Խմբագրակազմիս լոսանճելըսեան ներկայացուցիչ Վիլմա Սարգիսեան մեր ընթերցողներուն առաքած է ստորեւ եւ յաջորդ էջերով տրուած այս բանաստեղծութիւններու շարքը, որ տեղւոյն Մեսրոպեան ազգային վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտները (ուսուցչուհի՝ Արփի Համբարեան) հեղինակած են՝ հետեւութեամբ Եղիշէ Չարենցի վերը տրուած «Կապոյտը» բանաստեղծութեան։
ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆԸ
Արին Սաւոյեան (11րդ- 2024-2025)
Մանիշակագոյնը ազնուականութիւն է,
Մանիշակագոյնը — առեղծուած,
Մանիշակագոյնը — թանկագին գոհար,
Մանիշակագոյնը անվիշտ սրբութիւն:
Մանիշակագոյնը ծաղիկն է հանգիստի
Պարգեւն է նրբութիւն մանիշակ,
Մեծ հայրիկի նարդոսի բուրմունքը,
Անմորուկի թերթիկները մեր հայրենիքին:
Մանիշակագոյնը մոլորակի անյայտն է
Աշխարհը մանիշակագոյն արեւուն ու երկնքի համբոյր,
Սրբազանի թաւշեայ փիլոն,
Մանիշակագոյն — Աստուծոյ աղօթք:
ՍՐՃԱԳՈՅՆԸ
Հայկ Չուքատարեան (12րդ- 2024-2025)
Սրճագոյնը՝ իսկական հողն է մեղմ,
Ծառերուն սրճագոյն ճիւղերը՝ հաստ ու ամուր:
Հացին բոյրն ու ջերմութիւնը
Կը բերէ աշնան անուշ տեսքը:
Սրճագոյնը — աշնան անդորրութիւն:
Սրճագոյնը՝ ոտքիս տակ խշշացող
Հին պատմութիւններ՝ անուշ ու քաղցր:
Երեւանի փողոցներ՝ աշնան լոյսով,
Հացն է սուրբ, հոգի զօրաւոր:
Սրճագոյնը — Հայաստան աշխարհին հին բոյրը:
ՃԵՐՄԱԿԸ
Մեղեդի Չէրչեան (12րդ- 2024-2025)
Ճերմակը մաքրութիւն է,
Ճերմակը — ձնծաղիկ, բամպակ
Հանգիստ ու խաղաղ:
Ճերմակը — ճախրող աղաւնի
Ճերմակը — ծաղկած ձարաշուշանի
Ծաղկաթերթիկներ մետաքսեայ :
Ճերմակը — Փայլուն ու անմեղ
Մարգարիտ, ադամանդ, գաւարզ:
Ճերմակը — պարապ էջ, սպասող գրիչ:
Ճերմակը — հարսի ժանեակ քող
Գետակի պէս մաքուր ու հոսուն,
Ճերմակը — սկիզբ է նոր:
ՃԵՐՄԱԿԸ
Քրիս Պաղտիկեան (11րդ- 2024-2025)
Ճերմակը՝ աշխարհի ծածկոյթ,
Խաղաղութիւնն է մեր սրտին:
Ճերմակը նոր հորիզոն է,
Ձիւն է անբիծ:
Ճերմակը — լռութիւն,
Երիցուկ գեղեցիկ:
Ճերմակը — լուսաւոր ճամբայ
Աստուծոյ սիրով լի,
Անցեալի ցաւն ու վիշտը մաքրող
Երազներու յիշողութիւն՝
Անտես ու մոռցուած:
Ճերմակը լոյսն է ներսէն բխած:
ՃԵՐՄԱԿ
Լորիկ Արթինեան (11րդ- 2024-2025)
Ճերմակը ապրելու խորհրդանիշ է,
Ճերմակը նոր սկիզբ.
Ճերմակը — պարզ, յստակ,
Հանդարտ ու անդորր:
Ճերմակը տարբեր գոյներ ընդունող
Սեղանն է բաց:
Ճերմակը հոգիս սփոփող
Փայլուն լոյսն է աստղերուն:
Ճերմակը հաշտութիւն յայտնող
Դրօշակն է մաքուր:
Ճերմակը — աղաւնին սուրբ
Ճերմակը — Արարատով պարուրուած անարատ խաղաղութիւն:
ԿԱՊՈՅՏԸ
Սօֆիա Փանոսեան (12րդ- 2024-2025)
Երկինքը, ուր երազներ կը թռչին,
Կապոյտն է օրը, քնքուշ ուրախութիւն:
Փսփսացող ալիքը ափին,
Խաղաղ երանգը կապոյտին:
Կապոյտը — թռչուններու երգ, շողեր խաղաղ,
Աշխարհը կը պատկերեն, կեանք լուսաւոր:
Կապոյտը — երեկոյեան տառապանք,
Գաղտնապահ աստղերու գաղտնիքներ կապոյտ:
Կապոյտը — խոր ծով ու լեռ բարձր,
Կապոյտը — Երկրին շուրջ փաթոյթ:
Գոյն տաքուկ, ցուրտ քամի,
Մարդու սրտին մէջ, կապոյտը կ’ապրի:
ԿԱՆԱՉԸ
Լիմ Գալեմքէրեան (11րդ- 2024-2025)
Կանաչը — արտեր լայնածաւալ,
Բնութիւն մեր հայրենեաց,
Կանաչը — բարտի ու սօսի,
Յոյսի ծառեր աւանդական,
Ճիւղեր — զԱստուած փնտռող,
Կապոյտը — երկինք սրբութիւն բուրող:
Կանաչը — պատերազմի դաշտ
Մատղաշ արիւնով ներկուած,
Կանաչը՝ երազներ ու իղձեր,
Հայրենի հողը տուն բերելու փափաք:
Կանաչը — մեր պատմութիւն
Ու ոտքի կանգնելու կամք:
ԴԵՂԻՆԸ
Լուչիա (12րդ- 2024-2025)
Դեղինը — առաւօտեան երկինքէն թափող ցօղ,
Խօսք՝ խնդուքով,
Դեղինը՝ մեծ մօրս մազին փայլքը
Ու սրտեր ջերմացնող ժպիտը,
Դեղինը — բարեկամութիւն,
Բայց նաեւ զգուշութիւն:
Դեղինը՝ նախանձը վանող,
Ու աշխարհը լոյսով ներկող,
Դեղինը — դաշտեր ծաղկեցնող
Ու սիրտեր միացնող:
Դեղինը — ցորենը՝ Յիսուսի Սուրբ հացին,
Ու խորհրդանիշը անմահութեան:
ԿԱՊՈՅՏԸ
Սարին Կուլճեան (11րդ- 2024-2025)
Կապոյստը — ծով ու երկինք,
Լռութիւն ու հանգիստ,
Լուսինն ու երկինքը, զուգահեռաբար
Փայլուն կապոյտը սփռեն:
Կապոյտը – անդորրութիւն,
Կապոյտը — արցունքը երեխայի,
Ուր երազներ կը ստեղծուին:
Մայրամուտը՝ երկինքին ու ծովուն
Կապոյտին կը ծանօթանայ:
Կապոյտը — երազ անմահ,
Փափաքը երեխայի,
Ուր խաղաղութիւնը երկինքը կապոյտ կը ներկէ:
ԿԱՐՄԻՐԸ
Սարին Թէրզեան (11րդ- 2024-2025)
Կարմիրը — կրակը կեանքի,
Կարմիրը՝ զինուորի սէրն հայրենիքի,
Կարմիրը — նահատակի անբիծ արիւն,
Ո՛ւ յաղթանակ, ո՛ւ պարտութիւն:
Կարմիրը՝ մեր նախահայրերուն ներկայութիւն,
Սերունդներուն՝ խաղաղութիւն:
Կարմիրը՝ սիրտ, սիրոյ նշան,
Ուրախութեան պահեր անկեղծ:
Կարմիրը — սրտի սպսսում,
Արեան մէջ շրջող սիրոյ շող:
Սէրը՝ մեր ուղղիչ,
Ու աշխարհը միացնող:
