ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՄԱՍԻՍ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Քանի մը օր ետք մենք ալ պիտի ունենանք Արարատին հետ ընտանեկան լուսանկարներու մեր հաւաքածոն: Հինգշաբթի առտու Հայաստան պիտի երթանք: Երեկոյեան արդէն Յաղթանակի այգիին դիմաց կը շարուինք ու առաջին նկարը հոն կը լուսանկարուինք: Երկրորդ նկար մը Կասկադի աստիճաններէն իջած ատեննիս եւ անպայման Արցախի ճամբուն վրայ, Խոր վիրապ կը հանդիպինք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ քով քովի կը նստինք ու «Հայեացքնիս դէպի Մասիս» վերնագրով նկար մըն ալ հոն կը նկարուինք:Սխալ՞ է ըրածնիս… Չեմ գիտեր, Մասիս: Գիտեմ որ ազատութիւն վայլողին հրճուանքը գերութեան մէջ գտնուողին ցաւ կը պատճառէ, բայց դուն ուրիշ ես Մասիս: Քեզի ցաւ պատճառողը մեր ուրախութիւնը չէ եղած բնաւ, այլ այն թշուառութիւնը, որ դուն ամեն օր կը տեսնես անկախ Հայաստանի այն բոլոր վայրերուն մէջ, ուր մեզի պէս «թուրիսթ» հայերը նկարուելու չեն երթար բնաւ: Ներէ մեզի Մասիս, թոյլ տուր հետդ նկարուինք ու այդ նկարը Դիմատետրի (Ֆէյսպուք) մեր էջին պաստառ դարձնենք, թերեւս այդ ձեւով հայկական ոգին մեր մէջ բարձր կը պահենք… ի՞նչ գիտնամ, Մասիս…
Իսկ ե՛ս իմ յիշողութեանս բեմին պաստառը չեմ փոխեր բնաւ: Կը յիշե՞ս Մասիս, տարիներ առաջ մեր առաջին հանդիպումը: Եթէ այդ օրը քովս գամերա մը ըլլար, պահը կը յաւերժացնէի ու լուսանկարի մը վրայ կ՚ունենայի արժէքաւոր յիշատակ մը եւ այսօր Ֆէյսպուք կը դնէի որ բոլորը տեսնեն: Բայց այդ օրերուն լուսանկարչական մեքենայ նոյնիսկ եթէ կար, Երեւանի մէջ ժապաւէն ծախող չկար…
Համացանցին մէջ երկար փնտռեցի, յետոյ մտածեցի թէ կրնայ ըլլալ լուսանկարիչի աչքով մեծ արժէք չէ ներկայացուցած այդ պատկերը, իսկ ինծի համար երկար սպասուած պահն էր արժէքաւորը, որ գամերայի բացակայութեան պատճառով լուսանկարի չվերածուեցաւ բայց իմ մտքիս մէջ տպուեցաւ ու յաւերժացաւ…
Ձախ կողմը Մայր Հայաստանի արձանը ետեւէն դիտուած, դիմացը երեւանեան հորիզոն մը, հեռուն պայծառ ու յստակ Արարատ լեռը…
Բայց երբ քանի մը օր առաջ աղջիկս՝ Արենին Արարատը գծելու համար կարծիքս հարցուց, պատասխանս քիչ մը հեռուէն, իմ մանկութեան տարիներէս եկաւ առանց երկար մտածելու. Արարատ լեռը, երկու գագաթներուն մէջ արեգակը, առջեւը երկու դալար բարտի, անոնց քովէն հոսող Արաքսը: Այս նկարը բոլորս ալ գծած ենք մեր մանկութեան տարիներուն: Այս նոյն նկարը դարձաւ իմ բոլոր երազներուս բեմին պաստառը այն օրէն ի վեր երբ առաջին անգամ Արարատին հետ ժամադրուեցայ:
Տասը տարեկան էի երբ հայրս օր մը մեզ Զահլէ՝ լուսանկարիչի մը քով տարաւ. փասփորի նկար պիտի հանէինք որ Հայատան երթանք: Իմ ուրախութեանս չափ սահման չկար: Յաջորդ օրը դպրոցին մէջ մեծ յայտարարութիւն մը ըրի.
—Հայաստան պիտի երթամ, Արարատը պիտի տեսնեմ, Սասունցի Դաւիթը եւ Սեւանայ լիճը:
Երազանքը միայն իմս չէր, ընկերներս երանութեամբ աչքերուս մէջ նայելով, այնտեղ դեռ չտեսած Արարատս իրենք արդէն տեսնելու սկսան, ամեն մէկը իր գծագրութեան տետրակին մէջ ներկած գոյներով, իր երկու գագաթներուն մէջի արեգակով, բարտի ծառերուն քովէն հոսող Արաքսով:
Սակայն ամեն ինչ այնքան ալ դիւրին չէր 1984 թուականին: Հայաստանը սովետական պետութիւն էր, լիբանանի մէջ ալ ամեն համայնք իր պետութիւնը ունէր: Վիզայի հրամանը պիտի Մոսկուայէն հասնէր: Թուղթերը Պէյրութի սովետական դեսպանատունէն պիտի ղրկէին Ռուսաստան, անկէ Հայաստան: Հոն պիտի քննէին գերդաստանիդ պատմութիւնը, Հայաստան ներգաղթած ազգականներուդ հաւատարմութիւնը Սովետ Միութեան, յետոյ Մոսկուան պիտի ըսէր իր «այո»-ն կամ «ոչ»-ը ու պատասխանը ղրկէր Լիբանան: Վերջը, երբ որ Պէյրութի ճամբան բաց ըլլար, հայրս պիտի հատէր լիբանանի բոլոր «պետութիւններուն» սահմանները, անոնց զինուորական անցարգելներէն անցնելով պիտի երթար սովետական դեսպանատուն ու եօթ-ութ ամիս տեւած անհամբեր սպասումներէ ետք պիտի բերէր կոմունիստներուն մերժումը ու խորտակէր իմ մանկութեան ամենամեծ երազը:
Տարիներ յետոյ երբ որոշեցի Հայաստան ուսանելու երթալ, սիրտս սկսաւ արագ արագ զարնել ու երազներուս հին պաստառը նորէն վերադարձաւ ու անոր առջեւ սկսան բեմադրուիլ նոր ու գունաւոր երազներ. երեւանեան լուսաւոր գիշերներ, երգող շատրուաններ, նոյն երկու բարտիները, Մայր Արաքս գետը ու Մասիս սարը:

* * *

Օդանաւին մէջ Ճորճ պապուկը յեղափոխութիւն մը սկսաւ, պահանջելով քանի մը հոգիէ որ իրենց տեղը մեզի տան: Մարդ տեղէն չշարժեցաւ: Պզտիկ օդանաւ մըն էր, որուն մէջ հազիւ քառասուն հոգի կար: Ամեն մէկուն ձեռքը լիբանանեան հացի տոպրակներ, ոտքերնուն տակն ալ ծրարներով ուտելիք եւ հագուստ. 1993 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի ամենասարսափելի ու տխուր ձմեռներէն մէկը դիմաւորելու կ՚երթային, իրենց հետ տանելով ով ինչ կրնար, ինչքան որ կրնար: Ո՞վ պիտի ելլէր տեղէն… Եթէ Ճորճ պապուկին համբերութիւնը չվերջանար ու ձայնը չբարձրանար…
— Աս տղան երկինքէն Արարատը պիտի տեսնէ, իր մանկութեան երազն է, հոսկէ բան մը չ՚երեւիր կոր, օդանաւին թեւը կը խանգարէ կոր:
Օդանաւին ռուս անձնակազմը բան չհասկցաւ ու չկրցաւ համոզել պարոն Ճորճ Տէմիրեանը, որ տեղը նստի, մինչեւ որ մեր առջեւը, պատուհանին քով նստած ուղեւոր մը օգնութեան հասաւ ու համաձայնեցաւ տեղը ինծի տալ: Երկու վայրկեան ետք ճորճ պապուկը հանդարտելով, ձեռքի պայուսակէն շիշ մը օղի հանեց ու նոր խնդիր մը ստեղծեց: Երեք հատ գաւաթ եւ շիշ մը ջուր պէտք էր, անիսոնի օղիով նախ Արարատին, յետոյ իր տեղը զիջած մեր բարեկամին կենացը խմելու համար: Բարեկամնիս ռուսերէն գիտէր եւ այս խնդիրն ալ արագ մը լուծեց: Ջուրը ի հարկէ շիշով չբերին օդանաւին մէջ: Գաւաթ մը ջուրը Ճորճ պապուկը երեքի բաժնեց եւ առաջին կենացը՝ «կեցցէ Մասիսը», երեքս միասին մէկ ումպով դատարկեցինք: Յետոյ պապուկը իր առաջին ու կարծեմ վերջին ռուսերէն բառը սորվեցաւ. ամեն բաժակ դատարկելուն նորէն «վատա» պահանջեց ու ժպտադէմ ռուս օրիորդ մը գաւաթ մը ջուրը սիրով մեզ հիւրասիրեց:
Երբ վայրէջքը սկսաւ աչքերս Արարատին երկու ճերմակ գագաթները սկսան փնտռել: Սիրտս յուզումէն պիտի պայթէր, բայց հորիզոնին վրայ միայն կապոյտ անսահմանութիւն մը կ՚երեւէր, որ երթալով ծովի կերպարանք կ՚առնէր… Արդեօ՞ք մանկութեան երազս օղիին ազդեցութենէն երես առած էր ու Արարատին փոխարէն արդէն ծովից ծով Հայաստա՞նը կը տեսնէր… Իր տեղը զիջած ուղեւորը այս հարցն ալ պարզեց. վառելանիւթ ապահովելու համար օդանաւը Սոչի պիտի իջնէր, որ երեք ժամ յետոյ նորէն թռիչք կատարէ ու երկինքէն Արարատը տեսնելու իմ վերջին յոյսս Արեւուն հետ միասին Սեւ ծովին մէջ մայր մտնէ:
Երբ Զուարթնոց օդակայան իջանք, երեւանեան լուսաւոր գիշերներու երազս ալ մարեցաւ եւ 1993 թուականի սեպտեմբեր 24-ին, առաւօտեան ժամը 4-ին, Հայաստանի մութ մայրաքաղաքը մեզ դիմաւորեց: Այդ տարիներուն դուրսի աշխարհէն Հայաստանի հետ կապ հաստատելը շատ դժուար գործ էր: Լիբանանի մէջ եթէ հեռաձայնը այդ ժամանակ հազուագիւտ բան էր, Հայաստանի հեռախօսային ցանցին հետ կապի մէջ մտնելն ալ հազարէն մէկուն բախտ կը վիճակուէր: Ես Լիբանանի հազուագիւտ բոլոր հեռաձայնները փորձելու առիթ ունեցայ, բայց հազարէն մէկը դառնալու բախտը չունեցայ իսկ, Երեւանի Բժշկական համալսարանի երկրորդ կուրսի ուսանող մեծ եղբօրս հայրենիք ժամանելուս մասին տեղեկացնել չյաջողեցայ:
Առաւօտեան ժամը վեցին Արեւը ծագելու դեռ նպատակ չունէր, իսկ պօղոսեաններուն տունը Ճորճ քեռիին պատուին սեղան փռուած էր: Առաջին կենացը քեռին բարձրացուց Մասիսին պատուին, իսկ երկրորդ բաժակով զիս ծանօթացուց իր զարմիկներուն ու նոր բարեկամութեան մը հիմը հաստատելով՝ ինծի համբերութիւն մաղթեց ու խոստացաւ թէ լուսաբացին անպայման Մասիսը կը տեսնեմ, անկէ ետքն ալ մեծ եղբայրս կը գտնեմ: Բայց իմ գլուխս որ դեռ անիսոնի օղիին ազդեցութեան տակն էր, հոնի արաղին չորրորդ կամ հինգերորդ բաժակէն յետոյ, լոյսը բացուելուն չկրցաւ սպասել: Երեկոյան, պօղոսեանները սեղանը թարմացուցած էին ու եղբօրս հետ միասին արթննալուս կը սպասէին: Դուրսը դարձեալ մութ Երեւանն էր, իսկ Մասիսը խաւարին մէջ արդեօք ո՞ր կողմն էր…
Զէյթունի ուսանողական հանրակացարանին մէջ, եղբօրս ընկերները բրինձի ամանները մէկ կողմ հրեցին ու պայուսակիս մէջէն լիբանանեան հացն ու «Լաւաշ քի րի» պանիրը հանեցին: Յետոյ տեսակ մը օղիով, որ առաջին օրը կոկորդէս չիջաւ, բայց յաջորդ քանի մը տարին ցուրտէն պաշտպանուելու մեր միակ միջոցը դարձաւ, կենացս խմեցին, բարի գալուստ մաղթեցին, վերջն ալ հայաստանեան առաջին հարցումը ինծի ուղեցին.
— Ի՞նչ կայ չկայ…
Ամիսներ յետոյ պիտի սորվէի թէ այդ հարցումին պատասխանը կարճ ու կտրուկ «ոչինչ» է, իսկ լաւագոյն պարագային «ամեն ինչ լաւ է», բայց այդ օրը ես երկար բարակ զեկուցում մը տալու սկսայ, որ ոչ մէկը լսեց: Բոլորը տարուած էին «քի րի»-ին համով ու իրենց քաղաքի պանիրները յիշելով, մինչեւ որ համբերութիւնս սպառեցաւ ու զեկուցումս կէս մնաց… Ես ալ իմ հարցումս ունէի, որ մանկութեան տարիներէս մէջս կուտակելով, այդ պահուն այլեւս պոռթկումի վերածեցի.—
— Արարատ լեռը ե՞րբ պիտի տեսնեմ…
Բոլորը զարմացած աչքերուս նայեցան, յետոյ եղբօրս նայեցան, ժպտացին ու պանիրի վերջին պատառը կոկորդնին, սենեակնին գացին:

* * *

1993 թուականի սեպտեմբեր 25-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, երբ եղբայրս զիս արթնցուց ու Զէյթունի ուսանողական հանրակացարանի չորրորդ մասնաշէնքի թիւ 145 սենեակի պատուհանին վարագոյրը մէկ կողմ քաշեց, ես այն ատեն հասկցայ թէ ինչու նախորդ գիշեր բոլորը այդպէս ժպտացին:
— Եկուր դիտէ Մասիսը: Այսօր շատ պայծառ ու յստակ կ՚երեւի: Ձախ կողմի այդ արձանը, որ սուրը ձեռքին դէպի քաղաք կը նայի, Մայր Հայաստանն է… Այս պատկերը միայն այս սենեակի պատուհանէն այսքան յստակ կ՚երեւի…
Երկար տարիներ ետք, երկար սպասումներէ ետք ես ու Մասիսը առաջին անգամ այս պատուհանէն իրարու նայեցանք: Յետոյ այդ պատկերը ես յիշողութեանս պաստառին վրայ նկարեցի ու մինչեւ այսօր ոչ մէկ պատկերի հետ զայն փոխեցի, որովհետեւ այդ պատկերին առջեւ ես դժուար օրեր, մութ ու ցուրտ տարիներ անցուցի… Որովհետեւ այդ պատկերին առջեւ ես գիտցայ կեանքին արժէքը… Այդ պատկերին առջեւ ես հասկցայ Հայրենիքի՛ն արժէքը… Այդ պատկերին առջեւ ես աւելի լաւ հայ դարձայ… Այդ պատկերին առջեւ ես ուսում ստացայ… Այդ պատկերին առջեւ անցուցած իմ տարիներս եղան կեանքիս դարբնոցը: Ես կոփուեցայ, աւելի ուժեղ դարձայ, աւելի լաւ մարդ դարձայ ու անվախօրէն կեանքի յորձանուտին մէջ նետուեցայ:

Այնճար, օգոստոս 2017

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *