ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Գիրքերու այս անդրադարձները գրախօսականներ չեն. նպատակս ծանուցել է անոնց հրատարակումը եւ քաջալերել անոնց տարածումը՝ մղելով ընթերցողները, որ իրենց մօտակայ գրատարածներէն կամ գրախանութներէն ձեռք ձգեն, հակառակ պարագային պահանջեն, որ բերուին ու տրամադրելի ըլլան սոյն գիրքերը։
Այս առթիւ կ՚ուզեմ մեծապէս շնորհակալ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնցմէ նուէր ստացայ կամ որոնք ինծի առաքեցին այս հրատարակութիւնները։
Սիրան Սեզա, ՆԱՄԱԿԱՆԻ Ա. Հատոր, Նամակագրութիւն Վահէ Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ 1932 – 1955 եւ 1933 – 1948, Հայաստան («Գրական հայրենիք») հրատչ., Երեւան 2023, 720 էջ + 8 էջ լուսանկարներու ներդիր։
Կազմեց, ծանօթագրեց, թարգմանեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան։ Հրատ. խմբագիր՝ Վահագն Սարգսեան, համակարգչային հիմնօրինակը՝ Կարինէ Դաւթեանի, կազմի համակարգչային ձեւաւորումը՝ Մելինէ Ղարախանեանի։ Ներարուած է նաեւ Տիրան Աճէմեանի գծած Սեզայի երգիծանկարը (դժբախտաբար շատ մանր չափերով)։
Մեկենասութեամբ Սիրան Սեզայի որդիին եւ հարսին՝ Վահագն եւ Անահիտ Քիւփելեաններուն։
Ժողովածուն կ՚ընդգրկէ նաեւ, նամակագիրներուն կենսագրութիւնը, անոնց արտասանած խօսքերը Սեզայի մահուան առթիւ, եւ անոնց հրատարակուած գիրքերուն գրեթէ ամբողջական ցանկերը, յիշատակուած անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր եւ շուրջ 1500 ծանօթագրութիւն՝ ինքնին հսկայ մէկ աշխատանք։
Սիրան Զարիֆեանը (Մատթէոս Զարիֆեանի քոյրը), ծանօթ՝ Սեզա գրչանունով, – ծնած 1903-ին Սկիւտար (Կ. Պոլիս) եւ մահացած 1973-ին Պէյրութ, – իրապէս բախտաւոր պէտք է նկատենք, քանի որ այսպիսի վերաբերումի կ՚արժանանայ իր զաւկին ու հարսին կողմէ։ Կ՚արժէ մէջբերել անոնց խօսքէն մաս մը. «Մեր որդիական պարտքը կատարեցինք եւ պիտի շարունակենք կատարել մեր մօր անտիպ գործերը նախ յանձնելով [Եղիշէ Չարենցի անուան] Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, ապա հրատարակելով իր ամբողջական երկերը՝ ներառեալ ճոխ նամականին [յաջորդաբար հրատարակուելիք նախատեսուած երեք կամ չորս հատորներով …]։ Կը հաւատանք, որ այդ նամականին կը ցոլացնէ Ցեղասպանութենէն վերապրեալ տասնեակ մը մտաւորականներու տուայտանքները, ապրումները, հոգեկան բարդ աշխարհը, ծննդավայր եւ հարազատներ կորսնցուցածի տառապանքը եւ հուսկ ապա վերընձիւղուելու անհրաժեշտութիւնը»։
«Այս նամականիին մասին» իր ներածական խօսքին մէջ խղճամիտ Գէորգ Եազըճեան, որ մէկ առ մէկ կը նշէ բոլոր դժուարութիւնները, որ նման հարատարակութիւն մը կը յառաջացնէ, եւ իր միջոցառումները՝ զանոնք յաղթահարելու համար, իր եզրակացութեան մէջ ընթերցողէն կը խնդրէ «հաւատալ, թէ իսկապէ՛ս ձգտած ենք ներկայացնելու հնարաւորինս անթերի աշխատանք»։ Ձգտած է՝ ամբողջովին սիրայօժար։
Հաւանաբար հատորին ընթերցումը աւելի հեզասահ պիտի ըլլար եթէ Սեզային նամակներն ու երկու միւս նամակագիրներուն պատասխանները (եթէ ոչ միասին, գէթ առանձնաբար) իրարու յաջորդած ըլլային թուականի կարգով, քանի որ նոյն օրերուն նոյն կամ առնչուած հարցեր են, որ տեղ կը գտնեն նամակներուն մէջ։ Բայց այդ գուցէ կրնար յաւելեալ խմբագրական դժուարութիւններ ստեղծել։ Ամեն պարագայի վարձքը կատար բոլորին։
Երանի բոլոր գրողները, եւ ոչ միայն գրողները, նման հոգատար վերաբերումի արժանանային յաջորդ սերունդներուն կողմէ՝ անոնք իրենց շառաւիղներն ըլլան թէ ոչ։
Talar Chahinian, STATELESS, The politics of the Armenian language in exile, Syracuse University Press, 2023, 298 pp.
Հատորը լոյս տեսած է Figure Foundation-ի յատկացումով եւ նուիրուած է հեղինակին մեծմայրերուն՝ Մայրենիի ու Կիւլիստանի յիշատակին։
Թամար Շահինեան բաղդատական գրականութեան վարդապետի (PhD) վկայականը ստացած է UCLA համալսարանէն, կը դասախօսէ UC Irvine համալսարանի Հայագիտական յայտագրին մէջ, ինչպէս նաեւ այցելու ուսուցիչ է նոյն համալսարանի Բաղդատական գրականութեան բաժինին մէջ։ Եղած է օգնական խմբագիր Armenian Review պարբերաթերթին, այժմ համախմբագիրն է Diaspora պարբերաթերթին ու կանոնաւոր աշխատակիցը «Բագին»-ի։ Իր ուշադրութիւնը յատկապէս կեդրոնացած է արեւմտահայերէն գրականութեան ու լեզուին վրայ։
Ներածականէն անդին գիրքը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր մասերէ. առաջինը նուիրուած է Ա. աշխարհամարտէն ետք արեւմտահայ գրականութեան ապակեդրոնացումը – Փարիզ, երկրորդը՝ Բ. աշխարհամարտէն ետք արեւմտահայ գրականութեան կեդրոնացումը – Պէյրութ։ 75 էջ կը գրաւեն ծանօթագրութիւնները, մատենագիտութիւնն ու յատուկ անուններու եւ մասնաւոր բառեզրերու ցուցակը։
Հարվըրտ համալսարանէն Françoise Lionnet կը վկայէ, որ «անթերի ուսումնասիրութեամբ եւ գեղեցիկ ոճով գրուած» սոյն հատորով Շահինեան «ցեղասպանութեան ու աղէտի ուսմանց նրբագեղ ու մնայուն ներդրում մը կը մատուցէ»։
Դալար Շահինեան համապարփակ կը ներկայացնէ արեւմտահայութեան յետեղեռնեան մեր վերածնունդը դասական Սփիւռքի կազմակերպումէն՝Գահիրէէն Պէյրութ, Հալէպ, Փարիզ եւ Պոսթըն, հասնելու համար յետվերանկախացման այսօրուան խառն ու մտահոգիչ ազգային իրականութեան եւ կը հաւատայ, որ անցեալէն դաս առնելով, բայց մանաւանդ օգտուելով ներկայի բազմաբեւեռ փորձառութիւններէն ու կարելիութիւններէն՝ մենք կրնանք շարունակել պահպանել մեր լեզուն ու գրականութիւնը՝ մենք զմե՛զ։
Դաւիթ Ղահրամանեան, ԱՐՑԱԽ. ԱՆԱՒԱՐՏ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, պատկերագիրք, հրատ. Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, իր հիմնադրման 95-ամեակին առթիւ, «Ոսկան Երեւանցի» տպագրատուն, Երեւան [2023], 132 էջ։
Լուսանկարներու եռալեզու այս պատկերագիրքը «նուիրւում է բոլոր նրանց, ովքեր զոհեցին իրենց կեանքը, որպէսզի նոր կեանքեր ծնուեն, ովքեր իրենց մահը ապրելու պատգամ դարձրին»։ Ան կազմուած է լուսանկարիչին ու Հերմինէ Աւագեանի կողմէ։. Ձեւաւորող՝ Չարեհ Շիրվանեան, անգլերէն թարգմանութիւնը՝ «Ջենեսիս Արմենիա»-ի, ռուսերէն թարգմանութիւնը՝ Լիանա Բաղդասարեանի. Խմբագիրն է Արեւիկ Գաբրիէլեան։
Հերմինէ Աւագեան, որ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնն է («Հորիզոն գրական»-ի խմբագրութեան անդամ, նաեւ դասախօս), հատորի ներածական իր խօսքին մէջ կը նշէ, թէ «Դաւիթ Ղահրամանեանն Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերին աշխատել է որպէս Արցախի տեղեկատուական շտաբի լուսանկարիչ՝ լուսանկարելով ինչպէս Արցախի տարբեր վայրերում ընթացող պաշտպանական թէժ մարտերը, այնպէս էլ թիկունքը՝ խաղաղ բնակիչներ, երեխաներ, կանայք։ Երբ բացէք այս պատկերագիրքը, իմացէք՝ այս լուսանկարներով ձեզ են նայելու պատերազմի աչքերը, որոնց մէջ շատ է կորուստը, վայրագութիւնը, տմարդութիւնն ու ոճիրը, բայց մեծ է ապրելու պատրաստակամութիւնը, որովհետեւ երբ ձգտում են քեզ սպանել, ոչնչացնել որպէս ազգ, դու երկու ճանապարհ ունես՝ կամ յանձնուել, կամ զէնք վերցնել յանուն քո ինքնութիւնը պաշտպանելու, յանուն ազատութեան, յանուն կեանքի»։
Իսկ Ղահրամանեան, որ լուսանկարիչ-վաւերագրող է, իր խօսքին մէջ կ՚աւելցնէ, թէ «ցանկանում եմ ցոյց տալ հային պարտադրուած պատերազմի հետեւանքները՝ ընդհատուած մանկութիւններ, սպասող կանայք, աւերուած մշակութային կոթողներ, խեղուած ճակատագրեր…»։
Գեղարուստական բարձրագոյն մակարդակով այս լուսանկարները, իրենց մակագրութիւններով, բաժնուած են չորս մասի՝ «Արցախ- անաւարտ պատերազմ» (մեծագոյն բաժինը), «Երազանքը՝ պայքարի ուղենիշ», «Վերադարձ» եւ «Կեանքի ճանապարհ»։
Պատրաստուած Արցախի կորուստէն առաջ, գիրքը, որ ամեն պարագայի չի կրնար անտարբեր ձգել ընթերցողը, կ՚աւարտի «Մենք ապրելու ենք» կոչով։
Էմիլ Օրդուխանեան, ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ-ՀԱՅԵՐԷՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵԶՐՈՅԹՆԵՐԻ ԲԱՌԱՐԱՆ, շուրջ 35 000 բառ եւ արտայայտութիւն, Լիմուշ հրատչ. Երեւան 2023, 464 էջ։
Գեղատիպ, մեծադիր էջերով, կարծրակազմ ու թուղթէ յաւելեալ շապիկով այս բառարանը տպագրութեան երաշխաւորուած է ՀՀ ԳԱԱ Փիլիսոփայութեան, սոցիոլոգիայի [ընկերաբանութեան] եւ իրաւունքի ինստիտուտի [հիմնարկի] գիտական խորհուրդին կողմէ եւ Գոհար Անանեանը ունի որպէս «տեխնիկական» [արհեստագիտական] խմբագիր։
«Առաջաբան»-ին մէջ կը նշուի, որ բառարանը կը բովանդակէ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ ֆրանսախօս այլ երկիրներու մէջ օգտագործուող իրաւաբանական եզրոյթներ եւ արտայայտութիւններ եւ «համոզուած լինելու համար, որ ֆրանսերէն եւ հայերէն եզրոյթները համարժէք են, հեղինակը օգտագործել է ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Ֆրանսիայում տպագրուած հանրագիտարաններ եւ բառարաններ։ Ֆրանսերէն եզրոյթների հայերէն համարժէքների բացակայութեան դէպքում բառարանում տրւում է դրանց համառօտ նկարագրութիւնը կամ բերւում են գործնական օրինակներ։ Որոշ հայերէն երզրոյթների համար առաջարկւում են նորաբանութիւններ»։
Այս այնքան կարեւոր բառարանը, որ այնքան օգտագործելի պէտք է ըլլայ մանաւանդ Սփիւռքի մեր մամուլին, կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններուն եւ գրողներուն, թարգմանիչներուն կողմէ, տպուած է միայն 100 օրինակ։ Ինչո՞ւ…