ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Վ-Ա.

— Վազգէն Էթիեմեզեան, ԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԷՋԵՐ, հրատ. Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարին, 2024, 524 էջ։
Վազգէն էթիեմեզեանի գործերուն երկրորդ հատորն է այս՝ շարունակութիւնը հանդիսանալով առաջին հատորին՝ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ, որ լոյս տեսած էր Պէյրութ 2023-ին։ Կ՚ակնկալուի, որ անոր վաստակին մնացեալ մասն ալ հրատարակուի մօտ ապագային ի Continue reading “ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ”

Մեր ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2025-ի թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՀՈՂԸ

Ներսէս Հատիտեան

Ընկերոջ մը նուէրն էր այդ,
Թաշկինակի մը մէջ ոսկեծիր ծրարուած ու դրուած էր գրասենեակիս սեղանին վրան,
Ծրարն այդ գողտրիկ, նուէրն այդ անգին ընծայ մը չէր լոկ շլացնող. ան ողբ եւ արցունք կը սպասէր։
Բարեկամի մը հետ ազնիւ երկիւղներով մօտեցանք ծրարին եւ բացինք զայն ու դիտեցինք ընդերկար Continue reading “ՀՈՂԸ”

Կօշկակար Յակոբը

Նշան Պասմաճեան

Քեսապ:
Փոլատեան թաղը կը սկսէր մեր տունէն 25 մեթր անդիէն եւ կ՚աւարտէր Յովսէփ Փոլատեանին ձորին եզերքի տունով: «Յովսէփ Փոլատեանին տունը ո՞ւր է» հարցումին քեսապցի մը չէիք գտներ, որ ձեզի կարենար դրական կամ ժխտական պատասխան տալ: Որովհետեւ քեսապցի մը չէիր գտներ, որ գիտնար թէ «Խանչար»ին Continue reading “Կօշկակար Յակոբը”

Մոռցուած գիրքը

Նորա Պարութճեան

Գնացքի նստարանին վրայ անխնամ պառկած էր։ Միայնակ։ Կողքին՝ ոչ ոք։ Կողքը՝ մաքուր։
Դիմացի նստարանին՝ արեւելքցի օտարականի երեւոյթով երիտասարդ մը, շրջապատին անտարբեր։ Տեղ գրաւեցի քովը եւ աչքս միւս նստարանին սեւեռած հարցուցի առանց սպասելու.
— Ձե՞րն է։ Continue reading “Մոռցուած գիրքը”

ՕՆՆԻԿ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Մարգարիտա Խաչատրեան

Ծ.Խ.Մեր բազմամեայ աշխատակցուհին ընթերցողին կը ներկայացնէ Մարգար Շարապխանեանի արխիւէն ուշագրաւ էջեր Մարգարի հօր՝ Օննիկի գրիչին պատկանող։

«Դրօշակ» ամսագրի 2024-ի 9-րդ համարում հրատարակել եմ Մարգար Շարապխանեանի (1937-2023) հօր՝ Օննիկ Շարապխանեանի (1903-1984) ստորագրութեամբ երկու յօդուած։ «Հորիզոն» (Մոնթրէալ) թերթի 1984 թ. 31-32-րդ համարում Continue reading “ՕՆՆԻԿ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ”

Աւելորդաբանութիւն (Դ.)

Արմենակ Եղիայեան

Շարունակուած նախորդ թիւէն

Աւելորդ յօդեր

«Որքան յօդը պակաս ըլլայ՝ նոյնչափ զօրաւոր, ազդու եւ հատու կ’ըլլայ խօսքը» («Քննական քերականութիւն», էջ 192/§ 532),—այս դատողութիւնը ընողը արեւմտահայերէնի մեծագոյն տեսաբանն ու իր ժամանակին Եւրոպայի մեծագոյն լեզուաբաններէն մէկն է:
Լեզուական աւելորդաբանութեանց շարքին իր ոչ-արհամարհելի տեղը Continue reading “Աւելորդաբանութիւն (Դ.)”

Մեր ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2025-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2025-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Միշտ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ

Գրական հորիզոն

Տարեդարձները կարեւոր իրադարձութիւններ կը սեպուին ընդհանրապէս, առիթ՝ յետադարձ ակնարկներու, փոխադարձ շնորհաւորանքներու, գնահատականներու եւ այլեւայլ տօնախմբութիւններու։ Այն աստիճան կարեւոր, որ յաճախ թուականն իսկ կը փոխուի ի խնդիր այլ նկատառումներու։ Բրիտանական Continue reading “Միշտ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ”