Արմենակ Եղիայեան
Նահապետ Ռուսինեանի Կիլիկիա երգի ութեակները կը վերջանան նոյն յանկերգով՝
— «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա, աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ»:
Այստեղ մեզ հետաքրքրողը «Կիլիկիա, աշխարհ» զոյգն է:
Կիլիկիա յատուկ անունը առանձին շատ լաւ կը բացատրէ բանաստեղծին սիրոյ առարկան հանդիսացող ծննդավայրը, սակայն ահա ան չի վարանիր անոր կցելու աշխարհ բացայայտիչն ալ: Ինչո՞ւ…
Որովհետեւ ունի այդ ծննդավայրը շեշտելու ձգտում մըն ալ. Կիլիկիան պատահական վայր մը չէ, այլ իրեն արեւ շնորհած, զինք սնուցած աշխարհն է:
Ներբառային կրկնութիւններ
Այսպէս կը կոչենք կրկնութեան այն տեսակը, որ տեղի կ’ունենայ բառի մը ներսը՝ զայն կազմող բաղադրիչներուն միջեւ:
Այսպիսիներու յառաջացումը յարաբերաաբար նոր է հայերէնի մէջ:
Արդարեւ, Խորհրդային կարգերու հաստատումով՝ արեւելահայերէնի մէջ հետզհետէ յառաջացան այնպիսի բառեր, — ընդհանրապէս բազմածանցաւոր, — որոնց ածանցները հոմանիշ են եւ յումպէտս կը ծանրաբեռնեն տուեալ հասկացութիւնը. ասոնց տիպար օրինակն է փոխյարաբերութիւն-ը:
Ըսելու պէտք չկայ, որ յարաբերութիւն մը անհրաժեշտօրէն կ’ենթադրէ կամ կը պահանջէ մէկէ աւելի կողմերու շփումը, առնչումը, փոխադարձումը իրարու միջեւ. երբ այս այսպէս է, իմաստային ի՞նչ նրբութիւն կամ նորութիւն կ’աւելցնէ «փոխ» նախածանցը, որ «փոխադարձ» կը նշանակէ այս պարագային. պարզապէս… ոչինչ. Այլ խօսքով՝ յարաբերութիւն-ն ու փոխյարաբերութիւն-ը իմաստային որեւէ տարբերութիւն չունին, եւ արեւելահայ բառարանները ի զուր կը ճգնին բացայայտել այդ անգոյ տարբերութիւնը:
Օրին մերոնց որոշ քննադատութիւններուն ենթարկուելէ ետք՝ բառս կամաց-կամաց հանդուրժուեցաւ արեւմտահայերէնի մէջ, տուն-տեղ շահեցաւ եւ հիմա արդէն զայն կը գտնենք կարգ մը բառարաններու մէջ. օրինակ՝ հայր Կռանեանի:
Ուր յիշեալ երկու բառերը ունին հետեւեալ սահմանումները.
— յարաբերութիւն – իրար յաճախում, հաղորդակցութիւն, առնչութիւն, աղերս, կապակցութիւն
— փոխյարաբերութիւն – փոխադարձ կապ՝ հաղորդակցութիւն
Բերուած զանազանութիւնը բոլորովինն բռնազբօսիկ է եւ հազիւ թէ համոզէ մեզ, որովհետեւ արուեստական է ան: Այս սահմանումներուն տեղերը կարելի է դիւրաւ փոխանակել, եւ իմաստաբանական ոչ մէկ աղաւաղում պիտի յառաջանայ:
Ստորեւ ցանկ մը նման կազմութիւններու, որոնց բոլորը յառաջացած են նոյն արուեստականութեամբ, կրկնաբանական նոյն մոլորութեամբ.
* փոխհամագործակցութիւն — գործակցութիւն
* փոխհատուցել, փոխհատուցում, փոխհատոյց — հատուցել
Հատուցել կը նշանակէ վճարում կատարել որեւէ ծառայութեան դիմաց կամ որեւէ ձեւով գոյացած պարտքի փոխարէն, ինչպէս նաեւ՝ վճարել դիմացինին կամաւոր կամ ակամայ հասցուած վնասը ծածկելու բաւարար գումարը:
Իսկ ի՞նչ է փոխհատուցել-ը.
Կռանեան չունի այս բայը, այլ ունի միայն փոխհատուցում, որ սապէս կը սահմանէ. «փոխադարձ հատուցում՝ փոխարինում»: Ըստ ամենայնի ոչինչ ըսող սահմանում մը:
Իսկ եթէ փորձենք անպայման մեկնաբանել ըսուածը, ապա ան կը նշանակէ. «դուն ինծի կը հատուցես, ես քեզի կը հատուցեմ». ըմբռնելի՞ է նման կացութիւն մը:
Ըստ Ակադեմիայի բացատրական բառարանին՝ «Որեւէ աշխատանքի փոխարէն հատուցել կամ նիւթական վնասի դիմաց՝ կատարած ծախսը ծածկել»:
Ինչպէս նկատելի է, պարզապէս տեղքայլ կ’ընենք. փոխհատուցել-ը մեզ հատուցել-էն հեռու չի տանիր. ասոնք կը նշանակեն… նոյն բանը: Սա՛ տարբերութեամբ, որ մէկը ծանրաբեռնուած է աւելորդ ու անիմաստ նախածանցով մը:
Այս նոյն կացութեան մէջ կը գտնուին ստորեւ բերուած եւ փոխ- նախածանցով կազմուած բառերը եւս:
* փոխկապակցել, փոխկապակցում, փոխկապակցութիւն — կապակցել
* փոխհամաձայնութիւն, փոխհամաձայնեցում — համաձայնութիւն
* * *
Շատ աւելի լայն տարածում ունին համ- մասնիկով կազմուած ածանցաւոր ու բարդ բառերը,(1) յատկապէս կից- ով միատեղ հանդէս եկողները:
* համագոյակցիլ, համագոյակցութիւն, համագոյակից — գոյակցիլ
* համագործակցիլ, համագործակցութիւն — գործակցիլ
* համադասակից — դասակից
* համալծակից, համալծակցութիւն — լծակից
* համալծորդ — լծորդ
* համախոհակից — համախոհ
* համակցել, համակցում — կցել
* համակցորդ, համակցորդել — կցորդ
* համահաւասար — հաւասար
* համայարաբերակցութիւն — յարաբերութիւն
* համավիճակակից — վիճակակից
* համարուեստակից — արուեստակից
* համացեղակից — ցեղակից
* համընդհանուր — ընդհանոր
Այս բառերէն մէկ քանին աւելի հին ծագում ունին, ինչպէս, օրինակ, համագոյակից-ը, որ դասական հայերէնէն կու գայ: Ռուբէն Ղազարեանի «Գրաբարի բառարան»-ը համագոյակից-ը կը յղէ գոյակից-ին, այլ խօսքով՝ կը նոյնացնէ այս երկուքը: Անշուշտ միշտ կարելի է հարց տալ, որ եթէ ասոնք կը նշեն նոյն հասկացութիւնը, հապա ինչո՞ւ յառաջացած է ասոնցմէ առաջինը՝ համագոյակից-ը, երբ արդէն կար գոյակից-ը:
Այս եւ նմաններուն առթիւ գործողը՝ բառերու, արմատներու եւ ածանցներու մաշումի օրէնքն է. գոյակից-ին մէջ «կից» ձեւոյթը ժամանակին հետ սկսած է մաշիլ, եւ օր մըն ալ անհրաժեշտ եղած է բառս պատուաստել հոմանիշ «համ» ձեւոյթով՝ վերաթարմացնելու, լիարժեւորելոււ համար «գոյակից» հասկացութիւնը: Եւ այս վերաթարմացումի, լիարժեւորումի նոյն մարմաջով ալ յառաջացած են ներբառային միւս բոլոր կրկնաբանութիւնները:
Հնչիւնական կրկնութիւնններ
Ասոնք կը տարբերին բառային կրկնութիւններէն իրենց ծաւալով. խնդրոյ առարկայ են պարզ հնչիւններ, երբեմն քանի մը հատը միատեղ, իսկ երբեմն ալ բառային մասնիկներ են միայն:
Այսպիսիներու ներկայութիւնը նոյնքան խժալուր ու անհաճոյ է եւ կը նսեմացնէ խօսքի բարեհնչութիւնն ու վայելչութիւնը, որքան բառային ամբողջական կրկնութիւններունն է:
Ասոնք կ’ընդգրկեն մասնաւորաբար թէ-եթէ, որ-որպէս զոյգերը.
—Ան կը պնդէր, թէ եթէ կ’ուզեմ յաջողիլ, պէտք է ձգեմ գործս:
Ան կը պնդէր, որ եթէ կ’ուզեմ յաջողիլ, պէտք է ձգեմ գործս:
—Ես գիտէի, որ որպէս տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամեն բան:
Ես գիտէի, որ իբրեւ տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամեն բան:
Ես գիտէի, թէ որպէս տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամեն բան:
—Ես կը կարծէի, թէ եթէ ընդունիմ, կը մեղմացնեն իրենց դիրքը:
Ես կը կարծէի, որ եթէ ընդունիմ, կը մեղմացնեն իրենց դիրքը…:
Առաջին օրինակը ինքնին սխալ յղացուած է, քանի պնդել-ին հետ թէ կասկածական, ենթադրական շաղկապը անհամատեղելի է. պնդողին մտքին մէջ չի կրնար թէականութիւն գտնուիլ: Ուրեմն որ-ի կիրարկութեամբ սրբագրած կ’ըլլանք թէ՛ իմաստային թերութիւնը, թէ՛, միւս կողմէ, հնչիւնական թերութիւնը:
Յաջորդ օրինակին մէջ գիտէի բայը իրօք ալ իրմէ ետք կը պահանջէ որ շաղկապը, սակայն հնչիւնական բարեկարգութեան սիրոյն փոխարինեցինք զայն թէ-ով՝ քերականութիւնը զոհելով բարեհնչութեան, ինչ որ սովորական երեւոյթ մըն է, ուր քերականօրէն ճիշդը իր տեղը զիջի աւելի վայելուչ՝ թէկուզ նուազ ճիշդ կառոյցի:
Նոյն ոգիով ու տրամաբանութեամբ առաջնորդուեցանք երրորդ օրինակի պարագային, ուր կը կարծէի բայը կը պահանջէ թէ շաղկապը, սակայն անբարեհնչութիւնը բառնալու համար քերականութիւնը այս պարագային եւս զոհեցինք գեղագիտութեան:
Ասոնք ամենէն աւելի հանդիպող զոյգերն են, սակայն բառային որեւէ պատահական ու աննախատեսելի զոյգ կրնայ ստեղծել կրկնաբանութիւններ. օրինակ՝
—Սահակեան նաեւ շեշտեց, որ որովհետեւ մեղադրանքները շինծու են…
Սահակեան նաեւ շեշտեց, որ քանի մեղադրանքները շինծու են…
—Ան անցաւ ամբոխին առջեւ եւ առաջնորդեց զայն դէպի հրապարակ:
Ան անցաւ ամբոխին առջեւ ու առաջնորդեց զայն դէպի հրապարակ:
—Սովորութիւն ունի ափեղ-ցփեղ դուրս տալու երբեմն, ուրեմն հրաժարեցանք զինք հետերնիս տանելէ:
—Սարքը չկրցանք գործածել դժբախտաբար, հետեւաբար վերադարձուցինք զայն վաճառողին:
Ուրեմն անախորժ կացութիւնները լուծեցինք հոմանիշներու կիրարկութեամբ պարզապէս:
Նման կրկնութիւններ շատ դիւրաւ կը սպրդին, իսկ անոնց սրբագրութիւնը այնքան ալ դժուար չէ, պայմանաւ որ գրողը յանձն առնէ գրածը վերընթերցելու, ի պահանջել հարկին՝ քանի մը անգամ:
* * *
Բաւական տարածուած են անհամատեղելի ձայնաւորներու յաջորդականութեամբ յառաջացող կրկնութիւնները, որոնք յօրանջ (hiatus) կը կոչուին.
— Սուրը ու գրիչը միշտ հաշտ չեն ընթանար:
Սուրն ու գրիչը միշտ հաշտ չեն ընթանար:
—Հացը ու պանիրը ուտելով ճամբայ ինկաւ:
Հացն ու պանիրը ուտելով ճամբայ ինկաւ:
Շատ անհաճոյ կրկնաբանութիւն մըն է որ շաղկապի անտեղի կիրարկութիւնը, որուն ակնարկուած է իր տեղին՝ համանուն հատուածին մէջ. օրինակ՝
— Ան նշեց, որ Ամերիկայի պաշտօնատարները կ’ըսեն, որ մտադիր են արգելք հանդիսանալ, որ Սուրիա իր քիմիական զէնքերը անգամ մը եւս օգտագործէ:
Լեզուն կատարելապէս կը թոյլատրէր, որ այս սխալը չգործուէր, քանի երկրորդ որ-ը արդէն անտեղի կիրարկուած է. ան պէտք է ըլլար թէ, որով ինքնաբերաբար կը վերնար կրկնաբանական խժալրութիւնը. «Ան նշեց, որ Ամերիկայի պաշտօնատարները կ’ըսեն, թէ…»:
Նաեւ՝
— Անոնք կը բանտարկուին պարզապէս անոր համար, որ անոնք Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան դէմ ճիհատի կը մասնակցին:
Նախադաս ան հնչիւնախումբը կրկնուած է չորս անգամ՝ չհաշուած միջադասները: Իր կարգին՝ անտեղի կրկնուած է անոնք դերանունը: Հայերէնի ոգիին դէմ է անոր համար յարաբերեալ կառոյցն ալ: Ուրեմն՝ «Անոնք կը բանտարկուին, պարզապէս, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան դէմ ճիհատի կը մասնակցին»:
—Միթէ ան անցած ժամանակի եւ մարդոց գործունէութեան արձանագրութիւնը չէ՞ («Ազգ», 1-5-15):
Միայն «ան» դերանունի տեղափոխումը զգալիօրէն բաւարար է մեղմացնելու համար անախորժ կրկնաբանութիւնը. «Միթէ անցած ժամանակի եւ մարդոց գործունէութեան արձանագրութիւնը չէ՞ ան»:
— Կարելի է ենթադրել, թէ գրեթէ հասեր էինք աւարտին:
Այս օրինակին կրկնուող տարրերը թէ շաղկապներն են, ճիշդ է, սակայն անդին միայնակ «թ» հնչիւնը իր կարգին բան մը կ’աւելցնէ յառաջացած խժալրութեան վրայ:
—Կարելի է ենթադրել, որ համարեա հասեր էինք աւարտին:
Երբեմն կը ներկայանան փորձանաւոր պարագաներ, որոնք անյաղթահարելի չեն. քիչ մը արթնամտութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը բաւ են. օրինակ՝
— Անկախ նրանից, թէ դէպի ո՞ր երկիր են արտահանում:
Անկախ նրանից, որ դէպի ի՞նչ երկիր են արտահանում:
Կրկնաբանութիւնն ու հայ մատենագիրները
Մեր մատենագիրները կը ցուցաբերեն կրկնաբանութենէ խուսափումի զմայլելի ու մեծաթիւ օրինակներով, որոնք կը հաստատեն, ի պատիւ անոնց, որ նման խուսափումը պատահականութիւն չէր, այլ խորապէս գիտակցուած արարք մը: Անոնք ունէին խուսափումի ուրոյն ու այլազան հնարքներ, որոնք կը կայանային մասնաւորաբար հոլովական ու խոնարհական վերջաւորութիւններու եւ հոմանիշներու կիրարկութեան մէջ:
Այս խուսափումը զգալի է մեր անգիր բանահիւսութեան օրերէն իսկ:
Օրինակ՝
—Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի
Եւ զառաւօտն Նաւասարդի,
Զվազելն եղանց, զվագելն
եղջերուաց.
Մեք փող հարուաք եւ թմբկի
հարկանէաք,
Որպէս օրէն էր թագաւորաց:
Այս եղաւ Արտաշէս Գ. արքայի (18.34) վերջին խօսքը, երբ ան օտար հողի վրայ մահացու վէրք ստացաւ դարան մտած թշնամիներէ ու այնտեղ ալ մեռաւ:
Հոգեվարքին մէջ զինք ամենէն աւելի առինքնող յիշատակը եղած է նախ՝ հայրենի թոնիրին ծուխը եւ ապա Նաւասարդը՝ իր այլազան խաղերով.
—եղնիկներու եւ եղջերուներու վազքը, որոնց համար ան կը կիրարկէ երկու հոմանիշներ՝ վազել եւ վագել՝ զգուշանալով կրկնաբանութենէ,
—փողերու եւ թմբուկներու զարկերը, որոնց համար նմանապէս կը կիրարկէ երկու հոմանիշներ՝ հարել-հարուաք, հարկանել-հարկանէաք:
Եւ ըսել, որ այս բոլորը՝ այսքան ճաշակով անգիր շարող-հիւսողը եղած է սովորական հայ գեղջուկը, իր արքային յիշատակը վառ պահող հայ աշուղը:
(Շարունակելի)
1) Համ– ընդհանրապէս կը նշանակէ նոյն. ասոր վրայ աւելցող կից արմատը բոլորովին անհեթեթ կը դարձնէ տուեալ բառերը: Երկու բառերու մէջ՝ համահաւասար եւ համընդհանուր, ան կը նշանակէ ամբողջ, բոլոր. Կարելի՞ է հաւասար եւ ընդհանուր ըլլալու տարբեր ձեւեր պատկերացնել…