Բժ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Հայ բոյժ»-ի յօդուածս գրելէ ետք պարտականութիւն սեպեցի ուսումնասիրութիւն մը կատարել հայ բժշկական ժողովրդային պարբերականներու եւ գիրքերու մասին, որոնք հրատարակուած են Հայաստանէն դուրս 1850-1980 ժամանակաշրջանին, այլ խօսքով 130 տարիներու ընթացքին:
Ուսումնասիրութենէս ի յայտ եկաւ, որ հայկական սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին շատ մեծ աշխատանք տարուած է հայ բժիշկներու, բժշկական մարմիններու եւ հայ մամուլով հետաքրքրուող անհատներու կողմէ՝ հրատարակելու բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերականներ եւ գիրքեր: Բոլոր այս պարբերաթերթերը եւ գիրքերը ոչ միայն եղած են բժշկական-առողջապահական գիտելիքներու աղբիւր, այլ նաեւ անոնք մեծապէս նպաստած են հայերէն բժշկական բառամթերքի զարգացման ու տարածման: Հայ բժիշկները գրած են մաքուր հայերէնով եւ գործածած են հարուստ բժշկական բառամթերք: Անոնցմէ շատեր ստեղծած են հայերէն բժշկական նորակերտ բառեր եւ նպաստած են հայ լեզուի բժշկական բառերու կերտումին:
Այս ժամանակաշրջանին հայ բժիշկները, ուր որ ալ գտնուած են, իրենց բժշկական գիտելիքները ի սպաս դրած են հայ ժողովուրդի առողջութեան բարելաւման եւ տուած են կանխագիլման ցուցմունքներ, թելադրութիւններ եւ յորդորներ: Անոնք մեծ զոհողութիւններով անձամբ հրատարակած են բժշկական-առողջապահական պարբերականներ եւ գիրքեր, կամ իրենց մասնակցութիւնը բերած են գոյութիւն ունեցող պարբերականներու: Անոնք հայ հասարակութեան մատուցած են գերազանց ծառայութիւն իրենց հայատառ եւ մաքուր բժշկական-առողջապահական գրութիւններով: Անոնք անհերքելի եւ հարուստ ժառանգ մը ձգած են հայ գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ:
Պոլիսն է որ փայլած է իր բազմաթիւ բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերականներով եւ գիրքերով այս ժամանակաշրջանին: Պոլիս ունեցած է շատ մեծ դերակատարութիւն հայ ժողովուրդի բժշկական եւ առողջապահական դաստիարակութեան մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Պոլիս հրատարակուող պարբերականները չեն դադրած հրատարակուելէ: Գոյութիւն ունեցողները շարունակուած են հրատարակուիլ եւ անոնց հետ լոյս աշխարհ եկած են նոր պարբերականներ:
Պոլիսէն զատ նմանօրինակ պարբերաթերթեր եւ գիրքեր լոյս տեսած են նաեւ հայ սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ՝ Թիֆլիս, Պէյրութ, Փրովիտենս, Պոսթոն, Փարիզ, Աղեքսանդրիա, Նիւ Եորք, Աթէնք, Հաճըն, Երուսաղէմ, Վենետիկ:
Ահաւասիկ այդ բժշկական-առողջապահական պարբերակներէն եւ գիրքերէն մաս մը, որոնք հրատարակուած են հայկական սփիւռքին մէջ 1850-1980:
Ա.Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթեր
1. «Առողջապահիկ թերթ» ( Թիֆլիս)
Բժշկա-առողջապահական ժողովրդային հանդես։ Հրատարակուած է 1903-1905։ Խմբագիրը եղած է Վահան Արծրունի։ Նպատակը՝ ժողովուրդին մեջ տարածել բժշկական և առողջապահական գիտելիքներ։ Հանդէսին հետ միատեղ «Բժիշկ զրոյցներ» ընդհանուր խորագրով հրատարակուած են 35 հանրամատչելի գրքոյկներ։
2. «Առողջ կեանք» (Փարիզ)։
Հրատարակուած է 1931-ին: Բժշկական եւ առողջապահական ամսագիր, տնօրէնութեամբ տոքթ. Միհրան Քէշիշեանի: Տեւած է միայն մէկ տարի:
3. «Առողջապահ» (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1911-ին որպէս յաւելուած «աղբիւր տարազի»: Խմբագրական կազմը՝ բժիշկներ՝ Բ. Աղասարեանց, Ա. Բաբայեան, Ե. Մինասեանց, Նաւասարդեան:
4. «Բարիզ-Արեւելք» (Փարիզ)
Բժշկական -առռղջապահական ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1939-ին:
5. «Բժիշկ» (Պէյրութ)
Բժշկագիտական-առողջապահական ամսագիր: Լոյս տեսած է առաջին անգամ 1955-ին: 1964-էն ետք հրատարակուած է Լիբանահայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ եւ հետեւաբար վայելած է անոր բարոյական օժանդակութիւնը:
Անոր մէջ գրած են բժիշկներ Լ. Գրիգորեան (Փարիզ), Յ. Կարեւորեան (Պէյրութ), Իսահակ Տէրտէրեան, Վարուժան Սահակեան (Պէյրութ), Վ. Թաշճեան, Օսվալտ Հրեշտակեան (Պէյրութ), Գ. Օ. Գալուստեան (Պուէնոս Այրէս), Յարութիւն Սաղըրեան, Ե. Ագխաչերեան, Սեպուհ Սիսեռեան, Զաքար Մկրեան (Պէյրութ), Ա. Աբէլեան, Սարգիս Գարայեան (Պէյրութ), Գ. Անտոնեան, Տիգրան ԳավաՖեան, Յակոբ Սահակեան, Յ. Սապունճեան, Ճորճ Միքայէլեան, Յ. Ճըլճըլեան, Կարպիս Հարպոյեան (Պէյրութ) եւ շատ ուրիշներ, առանց մոռնալու նշանաւոր երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունեցած է «Երգիծաբուժութիւն» խորագրեալ իւրայատուկ գրութիւն մը: Հոն տպագրոած են համաշխարհային բժշկագիտութեան նուաճումներու, բժշկութեան պատմութեան, նշանաւոր բժիշկներու եւ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուած նուաճումներու մասին:
6. «Բուժակ» (Փրովիտենս, Պոսթոն)
Բժշկական և առողջապահական ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է 1916-1921, նախ՝ Փրովիտենս և ապա Պոսթըն։ Տնօրէն-խմբագիրը եղած է Արշակ Տեր Մարկոսեան։ Հոն տպագրուած են յօթուածներ մարդու կազմախօսութեան և բնախօսութեան ու հիւանդութիւններու ծագման եւ զարգացման ընթացքի մասին։
7. «Բուժանք» (Փարիզ)
Առողջապահական-գիտական-ընկերային ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1926-1930՝ տոքթ. Լեւոն Գրիգորեանի աշխատանքով: Տպագրած է առողջապահական և գիտա-բժշկական յօդոածներ ու նիւթեր նուիրուած հայ բժշկութեան պատմութեան, անուանի բժիշկներուն, մարմնամարզի, դպրոցի առողջապահական հարցերու եւ բուժման ժողովրդական եղանակներուն։
8. «Ծաղիկ» (Հաճըն)
Ձեռագիր հայերէն եւ հայատառ թուրքերէն շաբաթաթերթ: Հիմնադիրը և հրատարակիչը եղած են Հաճընի Վարդանեան վարժարանի շրջանաւարտները և երիտասարդ մտաւորականները։ Հրատարակուած է 1880-ին միայն 10 ամիս: Խմբագիրը եղած է Մարտիրոս Սեքսենեան: Ունեցած է գրական, գիտական, առողջապահական յօդուածներ:
9. «Կարմիր խաչ» (Պոսթըն)
Առողջապահական-ընկերային պարբերաթերթ: Հրատարակուած է 1935-ին։
10. «Հայ բժիշկ» (Փարիզ-Աղեքսանդրիա)
Լոյս տեսած է 1919-ի ապրիլին, պատկերազարդ ամսաթերթ, որ յաջորդ տարի յունուարին անուանակոչուած է «Հայ բուժակ»: Տոքթ. Մ. Գարակէօզեան խմբագրած է ամսագիրը մինչեւ 1923: Այնուհետեւ թերթը փոխադրուած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ մինչեւ 1925 շարունակած է լոյս տեսնել տոքթ. Յ. Թաշճեանի խմբագրութեամբ:
11. «Հայ բժիշկ» (Պոսթոն)
Բժշկական, առողջապահական և գիտական ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է 1924-1925-ին։ Տնօրէն-խմբագիրը եղած է Հ.Ծովիկեան, իսկ խմբագիրը՝ Բ.Ժամկոչեան։ Ան տպագրած է յօդոածներ հիւանդութիւններու, անոնց տարածման ու բուժման ձևւերու մասին եւ ծանօթացուցած է նոր դեղամիջոցներ։ Կարևորութեամբ անդրադառձած է կանխարգելիչ բժշկութեան եւ մարմնամարզի դաստիարակութեան։ Հոն հրատարակուած են հայ բժշկութեան պատմութեան վերաբերեալ նիւթեր եւ «Բժշկա-առողջապահական հարցարան» բաժին մը։
12. «Հայ բոյժ» (Փարիզ)
Բժշկական առողջապահական ամսաթերթ-պարբերաթերթ: Շաւարշ Նարդունի իր անձնական միջոցներով եւ նախանձերնութեամբ հրատարակած է «Հայ բոյժ»-ը 1934 հոկտեմբերէն սկսեալ որպէս բժշկական ամսագիր: Նարդունի կարողացած է «Հայ բոյժ»-ը պատնէշի վրայ պահել շուրջ 30 տարի, որոշ ընդհատումներով: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ամսաթերթ, պարբերաթերթ, տարեգիրք եւ նոյնիսկ դադրած է հրատարակուելէ մի քանի տարի: Վերջին թիւը հրատարակուած է 1968-ին: «Հայ բոյժ»-ը եղած է ժողովրդային սիրուած հանդէս մը: Ան փնտռուած է սփիւռքի բոլոր հայ կեդրոններէն եւ ամբողջ հայութեան կողմէ: Նարդունին «Հայ բոյժ»-ի հրատարակութեան առաջին օրերէն իր շուրջ համախմբած է արտասահման ապրող հանրածանօթ հայ բժիշկներու խումբ մը։ Նարդունի գրած է հմտութեամբ, հաղորդականութեամբ, զուարթաբանութեամբ, կատակներով, մաքուր գեղեցիկ հայերէնով եւ ճոխ հայերէն բժշկական բառամթերքով: Ան ճոխացուցած է «Հայ բոյժ»-ը նաեւ առողջապահական նիւթերու ֆրանսերէնէ-հայերէն թարգմանութիւններով:
13. «Հայք» (Նիւ Եորք)
Հրատարակուած է 1891-էն սկսալ որպէս կիսամեայ առողջապահական թերթ։ Լոյս տեսած է մինչեւ 1898: խմբագիրը եղած է Մ. Գաբրիելեան։ Ունեցած է առողջապահական, բարոյախօսական, բանասիրական, գրական-քննադատական եւ թղթակցություններու բաժիններ։ Տպագրած է հայ և օտար անուանի մարդոց կենսագրութիւնները, կատարած է թարգմանութիւններ եւրոպական և ամերիկեան գրողներու գործերէն: Գրած է Թուրքիա ապրող հայերու վիճակի մասին եւ բողոքած է հալածանքներու դեմ։ Արտատպած է եւրոպական և ամերիկեան մամուլի արձագանգները հայկական կոտորածներու առթիւ։ Ունեցած է անգլերէն բաժին։
14. «Նոր առողջապահիկ» (Թիֆլիս)
Բժշկական հանրամատչելի երկշաբաթեայ գրական-հասարակական, բժշկական ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1912-1915, Թիֆլիս։ Խմբագիրը եղած է՝ Ե.Մինասեան։ Նպաստած է ժողովուրդի առողջապահական վիճակի բարելաւման։ Բովանդակութիւնը ընդգրկած է բժշկութեան վերաբերող յօդուածներ եւ ցուցմունքներ, առանձնայատուկ ուշադրութիւն տուած է մանկապատանեկան տարիքի երեխաներու առողջութեան պահպանման հարցերուն, քննադատած է ծխական հոգաբարձութիւններու եւ քաղաքային վարչութիւններու աշխատելաձեւը եւ գործունէութիւնը։ Ծանօթացուցած է հանրութիւնը մարդակազմութեան հարցերուն եւ միջնադարեան Հայաստանի բժշկական գիտութան գրականութեան։
15. «Նոր սերունդ» (Աթէնք)
Մարզական պատկերազարդ ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1926-1929-ին։ Խմբագիրը եղած է Ա. Տեր-Յակոբեան։ Շարունակած է յունահայ մարզական պարբերականներու աւանդոյթները, լուսաբանած է Հայաստանի և այլ երկրներու մարզական կեանքը եւ գրած է հայ անուանի մարզիկներու մասին։ Հանդէսը անդրադարձած է հին աշխարհի մարզական պատմութեան, մարմնամարզի դաստիարակչական և առողջապահական բնոյթին եւ անուանի բժիշկներու եւ մանկավարժներու յօդուածներուն։
(Շարունակելի)