Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան
(Սկիզբը՝ նախորդ թիւով)
Մարթայեան կը մասնակցի լեզուաբանական աշխատանքներուն, միաժամանակ անգլերէն կը դասաւանդէ Պոլսոյ համալսարանին եւ օտար լեզուներու դպրոցին մէջ: Կը մասնակցի նաեւ լեզուաբանական Երկրորդ Համաժողովին, ներկայացնելով թուրք լեզուի արմատներու պրպտումին նուիրուած ստուգաբանական (paléoétymologique) հետազօտութիւն մը, որ մեծ ուշադրութեան կ՚արժանանայ եւ Մարթայեանի կեանքին համար շրջադարձային հանգամանք կ՚ունենայ: Արդարեւ, Մուսթաֆա Քեմալ զինք կը նշանակէ որպէս գլխաւոր մասնագէտը եւ քարտուղարը՝ Թուրք Լեզուաբանական Միութեան (Türk Dil Kurumu; Société d’Étude de la Langue Turque): Այս պաշտօնին բերմամբ կը փոխադրուի ու կը հաստատուի մայրաքաղաք Անգարա եւ ամբողջովին կը նուիրուի լեզուական հետազօտութիւններու: Ցերեկները կը յատկացնէ այդ աշխատանքներուն, իսկ գիշերները պարտադրաբար կը մասնակցի Մ.Քեմալի կազմակերպած լեզուական քննարկումներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան ճաշասեղանի շուրջ, միւս լեզուաբաններուն հետ միասին: Այդ գիշերային քննարկումներու ընթացքին Մ. Քեմալ յաճախ գրատախտակի առջեւ կը կանչէ զինք, որպէսզի բացատրութիւններ տայ բոլորին, բառի մը արմատին կամ այլ լեզուական հարցի մը շուրջ: Երբեմն, գիշերուան ուշ ժամերուն, յանկարծակի կերպով ճաշասեղանի քննարկումներէն ուղղակի ձայնասփիւռի կայան կ՚ուղարկէ զինք, որպէսզի դասախօսութիւն մը կարդայ ժողովուրդին համար:
1934-ին, Ազգանուններու Ընդունման Օրէնքի նախագիծին համաձայն, Մ. Քեմալ Մարթայեանին կ՚առաջարկէ Տիլաչար (Dilaçar) մականունը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ « լեզուներ բացող» կամ ՝ « լեզուներու բանալի» եւ ինք ալ իր կարգին կ՚ընդունի Աթաթիւրք մականունը, այսինքն՝ «Թուրքերու հայրը»: Այս թուականէն սկսեալ Յակոբ Մարթայեանի թրքերէնով գրուած հեղինակութիւններուն վերեւ, գիտաշխատողի իր անունը կը դառնայ Agop Dilaçar, կամ, աւելի յաճախ, կրճատ կերպով ՝ A. Dilaçar (այս կերպով ծածկուած կ՚ըլլայ իր հայկական ծագումը՝ ի հանգստութիւն թուրք հոծ զանգուածին… եւ ի յաջողութիւն Աթաթիւրքի լեզուական յեղաշրջումին): Իսկ հայերէն լեզուով իր հեղինակութիւնները, եւ մանաւանդ եօթը հատոր ընդգրկող իր « Համայնապատկեր Հայ Մշակոյթի »-խորագրեալ կոթողական գործը (զոր առանձինն պէտք է ներկայացնել հայ ընթերցողին) միշտ կը պահեն իր ընտանեկան ազգանունը՝ Յակոբ Մարթայեան:
1936-1951 թուականներուն Մարթայեան կը դասաւանդէ Անգարայի համալսարանին մէջ Լեզուաբանութեան Պատմութիւն եւ Ընդհանուր Լեզուաբանութիւն: Իսկ 1946-1960 թուականներուն Մարթայեան կը դառնայ գլխաւոր խորհրդականը Թրքական Համայնագիտարանին (Encyclopédie turque):
Միաժամանակ, կը շարունակէ իր հետազօտութիւնները հետեւեալ նիւթերու շուրջ՝ « Շարահիւսութիւն (syntaxe) եւ ազգային մտածողութիւն» (1941), «Բարբառներու գրելաձեւը», «Բարբառներու դասաւորումը» (1954), «Թրքերէնը որպէս պետական լեզու» (1962), «Վիլհելմ Թոմսոն եւ օրխոնեան գրութիւններու մեկնաբանութիւնը» (1963), «Համառօտ տեսութիւն թուրք լեզուի» (1964), «Թուրքիոյ մէջ լեզուի pիւրեղացումը- La purification de la langue en Turquie » (1965) , «Լեզու, Լեզուներ եւ Լեզուաբանութիւն», « Մայրենի լեզուի սկզբունքները եւ իրենց կիրարկումը Թուրքիայէ դուրս » (1978), « Օտար այբուբեններ օգտագործող հին թրքերէն լեզուներով գրուածքներ » (օղուզերէն, քփչաքերէն, ույկուրերէն, չինարէն, ասորերէն, նաեւ հայատառ թրքերէն,-XV-XXրդ. Դարեր) :
Կարեւոր աշխատութիւն մըն է նաեւ փիլիսոփայական-բարոյագիտական գրուածք մը եղող եւ մարդս երանութեան առաջնորդող Քութատկու Պիլիկ-ի 900-ամեակի մասին իր ուսումնասիրութիւնը եւ անոր որոշ մասերուն ույկուրերէնէ իր կատարած բանաստեղծական թարգմանութիւնները՝ նոր թրքերէնի (1972) (Քութատկու Պիլիկ կը նշանակէ ‘’Ճանաչողութիւնը (connaissances) որ կ՚առաջնորդէ երանութեան’’) :
Մարթայեանի թուրք լեզուին նուիրուած հրատարակութիւններու ցանկին վերջին աշխատութիւնն է բառարան մը (1979) , խորագրոած՝ «Թուրք գիտնականները իրենց լուսանկարներով», երբ արդէն 84 տարեկան էր:
1979- ին, իր մահուան առթիւ, թրքական հեռատեսիլը (TRT) յայտնած է լեզուագէտ « A. Dilaçar »-ի մահուան մասին, առանց իր իսկական անունն ու ազգանունը օգտագործելու, այդպիսով ծածկելով Յակոբ Մարթայեանի հայկական ծագումը: Թրքական մամուլն ալ նոյնպէս վարուած է, նոյնիսկ թերթ մը օգտագործած է « Adil Dilaçar » անունը, զոր ո՛չ ոք կը ճանչնար, իր գործակից ընկերներն իսկ չեն հասկցած թէ խօսքը որո՞ւ մասին է…:Թրքական հեռատեսիլը (TRT) քննադատուած է հրապարակաւ այս խտրական վերաբերումին համար եւ հարց տրուած է թէ արդեօք ամօ՞թ կը զգացուի թուրք լեզուի համար աշխատած ամենակարեւոր գիտնականին իսկական անունը եւ հայկական ծագումը յայտնելէ:
Ահա թրքական երախտագիտութիւնն ու վարձատրութիւնը՝ իր ամբողջ կեանքը թուրք լեզուի ուսումնասիրման նուիրած, Թուրքիայի Հանրապետութեան Պետական լեզուի ‘’ Նոր թրքերէնի’’ (öz tukçe) կազմութեանն ու զարգացմանը սատարած անձի մը հանդէպ: Աշխարհի բոլոր հոգեբանները կարծէք անզօր պիտի մնան բուժելու համար այս ‘’թրքական’’ հիւանդութիւնը, որ կ՚ուզէ անպայման անգիտանալ, քօղարկել Հայու գոյութիւնը, ինքնութիւնը:
Եւ ո ՜վ զարմանալի: Ուրիշ Հայ մըն ալ կը յայտնուի այս բոլորի ծիրին մէջ: Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ստորագրութեան հեղինակն է ան, որ ուրիշ Յակոբ մըն է եւ կը կոչուի Յակոբ Վահրամ Չէրչեան, որ Ռոպէրթ Քոլէճի մէջ դասընկերն է եղած Մարթայեանի եւ նոյն գոլէճի գեղագրութեան (calligraphie) ուսուցիչն է: Ամերիկայի մէջ գեղագրութեան Փալմեր մեթոտը ուսանելէ յետոյ վերադարձած է Պոլիս եւ կը դասաւանդէ Ռոպէրթ քոլէճի մէջ, հասցնելով 25 000 աշակերտներ (որոնց մէջ՝ թուրք պետական դէմքեր, ինչպէս՝ յետագային Վարչապետ դարձած Պիւլէնտ Էճէվիթը, Արտաքին գործոց Նախարար Սելիմ Սարփերը, նաեւ նախարար Քասըմ Կիւլէքը):
Վահրամ Չէրչեան մահացած է Նիւ-Եորքի մէջ 2021-ին: Իր տղան Տիգրան Չէրչեան, իր հօր նուիրուած յուշերուն մէջ կը պատմէ թէ 1934-ին, երբ ինք 14 տարեկան էր, գիշեր մը դրան զանգը կը հնչէ: Մայրը կը բանայ դուռը: Ոստիկան մը եւ ուրիշ անձ մը թուղթ մը կը ներկայացնեն: Պատուէր մըն է, որով Աթաթիւրք իր նոր մականունին համար ստորագրութիւն մը ստեղծել կը պահանջէ: Չէրչեան ամբողջ գիշերը կ՚աշխատի եւ յաջորդ առաւօտ ժամը 8,30-ին կը ներկայացնէ ստորագրութեան հինգ տարբեր նմոյշներ, որոնց մէջէն Աթաթիւրք կ՚ընտրէ մէկը, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր մշտական ստորագրութիւնը::
Ահա երկու Հայեր, երկու Յակոբներ, որոնք մեծ դեր խաղացած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան կազմութեան մէջ:
Գիշեր-ցերեկ զինք կլանող Թուրք Լեզուաբանական Միութեան (Türk Dil Kurumu ; Société d’Étude de la Langue Turque), ինչպէս նաեւ թրքական Համայնագիտարանի աշխատանքները ղեկավարելու կողքին, հմուտ թրքագէտ Յակոբ Մարթայեան, իր տիրապետած քառասուն լեզուներով կատարած է բաղդատական ուսումնասիրու-թիւններ, ազգերու պատմութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը պարզաբանելով, որոնց մէջ մեծ տեղ գրաւած է նաեւ հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը:
Յակոբ Մարթայեան, թրքագէտի աշխատանքներէն բացի, հրատարակած է նաեւ հետեւեալ երկերը.
«Առաջին փորձութիւն» թատրերգութիւնը (1922)
«Սալին վրայ» (գրական փորձեր)
Լեոն Շանթի «Հին աստուածները» գործի անգլերէն թարգմանութիւնը (1922)
«Խոնջած երազներ» բանաստեղծութիւններ
«Գիրի ծագումը եւ տարածումը» (1928)
«Ցայգաթիթեռ» թատրերգութիւն
«Յաբեթաբանութիւն (1929)
«Ալպիոնի պարտէզէն» անգլերէնէ թարգմանուած pանաստեղծութիւններու ժողովածու
«Լեւոն Շանթ ՝ իր փիլիսոփայութիւնը եւ գեղարուեստը»
«Հայ դիւցազնավէպը բաղդատական հիմքի վրայ»
«Վարդանանցի 1500-ամեակի խոհեր» (1951)
«Աստուածաշունչը եւ աշխարհաբարը» (1956, 1961).
ԵՒ ԻՐ ‘’ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ’’-Ը
Այս բոլորէն վեր է սակայն, Յակոբ Մարթայեանի կոթողային հեղինակութիւնը եղող « ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ » գործը, որ մեծ ժողովրդականութեան արժանացած է, հրատարակուելով նախ՝ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի էջերուն մէջ, յօդուածաշարքի ձեւով, ամբողջ չորս տարի, 1561 յաջորդական օրեր, իրեն յատուկ տեղը, այնուհետեւ Պոլսահայ Ուսուցչաց Միութեան ջանքերով տպագրուած է եօթը հատորով՝ 2004-2019 տարիներուն, ժողովուրդին պահանջքին եւ կատարած նուիրատուութիւններուն միջոցով:
Մարթայեան իր «ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ»-ը գրելու եւ հրատարակելու ձեռնարկած է 1961-ին, ի պատիւ Մեսրոպ Մաշտոցի (361-440) ծննդեան 1600 ամեակին: Սկզբնապէս՝ մամուլի մէջ, որովհետեւ կը հաւատար մամուլի դաստիարակչական դերին: Իր գրուածքներուն մէջ տեղ մը գրած է՝ «Հայ հաւաքականութիւնը իր զարգացումին խոշոր մէկ մասը ստացած է մամուլի միջոցով: … Հայ գրականութեան մէջ Իրապաշտերու շարժումը, օրինակ, ծնաւ ու զարգացաւ հայ մամուլի էջերուն մէջ» : Այսպէս է որ «Համայնապատկեր»-ը լոյս տեսած է Մարմարա օրաթերթի էջերուն մէջ եւ սեփականութիւնը դարձած ՝ պոլսահայ ժողովուրդին: Զարմանալիօրէն հեղինակ եւ ընթերցող կապը միշտ պահպանուած է հրատակութեան չորս տարիներու ընթացքին: Ընթերցողները իրենց նամակներով միշտ աւելի ընդարձակ եւ աւելի մանրամասն գրելու պահանջք ներկայացուցած են իրեն եւ ինք գոհացուցած է այդ պահանջքը:
Այս մասին Մարմարա օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան կը գրէ առաջին հատորի նախաբանին մէջ. «Բազմահազար ընթերցողներուն խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ Մարթայեան առաջին շրջաններուն հաւատարիմ մնաց ամփոփ պատկերներ տալու իր նախատեսումին, սակայն տակաւ սկսաւ ինքցինք յանձնել աւելին տալու, մանրամասնութիւններու մէջ խորանալու եւ աւելի ամբողջական պատկերներ գծելու հաճոյքին: Հաճոյք՝ որ նոյնութեամբ կը բաժնուէր ընթերցողներու կողմէ:… Շատեր ամեն օր կը մկրատէին ու կը պահէին այդ արժէքաւոր յօդուածները» : Իր մահէն յետոյ, այդ մկրատուած եւ պահուած կտորներու մէկտեղումով է որ Պոլսահայ Ուսոացչաց Միութիւնը կարողացած է հրատարակել Համայնապատկեր-ը՝ եօթը հատորով:
Մարթայեան, բազմակողմանի գիտնական մըն է: Լեզուաբան է, պատմաբան է, մարդաբան է, ընկերաբան է, հնէաբան է: Սակայն առաջին հերթին հմուտ լեզուագէտ մըն է՝ լեզուաբան ըլլալէ առաջ: Ռոպէրթ Քոլէճի մէջ պատանեկան տարիներէն իսկ ներգրաւուած է օտար լեզուներու տիրացման մէջ շնորհիւ ընկալումի իր բնածին յատկութեան, նաեւ՝ հետաքրքրասիրութեան (motivation) : Այլապէս անկարելի պիտի ըլլար բացատրել 40-ի հասնող լեզուներու խօսակցական թէ քերականական ձեւերուն տիրապետելու եւ բաղդատական, պատմա-համեմատական, ստուգաբանական քննարկումներ կատարելու փաստը: Այս իմաստով յատկանշական է թէ ինչպէս, դեռ պատանի, Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին, Հայոց կողմէ Միհր Ներսեհին տրուած եւ պահլաւերէն գրուած պատասխան-նամակը պատճառ կը հանդիսանայ, որ ինք ուզէ պահլաւերէն սորվիլ հեռակայ ձեւով, թղթակցութեամբ, պահլաւերէնէ հայերէնի թարգմանելու նպատակով այդ պատմական նամակը : Ահա ջուրը իր ակէն խմելու այս մարմաջը զինք մղած է սորվելու եւ խորանալու հին եւ նոր 40 լեզուներու աշխարհին մէջ: Այս առթիւ Մարթայեան կը գրէ,- « Օտար գրականութիւնները մէկ մէկ դրախտ են, որոնք կը բացուին միայն իրենց ուրոյն բանալիով, իրե՛նց լեզուով » : Իր տիրապետած լեզուներն են՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, լատիներէն, գերմաներէն, իտալերէն, էթրիւսքերէն, լեհերէն, դասական յունարէն, նոր յունարէն, սպաներէն, ռուսերէն, հին բրուսերէն, հին սլաւերէն, հունգարերէն, հնդկերէն (սանսկրիտ, նաեւ հինտի), հին պարսկերէն, պահլաւերէն, նոր պարսկերէն, քրտերէն, Միջագետքի լեզուներէն՝ սումերերէն, էլամերէն, ասորերէն, բաբելոներէնը, Արեւելեան Փոքր Ասիական լեզուներէն՝ ուրարտերէն, խեդերէն, հիթիթերէն, արեւմեան փոքր ասիական-Եգէականի լեզուներէն՝ փռիւքերէն, արամէերէն, լուվիերէն, ուրալ-ալթայական թրքական լեզուներէն ՝ օղուզերէն, մոնղոլերէն, թաթարերէն, քփչաքերէն, ույկուրերէն, նաեւ հին վրացերէն, նոր վրացերէն:
Լեզուներու հետ իր մտերմութիւնը զինք բերած է տարբեր ազգերու պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ մշակոյթը բնագրի լեզուով ուսումնասիրելու: Այդպիսով կարելիութիւնը ունեցած է ազգերու ինքնութիւնը ճանչնալու, հոգիին թափանցելու, լեզուներու ցեղակցական եւ պատմամշակութային կապերը քննարկելու, ըստ այնմ կարենալ արտայայտուելու համար անոնց մասին գրական-քննադատական յօդուածներով, կշռադատումներով եւ տեսութիւններով:
Մարթայեան Հայ Մշակոյթի պատմութիւնը կը բաժնէ տասը ժամանակաշրջաններու, հետեւեալ կերպով.
Ա. — Նախապատմական շրջան (սկիզբէն, մինչեւ Ն.Ք. 521, այսինքն՝ մինչեւ Պարսից Դարեհ Ա. արքայի Բեհիստունեան արձանագրութիւնը՝ ուր առաջին անգամ կը յիշատակուի Հայոց երկիրը «Արմինիա» անունով։
Բ. — Նախաքրիստոնէական շրջան Ն.Ք.521- Յ.Ք 301, (մինչեւ Քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակումը)։
Գ. — Քրիստոնէութիւն եւ Ոսկեդար (301-484), այսինքն Քրիստոնէոթեան ընդունումէն մինչեւ Նուարսակի դաշնագրի ստորագրումը Պարսիկներուն հետ։
Դ. — Նուազման շրջան (484-885), մինչեւ Բագրատունիներու իշխանութեան հաստատումը։
Ե. —Վերազարթնում եւ Արծաթի դար (885-1219), միչեւ Լեւոն Բ,-ի մահը։
Զ. — Անկման շրջան (1219-1502), մինչեւ Սաֆեան պարսիկ հարստութեան հիմնումը։
Է. — Խաւար դարեր (1502-1707), մինչեւ Պոլսոյ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք։
Ը. — Վերածնունդ (1707-1852), հրատարակութիւն Կ, Իւթիւճեանի Մասիսին։
Թ. — Արդի շրջան(1852-1920 ) , մինչեւ Խորհրդային Հայատանի հիմնումը։
Ժ. — Ժամանակակից շրջան (1920-էն մինջեւ այսօր):
Այս 10 ժամանակաշրջաններէն իւրաքանչիւրին մէջ Մարթայեան կը քննարկէ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող հետեւեալ երեսակները. Հայոց եկեղեցին, ժողովուրդին կենցաղը, լեզուն, մատենագրութիւնը, բանահիւսութիւնը, գիտութիւնը, գեղարուեստը, թատրոնը, երաժշտութիւնը, ճարատարապետութիւնը, քանդակագործութիւնը, զարդարուեստը, նկարչութիւնը, թարգմանական գրականութիւնը, գիր եւ գրչութիւնը:
Դժբախտաբար, վերոնշեալ 10 բաժիններէն վերջին՝ «Ժամանակակից» շրջանը չէ կրցած գրել: Վշտացուցած են զինք եւ յօդուածաշարքը ընդհատուած է: Այս մասին Մարմարա օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան հետեւեալը կը գրէ. «Քանի մը ցաւալի դէպքեր զինք դառնութեան մատնեցին ու պատճառ դարձան որ ան յանկարծ ընդհատէ իր այնքան արժէքաւոր յօդուածաշարքը: (…) Որոշ ժամանակ վերջ, մենք, իր մտերիմ բարեկամները շատ աշխատանք տարինք, որպէսզի շարունակէ գրել իր ձգած տեղէն: Չեղաւ: Մարթայեան կորսնցուցած էր իր խանդավառութիւնը»:
Երբեմն, հայը հայուն թշնամին կը դառնայ, երբ նախանձը եւ չարութիւնը կը սողոսկին խնդրոյ առարկայ անձին մէջ: Դժբախտաբար, այդ է որ պատահեցաւ Մարթայեանի այս խիստ կարեւոր աշխատութեան պարագային: Բարեբախտաբար, Պոլսահայ Ուսուցչաց Միութեան ջանքերով եւ ժողովուրդէն որոշ անձերու նուիրատուութիւններով հրատարակուեցան Համայնապատկեր-ի ինը բաժինները:
Դժբախտութիւն մըն է որ Յակոբ Մարթայեանի գործունէութեան ժամանակաշրջանը զուգադիպեցաւ Հայ ժողովուրդի անճիտման յաջորդող Հայաստանի անկախութեան կորուստին եւ սովետական կարգերու հաստատման շրջանին, երբ տասնամեակներով բացառուած էին Հայաստան-Սփիւռք կապերը, Սփիւռքահայ գրողներու գ ործերը «փակի տակ» դրուած էին: Այս պատճառներով Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի արժանաւոր գիտնականները չկարողացան հետաքրքրուիլ Մարթայեանի վաստակով ինպէս որ հարկն էր: Սակայն այսօր, 34 տարիէ ի վեր այդ արգելքը վերցած է եւ արդէն նախապէս «փակի տակ» դրուած շատ գիրքեր հրատարակուած են: Կը յուսանք եւ կը սպասենք որ Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի երիտասարդ գիտնականները զբաղին այս հարցով եւ իր արժանին հատուցեն Մարթայեանի բազմակշիռ վաստակին:
Փարիզ
Մատենագիտութիւն.
Kaya Turkay: « A.Dilaçar » Հրատարակութիւն, Թուրք Լեզուական Կաճառի (Turk Dil Kurumu; TDK), Անգարա, 1982.
Mehmet-Ali Akinci, Salih Akin : « La réforme linguistique turque » (ֆրանսերէն գրուած). https://hal.science/hal-02367471.