Վերջին Վարդավառը

Վարդան Յակոբեան

Բահուորի դէմքից հոսող քրտինքին զուգահեռ,
իմ հարցին ի պատասխան,
բառերն ընկան շաղախի մէջ.
— Մեր շէնում դպրոցի տնօրէն էի։ Հադրութցի եմ։
Շոգը թանձրացնում է մեղքերը ժամանակի։
Աղաւնոն քանի կար, Հաքառուն ինքն իրեն
արդէն գտել էր, Continue reading “Վերջին Վարդավառը”

Մեր ՅՈՒԼԻՍ 2023-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒԼԻՍ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Զղջում

Սաթիկ Զ.

— Մօտաւորապէս մէկ ամիս ունիք պատրաստուելու, չորս շաբաթէն ձեր անցագրերը պատրաստ կ՚ըլլան, եւ տոմսերը ապահովուած:
Դեսպանատունէն դուրս եկաւ շուարած ու սարսափահար. այո՛, գիտէր, որ այս օրը պիտի գար, բայց ոչ այսքան շուտ. ի՞նչ պիտի ընէր. գործերը հաւանաբար կարելի ըլլար դասաւորել, սակայն ծնողքն ու քո՞յրը, որոնց մեծապէս օգտակար կը դառնար… շատ էին իր պատասխանատուութիւնները, ընտանիքը, հիւանդ ծնողքն ու անտէր Continue reading “Զղջում”

Մթագնում

Հայդուկ Շամլեան

«Էգուց, անպայման կու գաք եւ զիս կ’առնէք, ես ալ կ’ուզեմ աշխատիլ»:
Տղաքը մի քանի օր է արդէն տքնաջան գործի վրայ էին, երբ որ մենք հասանք Շուշի: Մեր ժամանումի յաջորդ օրը, թէկուզ Ճամբարի բացման օրն էր, սակայն վերջին առիթս էր, որ կարենամ միանալ իրենց աշխատանքին:
Արեւը ծագելէն առաջ պէտք է որ կատարէինք այդ օրուայ գործը, քանի որ անկէ ետք օդը շատ տաք էր, տօթ էր, եւ վտանգաւոր էր կիզիչ արեւին տակ այդպիսի աշխատանք կատարել: Continue reading “Մթագնում”

Միշտ ապրող էջեր — ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Մալխաս

(Արտաշէս Յովսէփեան)

Հոս կ՚ուզէի քանի մը խօսք ըսել ձեռնարկի մը մասին, որը Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ մը կը բռնէ եւ սերտօրէն կապուած է Սալմաստի հետ։ Այդ՝ Խանասորի արշաւանքն է։
Ինծի կը թուի թէ, մինչեւ այժմ այդ արշաւանքը, որ մինչ այդ եզակի ձեռնարկ մըն էր, ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած: Յեղափոխական ուրիշ կուսակցութիւններ, կրքէ եւ նախանձէ կուրացած, չեն ուզած Continue reading “Միշտ ապրող էջեր — ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ”

Խորհրդահայ աքսորական գրող Վաչէ Սարգսեանի «Յաւերժական սառածութիւն. նամակներ Սոնիա Կարոլին» վէպը

Երեւանում, Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան հումանիտար հետազօտութիւնների ինստիտուտի կողմից լոյս է տեսել խորհրդահայ աքսորական գրող Վաչէ Սարգսեանի «Ակեղդամա» եռահատոր վէպի երկրորդ` «Յաւերժական սառածութիւն. նամակներ Սոնիա Կարոլին» հատորը: Սարգսեանի կոթողային այս գործը, գրուած լինելով 1960-1980-ական թուականներին, անտիպ է մնացել խորհրդային Continue reading “Խորհրդահայ աքսորական գրող Վաչէ Սարգսեանի «Յաւերժական սառածութիւն. նամակներ Սոնիա Կարոլին» վէպը”

«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ա.

Կը չակերտեմ խորագիրս ի յարգանս «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ»-ի անմահ հեղինակին՝ Շաւարշ Նարդունիի…
Գիրքեր կու գան ու կը դիզուին գրասեղանիս մէկ անկիւնը՝ սպասելով… Ինչի՞ սպասելով, — որ կարդամ, թղթատեմ գէթ, շնորհակալութիւն յայտնեմ զայն գրած կամ ինծի նուիրած հեղինակին, կամ ինծի նուիրած ընկերոջս, բարեկամիս, գէթ երկու տող մը գրեմ թերեւս ու վերջապէս Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր»”

«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն

Արմենակ Եղիայեան

Գլխագրում

Գլխագրումը մեր ցաւոտ հարցերէն մէկն է, որ յարատեւ կը հալածէ մեզ առանց օրինականութեան ու միօրինակութեան ցանկալի մակարդակներուն հասնելու կամ մօտենալու. ամեն մարդ ազատօրէն եւ խելքին փչածին պէս կը գլխագրէ. հարցնող-դնող չկայ: Է՜հ, աշխարհը իրար անցած՝ գլուխը առեր կ’երթայ, հիմա ժամանա՞կն է գլխխագրերով զբաղելու: Continue reading “«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն”

Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորի Բ. հրատարակութիւնը

Երկրորդ հրապարակումով լոյս տեսած է Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորը՝ ճոխացած է հետեւեալ վեց յօդուածներով, որոնք ակամայ դուրս էին մնացած 2022-ի առաջին տարբերակէն.
— «Հողը»,
— Ձեզի հետ տարէք,
— «Ինծի գիրք մը տուր», Continue reading “Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 17 – Գրքպատում» հատորի Բ. հրատարակութիւնը”