Մեր նախորդ թիւով յայտարարած էինք «Հորիզոն գրական»-ի 40-ամեակի մրցոյթին արդիւնքները՝ 3 մրցանակակիրներուն անունները, ինչպէս նաեւ մրցոյթին մասնակցած բոլոր հեղինակներուն նիւթերը (բացի Նանար Սիմոնեանի մէկ գրութենէն, որ այս թիւով կու տանք)։
Չէինք յայտարարած սակայն, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը մրցանակներուն համար յատկացուց հազար գանատական տոլարի գումար մը, որ պիտի բաժնենք երեք մրցանակակիրներուն միջեւ։
Կ՚ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնել Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հ.Օ.Մ.-ի մեծ ընտանիքին, որ իր հիմնադրութեան օրէն բազմիցս ապացուցած է իր յանձնառութիւնը հայ կրթութեան եւ մշակոյթին հանդէպ, ըլլայ մեր համայնքներէն ներս իր կրթական նախաձեռնութիւններով, ըլլայ կրթամշակութային աշխատանքներու ուղղուած իր օժանդակութիւններով։
«Հորիզոն գրական»