ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Դուք ձեր մրրիկով մեր Մարմինը թանկ՝
Հազար Տէր-Զօրի կլափին տուիք կե՛ր։
Բայց մե՛նք՝ Սասունցի Դաւի՛թ իբր անմեռ՝
Հազար ծագերէն կը ձայնենք
— Ներկա՛յ…
Ձեր բորանին դէմ՝ մենք բորբ արեգակ,
Կա՛նք ու կը մնան՛ք աշխարհի վրայ։
Ձեր նենգին զէնքով մեր Անունն անժանգ՝
Աշխարհի սրտէն սրբե՛լ ճգնեցաք։
Բայց մե՛նք՝ յաւերժին մէջ քանդակուած Հա՛յկ՝
Պատմութեան էջէն կը թնդանք
— Ներկա՛յ…
Ձեր բիւր ջանքին դէմ՝ մենք մէ՛կ եւ կո՛ւռ կամք՝
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ։
Ձեր ոխին կրակով դարձուցիք մոխի՛ր,
Չորս հովին տուիք մեր Գիրն ու Ոգին։
Բայց մե՛նք՝ լուսասփիւռ Մեսրո՛պ լուսածին՝
Անցեալի ձորէն կը գոռանք
— Ներկա՛յ…
Ձեր հրդեհին դէմ՝ ծովի՛ պէս անծիր
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ։
Ձեր խոլ մոլուցքին՝ անկուշտ մանգաղով
Մեր հոգւոյն հանդէն Հաւա՜տքը յօտեցիք։
Բայց մե՛նք խաչակիր Վարդա՛ն անառիկ՝
Ողջ Աւարայրէն կը փողենք
— Ներկա՛յ…
Ձեր մանգաղին դէմ՝ մենք կաղնի՛ անխռով՝
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ։
Ձեր խուժ խուժանին ժանիքներով ժանտ
Յօշեցի՛ք մեր հողն անոյշ եւ կանաչ։
Բայց մե՛նք՝ դարեղէն Մասիս աննուաճ՝
Գալիքի բարձրէն կ՚որոտանք
— Ներկա՛յ…
Ձեր ջրվէժին դէմ՝ վրէժի թո՛ւմբ եւ շա՛նթ,
Ձեր ճանկերուն դէմ՝ մենք ժա՛յռ պողպատեայ,
Կա՛նք ու կը մնա՛նք աշխարհի վրայ…
«Մասիսածին», 1963