Ինքնատպութիւնը երկսայրի սուր է

Բժ. Օհան Թապաքեան

Գրականութեան ինչպէս նաեւ արուեստներու ճիւղերուն մէջ ինքնատպութիւնը կոխուած ուղիներէն շեղում մը կ’ենթադրէ. երբ կ’ըսուի թէ գրագէտ մը կամ արուեստագէտ մը ունի ինքնատիպ ոճ կամ լեզու, կը հասկնանք որ ան ունի գրելու կամ արտայայտուելու ինքնուրոյն եղանակ մը որ կը տարբերի իր ժամանակի ուրիշ հեղինակներու գործելակերպէն: ամեն գրագէտ եւ արուեստագէտ շեղում մը կատարելով կը ջանայ հանրութեան ներկայանալ ու խօսիլ անոր հետ տարբեր լեզուով, որովհետեւ արուեստասէր զանգուածը կը խորշի միօրինակութենէն:
Հարկ է նշել, որ ինքնատպութեան գաղափարը կարեւոր ազդակ է նաեւ կեանքի այլ մարզերուն մէջ. ան մէկ մասնիկը կը կազմէ մարդկային բնութեան: Ճարտարարուեստի, վաճառականութեան ու շատ մը այլ ձեռնարկներու մէջ պատասխանատու մարդիկ տեւաբար ձգտումը ունին տարբերելու իրենց մրցակիցներէն, հասնելու համար աւելի բարձրին ու շահաբերին. սխալ յղացում մը կրնայ պատճառ դառնալ նիւթական կարեւոր կորուստներու ու նաեւ վարկաբեկութեան:
Տաղանդը արուեստի գործերուն մէջ առաջին պայմանն է. Օժտուած գրագէտ մը, եւ կամ արուեստագէտ մը պէտք ունենայ կամքը ուսումնասիրելու իրեն ժամանակակից մեծ հեղինակներու գործերը, յետոյ է որ միայն ան խորասուզուելով իր ներաշխարհին մէջ, գտնէ անհրաժեշտ ուղին ծնունդ տալու նոր, ինքնատիպ արտադրութիւններու:
Նոյն նիւթերուն մէջ արտայայտուած գրութիւն մը, կամ քերթուած մը շատերը կրնան ներկայացնել, սակայն քիչերը միայն իրենց հոգիէն ու անհատականութենէն առանձին խանդ մը դնելով, իրենց գործերը կը դարձնեն ինքնուրոյն, անձնադրոշմ, ինքնատիպ:
Ստեղծագործութեան մէջ քանակը չէ որ արժէք կը ներկայացնէ, այլ որակը. Ճշմարտութիւն մը, որ կը մոռցուի յաճախ դժբախտաբար:
Այնքան ատեն որ ողջ է գրող մը, իր մասին պիտի խօսին ուրիշներ, սակայն երբ իջնէ մահուան վարագոյրը, այդ հետաքրքրութիւնը կը նուազի յաճախ. միջակութիւնները մոռացութեան կը մատնուին ժամանակի ընթացքին ու իրական արժէքները կը մտնեն թանգարան գալոց սերունդներուն ցուցադրուելու համար:
Հարկ է նաեւ շեշտել, որ հրատարակուած գրութիւններու եւ կամ արուեստի գործերուն մէջ քանակը կարեւոր չէ երբեք. կարեւորը որակն է: Հարիւրաւոր գրագէտներ, հարիւրաւոր գործեր ստորագրելէ ետք մոռացութեան մատնուած են իրենց մահէն ալ առաջ, մինչ 19-րդ դարուն ապրած ֆրանսացի Maurice Meterling բանաստեղծը իր քերթուածներու առաջին հատորէն հրատարակեց միայն երեսուներկու օրինակ, զորս նուէր տուաւ իր գրասէր բարեկամներուն, ու այս հատորով իր շրջանին դարձաւ ուշագրաւ դէմք:
Ինչպէս կը տեսնենք տաղանդաւոր արուեստագէտները կը նմանին ցոլքեր արձակող ադամանդներու, որոնք խաւարին մէջ անգամ ցոյց կու տան իր շնորհներն ու արժէքը:
Բոլոր արուեստներուն մէջ ամենէն դժուարինը հանրութեան հետ խօսելու արուեստն է ապահովաբար. ոչ ոք այնքան դժուարահաճ է ու խստապահանջ որքան անձեւ զանգուածը: Գրութեան մը մէջ անձերը չեն որ կը հետաքրքրեն ընթերցողը, այլ ներկայացուած ինքնատիպ գաղափարները: Ինքնատիպ արուեստագէտը համեստ անձ է, խոնարհ, որ իր գրչի ուժով մեղմօրէն կը խօսի, ու բարձր խօսողները պարտաւոր կը զգան հաշուի առնել իր մեղմ խօսքերուն զօրեղ շեշտը:
Բանաստեղծը առիթի ու թուականի պէտք չունի իր հոգիին լաւան ժայթքելու համար. կարեւորը իր հոգիին ցայտքն է ու իր ապրումները:
Գրական գործի մը արժէքը, մասնաւորաբար բանաստեղծութեան պարագային կը կայանայ քիչ բառերով շատ բան ըսելուն մէջ: Ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը. «Ճառագայթը չի թաղուիր», նոյն տրամաբանութեամբ կարելի է հաստատել որ ինքնատիպ գրութիւն մը երբեք չի մոռցուիր:
Գրագէտին մօտ նիւթերուն ընտրութիւնը, իր ինքնատիպ մօտեցումը ու համարձակ պատկերներու գործածութիւնը միաձուլումն են դասականին ու ինքնատպութեան:
Հարկ է շեշտել, որ ինքնատպութեան անունին տակ չափազանցուած ճիգ մը կրնայ վնասել գրողին եւ թէ ընտրած նիւթին: Ինքնատպութեան ախտը շատերը մտահոգիչ գրգիռ մը եղած է. ան յաճախ բարիք ըլլալէ աւելի դարձած է աղբիւր չարիքի, երբեմն նոյնիսկ ծիծաղելի վիճակի մատնելով ոմանք: Գրականութենէն ներս կարգ մը անտաղանդ նորերու կողմէ փորձուած բանաստեղծական արտառոցութիւնները կը մնան տխուր վկայութիւն այս իրականութեան:
Եզրակացնելու համար տեղին է հաստատել որ ճիշդ է այն վարկածը, ըստ որուն ինքնատպութիւնը երկսայրի սուր է. ան տաղանդաւոր արուեստագէտները կը մղէ դէպի վեր մինչեւ անմահութիւն, կը նսեմացնէ ու կը վարկաբեկէ անտաղանդները ծիծաղելի դարձնելով զանոնք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *