ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
(Անահիտ Թոփչեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով)
Սիրելի՛ ընթերցող,
Այն ինչ որ թուղթին պիտի յանձնեմ քանի մը անգամ պատմած եմ տարբեր առիթներով, ընդ որում նաեւ Անահիտի եւ Ալիքի ներկայութեան Պէյրութի մեր տան մէջ: Կ՚ենթադրեմ որ Անահիտի ծննդեան 70-ամեակը լաւագոյն առիթն է գրի առնելու մեր ծանօթացման այս տարօրինակ պատմութիւնը:
Սաստիկ ձմեռ էր, ձիւն, բուք ու բորան: Սօս Սարգսեանի գլխաւորութեամբ պիտի հաւաքուէինք Ծաղկաձորի Գրողներու միութեան հանգստատունը: Կարգադրուած էր որ Վարուժան Խտըշեանն ու ես պիտի մեկնէինք Աղասի Այվազեանի ինքնաշարժով: Ան նոր Ժիկուլի ստացած էր, իսկ իր քովը նստած՝ Ստեփան Ալաջաջեանը կոկորդի նոր վիրահատման ենթարկուած՝ կը խօսէր մարդամեքենայի առոգանութեամբ: Վարուժանն ու ես տեղաւորուած էինք ինքնաշարժի ետեւի նստարանը: Խօսակցութիւնը կը դառնար ձմեռուան խստութեան եւ ներկաներու թուաքանակին շուրջ: Ընթացքին յանկարծ Այվազեանը տուաւ նաեւ Անահիտ եւ Ալիք Թոփչեաններու անունները: Վարուժանը նստած տեղը շտկուեցաւ, դիրք բռնեց, ինծի դարձաւ ու արաբերէնով ըսաւ.
—Դուն լուր ունէի՞ր որ Անահիտը ներկայ պիտի ըլլայ:
—Ո՛չ, լուր չունէի:
—Ուրեմն ինծի նայէ, այս գիշեր ռեստորան պիտի երթանք եւ Անահիտը իմ քովս պիտի նստի, հասկցա՞ր:
Ես գիտէի թէ Վարուժանը, իր բեմադրած Նիլ Սայմընի Հանրային պարտէզին մէջ ոտաբոպիկ ներկայացման մէջ, գլխաւոր դերը Անահիտին վերապահած էր, սակայն «հարկադրաբար» ուրիշի մը տուաւ… բնաւ չէի գիտեր որ, այլ հաշիւներ ու այդքան մեծ տկարութիւն ունէր Անահիտին հանդէպ: Զգացի որ այդ օր Անահիտին իր քովը նստեցնելը շատ կարեւոր էր իրեն համար: Հակառակ իր յարձակողական ոճին, հանգիստ ձայնով ըսի.
— Վարուժ, կարիք չկայ կռիւ ստեղծելու, մանաւանդ որ ես հարց չունիմ: Ո՞վ չ՚ուզեր որ Անահիտը իր քովը նստի: Սխալ մի հասկնար: Այո, գեղեցիկ կին է, հմայիչ ու տաղանդաւոր, սակայն ոչ մէկ ծրագիր ունիմ քովը նստելու: Ես միայն բեմէն կը ճանչնամ զինք: Ամուսինը ընկերս է, սակայն առիթ չէ եղած որ ծանօթանամ իր հետ: Ո՛ւր կ՚ուզէ թող նստի: Ես հարց չունիմ:
— Արդէն սկսար, հոս նայիր, իր ներկայութեան դուն քեզ զուսպ եւ կիրթ կը պահես: Աւելորդ պակաս գոմփլիմենթներու կարիքը չկայ… մազերը կարճ են եղեր, երկար են՝ քեզի չի խառնուիր:
— Չեմ հասկնար Վարուժ, ամուսինը հետը պիտի ըլլայ ըսի, ես ծանօթ չեմ իրեն, եւ անիմաստ տեղը հետս կը սակարկես…
— Որովհետեւ այնճարցի ես, ամեն տեղ, ամեն ինչ կը խօսիս, մազերէն կը սկսիս եւ ո՞ւր կը հասնիս չես գիտեր:
— Լաւ, ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ, արհամարհե՞մ զինք:
— Տեսա՞ր, մէկ ծայրայեղութենէն միւսը կ՚անցնիս: Դուն քեզ հանգիստ պահէ կը բաւէ: Անահիտը իմ քովը պիտի նստի այսօր, հասկցա՞ր: Չըլլա՛յ որ խանգարես:
Թէեւ Վարուժանին արտայայտուելու ոճը կոպիտ էր եւ տհաճ, այնուամենայնիւ լռեցի: Լռեցի, որովհետեւ երկու յարգարժան գրողներու ներկայութեան կը խօսէինք իրենց անհասկնալի լեզուով մը եւ պարբերաբար կը կրկնէինք Անահիտի անունը: Պահ մը լռութիւն տիրեց ինքնաշարժէն ներս, որ այնքան ալ հաճելի չէր: Լռութիւնը խզեց Այվազեանը.
— Ի՞նչ է Վարուժան, հաւանո՞ւմ ես Անահիտին:
— Ո՞վ չի հաւնիր պապամ, դո՞ւն չես հաւնիր: Այս մարդն ալ (ակնարկելով ինծի) երկար մազերուն զարնուած է: Աս ի՞նչ կը հասկնայ գեղեցիկ կինը ի՞նչ է, Անահիտը ո՞վ է: Դերասանական խաղ կայ, թատրոն կայ, արուեստ կայ: Մազերը գեղեցիկ են եղեր, երկար են եղեր, է՞, յետոյ ի՞նչ, վերջացա՞ւ…
Ես խոհեմաբար շարունակեցի լռել, իսկ զրոյցը կանգ առաւ թատրոնի վրայ, ապա անցաւ ֆիլմարուեստին ու շարունակուեցաւ գրականութեամբ: Հասանք: Մեզ առաջնորդեցին առաջին յարկի մէկ սենեակը, ուր որոշ չափով հանգստանալէ եւ կազդուրուելէ ետք, երեկոյեան դուրս ելանք Ճաշարան մեկնելու: Չեմ գիտեր Վարուժանի չար բախտէ՞,ն թէ՞ իմ լաւ բախտէս նոյն ատեն քովի սենեակէն դուրս ելան Անահիտն ու Ալիքը միասին: Ոտքի վրայ ողջագուրուեցանք: Անահիտը ջերմութեամբ ընդունեց մեզ: Ալիքը զիս Անահիտին ներկայացուց բաւականին բարձր գովասանքներով: Անահիտը անմիջապէս սկսաւ հետաքրքրուիլ ինծմով: Վարուժանը զայրացած դարձաւ Ալիքին ու ըսաւ.
— Գո՞րծ ըրիր հիմա: Ի՞նչ կը գովես կոր ասոր, ի՜նչ գրող… ի՜նչ արուեստ, չես տեսներ որ մուսալեռցի է, ասոնք ականջ կտրողներ են, ուրիշ բանէ չեն հասկնար: Ալիքը նախ փորձեց առարկել, յետոյ կատակի տուաւ. իսկ Անահիտին աւելի հետաքրքրեց մուսալեռցիներուն ականջ կտրող ըլլալու հանգամանքը: Եւ երբ կը պատրաստուէինք մեկնելու, յանկարծ Անահիտը նշմարեց որ վերնաշապիկիս մէկ կոճակը փրթած է, ի հեճուկս Վարուժանին ձեռքս բռնեց ու ներս հրաւիրեց ամրացնելու: Սենեակը տաք էր, չես գիտեր ուրկէ ասեղ եւ դերձան գտաւ, վերնաշապիկս հանել տուաւ ու սկսաւ կոճակը կարել: Դուրսը Ալիքն ու Վարուժանը կը զրուցէին, սակայն Վարուժանի ձայնը անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տար: Ի վերջոյ ան գոռաց.
— ի՞նչ կ՚ընէք ներսը, ժողովուրդը սոված է, մեզի կը սպասէ:
Ես ձայն չհանեցի: Անահիտը պատասխանեց.
— Քիչ մը սպասեցէք, կոճակ կարելը այդքան ալ դիւրին չէ:
Կոճակ կարելու արարողութիւնը բաւականին երկար տեւեց: Ալիքը ամէն ինչ բնական ընդունելով հանգիստ կը սպասէր: Սակայն Վարուժանը տագնապի նշաններ ցոյց կու տար երբեմն բարձրաձայն կը հազար եւ կամ ուշացած ըլլալու յիշեցումներ կը կատարէր: Ի վերջոյ դուռը հրեց ու ներս մտաւ: Զիս առանց վերնաշապիկի տեսնելով «օ՜հօ՜» գոռալով այնպէս մը նայեցաւ ինծի, կարծես թէ մեծ յանցանք մը գործած էի: Դուրս ելանք: Անահիտը, Ալիքին թեւը մտած, գրողներու հանգստատան զառիվարէն (այն ատեն զառիվարի աստիճանները չէին շինուած տակաւին) սառած ձիւնին վրայէն սղղալով արագ հեռացաւ մեզմէ: Վարուժանը սկսաւ.
— Անահիտին ըսի՞ր թէ դուն երկար մազեր կը սիրես:
— Ո՛չ, չըսի:
—Հապա ի՞նչ խօսեցաք:
—Պարապ բաներ:
—Պարապ բանե՞ր, այո,՜պարապ բաներ: Նայի՚ր, դուն տղամարդու խօսք տուիր որ խելօք պիտի մնաս: Վարը յանկարծ համը չհանես: Նկատի առ որ Անահիտը հաստատ քովս պիտի նստի… Սօսն ալ լուր ունի: Յստա՞կ է ամեն ինչ:
Հակառակ անոր որ «յստակ է» ըսի ու խօսք տուի, Վարուժանը ճանապարհին նոյն բաները կրկնեց անընդհատ: Ներս մտանք ճաշարան: Բոլորը հոն էին բացի Խորէն Պալեանէն, որ գրեթէ մեր հետ հասաւ եւ ծանուցեց թէ Լուսինէն (Զաքարեան) ներկայ պիտի չըլլայ՝ յոգնածութեան հետեւանքով: Բոլորը դժգոհ մնացին իսկ Վարուժանը յայտարարեց, թէ դժբախտաբար երկուքի փոխարէն միայն մէկ կին պիտի ունենանք սեղանին շուրջ եւ ան ալ իր քովը պէտք է նստի: Եւ քանի որ միակ բեմադրիչն է, ինք պիտի որոշէ թէ ո՛վ ո՛ւր պիտի նստի: Ներկաները համակերպութեան նշաններ ցոյց տուին, իսկ Վարուժանը անցաւ գործի: Սեղանը բաւականին երկար էր: Նախ Ալիքը սեղանին գլուխը նստեցուց առանձին, ինք գրաւեց աջ կողմի կեդրոնի աթոռը, ճի՚շդ դիմացը նստեցուց Սօս Սարգսեանը, անոր ձախ կողմը՝ զիս, իսկ Զօրի Բալայեանը, Ալբերտ Մկրտչեանը, Խորէն Պալեանը, Ստեփան Ալաջաջեանը, Աղասի Այվազեանը եւ միւսները ցրուեց ըստ պատահականութեան, ազատ ձգելով իր երկու կողմը, այսիքն Լուսինէի եւ Անահիտի աթոռները: Սօսը նշմարելէ ետք որ Վարուժանի երկու կողմերը ազատ են, ելաւ եւ գնաց նստաւ Վարուժանի աջ կողմը, յայտարարելով որ կ՚ուզէ իր «արիւնակից» եղբօր (անոնք օր մը իրենց ձեռքի երակները վիրաւորեցին ու արիւնները իրար խառնեցին) քովը նստիլ: Այսպիսով ազատ մնացին Վարուժանի ձախ կողմն ու իմ աջ կողմը: Վարուժանը զգալով վտանգը անմիջապէս ըսաւ.
— Անահիտն ալ կը նստի իմ քովը:
Անահիտը, որ մինչ այդ անշարժ մնացած էր ոտքի, մէկ Վարուժին նայեցաւ մէկ ինծի, ապա ըսաւ.
— Ո՛չ, ես Մովսէսին քով կը նստիմ:
Իմ համբերատար ընթերցող, կացութիւնս բաւականին բարդ էր եւ ճակատագրական: Վարուժանին նայուածքը սպառնալից, յանդիմանական ու աղաչական էր միաժամանակ: Խնդիրը լուրջ էր: Պէտք է փրկէի կացութիւնը: Խօսքիս տէրը ըլլալու համար ոտքի ելայ եւ ըսի.
— Անահիտ ջան, ներող կը լինես, իմ քովը նստիլը այնքան ալ դիւրին չէ, ես մուսալեռցի եմ: Դուն երկար, ուղխինահոս վարսեր ունես, զոր գլխուդ վրայ հաւաքել ես հացթուխի նման: Եթէ իմ քովս պիտի գաս, ապա պէտք է որ քակես մազերդ եւ ուսերուդ վրայ փռես ջրվէժի պէս…:
Անահիտը նախ նշանակալից նայեցաւ ինծի, ապա խուզարկու հայեացք մը պտտցնելէ ետք ներկաներուն վրայ, ետ դարձաւ ու գնաց: Զարմացած ու շուարած էին բոլորը: Շուարած էի նաեւ ես, որովհետեւ չէի գիտեր ճի՞շդ ըրի թէ սխալ: Վարուժանը կարծես թէ գոհ էր ինձմէ: Դառնալով ինծի իբրեւ թէ ցած ձայնով (թէեւ բոլորն ալ լսեցին) ըսաւ.
— Եղա՞ւ հիմա, Անահիտին պէս, լեյտիի մը հետ այդպէ՞ս կը վարուին:
Այս անգամ ես խիստ յանդիմանական նայուածք մը նետեցի վրան ու ինք հասկցաւ պէտք եղածը ու լռեց: Լռեցինք բոլորս: Անահիտը ուշացաւ: Ոմանք առաջարկեցին ետեւէն երթալ սակայն Ալիքը հանգստացուց եւ ըսաւ.
— Կարիք չկայ, հիմա կու գայ:
Երբ արդէն ներկաները սկսած էին համակերպուիլ Անահիտի բացակայութեան, յանկարծ ան հեռուէն երեւցաւ: Քալուածքը թատերական էր ու սիգաճեմ: Ուղխինահոս ծամերը փռած էր մերկ ուսերուն վրայ ու ինքնավստահ կը յառաջանար դէպի սեղանը: Հիացական բացագանչութիւններու եւ ծափողջոյններու տարափին տակ եկաւ կեցաւ դիմացս ու պալէի պարուհիի նման աջ ոտքի մատներուն վրայ 360 աստիճան «ֆռռաց»: Երկար վարսերը ծփացին միջոցին մէջ, բազմապատկելով անոր կանացի հմայքը ու գրաւչութիւնը: Ապա կանգ առաւ ու նայուածքը խրելով աչքերուս մէջ կարծես ըսել կ՚ուզէր՝ «հը՞, հի՛մա ինչ կ՚ըսես»: Ես պարտուած էի անոր շքեղ գեղեցկութեան դիմաց: Ոտքի ելայ: Նախ նայուածք մը նետեցի սեղանի երկայնքն ի վեր, հասկցնելու համար որ «պահանջս» տեղին էր եւ ապա չափազանց յարգալից կողքիս աթոռը առաջարկեցի անոր: Չէի համարձակեր Վարուժանին կողմը նայիլ: Գիտէի որ վտանգը մեծ է եւ յղի անակնկալներով: Անահիտը հազիւ նստած հին մտերիմի մը նման ականջիս փսփսաց.
— Կարմի՞ր գինի կը սիրես, թէ՞ ճերմակ:
— Ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը:
Տեսնելով մեր «մտերմութիւն»ը, Վարուժանը կատղած ոտքի ելաւ: Սօսը զգալով պահի լարուածութիւնն ու կացութեան փխրուն վիճակը, ինք եւս ոտքի ելաւ, ձեռքը դրաւ Վարուժանի ուսերուն եւ իբրեւ վաւերական թամատա առաջարկեց խմել Անահիտի (առանց մոռնալու Լուսինէին) կենացը: Անոր «մազերը քակելու» վարուելակերպը համարեց նուէր մը մեզ բոլորիս, յատկապէս Վարուժանին որ գիտէ գնահատել հմայիչ կիներու գեղեցկութիւնն ու տաղանդը ու ճի՛շդ կողմնորոշուիլ դերասանուհի ընտրելու պարագային:
Իմ արդարամի՛տ ընթերցող,
Վարուժանի եւ իմ ակամայ քաշքշուքներուն մէջ, երկուքս ալ պարտուեցանք: Յաղթողը Անահիտն էր իր գեղեցկութեամբ ու կանացիութեամբ հանդերձ:
Այսպէս է Անահիտը, կեանքին մէջ կը «խաղայ», իսկ բեմի վրայ «կ՚ապրի»:
Յուլիս 2017, Մոնթրէալ