Բժ. Օհան Թապաքեան
Սկիզբէն ի վեր մարդը միշտ սիրած ու պաշտած է գեղեցիկը, այս իսկ պատճառով տեւաբար գեղեցիկն ու սէրը զիրար ամբողջացնող անքակտելի միութիւն մը կազմած են:
Գեղեցիկը կախարդական այն ուժն է, որ իւրաքանչիւր անհատի մօտ կ՚արթնցնէ սիրոյ զգացումը: Ան համադրութիւնն է ներդաշնակ գիծերու, գոյներու ու շարժումներու. երաժշտութեան պարագային ան համադրութիւնն է ձայնի արտայայտութեան ինքնուրոյն գրաւչութեան, որ խորհրդաւոր ներգործութեամբ կ՚ազդէ հոգիներուն վրայ թրթռացնելով անձի մը սրտին ամենայետին լարերը:
Նկարչութեան, քանդակագործութեան ու այլ արուեստներու պարագային գեղեցիկը արուեստագէտին հոգին սիրոյ տեսիլքներով լեցնող կախարդն է: Գեղեցիկին իրենց տուրքը կու տան նոյնիսկ բռնակալները: Հայոց պատմութեան ընթացքին Արա Գեղեցիկին իբրեւ ամուսին տիրանալու համար Ասորեստանի Շամիրամ թագուհին չվարանեցաւ Հայաստանի վրայ յարձակելով տիրանալու Արային, ու պատերազմի աւարտին անոր մահացած մարմինը յանձնեց Առլէզ աստուածներու խնամքին, որպէսզի լիզեն անոր վէրքերը ու առողջացնեն զինք:
Եզրակացնելու համար կարելի է հաստատել, որ ինչ որ գեղեցիկ կը կոչենք, անարարկելիօրէն մեր մօտ առաջ կը բերէ հաճոյք. իսկ արուեստը ամէն մարզի վրայ սեւեռակէտ ունի գեղեցիկը:
Գեղեցիկ է գրութիւն մը, քերթուած մը, ներդաշնակ ձայներու ամբողջութիւն մը, գծագրութիւն մը, քանդակի գործ մը, երբ արուեստի կատարելութեան հետ ունի նաեւ մեր սրտերուն վրայ ազդելու կարողութիւնը:
Գեղեցիկ է նուրբ գիծերով կին մը կամ տղամարդ մը. նոյնպէս գեղեցիկ է արաբական նժոյգ մը, թիթեռնիկ մը, ինչպէս նաեւ պոչը լայն բացած սիրամարգ մը, եւ կամ նրբօրէն պատրաստուած ծաղկեփունջ մը:
Գեղեցիկին համար պատմութեան ընթացքին հիւսուած են երգեր, ու բանաստեղծներ երկարաշունչ քերթուածներով պանծացուցած են զայն: Հարկ է հաստատել, որ գեղեցիկ ստեղծագործութիւն մը գումարն է լարուած ճիգերէ առաջացած որոնումներու, ու ան հոգեբնախօսական համադիր գործօններու արգասիք է: Գրական ամէն սեռի գրուածքի յաջողութեան պայմաններէն մին է կեդրոնացումն ու նիւթը ինքնատիպ ձեւով ներկայացնելու ճիգը:
Արուեստի որեւէ գործ ըմբոշխնելու, արժեւորելու ու գնահատելու համար անհրաժեշտ են երկու կարեւոր առողջ զգայարանքներ՝ տեսողութիւնն ու լսողութիւնը:
Սէրը հոգիները իրարու միացնող մոգական այն ուժն է, որ գեղեցիկը ունի նպատակ. սէրը ճակատագրէն մարդուն պարգեւուած բարիքն է, զոր իրաւունք ունինք վայելելու. սիրոյ կրակին տարիներու ընթացքին յարաբերական նուազումը մարդ անհատին պարտադրուած բնախօսական օրէնքին հետեւանքն է:
Մարդիկ երիտասարդութիւնը նմանցուցեր են գեղեցիկ թարմ ծաղիկի մը, որ ժամանակի ընթացքին թոռմելով կը կորսնցնէ իր հոտն ու հրապոյրը:
Սիրոյ զգացումը արուեստագէտներու յատուկ շնորհ մը չէ միայն. ըստ Վիքթոր Հիւկոյին ան անկորնչելի կայծ մըն է մեր սրտերուն մէջ, անծիր ու անշէջ կրակէ կէտ մը, զոր կարելի չէ մարել:
Ըստ Պղատոնի սէրը երկու սեռերը զիրար շաղկապող անքակտելի կապ մըն է:
Սեռերու փոխադարձ սէրէն բացի, բառին աւելի լայն իմաստով գոյութիւն ունին նաեւ բազմատեսակ այլ սէրեր. սէր ծնողքին նկատմամբ, զաւկի սէր, ազգականներու հանդէպ սէր, բարեկամի սէր, ընկերոջ սէր, ազգակցի սէր, հայրենիքի սէր եւայլն:
Սէրը մարդը ազնուացնող ու անոր հոգիին առաջ նոր հորիզոններ բացող զգացումներն են:
17-րդ դարուն ապրած հնդիկ հանրածանօթ փիլիսոփայ Քապիրին համար սէրը կեանքի ընթացքին սրբութիւն է. «Ամէն բանէ աւելի սրտիս խորէն կը սիրեմ ես այն սէրը, զոր այս աշխարհի վրայ ապրիլ կու տայ ինծի կեանք մը՝ առանց սահմանի» նշած է ան:
Այսպէս է, որ կին մը սիրոյ հրամանին հնազանդելով բոցերուն մէջ կը նետուի, կ՚այրի ու ողբի մէջ կը թողու իր բարեկամները, սակայն ան չ՚անպատուէր սէրը: Այլ տեղ մը Քապիր գրած է. «Սիրոյ ուրախութենէն խենթացած կեանքն ու մահը միասին կը պարեն մշտնջենական պար մը՝ սիրոյ նուագին յանկերգով»:
Երբ սիրոյ մեղուն մխրճուի ծաղիկին խորը, ան ինքզինք դրախտի մնայուն բնակիչ նկատելով կը մերժէ հոնկէ դուրս գալ…:
Սէրը թանկագին վայելք է. առանց սիրոյ կեանքը պիտի վերածուէր անհրապոյր, անհաճոյ ճամբորդութեան մը երկրի վրայ…: Աւելի լայն իմաստով սէրը խաղաղութեան խորհրդանիշն է: