայիս նոր վարդապետութիւն մը պէտք չունի հրաշքի յենարանին. գիտական միտքը այս դարուն հրաշքներ չի փնտռեր հաւատալու կամ չհաւատալու համար. ինչ որ դուրս կը մնայ գիտութեան սահմանագիծէն ենթակայ է կրօնական կամ բնազանցական իմացումներու:
Հրաշքը պատմութեան մէջ մտած է իբրեւ «նիւթ», սակայն բացատրուած չէ իբրեւ երեւոյթ: Հրաշքի գաղափարը մեր պատմիչներուն մօտ ծառայեց ամրապնդելու հաւատացեալի բարեպաշտութիւնը եւ այդ պատճառով մեր պատմութիւնը աւելի շատ վէպ է իր հիմնական գիծերուն մէջ, քան դէպքերու արձանագրութիւն եւ պատճառի ու արդիւնքի կապակցութիւն: Մեր գլխաւոր պատմահայր Խորենացի առաջինը եղած է, որ ճշմարտութիւնը որոնելու համար որդեգրած է տարակուսելու ու բաղդատելու մեթոտը:
Խորենացիի մէջ երկու անձ կայ — նախ պատմիչը, ապա եկեղեցականը։ Իբրեւ պատմիչ՝ ան դէմ է առասպելին ու հրաշքին. իսկ հոն ուր կը միջամտէ եկեղեցականը, ան հաւատաւոր հետեւորդն է Սուրբ Գրքին: Ան կ’ընդունի հրաշքը իբրեւ գաղափար, սակայն սուր երկընտրանքի մը առջեւ կը դնէ ինքզինք. դէմ ըլլալ հրաշքին դաւաճանած պիտի ըլլար եկեղեցականի իր կոչումին, իսկ երկրորդ պարագային մեղանչած պիտի ըլլար պատմական ճշմարտութեան դէմ. ան ջանացած է ձեւով մը հաւասարակշռութեան մէջ պահել եկեղեցականի իր կոչումը եւ պատմագրի իր դերը: Ան պայծառապէս չի հնարեր, կ’ուսումնասիրէ ու կը քննէ. չ’եզրակացներ, կը բաղդատէ, չի հաստատեր, կը տարակուսի, թէեւ իբրեւ բարեպաշտ հաւատացեալ ան հակամէտ է իբրեւ բնական երեւոյթ նկատելու հրաշքը:
Տեղ մը ան կ’ընդունի աշտարակաշինութիւնը, ջրհեղեղը, Նոյան տապանը ու ամեն ինչ որ կը բխի Սուրբ Գիրքէն իբրեւ իսկական պատմութիւն, այլ տեղ մը տարակուսանք կ’արտայայտէ գերբնականին նկատմամբ ու հետամուտ է ճշմարտութեան: Իր շրջանին մեծ աղմուկ հանած էր եւ հրաշք նկատուած մեռեալի մը դագաղէն երկինք բարձրացող լուսեղէն ճառագայթի մը երեւոյթը, սակայն Խորենացի հարցուփորձ ընելով ստուգած է, որ այդ լուսեղէն խաչաձեւ ճառագայթը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ դագաղին վրայ հաստատուած ողորկ արծաթեայ խաչին ցոլացումը օդին մէջ, խաղաղ եղանակին, արեգակին ճառագայթներուն տակ:
Խորենացիի ու այլ պատմիչներու մօտ պատմութեան նկարագիրը աւելի կրօնական է քան զինուորական կամ քաղաքական. հայ ժողովուրդը տեւաբար բացակայ է մեր պատմութենէն. ամենուրեք կ’իշխեն թագաւորները, իշխաններն ու զօրապետները, սակայն ամբոխն ու ստորին խաւը կը փայլին իրենց բացակայութեամբ…:
Փաւստոս հակապատկերն է Խորենացիին. ան զուրկ է քննադատական ոգիէ, կրօնական նեղ հայեացք ունի ու անհաւատալի առասպելներ կը ներկայացնէ իբրեւ պատմութիւն:
Եզրակացնելու համար կարելի է հաստատել, որ հրաշքը մարդկային երեւակայութեան արդիւնք՝ գոյութիւն ունեցած է նախնական ժողովուրդներու մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին, մարդկութիւնը թեւակոխեր է հոլովոյթի նոր շրջաններ, ու քաղաքակրթութեան կնիքը դնելով ստեղծագործութեան մարզին մէջ, դիւցազուններու փոխարէն փնտռած է կենդանի հերոսներ ու տիպարներ:
Մոնթրէալ