Հազուադէպ է, երբ գրողի մը ծննդեան 100-ամեակը կը նշենք իր ողջութեան, աւելի հազուադէպ երբ ան կը մասնակցի իր յոբելեանի նշումին իր կոչումի՛ն վայել ձեւով՝ բանաստեղծութեամբ, որ կու տանք կողքին։ Իսկ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր Ժագ Ս. Յակոբեանի 100-ամեակին առթիւ վերընթերցելով իր կենսագրականը, չենք կրնար զուգահեռ մը չգծել այդ անդաստանական կենսագրականին եւ իրեն տարեկից յետ-եղեռնեան մեր իրականութեան միջեւ, որ լաւագոյնս արտայայտած էր ինքը՝ գրողը, աւելի քան կէս դար առաջ հրատարակուած «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ կենսագրականը, ընթերցողէն խնդրելով որ անոր հետեւի քարտէզի օգնութեամբ։
Ժագ Ս. Յակոբեան ծնած է 1 օգոստոս 1917-ին, Երուսաղէմի մէջ, Ստեփան (ատապազարցի) եւ Սրբուհի (երուսաղէմցի) ամոլէն: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանայ յաջորդաբար հետեւեալ դպրոցներուն մէջ՝ Բիւզանդ-Ալիս Վարժապետեան (մանկապարտէզ, 1922-24), Գալուստեան ազգային վարժարան (1924-29), Պէրպէրեան գոլէժ (1929-34), Collège des Frères (Khoronfish, Baccalauréat – série mathématiques, 1935-37)։ Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Faculté française de médecine – École de pharmacie-ի մէջ (1937-39)։
1939-ին կը ծագի համաշխարհային Բ. պատերազմը, որուն պատճառաւ կը ստիպուի վերադառնալ Գահիրէ եւ իր ուսումը շարունակել Գահիրէի պետական համալսարանի School of Pharmacy-ին մէջ, զոր կ՚աւարտէ 1942-ին:
Եգիպտական օրէնքներուն պարտադրանքով, ան ինքնաշխատութեամբ կը պատրաստուի արաբերէն պաքալորեայի համազօր երկու քննութիւններու՝ արաբերէն լեզու եւ արաբական գրականութիւն, որ յաջողութեամբ կ՚անցընէ եւ ձեռք կը ձգէ դեղագործական վկայականը՝ 1944-ին: Այդ ընթացքին ան նաեւ կ՚աշխատի ֆրանսական Lebon Gas-ի ընկերութեան մէջ:
Այնուհետեւ, իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ Վերին Եգիպտոսի մէջ (1944-46):
1947-ին կ՚ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, որ թոռնուհին էր Վռամշապուհ արք. Քիպարեանի (առաջնորդ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի, որ 1921-ին պիտի պսակէր Զօրավար Անդրանիկը. ան նաեւ նախատիպարն էր Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»-ին «ղարիպ տէրտէր»-ին: Որպէսզի ընթերցողը հարցականօրէն յօնքերը չբարձրացնէ Սրբազանի թոռնուհի ունենալու իրողութեան ի տես, նշենք, որ Վռամշապուհ Սրբազան նախ եղած է ծխատէր քահանայ իր ծննդավայր Շապին Գարահիսարի մէջ, երէցկին Թագուհիին հետ ունենալով հինգ զաւակներ։ Համիտեան հալածանքներու տարիներուն ան կը վտարուի իր պաշտօնավայրէն եւ կը հաստատուի Պոլիս, ուր 1894-ին կը մահանայ երեցկինը։ Ապա, ան կը ստանայ կուսակրօն վարդապետութեան աստիճան եւ կը գործուղուի Փարիզ որպէս հոգեւոր հովիւ, յետոյ առաջնորդ)։
Երկու տարի ետք, նորապսակ զոյգը կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպուռն): Տարի մը ետք կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ՚աշխատի որպէս դեղագործ զանազան դեղարաններու մէջ:
1956-ին կնոջ եւ երեք անչափահաս զաւակներուն հետ կը գաղթէ Պէյրութ, Լիբանան, ուր կը ծնի իր չորրորդ զաւակը: 1957-էն 1965 կը պաշտօնավարէ Կենաց երկրորդական վարժարանին մէջ (Տպպայա), որպէս ուսուցիչ հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ ազգային պատմութեան:
1965-ին երկրորդ անգամ կը գաղթէ Աւստրալիա (դարձեալ Մելպուռն):
1967-ին կը գաղթէ Ամերիկա, կը հաստատուի Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը, ուր կ՚ապրի մինչեւ այսօր: Ամերիկա գաղթելէն ետք մինչեւ 1988, ամբողջ 21 տարիներ, աշխատած է որպէս քիմիագէտ դեղորայքի գործարանի մէջ։ Դեղագործական ասպարէզին կողքին, ուսուցչական գործունէութիւն ծաւալած է Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանէն ներս (1988-2000), կարճ ժամանակ մը եղած է նաեւ հայ գրականութեան դասատու Սրբոց նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին մէջ: Եղած է նաեւ ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ Գահիրէ-Հելիոպոլիս (1951-1953) եւ Էնսինօ, Գալիֆորնիա (2003-2009):
1974-ին կը սկսի Աստուածաշունչի սերտողութեան ժողովներու՝ նախ հաւատացեալներու բնակարաններուն մէջ, սկսեալ Հոլիվուտէն, ապա Հոլիվուտի մկրտչականներու եկեղեցիի մը սրահին մէջ, հուսկ ապա Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին գմբէթին տակ, հովանաւորութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյն:
1975-ին կը ձեռնարկէ նաեւ անձնական աւետարանչական գործունէութեան մը, որ կը տեւէ տասը տարի, մինչեւ 1985: Կը հաստատէ 15 վայրկեաննոց շաբաթական աւետարանչական ռատիօժամ մը՝ «Աշխարհի լոյսը, հայաստանեայց աւետարանասփռումի ժամ», սուրբ գրային եւ ազգային բովանդակութեամբ:
Գիրքերու կողքին, ան հրապարակ հանած է նաեւ հոգեշունչ եւ հայաշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւ այլն):
Հայերէնի կողքին, ան գրած է նաեւ ֆրանսերէն քերթուածներ, որոնցմով ան մասնակցած է ֆրանսական գրական մրցումներու (Jeux Floraux du Languedoc, 1936, Toulouse):
* * *
1938-ին, Ժագ Յակոբեան «Գաղտնի ճամբան» անդրանիկ իր հատորով գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի գրական «գիւտ»ը կը դառնայ: Հեղինակն է շուրջ 35 գիրքերու եւ գրքոյկներու, բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Իր գործերէն շատեր արժանացած են մրցանակներու:
Գեղեցիկ հայերէնով արտայայտուած իր ազգայնաշունչ հոգին եւ վառ հաւատքը կը հիւսեն թէ՛ իր ներաշխարհը եւ թէ՛ իր գրաշխարհը: Իր գործածած գրական-գեղարուեստական լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ շքեղ եւ ճոխ բառապաշարով:
Ժագ Յակոբեան հեղինակած է նաեւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը, որ արժանացած է հարիւրէ աւելի ներկայացումներու Սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ, նախաձեռնութեամբ առաւելաբար «Համազգային»-ի Գասպար Իփէկեան թատերախումբի ղեկավար Ժորժ Սարգիսեանի:
Երկու տարբեր առիթներով, ան պարգեւատրուած է կաթողիկոսական շքանշաններով՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառներուն:
Ան արժանացած է նաեւ «Համազգային»-ի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին, հետեւեալ գնահատականով. «Այսու կը հաստատենք, թէ Ժագ Յակոբեան գրական իր վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ իր տեւական ծառայութեամբ նպաստած է հայ մշակոյթի հարստացման»: