Միւս Պետիկը — Պետրոս Հերեան (1954-1987)

Ծննդեան 70-ամեակին առթիւ
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այնճար, 15 փետրուար 1954

Սիրելի ընթերցող՝
Որպէսզի կարողանաս ճիշդ պատկերացնել, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ Պետիկի ծնունդը, նախ պէտք է որ նկարագրեմ մեր բնակարանը: Երբ Այնճար գիւղաւանը կառուցուեցաւ, իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրուեցաւ չորս հարիւր քառակուսի մեթր հողի վրայ կառուցուած շուրջ քսան քառակուսի մեթր սենեակ մը եւ դուրսը՝ փոքր արտաքնոց մը: Նոյն սենեակը կ՚օգտագործուէր թէ՛ իբրեւ հիւրանոց ու խոհանոց եւ թէ՛ իբրեւ ննջարան ու ճաշարան միաժամանակ: Հայրս կ՚ըսէր, թէ երբ ամուսնացած է, իբրեւ տան գոյք ունեցած է ֆրանսական զինուորութենէն իրեն «ժառանգ» մնացած դգալ մը եւ երկու դաշոյն, որոնք իր քեռիին տղան՝ «Կուլուկասը» (Պետրոս Անտոնեանը) շինած ու նուիրած էր իրեն: Իսկ մայրս իր հետ բերած էր հագուստներով լեցուն նաշխազարդ սնտուկ մը, որուն մէջ խնամքով տեղաւորուած էին ընտանեկան տօնական հագուստներն ու որոշ թանկարժէք իրեր, յատկապէս ձեռագործներ: Ի դէպ աւանդութիւն էր, որ իբրեւ օժիտ նմանօրինակ սնտուկներ իրենց հետ պէտք է որ բերէին նորահարսերը: Այս սնտուկները կը համարուէին տան ամենակարեւոր կահոյքը ու կը գործածուէին նաեւ իբրեւ նստարան: Թէեւ հօրս դգալն ու դաշոյններէն մէկը կորսուած կը համարուին, սակայն սնտուկը տակաւին կը մնայ… իբրեւ յիշատակ: Ամուսնանալէ ետք, հայրս կրցած էր ձեռք բերել երկաթէ նաշխուած ու զսպանակաւոր մահկակալ մը, ուր կը քնանային իրենք՝ ծնողներս… տան փոքրիկի՝ Փօլի (Պօղոսի) հետ, իսկ ես եւ քոյրս՝ Մատլէնը, գետինը փռուած «մինտարներու» վրայ: Սկզբունքով Այնճարի մէկ-սենեականոց բնակարաններուն կեդրոնը զետեղուած կ՚ըլլար «թանտըրը»: Այս «ջեռուցման սարքը» թոնիրը չէ, որուն դուք ծանօթ էք, եւ ոչ ալ այն մետաղեայ վառարանի տեսակներէն է, որոնք տարածուած են գիւղերու մէջ, այլ քառանկիւն, մէկ-մեթրանոց (երբեմն աւելի), շուրջ երեսունհինգ սանթիմեթր բարձրութեամբ սեղան մը, որ բազմաթիւ կիրառութիւններ ունէր: Կ՚օգտագործուէր թէ՛ իբրեւ ճաշասեղան, թէ՛ իբրեւ գրասեղան ու խաղասեղան, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ «թանտըր», որուն վրայ ձմեռները դրուած կ՚ըլլար ձեռքով հիւսուած ծածկոց մը՝ նախընտրաբար բուրդէ, իսկ տակը փոքր «մանկալ» (կրակարան) մը՝ նախընտրաբար ածուխով: Մենք, մինտարներու վրայ նստած, ոտքերնիս սեղանին տակը կը մտցնէինք, իսկ ձեռքերնիս սեղանին վրայ՝ ձեռքի եւ մատներու շարժումներով մանկական խաղեր կը խաղայինք. «Շտտու-դրապպու», «Ծափը-ծուփ» կամ «Հոփըր-հոփ»:
Յետոյ, իմ կենսասէր ընթերցող, ամենէն կարեւորը՝ ուրախ էինք ու երջանիկ, իսկ եթէ հայրս տրամադրուէր հէքեաթ պատմել մեզի, — հոգ չէ թէ նոյն հէքեաթը բազմաթիւ անգամներ, — մեր ուրախութիւնը կը բազմապատկուէր:
Է՜հ, իմ համբերատար ընթերցող, ինչե՜ր յիշեցինք եւ ուրտեղե՜րը հասանք. եկուր շատ չշեղինք, ուղղակի սկսիմ պատմել քեզի, թէ ի՞նչպէս տեղի ունեցաւ Պետիկի ծնունդը:
Քրոջս՝ Մատլէնին եւ միւս եղբօրս՝ Փօլին ծնունդները չեմ յիշեր: Մենք երեքս ալ ծնած ենք Այնճարի «Մայրանոցը» (որ հետագային մանկապարտէզի վերածուեցաւ), իսկ Պետիկը՝ մեր հօրենական այն տան մէջ, զոր վերը նկարագրեցի։
Ցուրտ ու փոթորկոտ էր օրը, մենք՝ երեխաներս պպզած էինք «թանտըրին» շուրջ, հայրս մեզի հեքիաթ կը պատմէր, ընթացքին «փըթթէուն կիրըկ» (բոհրած կորեկ) կ՚ըմբոշխնէինք, իսկ մայրս նստած օժիտի սնտուկին, բուրդէ գուլպայ կը հիւսէր: Յանկարծ մէջքը բռնած ոտքի ելաւ ու սկսաւ տնքալ, տնտնալ ու բաներ մը ըսաւ հօրս, որ հագուեցաւ ու անմիջապէս դուրս գնաց…: Շատ չանցած իրարու ետեւէ ներս մտան Ֆասթուք նէնէն (պղինձէ կաթսայ մը ձեռին), հերկէլենց Ակաթը եւ Այնճարի մայրապետներէն՝ քոյր Լորենցիան։ Իրարանցում մը սկսաւ տան մէջ։ Մատլէնն ու Փօլը ո՞ւր տարին՝ չեմ գիտեր, սակայն հայրս անցուց զիս դրացի «Ճալապենց» ցանկապատուած բակը, ուր թոնիրը վարած հաց կը թխէր Անթուր (Անթառամ) նէնէն: Հայրս կ՚աճապարէր, բաներ մը ըսելէ ետք Անթուր նէնէյին, յանձնեց զիս անոր ու անմիջապէս վերադարձաւ: Անթուր նէնէն զիս յանձն առաւ, աթոռակի մը վրայ նստեցուց թոնրատան անկիւնը ու խոստացաւ «պանրըհուց» եփել…(հորած պանիրով, որուն «սուրքի» կ՚ըսէինք, սոխով, լոլիկով եւ յատուկ համեմունքներով պատրաստուած հաց): Թէեւ «պանրըհուց» ուտելու յոյսը քաջալերական էր ու խիստ ցանկալի, սակայն շուարած էի ու տագնապած: Կը զգայի թէ կարեւոր բան մը տեղի կ՚ունենայ տան մէջ եւ մայրիկս հանգիստ չէ, այնուամենայնիւ գոհ էի, որ Անթուր նէնէին մօտն եմ: Ան անմիջապէս քանի մը նկանակ փակցուց թոնիրի շիկացած կղմինտրներուն: Աստուա՜ծ իմ… այդ ի՜նչ բոյր էր։ Իմ որկրամոլ ընթերցող, դուն թոնիրէն նոր հանուած տաք-տաք «պանրըհուց» կերա՞ծ ես, — դժու՜ար թէ, — այնպէս որ պիտի չկրնաս ըմբռնել, թէ ի՜նչքան համեղ ուտեստի մը մասին է որ կը խօսիմ, միայն իմացիր, որ այդ «պանրըհուցի» բոյրը տակաւին ռունգերուս մէջ կը յամենայ:
Երբ ես տարուած էի թոնիրէն նոր հանուած «պանրըհուցը» վայելելով, յանկարծ «Ճալապ պապուկը» (Պետրոս Գոհիւլեան) ներս մտաւ, ձեռքը գլխուս դրաւ, վեր բարձրացուց զիս ու ըսաւ. «Աստուած պապան քեզի “մախսըմ” (պստլիկ) աղբարիկ մը ղրկած է, հայրիկդ եւ մայրիկդ շատ ուրախ են: Մենք ալ ուրախ ենք, տղամարդ մըն ալ աւելցաւ թաղին մէջ. քիչ յետոյ կ՚երթանք եւ կը տեսնես, դուն ալ շատ պիտի ուրախանաս»:
Ես չհասկցայ, թէ Աստուած պապան ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ղրկած է ինծի: Իրականութեան մէջ բան մը ղրկողը կամ բերողը Կաղանդ պապան կ՚ըլլար, որ անցնող Ամանորին արդէն իսկ բերած էր նուէրները ու անձամբ յանձնած մեզի: Իսկ հակառակ անոր, որ մենք միշտ կ՚աղօթէինք Աստուած պապային, տակաւին օր մը նուէրի խօսք չէր եղած: Այնուամենայնիւ, քանի որ բան մը պիտի ստանայի եւ ուրախանայի, կ՚ուզէի վայրկեան առաջ տուն երթալ: Բաւական ժամանակ անցաւ, «պանրըհուցը» ուտելէն ետք աւելի անհամբեր դարձայ, ի վերջոյ Անթուր նէնէն, — որ իր հերթին հետաքրքրուած կը թուէր ըլլալ մեր տան մէջ եղած անցուդարձով, — հաց թխելու «արարողութիւնը» աւարտելէ եւ լուացուելէ ետք, ներս մտաւ, հագուստները փոխեց ու վերադարձաւ թոնիր: Քանի մը «պանրըհուց» տեղաւորելէ ետք ծղօտէ հիւսուած կողովի մը մէջ, դարձաւ ինծի ու ըսաւ.
— Նայիր Մոսիկ, հիմա ձեր տունը պիտի անցնինք (ընդամենը ճանապարհ մը կար մեր տան եւ իրենց բակին միջեւ) ու քու նոր աղբարիկդ պիտի շնորհաւորենք: Դուն քեզի խելօք կը պահես, չէ՞: Ապա թաց անձեռոցով մը բերանս, դէմքս եւ ձեռքերս մաքրեց, վզնոցս, գլխարկս ու վերարկուս լաւ մը շտկրտելէ ետք, ձեռքէս բռնեց ու առաջնորդեց դէպի տուն: Դիմաւորողը հայրս էր, ներս տարաւ: Ամեն մարդ ուրախ էր եւ կը հաստատէին թէ նորածինը աւելի Հերկելեաններուն կը նմանի քան՝ Հանտեաններուն: Կին մը, որ առաջին անգամ կը տեսնէի, ղեկավարի հանգամանքով թելադրութիւններ կ՚ընէր ներկաներուն՝ յատկապէս մօրս: Ան ստուգելէ ետք որ մամաս արդէն հանգիստ է, «գունտագուած» (պարուրուած) նորածինը, որ քրոջս պուպրիկը յիշեցնող փոքրիկ արարած մըն էր, ձեռքերուն մէջ առնելով ու ցոյց տալով ինծի, ըսաւ.
— Նայիր ի՜նչ անուշիկ է: Դուն մեծ տղայ ես այլեւս. մի հաւատար ասոր անոր, այս պէպէքը մամադ ծնաւ, Փօլին պէս ինքն ալ քեզի աղբարիկ պիտի ըլլայ, սակայն շատ խելացի ըլլալու է։
Ապա նորածինի գլխուն վրայի ցանցառ մազերով պարոյկները ցոյց տալով՝ ըսաւ.
— Եկէք դուք ալ նայեցէք, այս մանկիկը գլխուն վրայ մէկի փոխարէն երեք կեդրոն ունի, երկուքը շատ քիչ կը պատահի, որ խելացիութեան նշան է, իսկ այս մէկը երեք հատ է, կը նշանակէ որ չափազանց խելացի ու նշանաւոր մէկը պիտի ըլլայ. «Աստուծ թըղ շատցնի»։
— «Աստուծ թըղ շատցնի», «Փատէար թըղ շատցնի», — կրկնեցին ներկաները, իսկ անծանօթ տիկինը աճապարանօք դուրս ելաւ…:
Մուսալեռցիք երեխաներու ծնունդի առիթով, չեն ըսեր «Աստուած պահէ», այլ կ՚ըսեն «Աստուծ թըղ շատցնի» կամ «Փատէար թըղ շատցնի», որ կը նշանակէ «Աստուած (կամ Փրկիչը) եղածը թող պահէ եւ նորանոր ծնունդներ եւս պարգեւէ»: Ի դէպ, Պետիկը տեղեակ էր այս պատմութեան, գիտէր որ իր գլուխը մէկի փոխարէն երեք գլխածայր ունի եւ կը հաւատար այս տարօրինակ երեւոյթին…: Իսկ անծանօթ տիկինը (Ծաղիկ Սեպէյեան), որ այն ժամանակներուն գիւղին միակ մասնագէտ դայեակն էր, մեծապէս գնահատուած էր Այնճարի մէջ ու մեծ յարգանք կը վայելէր գիւղացիներուն մօտ: Ան մինչեւ իր կեանքին վերջը ծառայեց գիւղացիներուն՝ առանց նիւթական ոեւէ ակնկալութեան: Ամուսինը՝ Ճորճ Սեպան, այդպէս թելադրած էր անոր:
Շատ լաւ կը յիշեմ, մինչ դրացիներէն՝ Սիրվարդ քոյրիկը «հալվութ» (աչքալուսանքի քաղցրեղէն) կը բաժնէր ներկաներուն, հայրս զիս մօտեցուց մահճակալին ու մատնացոյց ըրաւ մօրս գրկին նորածինը. կ՚ուզէր բան մը ըսել, բայց կը դժուարանար. թուքը կլլեց, քանի մը անգամ փորձեց, չկրցաւ: Հակառակ անոր, որ լայնօրէն կը ժպտար ու դէմքէն երջանկութիւն կը ճառագայթէր, արցունքները կը հոսէին անոր այտերն ի վար, որ մտահոգիչ էր ինծի համար: Երբ սկսայ տագնապիլ, մամաս քովը առաւ զիս ու ըսաւ.
— Տղաս, ատիկա ուրախութեան արցունքներ են, դուն ալ երբ ծնար, այն ատեն ալ հայրիկդ ուրախութենէն կու լար. տես ամեն մարդ ուրախ է, հիմա արդէն երկու եղբայր ունիս։
Առաջին անգամն էր որ «ուրախութեան արցունքներ» կը տեսնէի…

Այնճար, յունիս 1965

Թուականը ճիշդ ըլլալու է, որովհետեւ Եղեռնի յիսնամեակը նոր նշուած էր ու ես ընկերներուս հետ, իբրեւ ՀՄԸՄ-ական սկաուտ, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էի Անթիլիաս-Պիքֆայա երկարող քայլարշաւին: Ազգային գետնի վրայ խանդավառ ու լաւատեսական մթնոլորտ մը կար աշակերտներուն մէջ: «Մուսալեռ» պարբերականի խնբագրութեան անդամ էի ու կը պատրաստուէինք Եղեռնի նուիրուած բացառիկ մը հրատարակել: Հայերէնի դասապահն էր, ուսուցիչը՝ պ. Մովսէս Այնթապեանը, բացատրութիւններ կու տար մեզի, թէ ի՛նչ բնոյթի եւ բովանդակութեամբ շարադրութիւն պէտք է գրէինք։ Յանկարծ դպրոցին վարորդը՝ Տիգրան Վ. Փանոսեանը, ներս մտաւ եւ ուսուցիչին ուղղելով խօսքը՝ ըսաւ.
— Մովսէսը տնօրէնին քով կանչուած է, հիմա պէտք է գայ, շատ կարեւոր է։
Զարմացայ. այդ օրերուն մասնաւոր յանցանք մը չէի գործած, ինչո՞ւ անյապաղ կը կանչուէի։ Երբ տնօրէնին սենեակը մտայ, ան (Յովհաննէս Գարագաշեանը) ինծի կը սպասէր ոտքի: Զիս տեսնելուն պէս ըսաւ.
— Եղբայրդ՝ Պետիկը, կռիւ ըրած է եւ ընկերը՝ Խաչիկը դանակով հարուածած. թէեւ մեծ բան մը չէ, սակայն լաւ կ՚ըլլայ, որ Տիգրանին հետ միասին տանիք զինք բուժարան, որմէ ետք իրենց տուն: Դուրս ելայ. վարորդ Տիգրանն ու Խաչիկը տնօրէնի ինքնաշարժին մէջ կը սպասէին: Թէեւ Խաչիկին դաստակը կապուած էր արիւնոտած թաշկինակով մը, սակայն ան հանգիստ նստած էր: Երբ բացատրութիւն ուզեցի, Խաչիկը ըսաւ.
— Ես կատակ ըրի, բայց Պետիկը խենթ է, ան դանակը քաշեց, ետեւէս վազեց, բռնեց ու զարկաւ:
— Ինչո՞ւ։
— Մեր դասարանի «քաջ տղան» ինքն է եղեր։
Տիգրան ամմոն խրախուսեց զինք՝ ըսելով.
— Դուք երկուքդ ալ քաջեր էք, պէտք չէ կռիւ ընէք, ընկերներ էք, ամօթ է։
«Գարակէօզեան» բուժարանը գացինք, բուժքոյրը Խաչիկին վէրքը խնամեց ու զինք տուն տարինք: Թէեւ հայրը՝ Անթուշը (Անդրանիկ Քիւսպէկեան) տղուն վիրակապը ստուգելէ ու հարցաքննելէ ետք զինք, հասկացողութիւն ցուցաբերեց, սակայն մայրը՝ տիկ. Մարսիլը քիթին տակէն բաներ մը մռլտաց ու զիս ցոյց տալով ըսաւ.
— Այս «Գասատուրինց խիվէյր» (Խաչատուրենց խենթերը) թաղին «պէլան» են.Աստուած աւելի մեծ փորձանքներէ ազատէ:
Ես եղածին համար ցաւ յայտնելէ ետք, ըսի.
— Պետիկը վաղը կը զղջայ եւ անպայման կու գայ Խաչիկին քով եւ ներողութիւն կը խնդրէ։
Երեկոյեան հայրս (Որսորդ Սըդդանը) սովորականին պէս լաւ տրամադրութեամբ տուն մտաւ, ուսապարկը հանեց եւ իր հաւատարիմ շան՝ «Ճոլիին» բերանը տուաւ որպէսզի տանի ու տեղը դնէ, օրուան որսը՝ թռչունները մօրս յանձնեց, իսկ հրացանն ու փամփշտակալը՝ մեզի որպէս զի իրենց տեղերը կախենք: Մամայիս սուրճ պատուիրելէ ետք, բաղնիք մտաւ լուացուելու: Կարծեցինք թէ բանէ մը լուր չունի, մինչդեռ որսէն վերադարձի ճանապարհին ան կ՚իմանայ եղելութիւնը, կը մտնէ քիւսպէկեաններուն բնակարանը, ուր Խաչիկի ծնողքին ու քանի մը հարեւաններու ներկայութեան կ՚իմանայ դէպքին մանրամասնութիւնները ու կը խոստանայ պատժել Պետիկը:
Երբ բաղնիքէն դուրս ելաւ, առաջինը Պետիկին հարցուց եւ երբ տեղեկացաւ, որ դպրոցէն փախած է եւ տակաւին տուն չէ վերդարձած, պահանջեց որ գտնենք ու տուն բերենք զինք անմիջապէս: Մայրս առիթէն օգտուելով սկսաւ.
— Շատ երես կու տաս կոր «չոճուքներուն», յանցաւորը դուն ես, այս «սրդիթը» (մեր բարբառով կը նշանակէ «աշխոյժ, ուշիմ սակայն չար երեխայ»), այդ մատ մը լակոտը, որ տակաւին կաթի հոտը բերանն է, դանակով կռիւ կ՚ընէ ու մարդ կը վիրաւորէ։ Ուրկէ՞ գտեր է այդ դանակը, կրնա՞մ հասկնալ: Դուն իրենց հայրն ես, ոչ թէ տարեկից ընկերը, ամեն ինչ կատակի կու տաս. այսօր դանակ, վաղը՝ դաշոյն, միւս օրը՝ զէնք, յետո՞յ։ Սեդրա՛կ, ասոր վերջը լաւ չեմ տեսներ։
Իսկ հայրս նման պարագաներու ամենայն սառնասրտութեամբ կը պատասխանէր.
— Կնիկ, իրենց տարիքին, ես իրենցմէ լաւ չեմ եղած. վաղը միւս օր կը մեծնան եւ խելքերնին գլուխնին կու գայ։ Կեանքը այսպէս է, ասոնք խրատէ չեն հասկնար, իրենք իրենց սխալներէն պիտի սորվին։ Եթէ խելացի են, խրատի պէտք չունին, եթէ անխելք են, դարձեալ խրատի պէտք չունին։
Մայրս որ քաջածանօթ էր այս եւ նմանօրինակ «փիլիսոփայութիւններու», ճարահատ, գլուխը շարժեց ու հեռացաւ։
Հօրս պահանջին վրայ, Փօլը՝ որուն համար ընթացիկ «խաղ» մը կը թուէր պատահածը, եղբօր ետեւէն գնաց ու շատ չանցած անոնք զրուցելով ներս մտան: Պետիկը, որ աւելի հերոսի կեցուածք ունէր քան յանցագործի, գրպանէն փոքր դանակ մը հանեց, երկարեց հօրս ու ըսաւ.
— Առ, ասկէ ետք դանակով կռիւ չեմ ընէր։
— Ասկէ ետք առանց դանակի ալ կռիւ չպէտք է ընէք, ոչ դուն եւ ոչ ալ եղբայրներդ:
Ապա դուրսը՝ ծիրանի ծառին տակ «հրաւիրեց» մեզ: Ինք նստաւ աթոռի վերածուած կոճղի մը վրայ, դատաւորի նման, իսկ մենք աշակետներու պէս շարուեցանք դիմացը՝ ոտքի: Հայրս շատ ընկերական էր ու բարեացակամ մեր հանդէպ, բնաւ ձեռք չէր բարձրացուցած մեր վրայ, եւ հակառակ անոր, որ կը փորձէր ամեն ինչ կատակի տալ, մենք կ՚ակնածէինք իրմէ ու կը հնազանդէինք իրեն: Ան էութեամբ զուարճախօս ու բարի մարդ էր, միշտ մեր յանցանքներուն վրայէն թեթեւօրէն կ՚անցնէր: Այդ օրը սակայն քիչ մը տարբեր կը թուէր ըլլալ: Վերէն վար լաւ մը չափելէ ետք Պետիկը, ըսաւ.
— Հոս նայեցէք, եթէ դպրոցն ու ակումբը չեն կրնար դաստիարակել ձեզ, ապա ասկէ ետք ձեր գործը իմ հետս կ՚ըլլայ: Իմ գլուխէս շատ բան անցած է, սակայն կռիւն ալ իր օրէնքները ունի: Նախ՝ ընկերներու հետ չեն կռուիր, այլ ընկերները զիրար կը պաշտպանեն, իսկ վէճեր ու տարակարծութիւններ եթէ ունենաք իրարու հետ, յանցաւորը պէտք է որ ներողութիւն խնդրէ միւսէն։
Ես լռեցի: Փօլը, որ ամենէն չարն էր մեր մէջ, փորձեց ընդմիջել, սակայն հայրս ձեռքով սաստեց զինք ու շարունակեց.
— Յանցանքը ընդունիլը, ոչ միայն ամօթ չէ այլ նաեւ «գապատայութիւն» (տղամարդութիւն) ու քաջութիւն է: Հազար անգամ ըսած եմ՝ կռուիլը արգիլուած է ձեզի, սակայն եթէ դիմացինդ թշնամի է եւ կռիւը անխուսափելի, առաջին հարուածողը դուն պէտք է որ ըլլաս ու կը ծեծես զինք այնքան, որ ուժաթափ ըլլայ: Իսկ եթէ փողոցը, պարտէզները եւ նոյնի՛սկ դպրոցը ծեծ ուտէք ու տուն գաք, հոս ալ ծեծ կ՚ուտէք։ Յստա՞կ է: Այո, կռիւը արգիլուած է, սակայն ծեծ ուտելը աւելի եւս արգիլուած է: Դուք իմ տղաքն էք, հասկնալի է, սակայն ես կը կռուէի միայն այն պարագային, երբ «պոչիս կոխէին»: Իսկ դո՛ւն «պզտակ սըրդիթ», ըսէ նայիմ, ինչո՞ւ կռուեցաք ու խնդիրը դանակին հասաւ, չէ՞ որ քու ընկերդ է եւ նոյն թաղը կ՚ապրիք, ամեն օր իրար պիտի տեսնէք։
Պետիկը, խրոխտ առոգանութեամբ պատասխանեց.
— Ըսաւ, որ ինք ինձմէ աւելի քաջ է եղեր. բոլորի՛ն առջեւ։
— Դուն ալ ըսէիր, որ ո՛չ, դո՛ւն ես քաջը, հարցը կը փակուէր։
— Ո’չ հայրիկ, ինք ինձմէ պոյով է ու հսկայ, իրեն կը հաւատան, ինծի չեն հաւատար։
— Լաւ, հիմա նայեցէք: Հակառակ անոր, որ դուք տակաւին դանակ շալկելու տարիքին չէք հասած, ես այդ դանակը պիտի չպահեմ ձեզմէ, «պատիհանը» պիտի դնեմ ու հոն պիտի մնայ։ Դանակը ձեր հետ կը տանիք միայն այն պարագային, երբ պարտէզները ձուկ բռնելու կամ որսի երթաք: Եթէ անգամ մըն ալ լսեմ որ կռիւ ըրած էք ու յատկապէս դանակ գործածած՝ հարցը կը փոխուի. եւ նկատի առէք՝ որ դանակով կռուիլը մասնագիտութիւն է եւ վարպետութիւն կը պահանջէ. եթէ սխալ գործածէք, դուք ձեզ կը վիրաւորէք: Իսկ դուք տակաւին փոքր էք ու անփորձ։ Հիմա գացէք «Մլգինենց» խանութէն տուփ մը «լոգում» առէք, տարէք Խաչիկին մօրը, քաջաբար ներողութիւն խնդրեցէք, հաշտուեցէք ու լաւ ընկերներ մնացէք։ Եղա՞ւ։
Իմ խաղաղասէր ու մարդասէր ընթերցող, գուցէ մեղադրես մեր սերունդը, որ ըլլայ Այնճարի, ըլլայ առհասարակ Լիբանանի մէջ, յատկապէս քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, յատկանշուեցաւ իր արկածախնդիր բնաւորութեամբ: Ինքնապաշտպանութեան բնազդն էր, որ դարերու ընթացքին ջրդեղեց մեր խաղաղասէր ու վեհանձն պապերուն կամքն ու կազմաւորեց անոնց նկարագիրը, որոնք իրենց հերթին դաստիարակեցին մեր ծնողներն ու մեզ, սակայն հեռո՜ւ ամեն տեսակի վայրագութենէ եւ անմարդկային վերաբերումներէ:
Իսկ հիմա, իմ արկածախնդիր ընթերցող, գիտցիր որ Պետիկի մանկապատանեկան կեանքը լեցուն է եղած նմանօրինակ դէպքերով: Երբ արդէն պատանի էր, մէկ կողմէ բանաստեղծութիւններ կը գրէր եւ միւս կողմէ խումբեր կը կազմէր, ու ընկերներով թէ՛ գիւղի, թէ՛ դպրոցի ու նոյնիսկ ակումբի հանգիստը կը խանգարէին: Երկու խումբ ունէր, առաջինը՝ իր տարեկիցները, երկրորդը՝ յաջորդ սերունդը, որոնք աւելի հաւատարմութիւն ցոյց կու տային իրեն քան՝ նախորդները: Իսկ ազգը փրկելու համար կը մտադրէր ընկերներու հետ «որբանոց-զօրանոց» մը հիմնել:
Երբ մեծցաւ, ան չփոխուեցաւ, մնաց նոյն երկու անհատականութեան տէր Պետիկը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերուն, երբ գաղութի ազգային կառոյցները գրեթէ ամբողջութեամբ փոխադրուեցան արեւելեան Պէյրութ, համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր, «Ազդակ»-ն ալ տպարանով ու խմբագրական կազմով տեղափոխեցին Պուրճ Համմուտ: Հակառակ անոր, որ ինք այդ շրջանին «Ազդակ»-ի սրբագրիչն էր, ու զուգահեռաբար «Գրական էջ»-ը եւս կը խմբագրէր, մնաց Արեւմտեան Պէյրութի ՀՅԴ-ի ակումբը, զոր «տղաքը» կը շարունակէին պաշտպանել: Արեւելեան Պէյրութ փոխադրուելու յորդորները ոչ մէկ ազդեցութիւն գործեցին իր վրայ: Զինուած փոքր ատրճանակով մը, (որ իր ընկերներէն Փիթըրը նուիրած էր իրեն), գլուխը ածիլած, ճակատագիրը կապեց իր հաւատարիմ ընկերներուն՝ ակումբի «տղոց» հետ:
Որովհետեւ «Ազդակ»էն իսկապէս պէտք ունէին իրեն, ի վերջոյ ինծի դիմեցին որ համոզեմ զինք: Շատ դժուարութեամբ կրցայ կապուիլ հետը, մէկ կողմէ փորձեցի բացատրել իրեն թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտաբար պէտք է գայ Պուրճ Համմուտ իբրեւ «Ազդակ»-ի անձնակազմի անդամ եւ միւս կողմէ ցոյց տուի վտանգի ահաւորութիւնն ու ռիսկի մեծութիւնը: Մնաց անդրդուելի ու պատասխանը եղաւ հետեւեալը:
— Անգամ մըն ալ ե՞րբ առիթ պիտի ունենամ պատերազմի մէջ ըլլալու ու կեանքի դաժանութեան մէջ ապրելու…
Իմ խիզախ ընթերցող` Պետիկը ամենավտանգալից պահերուն իսկ ոչ տագնապի կը մատնուէր եւ ոչ ալ իր զուարճախօսութիւնը՝ humour՝ը կը կորսնցնէր: Քաղաքացիական պատերազմի ամենասարսափելի օրերն էին, 1984-ի ձմրան, երբ հօրս թաղումէն անմիջապէս ետք, Այնճարէն Պէյրութ կը վերադառնայինք վարորդ Հաննէսին հետ, մեզ հետ էին նաեւ տարեցներ «Հիյակն» ու տիկինը եւ մեր դրացի Փամպուքեաններուն աղջիկը՝ Օսկին: Լեռներուն վրայ, «Սոհայի» ճանապարհին, առեւանգեցին եւ տարին մեզ անտառի մէջ լքուած բնակարան մը, ուր մեզմէ առաջ հոն բանտարկուած էին նաեւ երկու այնճարցի երիտասարդներ՝ Վահէ Հանիսեանն ու Մովսէս Ինճէյեանը: Սենեակը բաւականին մեծ էր ու բոլորովին պարապ: Գետինը կարգ մը տեղեր թափուած թարմ արիւն կար, իսկ անկիւնը դրուած էր շիշ մը օղի փակ վիճակի մէջ: Բոլորս շուարած ու տագնապած էինք, որովհետեւ յարակից սենեակներէն հառաչանքի ու տնքոցի ձայներ կը լսուէին: Փաստօրէն մեր կեանքը մազէ մը կախեալ էր: Յանկայծ Պետիկը լռութիւնը խզելով, կարծէք թէ ոչինչ պատահած ըլլար, դարձաւ Հիյակին, որ օղիին հանդէպ անտարբեր մէկը չէր, ու ըսաւ.
— Նայի՛ր, Հիյակ, ասոնք շատ հիւրասէր եւ առատաձեռն մարդիկ կ՚երեւին, օղին պատրաստեր են սկիզբէն, քիչ յետոյ խորովածն ալ կը բերեն։
Իսկ Հիյակը, որ սահմռկած կը թուէր ըլլալ, պատասխանեց.
— Սպասէ, սպասէ հիմա, երբ այդ օղին վէրքերուդ վրայ կը լեցնեն, այն ատեն կը գիտնաս թէ ի՞նչ տեսակ մարդիկ են ասոնք:
Յետոյ իմացանք, որ այդ օր քսանէ աւելի անմեղներ գնդակահարուած էին երկուստեք: Մենք ազատեցանք բախտով՝ միայն շնորհիւ իմ աւարտաճառիս արխիւներուն, որոնք այդ օր հետս կը տանէի Պէյրութ՝ ապահովութեան համար: Ասիկա ուրի՜շ հետաքրքրական պատմութիւն է, որ այլ առիթով մը կարելի է հրապարակել։
Այո, Պետիկը երկու անհատականութիւն ունէր, եւ բնաւ պատահական չէ, որ Փօլ Կիրակոսեանը, որ լաւ կը ճանչնար զինք, երբ ուզեց իր դիմանկարը իրագործել, երկու «Պետիկ» պատկերեց՝ յիշողութեամբ. «Մտաւորականը» եւ «Յեղափոխականը»։
Այդպէս էր իր գրականութիւնն ալ, որուն կարգ մը կայացած ու հեղինակաւոր մտաւորականներ, ինչպէս՝ Աբրահամ Ալիքեանը, Ալեքսանդր Թոփչեանը եւ ուրիշներ, անդրադարձած են ու գնահատած իբրեւ այդպիսին: Այո, թէեւ գնահատուեցաւ իբրեւ քնարերգակ բանաստեղծ, սակայն հալածուեցաւ իբրեւ ըմբոստ մտաւորական, այդ պատճառով ալ իր «Եուհու» վիպակը երկար ժամանակ մնաց լուսանքի վրայ…
Պետիկի ընկերներէն շատեր իր մասին գրած են ու խօսած իր նկարագրային յատկանիշներուն մասին: Ստորեւ կու տամ Վարուժան Խտշեանի վկայութիւնը միայն. «Շատ մեծ կորուստ էր ինծի համար Պետիկը, որովհետեւ ի՞նչ որ կը մտածէի՝ իրեն հետ կը խորհրդակցէի: Ինքն ալ կը բացուէր ինծի: Երբեմն կ՚առնէր խորհուրդս իբրեւ մեծ եղբօր, իրապէս… Շատ բարի, զուլալ, միամիտ ըսուելու չափ անուշ տղայ մըն էր: Պոյաճեան, Սնապեան եւ Հերեան: Շատ մեծ, աւելի մեծ խոստումներ ունէր Պետիկը…»։

Մոնթրէալ, 2024 փետրուար

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *