Արմենակ Եղիայեան
Գեղարուեստական կրկնութիւն
Ա. Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ի հետեւեալ հատուածը իր կարգին կրկնութիւններու բարդ կծիկ մըն է՝ յանգերգի, նոյնասկիզբի ու նոյնավերջի ձեռնհաս համադրութեամբ մը, որ կը ցոլացնէ բանաստեղծին նոյնքան բարդ ու խռոված հոգեվիճակը.
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Լինեմ ես քնած, թէ լինեմ արթուն,
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Զարկերը սրտիս տրոփ առ տրոփ,
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Կ’երգեն քեզ համար միայն օրհնութիւն…
Միայն օրհնութի՜ւն, միայն օրհնութի՜ւն
Եւ սէ՜ր ու կարօտ,
Սէ՜ր եւ օրհնութիւն,
Հէ՜յ ջան Երեւան…:
Այս կրկնութիւններէն ոչ մէկը կը խորշեցնէ ընթերցողը, ոչ մէկը տաղտուկի եւ ձանձրոյթի նուազագոյն զգացումը կը յառաջացնէ անոր մէջ: Բանաստեղծը իր ներաշխարհի փոթորիկին ճարտարօրէն բաժնեկից կը դարձնէ զինք ընկալողը, եւ ահա գրող ու ընթերցող միասնաբար կը նաւարկեն՝ յանձնուած սփիւռքահայու սիրոյ եւ կարօտներու յորձանուտին:
Հատուածական կրկնութիւններուն չափ ազդու են նաեւ բառային կրկնութիւնները. դա՛րձեալ կը դիմենք Ծառուկեանին, որ գեղարուեստական կրկնութեան մեծ վարպետներէն է:
Սարդարապատի հերոսամարտի նախօրեակն է.
«Գալիս էր նորից արիւնոտ դնչով
Նոյն հրէշը՝ սեւ ժանիքը սրած,
Որպէսզի անզուսպ թափով մի վերջին՝
Վերջին բեկորին տայ վերջին հարուած»:
«Վերջին» բառի երեքկնութեամբ բանաստեղծը յաջողած է ընթերցողի գիտակցութեան մէջ պատկերել այդ համազգային ճգնաժամային պայքարի ամբողջ օրհասականութիւնը. պահ մը կ’ունենանք այն տպաւորութիւնը, թէ ուրիշ ոչ մէկ բառ կամ լեզուական ոչ մէկ հնարք ի վիճակի պիտի ըլլար այնքան ուժգին տպաւորել մեզ, որքան այս մէկ հատիկ ածականը, որ երեք անգամ կրկնուած է սալին վրայ զրնգացող կռանի սաստկութեամբ:
Սարդարապատին նուիրուած ուրիշ քառատող մը՝ իր նոյնքան զռնգուն կրկնութիւններով.
«Եւ քարէ մարդիկ, քարէ սրտերով,
Քարէ սրտերով ու կամքով քարէ,
Հայոց լեռներում կռանում էին
Կեանքի ու մահուան երգը մետաղէ»:
Գրիշ Դաւթեան, «1918 մայիս 28»
Նոյն տպաւորութիւնը ձգելու համար կատարած է Թէքէեան հետեւեալ կրկնութիւնը՝ իրեն բնորոշ աւելի մեղմ քնարականութեամբ մը.
«Ու երբ վերջին արեւիս վերջին ճաճանչն ալ մարի,
Անունդ ի շուրթ դեռ կ’ուզեմ ողջունել այգը մահուան»:
Այնպէս ալ Դուրեանի «Լճակ»-ին հետեւեալ հատուածը.
«Հոդ աստղերը չե՛ն մեռնիր,
Ծաղիկներն հոդ չե՛ն թոռմիր,
Ամպերն չե՛ն թրջեր հոդ,
Երբ խաղաղ էք դու եւ օդ»:
Հոդ-ը լճակն է. մահէն կրնկակոխ հալածուող Դուրեան անոր ջուրերու խաղաղ, ջինջ ու յաւիտենական խորքին մէջ պահիկ մը կը տեսնէ իրեն զլա-ցուած կեանքը, ծաղիկներն ու խաղաղութիւնը, որոնց փոխարէն իրեն բաժին հասած է հոգին խռովող այն «անհուն բո՜ցը», որ յարատեւ կ’այրէ ու կը մրկէ զինք. ան ո՛չ կը հանգչի, ո՛չ կը հանգի: Ահա թէ ինչու խոր երանութեամբ մը կ’ըմբոշխնէ լճակին իրեն պարգեւած խաղաղութիւնը, որ կ’արտայայտուի հոդ-ին կրկնութեամբ: Գեղարուեստական շատ նուրբ զգացողութեամբ, — կամ, եթէ կ’ուզէք՝ հնարամտութեամբ, — Դուրեան բառային միօրինակութիւնը մեղմացուցած է հոդ-ին տեղափոխութեամբ. զայն դրած է նախ՝ տողին սկիզբը, ապա՝ մէջտեղը, յետոյ՝ վերջը: Այս հնարքին ոճական արժէքի տարողութեան անդրադառնալու համար՝ վերընթերցենք քառատողը նոյնասկիզբ դարձնելով երկրորդ եւ երրորդ հոդ-երը…:
* * *
Իսկ հիմա փոխադրուինք հայրենի անդաստանները՝ հունձքի օրերուն.
«Ծփանքներ նոր ծփանքներու ներքեւ ընդմիշտ
կը փլուզին,
Ալիք կ’ըլլան ակօսին մէջ ծովե՜ր, ծովե՜ր, ծովե՜ր դեղին»
(ԴՎ)
Բանաստեղծը կրկնութիւններու միջոցով տուած է հայ գիւղացիին հոգեկան խինդն ու հրճուանքը՝ ի տես առատ՝ ծովածաւա՜լ հունձքին, այն աստիճան, որ ընթերցողը ոչ մէկ ձեւով ու չափով կը զգայ ախտագին կրկնութեան մը տաղտուկը, մանաւանդ որ այնքան ճշգրտութեամբ ու հարազատութեամբ նկարագրուած են տեղի ունեցող գործողութիւնները:
Մինչ տակաւին կանգուն են ցորենի ցօղունները՝ հովին հետ անոնք իրարայաջորդ ծփանքներ կը կազմեն, իսկ երբ գերանդիի հարուածներուն տակ լաս-լաս փուլ կու գան՝ ալիքներ կը կազմեն գետնին վրայ, ու արտը կը վերածուի անծայրածիր դեղին ծովու: Բոլոր կրկնութիւնները միաժամանակ յոգնակի կիրարկուած են, եւ այս ալ իր կարգին կը մատնէ հունձքին առատութիւնն ու անոր առթած համատարած ու վարակիչ բերկրութիւնը:
* * *
Գեղարուեստական կրկնութեան առարկայ կրնան դառնալ կարգ մը հնչիւններ եւս, եւ այս հնարքին դիմած են ինչպէս օտար, այնպէս ալ հայ բանաստեղծները՝ թէկուզ Նարեկացիէն սկսած:
Շուշանն շողէր հովտին,
շողշողէր դէմ արեգական…
Շուշանն շաղով լցեալ,
շող շաղով եւ շար մարգարտով (Նարեկացի):
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագին,
Հաշիշով օծուն ու բալասանով... (ՄՄ):
Ծփում է ծովն ալեծածան,
Ծփում է սիրտը տղայի,
Գոռում է ծովն ահեղաձայն,
Նա կռւում է կատաղի… (ՅԹ):
Աշնան մշուշում շշուկ ու շրշիւն,
−Բարդիներն են բաց պատուհանիս տակ…
Անտես ու յուշիկ իմ շուրջը շրջում
Եւ շշնջում ես եւ անուշ շրշում (ՎՏ):
Երբ շրջազգեստ մը շրշէ,
Իմ մաշած սիրտը յիշէ (ՊԴ, «Յուշք»):
Ուշագրաւ է յատկապէս վերջինը՝ Դուրեանի երկատողը:
Անշուշտ այստեղ կրկնուող բաղաձայնները՝ յատկապէս շ, ղ, ծ, ջ, պատահականութեան արդիւնք չեն, այլ ուզուած, փնտռուած, սերտուած եւ շատ զգուշութեամբ կատարուած կրկնութիւններ են, որոնք կը շոյեն մեր ականջները եւ իրենց նմանակութեամբ կը թելադրեն բնութեան զանազան երեւոյթները:
* * *
Գեղարուեստական կրկնութիւնը յաճախ լեզուական միօրինակութենէ խուսափելու քերականական հնարք մըն է. այդպիսին է Ռուսինեանի «Կիլիկիա»-ի առաջին ութեակը.
Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ
Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ,
Չքնաղ երկիրն մեր Արմէնիոյ
Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր.
Երբ որ ծիծառն իր բոյն դառնայ,
Երբ որ ծառերն հագնին տերեւ, —
Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա՝
Աշխարհ, որ ինձ ետուր արեւ:
Ուրեմն կ’ակնարկուի երբ(որ) յարաբերականի կրկնութեան:
Այս պարբերոյթը կազմուած է մէկ գլխաւոր նախադասութենէ.
—«Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»
որուն նախադասուած են հինգ համաստորադաս՝ ժամանակի պարագայ երկրորդական նախադասութիւններ, եւ մէկ յետադաս որոշիչ նախադասութիւն:
Եթէ երբ-ը չկրկնուէր, ապա մենք պիտի ունենայինք յաջորդաբար համադասուող հինգ տաղտկալի ստորադասներու միօրինակ կուտակում մը, որուն տարողութեան կարելի է անդրադառնալ ջնջելով երբ-երը, ինչ որ շատ պիտի արժեզրկէր ութեակը: Կրկնուող երբ-երը ահա կը չէզոքացնեն այդ անախորժ զգացողութիւնը: Սակայն կայ աւելին՝ այս կրկնութիւնը կը լարէ մեր հետաքրքրութիւնը, աշխուժ ու բարձր կը պահէ մեր տրամադրութիւնը՝ իրազեկուելու վերջապէս այն գլխաւոր միտքին, որ մեզի կը խոստանան յաջորդական երբ-երը եւ որ է՝ Կիլիկիան տեսնելու ցանկութիւնը:
Ե. Օտեանէն մէջբերուող հետեւեալ նախադասութիւնը կը ներկայացնէ նոյն պարագան, նոյն հնարքը.
—«Քանի որ նրանք չեն ուզեր իրենց պարտականութիւնը ճանաչել, քանի որ նրանք կը հեգնեն ժողովուրդի տառապանքը, քանի որ նրանք իրենց պաշտօնի գիտակցութիւնը կորսնցուցած են, քանի որ նրանք ձեզ սովի կը մատնեն, — այլեւս չպէտք է գլուխ ծռել, պէտք է ծառանալ, կռուել, պայքարել…» («Ընկեր Փանջունի Հալեպի մէջ»):
Ռուսինեանէն եւ Օտեանէն քաղուած օրինակները կը ներկայացնեն համաստորադասական բարդ նախադասութիւններ: Առաջինը՝ հինգ, իսկ երկրորդը չորս համաստորադաս բաղադրիչներով: Նման կառոյցներ իրենց ստորադաս բաղադրիչներու բարձր թիւով ծանր կը հնչեն ու ոճականօրէն ընդհանրապէս խրախուսելի չեն, որովհետեւ քանի ստորադաս բաղադրիչներուն թիւը մեծնայ, միօրինակութեան զգացումին հետ կը յառաջանայ իմացաբանական անպատեհութիւն մըն ալ. ընթերցողը, մա՛նաւանդ ունկնդիրը կը սկսի մոռնալ անդին մնացած բաղադրիչներու բովանդակութիւնն ու իմաստը, եւ կը սկսի անհասկացողութեան տաղտուկը: Ուրեմն շաղկապական բառերու՝ յարաբերական դերանունի կամ ստորադասական շաղկապի, կրկնութիւնը որոշ չափով կը մեղմացնէ յիշեալ թերութիւնը: Անշուշտ հեղինակէ-հեղնակ, գրողէ-գրող ասոնք քիչ մը կրնան տարբերիլ իրարմէ, բայց եւ այնպէս կայ մնայուն վտանգ մը, որմէ թելադրելի է խուսափիլ: Ենթաստորադասական ամենաառոյգ կառոյցը՝ զոյգ ստորադաս բաղադրիչ ունեցողն է, աւելի ծաւալունը՝ գրաւ մըն է, որուն պատասխանատուն արուեստագէտն է՝ գրողը, բանախօսը, հռետորը, մանկավարժը եւ այլն:
Ունինք բառային կրկնութեան տարբերակ մը եւս, ուր հանդէս կու գան կամ կը կկրնուին ոչ թէ նոյն բառերը, այլ հոմանիշ կամ մերձանիշ զոյգեր. օրինակ՝
—անթիւ-անհամար, անօթի-ծարաւ, գող-աւազակ, հաչել-հառաչել, հալիլ-մաշիլ, յոգնած-դադրած, տուն-տեղ, ցանել-ցրուել եւ այլն:
Ասոնց պիտի անդրադառնանք աւելի անդին՝ «Սաստկաբանութիւն» խորագրեալ գլուխին տակ:
* * *
Ծանօթ.− Այս սերտողութեան ծիրէն դուրս կ’իյնայ շատ առինքնող բնաբան մը՝ «Մանկավարժական կրկնութիւնը», որ, եթէ ճիշդ մշակուի ու առաջ տարուի, ունի ուսոցողական շատ մեծ արժէք ու նշանակութիւն, որ սակայն աւելի ձեռնհասութեամբ կիրարկուելու կարիք ունի արեւմտահայ իրականութեան մէջ:
Պէյրութ