Բժ. Օհան Թապաքեան
Կեանքը լուսեղէն անծայրածիր գետ մըն է, որ կը հոսի անարգել մարդկութեան սկիզբէն դէպի յաւիտենականութիւն: Բնական պայմաններու տակ ջուրին ընթացքը խաղաղ է ու հեզասահ, սակայն չարագործ մարդոց կողմէ յղացուած բազմատեսակ խոչընդոտներ ու արուեստական փոթորիկներ պատճառ կը դառնան, որ գետին խաղաղ ընթացքը խանգարուի, ու ժողովուրդներ կամ հաւաքականութիւններ տառապին: Նախախնամութիւնը ժլատ գտնուած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ դարձնելով զայն տառապած ժողովուրդներու ցանկին առաջիններէն մին: Թէեւ պատմութեան ընթացքին ունեցած ենք փայլուն շրջաններ, Մեծն Տիգրաններ ու Արտաշէս Աշխարհակալներ, սակայն դարեր շարունակ զուրկ պետականութենէն՝ ենթարկուած ենք տիրապետող երկիրներու (պարսկական, արաբական, թրքական) ղեկավարներու քմահաճոյքներուն:
Սակայն գերազանց առաքինութիւնները դժբախտութեան գետնին վրայ միայն կ՚աճին, ինչպէս ծաղիկները կ՚ոգեւորուին ցօղին ազդեցութեան տակ: Տառապանքներու կուտակումէն բախում մը առաջ կու գայ, որմէ տաղանդին յորձանքը կը ծնի:
Առաքինութիւնը առանց ճնշումի կարո՞ղ է միթէ վսեմանալ, մոլութիւնը առանց պայքարի կարելի՞ է միթէ նուաճուիլ. ինչպէ՞ս կրնաս հաւատարիմ ըլլալ, երբ դաւաճանի մը դէմ յանդիման չգտնուիս… ինչպէ՞ս կրնաս արդար ըլլալ, եթէ խաբեբայի մը վնասը չես կրած. ինչպէ՞ս կրնաս արդար ըլլալ երբ բռնակալի մը տապալումին հանդիսատես չես եղած. ինչպէ՞ս կրնաս բարերար ըլլալ, երբ նեղութեան ու վիշտի համը չես ճաշակած: Ցաւը զգացումը կը նրբացնէ, կը բիւրեղացնէ. տառապանք պէտք է մաղթել բռնակալներուն, որպէսզի իրենց ախտէն բուժուին:
Սիրտերը դժբախտութեանց ընթացքին կը վսեմանան, ու դժուար է մեծահոգիներ գտնել հոն, ուր ձիւնն ու սառնամանիքը գոյութիւն չունին: Սրտի կսկիծէն ու վիշտէն եռանդ կը ծնի, նեղութենէն յառաջդիմութիւն յառաջ կու գայ, եւ յուսահատութենէն յոյս կը ծագի: Տառապանքը միշտ ֆիզիքական առումով պէտք չէ վերցնել. խորտակուած ամեն սէր իր հետքը կը թողու անձի մը վրայ. զայն պէտք է ընդունիլ իբրեւ օրհնութիւն, որով կը լեցուի գեղեցկութեան տաճարը: Օրհնեալ է տառապանքը երբ ենթականեր առաքինութիւն կ՚ամբարեն իրենց հոգիներուն մէջ ու երգելով ու գրելով մշակոյթ կը կերտեն:
Երբ կ՚ըսուի, թէ տառապանքը պատճառ է հզօր երգերու կամ արուեստի որեւէ ճիւղը լուսաւորելու, անշուշտ այս բացատրութիւնը կ՚երթայ ստեղծագործելու շնորհով օժտուած անձերու:
Միջազգային գրականութեան մէջ արտադրուած գեղեցկագոյն կտորները տառապանքով կերտուած, կամ տառապանքներէն ներշնչուածներն են: Հեղինակ մը կամ տաղանդաւոր արուեստագէտ մը, եթէ անգամ մը իր մորթին վրայ չէ զգացած իր տիպարներուն ցաւերը՝ թաղուելով անոնց հոգիներուն մէջ, դժուար թէ կարողանայ գլուխ-գործոց գործեր արտադրել. խորունկ թախիծը արդիւնք է հեղինակի մը ապրումով իր գործը տալու նախանձախնդրութեան:
Հայ գրականութեան մէջ Պետրոս Դուրեան, Միսաք Մեծարենց, Մատթէոս Զարիֆեան, Վահան Տէրեան, չորսն ալ երիտասարդ, չորսն ալ կանգնած մահուան դէմ յանդիման, տառապանքը ակէն ըմպած՝ ստեղծագործած եղած են ու զարգացուցած իրենց տաղանդը… իրենց համար օրհնեալ եղած է տառապանքը երգելով ու քերթելով, մշակոյթ կերտելու: Միջազգային գրականութեան մէջ Վերլէնի գեղեցկագոյն կտորները տառապանքներէ ներշնչուած են. Ֆլօպէրի Madame Bovary գործին մեծ յաջողութիւնը նոյնպէս տառապանքէ ներշնչուած գրութիւններ են: Դարձեալ ֆրանսական գրականութեան մէջ 19-րդ դարու հանրածանօթ գրագէտ Honoré de Balzac իր Le Lys dans la Vallée (Շուշանը հովիտին մէջ) վէպը անկարելի սիրոյ մը առթած տառապանքին արտադրութիւնն է:
Մակերեսային ապրումներով կարելի չէ հզօր գործեր արտադրելը. ստեղծագործելը տեսակ մը երկունք է. անհատը պէտք է հաշտուի անոր պատճառելիք ցաւերուն հետ. այս պայմանին համաձայն եղողները միայն կրնան հեղինակ դառնալ սխրալի գործերու: Փոխեցէք մարդոց ապրած միջավայրը ու փոխուած պիտի տեսնէք նաեւ անոնց ներաշխարհը:
Սխալ պիտի ըլլար սակայն մեր բոլոր յաջողութիւնները վերագրել մեր ճիգերուն ու հեռատեսութեան, ինչպէս մեր ձախողութիւններուն պատճառ նկատել մեր սխալները, դիպուածը երկու պարագաներուն ալ ունի իր դերը: Աղէտները ժողովուրդներու կեանքին մէջ ընթացիկ երեւոյթներ են. իմաստուն է սակայն այն ազգը, որուն յիշողութիւնը զօրաւոր է անցեալի սխալները յիշելու:
Հայ ժողովուրդը անիրաւուած ու տառապած ժողովուրդներու ցանկին գլխաւորներէն մին է. ան տեսած է տառապանք, անիրաւութիւն ու ջարդ. միթէ մեր դժբախտութիւններուն անմիջական արդիւնքը չէ՞ ջարդէն ու տեղահանութենէն ետք բարեսիրական կազմակերպութիւններու գոյութիւնը (ՀՕՄ-ն ու Բարեգործականը)՝ օգտակար հանդիսանալու համար հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ բեկորներուն:
ՀՕՄ-ը իր համասփիւռքեան կառոյցով, ջարդէն ու տեղահանութենէն անմիջապէս ետք, գաղութէ գաղութ եղաւ որբախնամ մարմին իր պատսպարաններով, եղաւ այրիներու նեցուկ, մանուկներու ապաւէն: Ան քաջալերեց ու կը շարունակէ քաջալերել հայ դպրոցը, հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթը, հայ կազմակերպութիւններն ու մարդասիրական կալուածներէն ներս ամենուրեք կը պահէ իր ներկայութիւնը, սփիւռքի բոլոր գաղութներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ:
Ան իր բեղուն գործունէութեան ծիրէն ներս, դարձաւ փորձառու կազմակերպութիւն ու փորձառութիւնը լապտեր մը նկատեց հաստատուած իր կռնակին վրայ, որ կը լուսաւորէ կտրուած ճամբան, որպէսզի տեսնելով անցեալը, աւելի եւս բեղմնաւորէ իր ապագայ գործունէութիւնը:
Եզրակացնելու համար կարելի է հաստատել, որ մեծ ու լուսաւոր գործերը տառապանքներու մէջ կը յղացուին. անոնք կոչուած են ակօս բանալու յաջորդող սերունդներուն համար, առաւել՝ դառնալով օրինակ ապագայ սերունդներուն:
Մոնթրէալ