ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Դ.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 21

Պարզ ու յստակ իմաստութիւն մըն է, որ կ՚ըսէ.
«երբ տկար եմ՝ այն ատեն է, որ զօրաւոր եմ»:
Այնուհանդերձ՝ նախ կը զարմանաս,
քանի որ սովորութիւն մը ունիս կեանքը կարդալու ընտրելով հատուածաբար,
եւ այն՝ որ կ՚ուզես ընդունիլ, կամ՝ որուն կ՚ուզես հակադրուիլ,
կարդալ՝ ըստ յուզականութեանդ, զգացողութեանդ, եւ՝ կամայականօրէն,
անձնապատրանքիդ շէնքին յերիւրման ծառայեցնելով,
որպէս թէ ճշմարտութիւնները, իրերն ու իրողութիւնները ըլլային անոր համար ատաղձներ:
Իսկ որքա՞ն կրնաս յերիւրել:
Ով որ իր տկարութիւնները չի ճանչնար՝ պիտի մնայ անոնց անհաստատութեան վրայ,
եւ ինչ որ շինէ՝ պիտի շինէ ըստ անոնց,
եւ պիտի հպարտանայ, որպէսզի ծածկէ զանոնք:
Սակայն փուշի մը պէս խոցող ցաւը զգաստացուցիչ է հպարտութեան:
Իսկ ցաւերը կրնան նաեւ երկրաշարժներ ըլլալ.
երկրաշարժներ ցնցող միայն, բայց նաեւ երկրաշարժներ կործանարար:
Ի՜նչ բարի է, որ փուշի մը ցաւէն զգաստանաս,
դարձեալ ի՜նչ բարի է, որ երկրաշարժային թեթեւ ցնցումէ զգաստանաս,
եւ վերստին՝ ի՜նչ բարի է, որ երկրաշարժային կործանարարութենէ զգաստանաս:
Քանի որ երբ զգաստանաս՝ այն ատեն է, որ պիտի խոնարհիլ սորվիս —
Արդէն զգաստութիւնը սկիզբնաւորումն է խոնարհելուն —
եւ պիտի հանդիպիս զօրութեան շնորհին,
որ քեզ պիտի կերտէ նոր…

ՍԱՂՄՈՍ 22

«Ակըն կալէք յուսով կենաց», Ն. Շնորհալի

Այսօր հեզ արքան յաւանակի նստեալ կու գայ ցաւագին լռութեան մէջ,
յիշելով բոլոր պայծառ օրհներգութիւնները վասն Բարձրեալին, ու իր գալստեան,
եւ մտնելով Ս. Ամենափրկչեան տաճար՝ դառնագին կ՚ողբայ գերեվարեալ դշխոյին հետ հայոց,
որ մխիթարիչ չունի դեռ,
եւ զրկեալն է սրբազան խօսքերուն, շարականներուն,
մեղեդիներուն եւ տաղերուն, եւ երգերուն աղբիւր Հոգիէն:
Տէր, դուն կ՚ողբաս, վասնզի մեր վիշտերը աւելի քու վիշտերդ են քան մեր:
Ահա բարկութեան խաւարը վերստին ժամանած է մեզի,
որովհետեւ մենք զայն ստեղծեցինք ըստ մեր պատկերին —
պատկեր կուրութեան, պատկեր կեղծաւորութեան,
պատկեր անարդարութեան, պատկեր անգթութեան,
պատկեր անհաւատարմութեան, պատկեր ապականութեան,
պատկեր անօրէնութեան, պատկեր յափշտակութեան,
պատկեր յիմարութեան, պատկեր անսիրտ բարբառներու եւ սնաբան արշաւներու,
պատկեր սպանութեան տեսլաւորներու, պատկեր օձերու եւ իժերու,
պատկեր դատապարտութեան, պատկեր մեռելութեան,
պատկեր գերեզմաններու՝
երկարող մինչեւ սեփական ձեռքերով փակուած Արքայութեան դռները:
Հոն ուր բարկութիւնը կը սաստկանայ՝
այնտեղ աստուածային ողորմութիւնը աւելի կը հեղեղուի:
Քու ողբդ, Տէր, զղջումի եւ դարձի մարգարէութիւն է
վասն Հոգիին հուրով նոր տեսողութեան, նոր հարազատութեան,
նոր իրաւահաւասարութեան, նոր բարեսիրութեան,
նոր վստահութեան, նոր սրբութեան,
նոր պատուիրանապահութեան, նոր առատաձեռնութեան,
նոր իմաստութեան, նոր լեզուին,
նոր կենսաստեղծումին, նոր երկնայնութեան,
նոր ազատագրութեան, նոր վերականգնումին,
նոր բազմարփեան բնակարաններուն:
Բարկութիւնը սաստիկ է, սակայն աստուածային ողորմութիւնը՝ անկէ անսահմանօրէն մեծ:
Արդ, դուն, որբեւայրի, պիտի մխիթարուիս, կ՚ըսէ Տէրը եւ կը մխիթարէ…
«Օրհնեա՜լ է ան, որ Տիրոջ անունով կու գայ..Ովսաննա՜»:

ՍԱՂՄՈՍ 22

Ուրուականներէդ եւ վախերէդ գիշերաշրջիկ մըն ես,
եւ տեսիլներ կ՚ունենաս մահուան:
Ի խաւարէ ի լոյս լեռնագնաց ճանապարհորդութեան մը հանուած էիր,
եւ հրաշալի բարձունքներ ունեցար պայծառակերպութեան՝
նոյնիսկ ժամանակներու մէջ, երբ կը տեսնէիր՝
թէ գոյութիւնդ պիտի կախուի խաչէ:
Լոյսի արարիչին հաճութեամբ՝ ընդմէջ խաչերուդ
պայծառակերպութիւններդ արեւէն աւելի
լուսաւորութեամբ զարդարուեցան:
Աղէտներդ անդունդներ եղան,
բայց անոնց ահաւոր խորութիւններ գլորումներդ
յանկարծ բռնուեցան ձեռքի մէջ,
որ քեզ վերստին հանեց ճանապարհին վրայ:
Այն օգնականութիւնը պատահականութիւն չէր, չէր խաբէութիւն, պատրանք չէր,
այլ ստոյգ աջ մը՝ որ Խորհուրդէն կ՚երկարէր,
Խորհուրդէն՝ որ Կեանքն է:
Ան գիտէր, թէ յիմարացած աշխարհի մը մէջ ես,
եւ գիտէր՝ թէ մահը պիտի յաճախէր քեզի
ո’չ թէ միայն արիւններով, մոխրացող
եւ կործանող տուներով եւ սրբարաններով,
որոնց նայելով՝ այսուրային խուճապէն անհեթեթութիւնը թիւրաբար կ՚էականացնեն ոմանք,
այլեւ թիւր մխիթարութիւններ մատուցող երանադիմակներով
ոմանք այլուրային երկինքի մը մէջ բնակելու ցանկութիւններուդ պապակը կը յագեցնեն:
Արթննալ է պէտք, ով գիշերաշրջիկ, եւ դիմաւորել առաւօտը ներքին, Էութիւնը քեզի եկող:
Ի՞նչ է՝ գերի՞ն պիտի մնաս ուրուականներուդ եւ վախերուդ,
որոնք քեզի միայն ոչնչութեան ցուրտը կը խոստանան:
Պատրաստել իւղը լապտերիդ ըստ պայծառակերպութեան բարձունքներուն,
վերստին ըլլալ նոր ժողովուրդ՝ որ հարազատանալու համար օր չի փախցներ, եւ
ելլել լեռը լի շնորհներով եւ ճշմարտութեամբ:

ՍԱՂՄՈՍ 23

Հոգի’ մխիթարութեան,
այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ քեզ՝ ժողովողդ եւ համահաւաքողդ
սկսան տեսնել որպէս բաժանող եւ ցրուող, հարազատացնող օտարութեան:
«Բաժնէ որ տիրես»ի ցանկութիւնը քուկդ չէր,
որովհետեւ Բխումնարանիդ տեսիլքը է՛ր վասն ամբողջական գոյութեան,
եւ Բանն մարմնացեալ քեզ յայտնած էր որպէս մխիթարիչ,
որ կ՚առաջնորդէ ամենայնի լրման Նոր Երկնքին ու Նոր Երկրին մէջ:
Դուն որ կը փչես ուր որ կը կամենաս՝ ընտրածներդ անոնք են,
որոնց ականջները մահուան հովիտին մէջ խոնարհութեան արթնցած են,
եւ ներիմացած համագոյակիցիդ յարութիւնը,
որ է ելքը ամենատեսակ գերութիւններէն, եւ երթը դէպի Երկինքն ու Երկիրը խոստումներուն:
Դուն մխիթարողդ կը տառապի՞ս ուրացումներու այս ժամանակին մէջ _
Առաքեալը ըստ շունչիդ ըսած էր, թէ այլոց տառապանքներուն մխիթարութիւն ըլլալու համար՝
անհրաժեշտ է չարչարակից ըլլալ Քրիստոսի չարչարանքներուն,
եւ հաւատաւորներ որքան չարչարակից ըլլան անոր՝
այնքան մխիթարութիւն կը սփռեն:
Քու տառապանքդ՝ Քրիստոսեան չարչարանքներուն հաղորդակցութիւն է,
որ կը խորայածի Խորհուրդին մէջ աստուածային Կամքին:
Ընդհանրական միաբանութիւնը նաեւ քու տեսիլքդ է,
իսկ ուրացումները՝ քեզի անհաղորդ մոլորումներ:
Դուն տիրելու համար չես բաժներ, այլ կը բաշխուիս՝
որպէսզի մարդիկ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու իշխանութիւնը ունենան,
իշխանութիւնը ընդ Հօր, ընդ Որդւոյ եւ ընդ քեզ միաբանութեան:
Դուն տիրելու համար չես բաժներ,
սակայն միայն փոքրամասնութիւն մը պիտի աշակերտի քեզի,
եւ զայն պիտի տեսնես որպէս մնացորդը բոլոր կորուստներէն վերջ:
Այո’, պիտի վերապրի փոքրամասնութիւն մը եւ բնակի Երրորդութեանդ լոյսին մէջ:

ՍԱՂՄՈՍ 24

Մոմ մը վառել, երբ խաւար է, նոյնիսկ երբ խաւարը կը թանձրանայ:
Մոմ մը վառել, երբ սանդարամէտներէն հեգնանքը չի դադրիր փչելէ մարելու համար զայն:
Մոմ մը վառել, երբ անհուն վիշտը քեզ չի լքեր:
Մոմ մը վառել, երբ վհատութիւնը իւրաքանչիւր ռոպէ կը յաճախէ քեզի:
Մոմ մը վառել, երբ խելակորոյս եւ խուճապահար չես գիտեր՝
թէ միջոցը ուր ես՝ ուղի՞ է, ճամբա՞յ թէ ճանապարհ,
եւ կամ՝ փակուղի, ճամբայ եւ ճանապարհ անելանելի:
Մոմ մը վառել, երբ կասկածներով ես շղթայուած, եւ կը սնանիս կասկածներով:
Մոմ մը վառել, երբ սուտերու եւ նենգափոխումներու ժամանակը կը տիրէ ամենուր:
Մոմ մը վառել, երբ վստահութիւն կորսնցուած աջ եւ ահեակ կը խոտորիս:
Մոմ մը վառել, երբ պարտութիւնները քեզ կը զրկեն փրկութեան յոյսէն:
Մոմ մը վառել, երբ ատելութիւնները մոռացութեան կը մատնեն սիրելու առաքինութիւնը:
Մոմ մը վառել, երբ համոզուած ես՝ թէ մահուան հովիտին մէջ
ամեն ինչ անվերականգնելի, անվերաշնչաւորելի է:
Մոմ մը վառել՝ երբ բացարձակապէս անկարելի է. մոմ մը ըլլալ, անկարելի մոմ մը:

ՍԱՂՄՈՍ 25

…Ի շարս այլոց՝ լերդախառն դար մըն էր,
եւ վհատութեան ու ինքնակործանման հողմը կը փչէր աշխարհին վրայ հայոց,
եւ դուն՝ լուսաւորիչ պատգամին ունկնդիր հայրապետ,
հրաշալի վստահութեամբ մը զա՛յն երգեցիր, կրկնաբանելով.
«Եկայք, շինեսցուք Ս. զԽորանն Լուսոյ»:
Կը տեսնէիր դուն աղէտները անգիտութեան,
գուցէ նաեւ գիտէիր՝ թէ պիտի չփարատէր քու օրերուդ, նոյնիսկ գալիք դարերուն,
բայց նաեւ ունէիր ստոյգ յոյսը՝
թէ պիտի գան անեղին նոր իմաստասէրներ եւ նորահրաշ վկաներ,
որոնք յաւերժ պիտի շինեն Լոյսին Ս. Խորանը մինչեւ վախճանը այս աշխարհի,
եւ հովուեն հօտը՝ զայն հաստատելով առաքինութեան գործերու համբերութեան մէջ:
Անկարելի տեսիլք մը ժառանգած էիր դուն,
եւ նոյնը աւանդեցիր բոլոր դարերու սրտերուն,
որ երգիդ ընդմէջէն միշտ լսուի Խոր Վիրապէն փրկուած մարգարէն՝
վասն բոլոր վիրապներէն ելքերուն:
Անոր տեսիլքը Կեանքէն էր եւ կեանքը լոյս է, ինչպէս լոյսը՝ կեանք…
Վիրապային այս օրերուն, հայրապետ ողջախոհութեան,
կը զգամ՝ թէ կ՚ողբաս, որ հօտը ցիրուցանուած եւ շփոթակուլ ու խուճապահար է,
ապականութեան կեղծիքները, սուտերն ու պատրանքները զայն կը խեղդեն՝
վերջնականապէս շպրտելու համար անդունդին մէջ ոչնչութեան,
սակայն վերստին կ՚երգես կրկնաբանելով.
«Եկայք, շինեսցուք Ս. զԽորանն Լուսոյ»,
եւ կը յուսաս դալար արօտվայրերը՝ ուր համահաւաքեալ հօտը պիտի մակաղի,
եւ ըմպէ խաղաղարար ջուրերէն…

(Շարունակելի)

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *