Նանոր Աշնա Սնապեան
— Մէկ հատ ալ ամենքս միասին նկարուինք։
— Կեցի՛ր, աս «վալիզը» հանենք աստեղէն։
— Չէ՛ Անահիտ, վալիզն ալ թող մնայ։ Կը նայիս պատմութիւն կ՚ունենայ աս «վալիզը»։
Իմ առաջին հանդիպումս էր այդ գիշեր Հրանդին հետ։ Անահիտին «Ապրումներ» գիրքին գրատօնն էր։ Այս բառն ալ ինքը սորվեցուց։ Շնորհահանդէսը ալ հինցաւ ըսաւ։
Նախ քան ձեռնակը սկսի, երբ վերջին դասաւորումները կ՚ընէինք, հասաւ Հրանդը իր անուաքայլիչով։ Այս բառն ալ ես հնարեցի։ Rollator-ն է, պզտիկ նստարանով , յոգնելու պարագային քալողը կրնայ վրան նստելով դադար մը առնել եւ ապա շարունակել։
Բայց Հրանդին պարագային յոգնութիւն չկայ ըստ երեւոյթի։ Նստարանին վրայ, ինչ ալ չափաւոր, տեղաւորած էր «վալիզը»։ Եկաւ տեղաւորւեցաւ նստարանին, ընդունեց հին բարեկամներու ողջոյնները եւ բանալով «վալիզը» մէկ մէկ մակագրելով գիրք նուիրեց իր բարեկամներուն։
Մեզ ծանօթացուցին։
— Նանորը այսօրուան հանդիսավարն է։
— Ուրախ եմ։ Դուն ու՞ր ծնած ես։
— Թեհրան։
— Լաւ է արեւելահայերէնը չես խառներ արեւմտահայերէնին։
— Այո, որովհետեւ պատանութիւնս Լիբանան անցուցած եմ՝ Այնճար, յետոյ Պէյրութ։
— Մականունդ ի՞նչ է։ Սնապեան-Լիպարեան։
Եւ հոս անշուշտ միշտ զարմանքի արտայայտութիւն։
— Այո Պօղոս Սնապեանը հօրեղբայրս է։
— Սնապեանը պահէ։ Ամենայիմար բանն է մականուն փոխելը։ Իմ տիկինս բժշկուհի էր։ Ես երբէք չեմ ուզած որ իմ մականունս գործածէր։
Այո, Սնապեանը կը պահեմ անշուշտ։ Աշնան ալ կը պահեմ։ Ի վերջոյ անձնագրիս մէջ նշուած անունս է։ Բայց ամուսինս կ՚ուզէ որ անպայման Լիպարեանն ալ նշուի։ Երեւի կ՚ուզէ հպարտանալ ինծմով, կամ ալ ինքն իրմով…
— Կը գրե՞ս։
— Ո՛չ ես գրող չեմ։ Գրասէր եմ պարզապէս։
Անկեղծանամ, գրասէր ալ չեմ այդքան։ Այս օրերուն Netflix-ը զիս աւելի կը հետաքրքրէ քան ընթերցումը։
Եւ այս պահուն դարձեալ «վալիզը» բացաւ, ու հատ մըն ալ «Յակոբ Օշական՝ թատերագիրը» գիրքէն մակագրեց՝ «Նանոր Սնապեանին, Հրանդ, նոյեմբեր 6, 2025։
Ուրիշ բարեկամներ մօտեցան զինք բարեւելու եւ մեր խօսակցութիւնը ընդհատեցաւ։
Այսպէս ալ 8:05-ին չսկսաւ ձեռնակը ինչպէս նախատեսուած էր։ Իբր թէ հայկական ժամադրութեան սովորութեան դէմ պայքարելու համար 8-ի փոխարէն 8:05 յայտարած էինք որ ճիշդ 8:05-ին ալ սկսէինք։
Ձեռնարկին ժամանակ նախքան զինք բեմ հրաւիրելս կարդացի իր տիտղոսները, շքանշաններուն շարանը։ Երբ բարձրախօսին ետեւ անցաւ, ես Հրանդն եմ ըսաւ։ Այդ բոլորին պէտք չկայ։ Ատոնք մեզի համար չեն։ Ատոնք օտարներու համար են։
Եւ հոն տեսայ ՄԱՐԴԸ, տիրութիւն ընող առաջնորդը։ Ինչ որ մեզի կը պակսի շա՜տ։
Համո՜վ հոտով Անահիտին «Ապրումները» ներկայացնելէն յետոյ, այդ նոյն «վալիզ»ին մէջէն հանեց բաժնելիք նուէրները: Անահիտին, մօրը՝ Ազնիւին, մեկենասին՝ Ռաքէլին, ամուսինին՝ Վարուժին։
Նուէրներու բաժինը քիչ մը երկար տեւեց ըսին յաջորդ օրը…
Ես իմ նուէրս կարդացի։ Յակոբ Օշականի թատերգութիւններուն ուսումնասիրութիւնն է։ Օշական կարդալու հրաւէր մը։ Եւ ոչ միայն։ Օշական կարդալու ընկերակից, հասկնալու ուղեցոյց։
Կարդացի՝ որովհետեւ Հրանդ Մարգարեանէն ձեւով մը անձնական հրաւէր ստացած էի։ Միշտ ալ մարդով աւելի հետաքրքրուած եղած եմ քան գրողով։ Այսպիսով, ամեն ինչէն անկախ, Հրանդ մարդը զիս գրաւեց։
