ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ՄԵ՛ՆՔ… – Մենք բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան՝
Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՜.
ՄԵ՛ՆՔ՝ դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,
ՄԵ՛ՆՔ սրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք մտքի.
ՄԵ՛ՆՔ մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ
Եւ անխախտ կեանքի անյա՛ղթ Արարատ…
ՄԵ՛ՆՔ՝ գի՜ւտ Մեսրոպի… ՄԵ՛ՆՔ՝ քնա՜ր լեզու,
Ուր կը վիպերգէ Հոգի՛ն Հայկական.
Սայաթ Նովայի մենք սա՛զ սիրածու.
ՄԵ՛ՆՔ՝ խորախորհուրդ Նարեկի՛ խորան,
Դարերէն հոսող մենք երգի՛ Արաքս,
Ուր կը գլգլայ գինին Կոմիտաս…
ՄԵ՛ՆՔ վարդանայա՛ղթ Աւարայրամարտ,
Մեր ձեռքին մէջ զէ՛նք եւ խա՛չ՝ մեր հոգւոյն.
ՄԵ՛ՆՔ Էջմիածնի հաւա՛տք ժայռարմատ,
Ուր փուլ կը փշրի ծովը դարերուն.
ՄԵ՛ՆՔ՝ աշխարհասփիւռ Ա՛ստղ Լուսաւորչի,
Որուն դէմ խաւարն ի զո՜ւր կը բախի։
ՄԵ՛ՆՔ՝ սրախողխող Ապրիլ Քսանչո՛րս,
ՄԵ՛ՆՔ՝ միլիո՜ն շիրիմ, հողմացրի՜ւ տերեւ.
Ապրիլեան սուգին եւ մոխրին վրայ գօս,
ՄԵ՛ՆՔ՝ Քսանեւութ Մայիսի՜ արեւ.
ՄԵ՛ՆՔ՝ պանդուխտի՛ թուղթ, ՄԵ՛նՔ՝
անբո՜յն կռունկ,
ՄԵ՛ՆՔ հայրենապիշ կարօտի՜ արցունք…
Այս ամբողջն ենք մենք… Ու դե՜ռ՝ հերոսի
Եւ մարտիրոսի անմա՛շ պատմութիւն,
Շուշա՜ն սրբութիւն, մշակո՛յթ ոսկի
Որոնց էջերն են փորուած ժայռերուն
Եւ արեա՛մբ գրուած… Մենք լոյսի՛ ժառանգ
Եւ մութ դարերուն յոյսի՛ հրիտակ…
Օ՜, ՄԵ՛ՆՔ՝ ոսոխի աչքին փո՛ւշ երկաթ…
Օ՜, ՄԵ՛ՆՔ՝ աշխարհի անարդար ու խուլ
Խիղճը խարանող արդարութեան խայթ.
Կեղծ դաշինքներու թաւիշ ու խարխուլ
Սեղանը ռումբի պէս սարսող, թակող
Արդար պահանջի բըռո՛ւնցք վրիժադող։
Եւ ՄԵ՛ՆՔ վա՛ղը, ՄԵ՛ՆՔ յաղթութեա՛ն բոմբիւն,
Յաղթ ու բամբ կոփի՛ւն կուռ հողին վրայ մեր.
ՄԵՆՔ՝ Նաւասարդի առաւօտ ծիծղուն.
ՄԵ՛ՆՔ՝ ռմբեղ հեռով հըրաբխա՛ծ Մհեր
Եւ շղթայազերծ ծարա՜ւ Արտաւազդ.
ՄԵ՛ՆՔ պատեանէն դուրս սրածո՛ղ Եփրատ,
ՄԵ՛ՆՔ՝ աշխարհակալ անկա՛խ Արարատ…
«Մասիսածին», 1963