Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆԻՍ 2023-Ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆԻՍ 2023-Ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Բողոքաւոր մարդկանց երթը սեւ ժապաւէններով ու գրութիւններով ծածկուած փողոցներով մայրաքաղաքի մի հրապարակից դէպի միւսն էր գնում: Երբ նրանց՝ «Դաւաճան, հեռացիր» վանկարկումներն արդէն շատ մօտ էին, տաքսու վարորդը չուզեց ոտատակ ընկնել եւ կծկուեց իր մեքենայի մէջ: Թէեւ ուղեկից ոստիկաններ կային, սակայն տեսան ու չմիջամտեցին, երբ երթից մէկը քացով ուժգին հարուածեց նրա մեքենայի դռանն ու գոռաց.
— Ինչի՞ չես միանում, այ դաւաճանի զոմբի: Continue reading “Ապոկալիպսիսի հրեշտակները”
Թէ հայրենեաց պսակադիր
Գողթնի քնարք լռել են,
Երկնից թող գան անմահ հոգիք,
Հայոց քաջեր պսակել։
Փախէ՛ք ամպեր Շաւարշանէն, Continue reading “Թէ հայրենեաց պսակադիր …”
Աշակերտներս աշխատցուցեր էի Սարդարապատի նիւթով։ Ուզած էի ուղեղնուն մէջ մտցնել, որ ճակատամարտի յաղթանակին կը պարտէինք Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը։
… Նազարբէկեան, Սիլիկեան, Անդրանիկ, կանոնաւոր բանակ, կամաւորներ, ինչ գիտնամ՝ ծեր-երիտասարդ-կին-պատանի-մեծով Continue reading “28 ՄԱՅԻՍ 2023”
Այս թիւով կը ներկայացնենք երկու նահատակ ազատամարտիկ-բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն նմուշներ. Կոմիտաս Յակոբեան զոհուեցաւ Արցախան առաջին պատերազմին, իսկ Հայասէր Յովսէփեան՝ 44-օրեայ վերջին պատերազմին։ Ի դէպ, վերջինիս գրութիւններէն այլ նմուշներ տուած էինք մեր նոյեմբեր 2020-ի թիւով։
ՊԱՐԵՏԱՅԻՆ ԺԱՄ
Օրը վերջանում է իրիկնամուտին,
անկեանք փողոցներում
վխտող զինուորները
ստուերներ են փնտռում`
պարետատուն տանելու համար:
Թափառական շներն անգամ, Continue reading “ՊԱՐԵՏԱՅԻՆ ԺԱՄ, ԽՐԱՄԱՏՆԵՐՈՒՄ, ԳՐՈՀ, ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ”
Ոչինչ տարօրինակ չէ ու զարմանալի,
ես զինուոր եմ
եւ իմ ուսից կախ աւտոմատի մէջ
փամփուշտը փոքրիկ ձուկ է խաղաղ ծովում,
որ կարող է պղտորել մաքուր ջուրը: Continue reading “ԵՍ ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՄ”
Ի յուշ Ադոլֆ Այխմանի(1)
Թամըս Մըրթըն – Thomas Merton (1915-1968) կաթոլիկ վանական մըն էր, խորհրդազգած աստուածաբան մը, կրօնագէտ մը, յանձնառու մտածող մը, բանաստեղծ մը: Մեծ հռչակ ունեցաւ իր «Եօթնայարկ լեռը» («The Seven Storey Mountain») գիրքը, որ, ըստ էութեան, կը վերաբերի իր իմացական եւ հոգեւոր աճման, անդրակերպման, եւ քրիստոնէական հաւատքին մէջ վերածնունդին: Ուստի՝ ներքին ինքնակենսագրութիւն մըն է անիկա: 27 տարիներու իր գրականութիւնը՝ աւելի քան 50 գիրքերու ցանկ մըն է: Թարգմանիչը ձեռքի տակ ունի հրատարակելի Continue reading “ՏԵՆԴՈՏ ԽՈԿՈՒՄ ՄԸ”
Երեւան, մայիս 1975
Այդ օրերուն Օպերայի մօտ Շարա Տալեանի բնակարանը կ՚ապրէի վարձով: Այրիացած տիկ. Ժասմենան ներսէն կանչեց.
—Արի՛ Մովսէս ջան, էլի էդ «նագլի» մարդն է զանգում:
Այդ «նագլի» մարդը Հրանդ Մաթեւոսեանն էր:
—Ասա՛ Հրանդ ջան, լսում եմ: Continue reading “Ի վերուստ անիծուածը՝ պատնէշի վրայ”
Հազիւ կէսօրէ ետքն էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք՝ արագ պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց հետը տանելիք իր լոյս ընծայած բոլոր հատորները: Ո՞վ էր ինք եւ հիմա ո՞ւր կ՚ուզէր երթալ: Ամեն մարդ լաւատեղեակ էր, թէ այս ժամուն Լոս Անճելըսի բոլոր ճամբաները որքա՜ն խճողուած կ՚ըլլային: Բայց, այդպէս էր ժամադրութիւնը: Ամիսներ առաջ, իրեն բոլորովին անծանօթ հայ կին մը, տեղւոյն հայկական «Գիրքի ակումբ» մշակութասէր խմբակին Continue reading “Գրողն ու հաւաքը”