Դոկտ. Տանիա Օհանեան
Սկիզբը՝ նախորդ թիւով
Հոս տեղին է յիշել, որ Արամ Ա. Վեհափառի նախաձեռնութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ «Թռչնոց բոյն»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարար եւ նուիրական թանգարանին հիմնադրութիւնը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐԸ, ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԸ ԵՒ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀԸ
Բժիշկ Հարպոյեան կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-ին գործադրութեան դրուած էր օսմանեան պետութեան կողմէ համայն աշխարհի եւ մեծ պետութիւններու ականատեսութեամբ: Հայ ժողովուրդի մնացորդացը՝ տարեց տղամարդիքը ու կիները, դեռատի աղջիկները եւ մանուկները գաղթականութեան ցուպը ձեռքերնին քալեցին շատ երկար, բռնեցին խաչելութեան ճանապարհը, համտեսեցին ոճրագործ եւ մարդասպան թուրքին ամենադաժան վայրագութիւնները, մաքարեցան Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն մէջ անօթի ու ծարաւ, պայքարեցան բնութեան բոլոր աննպաստ պայմաններուն դէմ, անոնցմէ շատ շատեր կորսնցուցին իրենց անմիջական հարազատները եւ մնացին առանձին, մանուկներուն մեծամասնութիւնը դարձան որբեր՝ զուրկ ծնողական գուրգուրանքէ եւ խնամքէ»:
«Թռչնոց բոյն»էն ետք հեղինակը կը նկարագրէ Անթուրայի որբանոցը՝ Լեռնալիբանանի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենար հայ մանուկներու թրքացումը։
Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ որբանոցի Պօղոս Արիսի որբերէն եղած է հեղինակին աները՝ Պետրոս Պտղունի-Մէյվալեան:
Ան նախ եղած է Ճպէյլի տղոց որբանոցի 1392-րդ որբը: Հոն մնացած է երկու տարի: Պետրոս կը փոխադրուի Հայր Պօղոս Արիսի Էշրէֆիէի որբանոցը 1922-ին, որովհետեւ իր անունին քով արձանագրուած է Հայ կաթողիկէ ըլլալը: Հոս Պետրոսին որբանոցին թիւը կ՚ըլլայ 323: Պետրոս այս որբանոցին մէջ կը մնայ 4 տարի մինչեւ 1926:
Ըստ Պետրոս Պտղունիի՝
—-Որբանոցը կը դառնայ ուսումնական կեդրոնի մը: Հոն կը դասաւանդեն անուանի հայ ուսուցիչներ: Աշակերտներուն կը փոխանցուի հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզու, լեզուի տաղաչափութիւն, բարձրագոյն թուաբանութիւն, երգեցողութիւն, երաժշտութիւն, գծագրութիւն: Որբանոցը կ՚ունենայ տղոց երգչախումբ, որուն խմբավարը կ՚ըլլայ Կոմիտասի աշակերտներէն Յարութիւն Կիւլեսէրեան եւ ետքը հայաստանցի երաժիշտ պրն. Վարդանը: Երգչախումբը կը ներկայանայ հանրութեան քառաձայն երգացանկով, յատկապէս Կոմիտասեան երգերով: Հայր Արիս տեսնելով կարգ մը որբ աշակերտներուն ունեցած երաժշտական ձիռքերը կ՚ուղղէ զանոնք ջութակի եւ մանտոլինի դասընթացքներու: Ան ջութակ մը կը գնէ եւ կը տրամադրէ Պետրոս Պտղունիին որպէսզի հետեւի ջութակի դասերու:
Պողօս Արիսէն ետք կը հասնինք Ղազիրի որբանոցը, դարձեալ Լիբանան։ Հոս կը կարդանք դարձեալ հետաքրքրական մասնրամասնութիւններ հեղինակին կողմէ։
Ղազիրի որբանոցին մէջ, Եագուպ Քունցլերի ղեկավարութեամբ կը հիմնուի գորգագործութեան գործարանը։ Որբերը 1925-ին կը պատրաստեն մեծ գորգ մը, որ կը ներկայացնէ Սուրբ Գրքի Ադամի պարտէզը։ Որբերը կ՚որոշեն գորգը նուիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Քալվին Քուլիճին: Նախագահ Քուլիճ, ստանալէ ետք այս պատմական եւ աննախընթաց նուէրը, կը յայտարարէ. «The rug has a place of honor in the White House where it will be a daily symbol of goodwill on earth»։ Էջ 224-ի վրայ արձանագրուած է շատ գեղեցիկ պատմութիւն մը, կ՚արժէ կարդալ եւ հպարտանալ։
Որբանոցներէն կ՚անցնինք անհատական ոդիսականներուն, ինչպէս՝ ՆԱՐԴՈՒՀԻ ԽՈՍՐՈՖԵԱՆի, ՍԵԴՐԱԿ ՊԷԶԻՐԿԱՆԵԱՆի, ԳԱՌՆԻԿ ԲԱՆԵԱՆի, ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՕՐՕՐԱ ՄԱՐՏԻԿԱՆԵԱՆի, որուն մասին արձանագրութիւններ կատարած է հեղինակը 323-343 էջերուն վրայ։ Պիտի խնդրեմ, որ անպայման ընթերցէք այդ բաժինը։
Սակայն, այժմ կը փափաքիմ անդրադառնալ մի քանի վերապրողներու մասին հեղինակին նշումներուն։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆի պատմութեան մէջ կը կարդանք կապ մը մեր գաղութը վերջերս հաստատուած տիկին Սոնա Եափուճեանի հոգելոյս ամուսնոյն՝ Յակոբ Եափուճեանի հօր հետ։ Լեւոն Շահնազարեան, հայ որբաշխարհի բոլոր որբերուն նման, չունեցաւ ընդունելի, բնական եւ առողջ մանկութիւն: Ան վայելեց Հայկական Ցեղասպանութեան դառնութիւնները, ականատես եղաւ հայ մայրերու, քոյրերու եւ մանուկներու չարչարանքներուն, խողխողումին, սպանութեան: Կորսնցուց իր հայրը, մայրը եւ մէկ հատիկ փոքրիկ քոյրը: Իր 28 անձերէ կազմուած գերդաստանէն ապրեցաւ միայն ինք, իսկ մնացեալ 27 հայորդիները նահատակուեցան:
ԲԱՐՍԵՂ ՏՕՆԻԿԵԱՆ կը պատկանի Հայոց Ցեղասպանութեան «որբաշխարհի» փաղանգին: Ան ծնած է Պրուսայի «Մեծ Նոր Գիւղ» կոչուած գիւղը, 1910-ին: Բարսեղ որբացած է 1915-ի ջարդերուն, երբ 5 տարեկան էր: Թուրքերը մտած են իր ծննդավայրը եւ հաւաքած ու փոխադրակառքերով անյայտ վայր մը տարած են գիւղին հայ ժողովուրդը:
Բարսեղին հայրն ու մայրը, թուրք զինուորներու հարուածներուն տարափին տակ կը բարձրանան զինուորական փոխադրակառք եւ անկէ կը փորձեն մանուկ Բարսեղը վեր բարձրացնել իրենց կողքին. Բարսեղ գետինը նստած կը ճչար իր տեղախախտած արմուկին ցաւէն. հայրը չի յաջողիր ու խեղճ Բարսեղ գետին կ՚իյնայ, սակայն կը դադրի ճչալէ, որովհետեւ անոր տեղախախտած արմուկը… կը վերագտնէ իր բնական վիճակը: Փոխադրակառքը կը սուրայ եւ կ՚անհետանայ: Փոխադրակառքին հետ կ՚անհետանան նաեւ Բարսեղին ծնողքը, որոնք մաս կը կազմեն նահատակուած հայերու բանակին: Բարսեղ կը կորսնցնէ իր եղբայրը եւ քոյրերը, կը մնայ առանձին որբ մը:
Սակայն, Բարսեղ կը դառնայ հանրածանօթ մեքենագէտ ու մետաղեայ գործիքներ արտադրող հայ վարպետ մը ամբողջ Եգիպտոսի մէջ: Իր հաստատութիւնը կը գործակցի նոյնիսկ անգլիական բանակին հետ եւ մեծ քանակութեանբ մեքենական կազմածներ կը վաճառէ անգլիացիներուն:
Բարսեղ Եգիպտոսի մէջ կը հիմնէ նաեւ հիւսուածեղէնի իր անձնական գործարանը, ուր կ՚աշխատին 30-է աւելի գործաւորներ:
Բարսեղ Գահիրէի մէջ կը շարունակէ իր հետաքրքրութիւնը մարմնամարզանքով, կ՚ըլլայ երէց մարզիկ եւ մաս կը կազմէ ոտնագնդակի «Արարատ» խումբին: Բարսեղին մանկական եւ որբութեան դառն յուշերը զինք շարունակ կը չարչարեն, հակառակ գործի ասպարէզի մէջ ունեցած իր արտակարգ յաջողութեան, ան կ՚ապրի հայկականութեամբ եւ հայրենիքի կարօտով ու երազով: Ան ըսած է. «Բախտաւոր կը լինեմ, երբ ապրեմ իմ հարազատ հայրենիքում, երբ զաւակներս ընդմիշտ փրկուեն իմ երեխայութիւնը ունենալու վտանգից, մի վտանգ, որ միշտ առկայ է այս երկրներում»:
ՊԵՏՐՈՍ ՄԷՅՎԱԼԵԱՆ ՊՏՂՈՒՆԻ կը պատմէ. — Մարաշի մէջ, մեծ մօրս տան դիմաց կը խաղանք ես եւ մօրաքրոջս տղան՝ Ֆրանսուան: Քիչ անդին, դրացիներուն Ալի Էօքքէշ եւ Օմար տղաքը ցեխին մէջ ցից կը խաղան: Անոնցմէ մէկը մեզի «կեաւուր» կը պոռայ, չեմ գիտեր ի՞նչ ներքին դրդումէ մը մղուած, քար մը կ՚առնեմ դէպի իրենց կը նետեմ: Ալիին գլխուն հանդիպած է. երբ անոնց մեր կողմը վազելը տեսանք, Ֆրանսուան եւ ես ներս վազեցինք եւ դուռը գոցեցինք: Մեծ մայրս զիս պահեց տախտակամածին անկիւնը, հագուստի մը տակը: Քիչ ետք թուրք ծնողները գանգատի եկան, մեծ մայրս անոնց հետ լեզու գտաւ, իմ որբութիւնս պատրուակելով եւ մէկ գաւաթ սուրճով ճամբեց զանոնք։ Երբ հայրս Մարաշ եկաւ եւ լսեց իմ «ֆռնուզցիական» հերոսութիւնս, հինգ դահեկանով զիս վարձատրեց։
Հակառակ անոր, որ տարիներ շարունակ ջութակի դասընթացքներու հետեւած է, Հալէպ հաստատուելէն ետք ջութակը փոխարինած է մանտոլինով, որովհետեւ Հալէպի մէջ գործնապէս պիտի չկարենար շարունակել ջութակը, տեղւոյն աննպաստ պայմաններուն պատճառով: Շուտով կը հմտանայ մանտոլինի գործածութեան: 1950-ին կը կազմէ Mandolata քառեակը եւ կ՚ունենայ հարիւրէ աւելի երկսեռ աշակերտներ, որոնց մանտոլինի դասեր կու տայ:
Կազմած քառեակը կը հրաւիրուի սուրիական ռատիոկայան, որպէսզի շաբաթական հերթականութեամբ կէս ժամ տեւողութեամբ հայկական երաժշտական յայտագիր մը հրամցնէ: Իր խմբավարութեամբ, քառեակը տարիներ շարունակ կը կատարէ ազգանուէր գործ եւ կը հրապուրէ ոչ միայն սուրիահայութիւնը, այլ նաեւ տեղացիները:
Պտղունի կը նուագէ նաեւ սղոցի վրայ: Հալէպի մէջ հայկական շատ մը ձեռնարկներու կը հրաւիրուի, որպէսզի սղոցով նուագէ հայկական զանազան եղանակներ: Անշուշտ իրենց դաշնակի վրայ կ՚ընկերակցէր դուստրը՝ Էլիզապէթը:
Զաւակները բոլորն ալ ժառանգած են երաժշտութեան արուեստը: Իսկ թոռնիկները, որոնք բոլորն ալ երաժշտական մեծ հակում ունին, արդէն ականատես ենք անոնց երաժշտական յաջողութիւններուն։
ԲԺԻՇԿ ՅԱԿՈԲ ՃԵՍՈՒՐԵԱՆ. 1915-ին, բժիշկ Ճեսուրեան զինակոչուած է օսմանեան բանակ, շուտով ձերբակալուած է եւ բանտարկուած՝ շինծու ծանր անբաստանութիւններով: Այդ օրերուն, Կեսարիոյ մէջ տրուած է տարագրութեան ահազանգը: Սկիզբ առած են անուանի հայերու, մասնաւորապէս՝ մտաւորականներու, բժիշկներու եւ մեծահարուստներու ձերբակալութիւնները:
Բժ. Յակոբ շարունակած է զինուորական ծառայութիւնը՝ զինուորական զանազան հիւանդանոցներու մէջ, իբրեւ բժիշկ եւ բժշկապետ: Հետագային, ան հաստատուած է Պոլիս եւ սկսած է աշխատիլ:
Բժ. Յակոբ պսակուած է Պոլսոյ մէջ, Արաքսիին հետ։ Անոնք կը ձգեն Պոլիսը եւ կը փոխադրուին Հալէպ, 1925-ին: Անոնք կը ստանձնեն Վարուժանը Արաքսիին ծնողքէն: Վարուժան հօրեղբօրը հետ կ՚ապրի 1925-էն մինչեւ 1942, իբրեւ անոր մէկ զաւակը: Վարուժան մինչեւ իր երիտասարդ տարիքը բժիշկ Յակոբը կը ճանչնայ իբրեւ իր հայրը: Վարուժան Հալէպի մէջ կ՚ամուսնանայ օր. Անի Խաչատուրեանի հետ, 1942-ին: Կը բախտաւորուին երկու աղջիկ զաւակներով՝ Արտեմիս եւ Վանին:
Վարուժան 1965-ին ընտանեօք Գանատա կը փոխադրուի եւ կը հաստատուի Մոնթրէալ:
Բժիշկ Ճեսուրեան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ հայ ժողովուրդի առողջապահական դաստիարակութեան եւ մասնաւորաբար՝ իգական սեռի: Եղած է յարգալից եւ ազնուական հայ բժիշկ մը: Եղած է շատ լուրջ, խոհեմ, ազնիւ, սակաւախօս, ազգասէր եւ ծառայասէր: Ան տարիներ շարունակ անվճար դարմանած է իրեն դիմող՝ նիւթապէս տկար հայ հիւանդները: ամեն երեքշաբթի օրերը, բոլոր հիւանդները ընդունած է եւ դարմանած՝ անվճար, մինչեւ իր մահը:
Բժիշկ Ճեսուրեան եղած է Հալէպի Ազգ. Վարժարաններէն մէկուն հոգաբարձու եւ Գաւառական Ժողովի ատենապետ, ինչպէս նաեւ Հալէպի ազգային առաջնորդարանի դատաստանական խորհուրդի անդամ: Մահացած է Հալէպ, 1958-ին:
ՀԱՆԸՄ ՉԱԳԸՃԵԱՆ. Անգլիացի մը՝ Չէսթ Նաթ քաղաքէն (Cհest Nut City), 1881-ի ծնունդ եւ Միացեալ Բարենորոգեալ Եկեղեցւոյ վերապատուելի Ճոն Ուորտ Կրէյվզ (Reverend John Ward Graves) որբանոց մնացած է 3-4 օր եւ մտերմացած է հայ որբերուն հետ, զրուցած է անոնց հետ ու հետեւած է անոնց խաղերուն ու շարժուձեւերուն: Անոր ուշադրութիւնը առաւելաբար կեդրոնացած է Հանըմի վրայ, եւ իր մէջ զարգացած է զգացական կապ մը՝ հանդէպ Հանըմի: Երկար մտածումէ եւ ուսումնասիրելէ ետք, ան որոշած է որդեգրել փոքրիկն Հանըմը: Ուստի իր որոշումը յայտնած է որբանոցի վերակացուին, որ անմիջապէս չէ ընդառաջած Ճոնի առաջարկին, ընդհակառակը՝ ներկայացուցած է որբերուն մէջէն ուրիշ աղջնակ մը: Ճոն հաստատ մնացած է իր որոշումին վրայ, ուստի վերակացուն իր համաձայնութիւնը յայտնած է Հանըմի որդեգրման:
Հանըմ անուանուած է Պրենտա եւ մեծցած է իբրեւ անգլիացի: Ան մոռցած է իր մայրենի լեզուն. Կը խօսէր միայն անգլերէն: Սակայն Պրենտա շարունակ կը յիշէր իր հայկական ծագումը եւ իր իսկական անունը: Մինչեւ 1946, ան ապրած է անգլիական միջավայրի մէջ եւ ոչ մէկ հայու հանդիպած է: 1946 տարին Պրենտայի համար եղած է անկիւնադարձային: Այդ տարի բախտը կ՚ունենայ տեսնելու իր եղբայրը եւ եղբօրորդիները՝ Եգիպտոսի մէջ:
Պրենտա Կրէյվզ իր հօր՝ Ճոն Կրէյվզի հետ Անգլիա հասած է, անցնելով Երուսաղէմէն, Եգիպտոսէն, Իտալիայէն եւ Ֆրանսայէն: Լիբանանէն դուրս գալու պահուն, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ կորսուած է անոնց ճամբորդական պայուսակը: Երուսաղէմի մէջ Ճոն՝ Պրենտայի հայրը, արծաթէ հայկական ոճով պզտիկ խաչ մը, շղթայով միասին, գնած է եւ անցուցած՝ Պրենտային պարանոցը:
Խաչին վրայ անգլերէնով արձանագրուած է՝ August 14, 1921: Պրենտա այդ խաչը իր վիզին վրայ պահած է մինչեւ իր մահը: Հաւանաբար Ճոն Կրէյվզ այս ընելով ուզած է փաստել Պրենտայի հայու ինքնութիւնը: Հաճելի ընթերցանութիւն մը պիտի ըլլայ էջ 351-ը ուր պատմականը գրուած է Պրենտայի եւ մեր գաղութի զաւակներէն՝ արուեստագէն Պերճ Չաքըճեանի եւ անոր տիկնոջ Նայիրիին մասին։
ՊԵՀԵՍՆԻՑԻ ՄԱՐԹԱ ՄԱՅԱՅԵԱՆ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ իր ինքնակենսագրութեան եւ տարագրութեան յուշերուն մէջ կը գրէ. — 1915-ի առաջին ամիսներուն, թուրքերը յայտարեցին որ բոլոր երիտասարդները պատերազմի ճակատ պիտի երթան՝ կռուելու թշնամիին դէմ, վասն Թուրքիոյ պաշտպանութեան: Քանի մը ամիս վախի մէջ ապրեցանք. օր մը անակնկալօրէն մեր տան դուռը զարնուեցաւ. մայրս գնաց եւ տեսաւ 4 թուրք զինուորներ, որոնք կը հարցնէին Մարտիրոս եղբօրս մասին. մայրս ներս ընդունեց աղտոտ դէմքերով այդ 4 թուրքերը, որոնք խուզարկեցին ամբողջ տունը, սակայն ապարդիւն, անոնք չգտան եղբայրս: Ան պահուըտած էր մեր տան գաղտնի թաքստոցը: Զինուորները չգտնելով Մարտիրոսը՝ յարձակեցան մօրս վրայ եւ գաւազանով հարուածեցին: Թուրք զինուորները մայրս ձգելով՝ զիս բռնեցին եւ չուանով կապելէ ետք, փայտէ գաւազանով հարուածեցին: Մայրս տեսնելով այս բոլորը, վազեց եւ Մարտիրոսը իր թաքստոցէն դուրս հանեց ու յանձնեց թուրք զինուորներուն, որոնք Մարտիրոսը շղթայակապ տարին իրենց հետ:
Պեհեսնիի մէջ 1913-ին, Մարթան նշանուած է Կարապետ Մկրտիչեանի հետ, որ արդէն զինուորագրուած էր թրքական բանակին մէջ եւ ճակատ մեկնած. Մինչեւ 1915, ան քանի մը նամակ ղրկած է իր ծնողքին եւ այնուհետեւ հաստատուած է, որ ան սպանուած է թուրքերու ձեռքով:
Յետագային, 1922-ին, Հալէպի մէջ Մարթան կ՚ամուսնանայ իր Սարգիս մօրեղբօր տղուն՝ Թորոսին հետ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, իմ ընտանիքէս նահատակուեցան հայրս եւ հօրեղբայրս, եղբայրներս՝ Յակոբ, Սարգիս եւ Մարտիրոս, Մարիամ քրոջս ամուսինին՝ Դաւիթին ծնողքը ու առաջին նշանածս՝ Կարապետ Մկրտիչեանը:
ՊԵՀԵՍՆԻՑԻ ԹՈՐՈՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ. 1914-ի ամառը, Պեհեսնիի երիտասարդները թուրք իշխանութեան կողմէ զինակոչի ենթարկուեցան: Անոնք բաժնուեցան իրենց հարազատներէն եւ նախազգացումը ունեցան, որ այլեւս պիտի չվերադառնային եւ իրենց հայրենի օճախը պիտի չտեսնէին, ինչ որ իրականացաւ հետագային: Շատ դժուար էր բաժանումը եւ յուզիչ: Ամեն տան մէջ կար լաց ու կոծ, եւ բարի վերադարձի մաղթանքներ:
Երկար տարագրութենէ ետք, անոնք կը հասնին Հալէպ, ասորի կաթոլիկ վարդապետին եկեղեցին: Վարդապետը կը կոչուէր Ապունա Եուսէֆ: Թորոս Հարպոյեան կը պատմէ. — «Ան դիմաւորեց մեզ եւ տարաւ բակին մէկ անկիւնը, ուր ես, Գաբրիէլ եղբայրս, Մարթա մեծ քոյրս իր երկու զաւակներով, ինչպէս նաեւ միւս երեք քոյրերս գիշերեցինք սրտաճմլիկ վիճակի մէջ: Ան մեզի փոխանցեց հաստատագիր մը, իբրեւ թէ մենք հին սուրիացիներ էինք, հիմք ունենալով Մարթա քրոջս ամուսինին թրքական զինուորական տարազով նկարը, որ մնաած էր քրոջս քով: Այս հաստատագիրը մեզ ազատեց կրկնակի հետապնդումներէ եւ թուրք զինուորներուն հարցաքննութիւններէն: Ապու Եուսէֆ վարդապետը մեզի համար եղաւ պահապան հրեշտակ մը»:
Թրքական իշխանութիւնը Հալէպի մէջ կը հաւաքէ սուրիահպատակ երիտասարդները զինուորական ծառայութեան համար: Անոնց հետ Թորոս Հարպոյեանն ալ կը ձերբակալուի եւ կը տարուի Պապ քաղաքը, որ Հալէպէն 50 քիլոմեթր հեռու էր: Պապի զօրանոցէն կը կարողանայ փախչիլ եւ հասնիլ Հալէպ, սակայն երկրորդ անգամ դարձեալ կը ձերբակալուի եւ ինքզինքը կը գտնայ Տէր Զօրի զօրանոցին մէջ, ուր կը մնայ մէկ ամիս, իբրեւ թուրք զինուոր: Հոն չորս այլ հայերու հետ կը գործադրեն փախուստի ծրագիրը: Գիշերով դուրս կու գան զօրանոցէն, այն պահուն, երբ պահակները հարբած կը քնանային: Կը քալեն երկար եւ կը հասնին Ռաքքա քաղաքը: Յաջորդ օրը, շոգեկառքով կը հասնին Պապ եւ ապա՝ Հալէպ: Մեծ ուրախութիւն էր հարազատներուն համար Թորոսի վերադարձը:
Թորոս Հարպոյեան իր կրտսերագոյն տղայէն՝ Կարպիսէն կը խնդրէ որ երկար ուսումնասիրութիւն մը կատարէ Պեհեսնիի անցեալին եւ պատմութեան մասին, որպէսզի հանրութիւնը մանրամասնօրէն տեղեակ ըլլայ Պեհեսնիի պատմութեան: Եւ ահաւասիկ այս գիրքը կու գայ վկան դառնալու այդ օրերու անբացատրելի տարապանքին եւ հոս կը կարդանք ուսումնասիրութիւն մը ՊԵՀԵՍՆԻԻ եւ ՔԵՍՈՒՆԻ մասին, ուր օգտագործած է 32 աղբիւներ։
* * *
Այս հատորը կարծես Բժիշկ Հարպոյեանի հոգեկան նուէրն է մարդկութեան, որովհետեւ յստակ է տողերուն ընդմէջէն, թէ վերապրողներն ու յատկապէս որբանոցները, քանդակուած են իր կեանքի ապրումներուն մէջ։ Այո, կեանքին մէջ, որովհետեւ այլապէս նման հրատարակութիւն մը կարելի չէ ընծայել հայ ժողովուրդին։
Ինչու ոչ, որ այս հատորը թարգմանուի այլ լեզուներու, որպէսզի օտար ազգութիւններ իսկապէս հասկնան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ջարդ, տեղահանութիւն եւ ճակատագիր։ Վստահ եմ ան մեծապէս պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզչական աշխատանքներուն: Անոր միջոցաւ, օտար շրջանակներ իրազեկ պիտի դառնան որբանոցներու պատմութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան։
Հեղինակը մանրակրկիտ եւ հսկայական ուսումնասիրութիւն կատարած է, թէ ուր տեղադրուած են հայ մանուկները, մանրամասն արձանագրութիւններ կը կարդանք իւրաքանչիւր որբանոցի մասին։ Թիւերով ու անոնց աղբիւրները նշելով, այս հատորը կու գայ փաստաթուղթ մը ըլլալու որբերուն, որբանոցներուն եւ որբաշխարհին մասին։
Հայոց Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք, յառաջացած են հազարաւոր հայ որբեր: Անոնք կրած են տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները: Անոնք տեսած են տառապանք եւ մահ: Անոնք եղան մեր պատմութեան ամենէն դժբախտ սերունդը: Ու այսպէս, ստեղծուեցաւ ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ-ը:
Ամենէն ուշագրաւ տեղեկութիւնը, այն է, որ հայ որբերը տէր կանգնած են իրենց ինքնութեան, չեն ենթարկուած ձուլումի եւ օտարացման ճնշումներուն: Օրինակ, Ճորճթաուն (Օնթարիօ) 109 որբեր տարուած են, անոնց առաջարկուած է փոխել անունները եւ օտար անուններ տալ, որպէսզի աւելի դիւրութեամբ հարմարուին տարածքին եւ նոր կեանքին։ Սակայն, այդ փոքրիկ երեխաները ըմբոստացած են, չեն հրաժարած իրենց հայկական անուն-ազգանուններէն: Ըմբոստացած են, որովհետեւ միակ կապը իրենց ընտանիքներուն եւ կորսնցուցած ծնողներուն հետ` այդ ծնողներէն մնացած միակը` իրենց տուած անուններն են:
Զգալի է, որ հեղինակը յուզումով կը գրէ «ՀԱՅ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ»-ին մասին։ Զգալի են անոր զգացական պահերը եւ ան կը գրէ այնպէս, ինչպէս կարծես անձնապէս ականատեսն է այդ բոլոր տառապանքին, աքսորին, սովին, հիւանդութիւններուն եւ ՈՐԲԱՇԽԱՐՀ-ին։ Հեղինակը խորիմաստ եւ նրբազգաց ձեւով պատկերացուցած է տեղահանութեան պատմութիւնը։
Այս գիրքը հարուստ է իւրայատուկ պատմութիւններով եւ վերապրողներու անմոռանալի տառապանքներով։ Այս հատորը կու գայ արթնցնելու մեր խիղճերը, որ որբացած սերունդը ստանձնած է այն ծանր պարտականութիւնը, գոյատեւելու, պահելու հայ լեզուն եւ մշակոյթը և առաւել եւս կայուն հիմքերու վրայ կազմաւորելու սփիւռքը։
Բժիշկ Հարպոյեանի կատարած այս ուսումնասիրութիւնը պարզապէս գրի առնուած մանրամասնութիւններ չեն, իւրաքանչիւր ոդիսական որ արձանագրած է, զգալի է ապրում, առօրեայ զգացական պահեր, իւրաքանչիւր անհատ որ արձանագրուած եւ անուանուած է այս հրատարակութեան էջերու ընդմէջէն, յստակօրէն մասնիկ մը դարձած է իր տարիներու օրագրութեան մէջ։ Այս հրատարակութեան մեծ արժէքը կը հանդիսանայ Բժիշկ Հարպոյեանի կատարած մեր ժողովուրդի ա՛յդ ժամանակաշրջանի վաւերագրութիւնը:
Հեղինակին աշխատասիրութիւնը ակնառու և համոզիչ վկայութիւն մըն է , թէ՛ կարդացողին, թէ՛ մասնագէտին եւ թէ՛ հետագայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողին համար, եւ վերջապէս այս գիրքը բացայայտօրէն իւրօրինակ յարգանքի պատում մը եւ ձօներգ է հեղինակէն` որբերուն եւ վերապրողներուն։
Մոնթրէալ