ՅԱԿՈԲ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆ ՄԵԾ ԼԵԶՈՒԱԳԷՏԸ ԵՒ ԻՐ ՆՊԱՍՏԸ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՔԵՄԱԼԻ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻՆ

Դոկտ.Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան

Վաստակաշատ լեզուաբան, պատմաբան ու հրապարակագիր, կենդանի եւ խօսուն համայնագիտարան Յակոբ Մարթայեանի գործունէութիւնը կը զուգադիպի Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանի պատմական—քաղաքական–աշխարհասասան իրադարձութիւններուն եւ ճակատագրական վերիվայրումներուն,որոնց պատճառով ժողովրդական լայն խաւերուն քիչ ծանօթ է:
Իր կենսագրութիւնը խստօրէն կ՚առընչուի Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներէն ծնած Թրքական Հանրապետութեան ստեղծումին (1923), որուն հարիւրամեակը բոլորուած է վերջերս:
Յակոբ Մարթայեան ծնած է Կ.Պոլիս (Իսթանպուլ), 1895 թուականին: Պոլսոյ Կէտիկ Փաշա թաղի բողոքականներու վարժարանը քանի մը տարի յաճախելէ յետոյ նախակրթութիւնը աւարտած է տեղւոյն միսիոնարներու ամերիկեան վարժարանին մէջ, ուր դասաւանդութիւնը անգլերէնով էր: Միաժամանակ, թաղի երախաներէն կը սորվի յունարէն եւ սպաներէն:
1910-ին կը մտնէ Պոլսոյ Ամերիկեան Ռոպերթ Գոլէճը: Չափազանց ընթերցասէր աշակերտ մը եղած է, որ անձնական հետաքրքրութեամբ եւ ինքնօգնութեամբ սորված է յունարէն, լատիներէն, գերմաներէն եւ կը կատարէ բաղդատական ուսումնասիրութիւններ տարբեր լեզուներու մասին: Լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ նաեւ գոլէճի օտար ուսանողներուն հետ, ջանալով խօսակցիլ անոնց հետ իրե՛նց լեզուներով, ինչպէս՝ Ռուսերէնով, պուլկարերէնով, սպաներէնով, իտալերէնով: Դասացուցակի պարտադիր դասերէն բացի, գոլէճի ‘ընտրովի’ դասերէն բոլորին կը հետեւի, ինչպէս՝ բուսաբանութեան, երկրաբանութեան եւ նոյնիսկ՝ խոհանոցի ու խոհարարութեան դասերուն: Մեծ բարեկամութիւն հաստատած է թրքերէնի դասախօս Թեֆֆիկ Ֆիքրէթի հետ, որմէ խիստ օգտուած է թրքերէնի լեզուաբանութեան մէջ խորանալու ուղղութեամբ : 1915-ին շրջանաւարտ եղած է Ռոպէրթ Գոլէճէն՝ «Մագիստrոս արուեստից » տիտղոսով, զերծ մնալով հայկական կոտորածներէն:

ՌՈՊԷՐԹ ԳՈԼԷՃԷՆ . . . ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ՃԱԿԱՏ

Շրջանաւարտութեան յաջորդող օրն իսկ բանակ կը կանչուի, որպէս պահեստի սպայ՝ Ա. Աշխարհամարտին մասնակցող Օսմանեան բանակի : Եւ շուտով կ՚ուղարկուի Կովկասեան ճակատ, ուր պէտք է կռուի Ռուսական-ցարական բանակներուն դէմ: Այնտեղ, պատերազմի ընթացքին կը վիրաւորորուի: Շքանշանով մը կը վարձատրուի: Կը ձեռնարկէ թրքերէն սորվեցնելու՝ թրքական բանակին դաշնակից գերմանացի սպաներուն:
1917-ին, Ռուսական յեղափոխութեան ստեղծած խառնաշփոթէն օգտուելով շատ սպաներ կը փախչին Օսմանեան բանակէն: Անոնց փախուստը կասեցնելու նպատակով, Օսմանեան բանակի հրամանատարութիւնը Մարթայեանի վաշտը կ՚ուղարկէ հարաւային ճակատ՝ Հալէպ: Սակայն քիչ յետոյ, Մարթայեան, սուինաւոր զինուորներու ընկերակցութեամբ Հալէպէն կը տարուի Դամասկոս, Օսմանեան 7րդ, բանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քէմալի մօտ, որպէս լրտես հարցաքննուելու համար: Պատճառն այն է, որ Հալէպի մէջ եղած ատեն, անգիտանալով գերիներու հետ խօսելու արգելքը, անգլերէնով խօսած է գերի բռնուած անգլիացի եւ հնդիկ զինուորներու հետ, որոնք դժգոհութիւն կը յայտնէին բանակի ճաշացուցակին մասին, սակայն սպաները չէին հասկնար անոնց լեզուն: Ինք կամաւորաբար միջնորդած է, ինչ որ կասկած յառաջացուցած է իր մասին:
Հարցաքննութեան ատեն Մուսթաֆա Քեմալ կը հարցնէ իրեն. «Ինչո՞ւ չփախար միւսներուն պէս» : Մարթայեան բարկաճայթ կը պատասխանէ: «Ես կռուած եմ Կովկասի ճակատին վրայ: Այս շքանշանը կեղծ չէ: Այն անձը որ չի փախչիր Կովկասի ճակատէն, չի փախչիր նաեւ Դամասկոսի փողոցներուն մէջ: Հրամայեցէք զինուորին, որ սուինը հանէ եւ հրացանը հեռացնէ ինձմէ»: Պահանջքը կը կատարուի, բայց կը խուզարկուի: Գրպաններու պարունակութիւնը սեղանին վրայ կը թափուի: Եւ ահա … գրպանէն կ՚ելլէ գիրք մը, որ ոչ միայն իր սեփական ճակատագիրը պիտի փոխէ, այլ՝ Մուսթաֆա Քեմալի հիմնել ձգտած Թրքական Հանրապետութեան ապագան պիտի որոշէ:
Գրպանէն ելած գիրքը հունգարացի լեզուաբան Ժիւլիուս Նէմէթ-ին (Dr. Gyula J. Németh) հեղինակած լատինատառ այբուբենով գրուած թրքերէնի քերականութեան դասագիրքն է («Türkische Grammatik»), հրատարակուած՝ 1916-ին, զոր Մարթայեան ուսումնասիրած է եւ անով արդէն թրքերէն կը սորվեցնէ Օսմանեան բանակի դաշնակից գերմանացի սպաներուն:
Մուսթաֆա Քեմալ չափազանց կը հետաքրքրուի այդ գիրքով: Առաջին անգամն է, որ լատինատառ այբուբենով գրուած թրքերէն (օսմաներէն) գիրք մը կը տեսնէ: Մուսթաֆա Քեմալի սկզբնական կասկածոտ վերաբերումը գնահատականի կը փոխուի: Բացատրութիւններ կը պահանջէ: Մարթայեան կու տայ անհրաժեշտ բացատրութիւնները, թէ ինչպէս ինք անով կը դասաւանդէ բանակին մէջ: Ցոյց կու տայ թէ որքան դիւրին է թրքերէնի հնչիւններէն ամեն մէկը լատինական անջատ տառերով գրել, կը նշէ մանաւանդ բոլոր եւրոպական (հնդեւրոպական) լեզուներու աջընթաց գրութեան յարմարաւէտութիւնը՝ արաբական ձախընթաց եւ կցական գրութեան բաղդատմամբ: Մինչդեռ լատինական այբուբենը դիւրին ընթերցելու եւ դիւրին գրելու կարելիութիւն կու տայ:
Մարթայեան, Մուսթաֆա Քեմալի ցուցաբերած հետաքրքրութենէն ներշնչուելով, համարձակութիւն կը ստանայ եւ ազատօրէն կ՚արտայայտուի, ըսելով թէ ինչքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ Դոկտ. Նեմեթի փորձը կիրարկուէր թրքերէնի այբուբենին ու քերականութեան եւ ընդհանրանար, քանի որ այդ փորձը իր օգտաւէտութիւնը ապացուցած է արդէն ի՛ր իսկ դասաւանդութեամբ՝ թրքական բանակի գերմանացի սպաներուն: Կ՚աւելցնէ թէ ինք, ելլելով իր ձեռք ձգած փորձառութենէն, շ (ş-ch), չ (ç-tch), ը (i առանց կէտի), իւ (ü), էօ (ö )եւ մանաւանդ փափուկ ղատ-ի (ğ) նման քանի մը տառերու պարագային Դոկտ. Նեմեթի օգտագործած տարբերակող նշաններուն մասին վերապահութիւններ ունի, սակայն կարելի է փոփոխութիւններ մտցնել այդ նշաններուն վերաբերեալ, ինչպէս ինք կ՚ընէ արդէն:
Գիրքը թղթատելով Մ. Քեմալի աչքին կը զարնէ քերականութեան բաժինին մէջ Einleitung (Մուտք) խորագիրի տակ Դոկտ Նեմեթի կատարած լեզուական բաժանումները, ինչպէս՝ Կոշտ թրքերէն, Միջակ թրքերէն եւ Բարձր թրքերէն: Մ. Քեմալ բացարձակապէս հակառակ կ՚արտայայտուի այս բաժանումներուն, ըսելով. «Lեզուն պէտք է միացնէ ազգը եւ ոչ թէ բաժնէ: Անուս գիւղացին անգամ պէտք է գիտնայ, հասկնայ եւ օգտագործէ թրքերէնի ամեն մէկ բառը, ամեն մէկ ասոյթը»:
Այսպէս խօսակցելով ժամերը կը սահին, Դոկտ. Նեմեթի գրքին կէսէն աւելին արդէն քննարկած են միասին եւ Մուսթաֆա քեմալի մօտ համոզում գոյացած է, թէ լատինական այբուբենը աւելի դիւրամատչելի է, հետեւաբար աւելի յարմար է թրքերէնին: Ուստի, ըստ Մարթայեանի առաջարկին, արաբական այբուբենը լատինականով փոխարինելը տրամաբանական կը թուի իրեն, նկատի առնելով մանաւանդ, որ թուրք գիւղացի անուս զանգուածի ուսուցումը այդպիսով աւելի դիւրին պիտի ըլլայ եւ արագ արդիւնք պիտի տայ: Միայն թէ «Պատերազմի ընթացքին կարելի չէ այս հարցով զբաղիլ» կ՚ըսէ:
Մուսթաֆա Քեմալ Մարթայեանի գիրքը կը պահէ իր մօտ, պատերազմի վերջաւորութեան Պոլիս վերադարձին թուրք լեզուաբաններու հետ զայն քննարկելու եւ համապատասխան որոշումի մը յանգելու նպատակով:
Որպէս վարձատրութիւն, Դամասկոսի մէջ ազատ շրջագայելու հրամանագիր մը կը յանձնէ Մարթայեանին, պատռտած հագուստներուն փոխարէն կը պատգամէ նոր հագուստներ տրամադրել անոր եւ իրաւունք կու տայ բանակի ճաշարանէն օգտուելու: Զայն կ՚ուղարկէ Միջերկրականի ծովեզերք, Ալեքսանտրեթը պաշտպանելու կոչուած վաշտին մէջ ծառայելու:
Տրուած բացատրութիւնները եւ լատինական այբուբենը թուրք լեզուին կիրարկելու մասին Մարթայեանի առաջարկը իրենց տեղը կը գտնեն Մուսթաֆա Քեմալի ուղեղին մէջ, ինչպէս որ պիտի տեսնենք քանի մը տարի վերջ, պատերազմի աւարտին, երբ ինք իշխանութեան գլուխ գայ:
1918-ին, երբ Զինադադար կը կնքուի, Մարթայեան Ալեքսանտրեթէն Պէյրութ կ՚անցնի եւ կը պաշտօնավարէ հայկական Ս. Նշան վարժարանին մէջ: Կը խմբագրէ Լոյս շաբաթաթերթը, կը հրատարակէ նաեւ զանազան յօդուածներ, ուսումնասի-րութիւններ՝ տեղւոյն թերթերուն մէջ:
1919-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ անգլերէն կը դասաւանդէ Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ, մէկ կողմէ ալ տարբեր լեզուներու մէջ հմտանալ կը ջանայ: Կը գրէ Առաջին Փորձութիւնը խորագրով թատրերգութիւն մը, կը կատարէ Լեւոն Շանթի Հին աստուածներ գործի անգլերէն թարգմանութիւնը, որ անգլերէով կը բեմադրուի Պոլսոյ Թեփեպաշըի թատերասրահին մէջ:
1922-ին կ՚ամուսնանայ Տիկ. Մելինէի հետ եւ երբ քեմալականները Պոլիս կը խուժեն ու յառաջանալով Իզմիր քաղաքը կը հրդեհեն, ինք կ՚անցնի Պուլկարիա, ուր Սօֆիայի համալսարանին մէջ կը դասաւանդէ արեւելեան հին լեզուներ, ինչպէս՝հին թրքերէն, ույկուրերէն, քփչաքերէն, եւլն.: Կը քննէ թրքական լեզուախումբի զանազան բարբառներուն կապակցութիւնները իրարու հետ, նաեւ՝ հնդեւրոպական լեզուներու հետ : Զինադադարէն յետոյ նոր կազմուած Սփիւռքի Արաքս, Փարոս, Ռահվիրայ թերթերուն, Մշակոյթ շաբաթաթերթին, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Ազդարար, Ժամանակ, Արեւելք թերթերուն յօդուածներ կ՚ուղարկէ Պուլկարիայէն, իր այս ուսումնասիրութիւններուն մասին, ինչպէս օրինակ՝ «Գիրին ծագումը» (1928), «Ալպիոնին պարտէզէն» (1929): Այդ գրութիւններուն մէջ յատկանշական կը նկատուի « Թրքական, սումերական եւ հնդեւրոպական լեզուներու միջեւ կապակցութիւններ» յօդուածը 1928-ին գրուած եւ ուղարկուած Պոլսոյ Արեւելք թերթին: Եւ քանի որ հայկական թերթերը խիստ գրաքննութեան ենթակայ են նորաստեղծ Թրքական Հանրապետութեան մէջ, իր յօդուածը թրքերէնի թարգմանուելով կը յանձնուի ՝ Մ. Քեմալի անմիջական հսկողութեան տակ գտնուող Թուրք Լեզուական կաճառին:
Արդ. Մ. Քեմալ ճանչցած է այդ գրութիւններուն հեղինակը: Յիշած է իր հանդիպումը՝ Դամասկոսի ճակատին վրայ սխալմամբ որպէս լրտես մեղադրուող, այլ գրպանին մէջ քերականութեան գիրք մը պտտցնող երիտասարդ հայ սպային հետ: Առ այդ, հրահանգած է Ռուշէն Էշրէֆ Իւնայտըն-ին, անոր բոլոր գրութիւնները թարգմանել եւ զանոնք ներկայացնեել Թուրք Լեզուական Յանձնաժողովին:
Մինչ այդ սակայն, այդ տասը տարիներու ընթացքին, Մուսթաֆա Քեմալ, Դաշնակիցներու դէմ իր մղած «Ազատագրական պատերազմ»-էն (Kurtulus savasi; Guerre de la libération) յաղթական դուրս եկած, երկիրը օտարներու մասնատումէն ու տիրապետութենէն ազատագրած, Հանրապետութիւն հռչակած եւ Թրքական Հանրապետութեան Նախագահ դարձած է 29 հոկտեմբեր 1923-ին: Առ այդ, կը ձգտի հաստատել ֆրանսական օրինակին համապատասխան աշխարհիկ (séculier, laïc), եւրոպականացած-արդիականացած (occidentalisé-modernisé) եւ ազգայնական (nationnaliste) պետութիւն մը, որուն ժողովուրդը, նախկին Օսմանեան Կայսրութեան բազմացեղ (Թուրք, Քիւրտ, Հայ, Չերքեզ, Լազ, Եզիտի), բազմալեզու եւ տարաբնոյթ ինքնութիւններուն փոխարէն պէտք է ունենայ մէկ լեզու, մէկ մշակոյթ եւ թուրք ցեղի հզօրութեան մասին ազգային գաղափարականով զինուած նոր ինքնութիւն մը: Այս քեմալական ինքնութեան (kémalisme) շուրջ պէտք է միաւորուած ըլլայ թուրք ազգը:
Արդ, առաջին հերթին, որպէսզի Թուրքիա աշխարհիկ պետութեան մը վերածուի, մահմետականներու կրօնապետի՝ Խալիֆայի (Califat) տիրապետութիւնը կը ջնջուի 1924-ին:
Միաժամանակ, քեմալականութեան հասնելու միջոցներէն ամենակարեւորը կը դառնայ թուրք լեզուի բացարձակ օգտագործումը՝ դպրոցներէ, միութիւններէ ներս եւ հրատարակութիւններու պարագային՝ 24 մարտ 1924 թուակիր օրէնքով:
Երրորդ հերթին, 20 ապրիլ 1924 թուակիր սահմանադրական օրէնքով կը նշուի թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր բնակիչները «Թուրք» կը կոչուին, առանց ցեղի եւ կրօնքի տարբերութեան: Ազգային ծագումները նկատի չառնող այս պետական պարտադրութիւնը մեծ եւ արիւնահեղ դիմադրութեամբ կը դիմաւորուի, մանաւանդ քիւրտերու կողմէ 1925-ի, 1928-ի, 1930-ի եւ 1936-ի ըմբոստութիւններով:
Չորրորդ, երկրի արդիականացման կը ձեռնարկուի ընկերային գետնի վրայ զանազան միջոցներով, ինչպէս՝ Զուիցերիական օրէնսդրութեան անցումով, կնոջ իրաւունքներու հաստատումով, օրացոյցի եւ կշիռքի փոփոխութիւններով եւ եւրոպական զգեստաւորման ընդունմամբ: Այս բոլորը, սակայն, երկրորդական բաներ են: Մ. Քեմալի համար ամենակարեւորը, քեմալական ինքնութեամբ տոգորուած եւ թուրք լեզուով միաւորուած թուրք ազգի մը ստեղծումն է:
Հինգերորդ, լեզուն ազգային ինքնութեան հիմքը նկատելով Մ. Քեմալ կը ձեռնարկէ լեզուական յեղաշրջում մը կատարելու եւ լեզուի թրքացման զուգընթաց, գրելաձեւն ալ լատինական տառերով փոխարինելու: Արդէն տասը տարի առաջ, Պաղեստինի ճակատին վրայ երբ հանդիպած էր թրքական բանակի սպայ Մարթայեանին, միասին քննարկած էին այդ հարցը, զոր իր ընելիքներու ցանկին մէջ հինգերորդ տեղը դրած էր: Հիմա ճիշդ ատենն էր իրականացնելու այդ նպատակը:
Պէտք է ըսել, որ օսմաներէն լեզուն, մանաւանդ գրաւոր լեզուն կ՚օգտագործուէր միայն թուրք վերնախաւին կողմէ, իսկ հասարակ ժողովուրդին խօսած թրքերէնը շատ հեռու էր այդ արաբախառն լեզուէն, ամեն անձ ի՛ր ցեղի, իր գիւղի բարբառը կը խօսէր իր ցեղակիցներուն հետ: Այնպէս որ, քեմալական ինքնութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ էր հասարակաց լեզու դարձնել օսմաներէնը՝ զայն թրքացնելով: Նոյնպէս, հասարակաց լատինական գիր պարգեւել իր անունը անգամ արաբերէն տառերով գրել չկարողացող ժողովուրդին:

Բայց շատ դժուար էր լեզուական-գրական յեղաշրջում մը (Harf devrimi; Révolution des signes) պարտադրել, քանի որ ատիկա կ՚ընկալուէր որպէս մահմետական կրօնքի եւ Քուրանի դէմ ոտնձգութիւն: Այս առարկութենէն բացի, ընդդիմադիրները կը պնդէին նաեւ, թէ լատինական նոր այբուբենը պիտի խզէր ամեն կապ նախկին արաբագիր մշակոյթին հետ: Սակայն Մ. Քեմալի ուզածն ալ ա՛յդ էր: Խզել ամեն կապ աւանդական ու յետամնաց իսլամական-օսմանական մշակոյթին հետ եւ ընդգրկել աշխարհիկ եւրոպական յառաջադէմ մշակոյթը:
Ուստի, ընդարձակ վիճարկումներ տեղի կ՚ունենան մամուլի օգնութեամբ, թերթերու մէջ, հրապարակաւ: Ընդդիմադիրներու դէմ Քեմալականներու կողմէ յառաջ կը քաշուի, օրինակ, թէ թրքերէնը կը պատկանի ուրալա-ալթայական լեզուախումբին, մինչ արաբերէնը սեմական լեզու է եւ միայն երեք ձայնաւոր տառ կ՚օգտագործէ, մինչ թրքերէնը ութ ձայնաւոր ունի, որուն աւելի յարմար են լատինական տառերը, քանի որ անոնցմէ ամեն մէկը հնչիւնի մը կը համապատասխանէ:
Այս վիճաբանութիւնները կը շարունակուին մինչեւ 1928 եւ վերջապէս Մ. Քեմալ, իր ամբողջ հեղինակութիւնը գործադրելով, նաեւ երբեմն դասախօսի վերածուելով ու գրատախտակի վրայ ապացուցանելով լատինական տառերու օգտագործման դիւրութիւնը, կը յաջողի լատինատառ այբուբենը պարտադրել: Նոյեմբեր 1, 1928-էն սկսեալ բոլոր գիրքերը եւ գրութիւնները լատինատառ կը տպագրուին: Արաբական այբուբենը կը թոյլատրուի միայն կրօնքի եւ Քուրանի դասաւանդութեան համար, իսկ լատինատառ այբուբենը՝ աշխարհիկ գրութիւններու:
Այբուբենի փոփոխութենէն ալ անդին անցնելով, Մ. Քեմալ կը ձգտի նոյնինքն լեզուի մաքրազտումը (Purification) եւ լեզուի թրքացումը կատարելու՝ լեզուէն դուրս վտարելով բոլոր արաբական եւ պարսկական բառերը, տարրերը, քերականական ձեւերը, նպատակադրելով զանոնք փոխարինել միջին Ասիայի թրքական ցեղերու (օղուզներ, քփչաքներ, ույկուրներ, թուրքմէններ, թաթարներ) օգտագործած բառերով, քանի որ թուրք ժողովուրդը այդ բարբառները կ՚օգտագործէ: Օսմանեան կայսրութեան փլատակներէն ծնունդ առած հանրապետական նոր Թուրքիայի լեզուն պէտք է ըլլայ «հարազատ թրքերէնը» («öz turkçe»; Langue «pure»): Առ այդ, արդէն ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին: Կազմուած է թուրք լեուագէտներէ բաղկացած յանձնաժողով մը (Turk Dil Cemiyeti; Société d’Etude de la Langue Turque), որ կը զբաղի թրքական ցեղերու լեզուներէն զտումներ կատարելով փոխարինել նոյն իմատը ունեցող արաբական բառերը:
Լեզուական յեղաշրջումը յաջողեցնելու համար թուրք լեզուագէտներու կողմէ յառաջ կը նետուի« Արեւու Լեզուի տեսութիւնը» (Günes Dil teorisi; Théorie Solaire de la Langue), որ հետեւեալն է. «Մարդկային ցեղի պատմութեան մէջ առաջինը թուրքերն են որ զգացած են հաղորդակցելու անհրաժեշտութիւնը եւ ստեղծած են առաջին բառը, որ է «Արեւ»: Այնուհետեւ, նմանաձայնութիւններէ (onomatopée) բաղկացած բառերով կազմուած է նախնական լեզու մը: Աշխարհի բոլոր լեզուները ծագում առած են այս լեզուէն : Թրքերէնը, որպէս մայր լեզու, ծնունդ տուած է բոլոր միւս լեզուներուն, տարածուելով աշխարհի ամեն կողմը՝ Կեդրոնական Ասիայի ժողովուրդներու գաղթերուն որպէս արդիւնք»:
Այս շինծու եւ ոչ գիտական տեսութեան թունդ ջատագովն է Մ. Քեմալ, որ կ՚ուզէ այս կերպով Թուրք ըլլալու հպարտութիւնը ներշնչել ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ նշել որ բոլոր լեզուներու մայրը եղող թրքերէնը չի կրնար արաբա-պարսկական տիրապետութեան տակ մնալ:
Եւ ահա, ճիշդ այս վիճարկումներու ընթացքին, Պոլսոյ «Արեւելք» ամսաթերթին մէջ կը հրատարակուի թրքերէնի քերականութեան մասին Յակոբ Մարթայեանի ուղարկած լեզուաբանական նոր մէկ յօդուածը «Թուրք գրականութեան 1200 ամեակը — 1 օգոստոս 732 -1 օգոստոս 1932 » խորագիրով, որուն մէջ Մարթայեան կը ներկայացնէ թրքական լեզուախումբի պատկանող օղուզ թուրքերու լեզուի հնագոյն օրխոնեան արձանագրութիւնները (Orkhon), իշխան Կիւլթէքինի մահարձանին վրայ , որպէս թրքալեզու ցեղերու « այբուբեն»: Կը բացատրէ թէ օղուզներու լեզուի հնագոյն շրջանին կը վերաբերի օրխոնեան այբուբենը, որ բաղկացած է 38 խորհրդանշաններէ (symbol), ձախընթաց գրուածք ունի արաբերէնի նման եւ ձայնաւորները յաճախ չեն գրուիր: Այս արձանագրութիւնները գտնուած են Մոնկոլիա, Օրխոն գետի հովիտին մէջ 1889-ին Եատրինցեւի կողմէ, իսկ ընթերցուած եւ բացատրուած են Դանիացի բանասէր Վիլհելմ Թոմսոնի կողմէ: Օրխոնեան այբուբենը օգտագործուած է VIII -XV դարերուն:
Մարթայեանի այս տեղեկատուութիւնը կարդալով Մուսթաֆա Քեմալ կը նետուի երկինքէն անսպասելօրէն տեղացած մանանային վրայ, քանի որ այս յօդուածը ենթադրել կու տայ թէ թրքերէնը, իր ծագումէն ի վեր տարբեր այբուբեններ որդեգրած է, օրինակ՝ օրխոնեան, (նաեւ՝ ռունական (Runique), որոնցմէ վերջինն է արաբական այբուբերնը: Եւ ինչպէս միւսները, կարելի է թօթափել նաեւ արաբական դժուար եւ անյարմար այբուբենը, զայն փոխարինելով լատինական այբուբենով:
Մ. Քեմալ, անմիջապէս կը կազմակերպէ միջազգային համաժողով մը՝ Պալեաններու ձեռակերտ Տոլմապահչէի պալատին մէջ, թուրք եւ արեւմտեան աշխարհի լեզուագէտներով, ընդ որս կը հրահանգէ անպայման Պուլկարիայէն Պոլիս բերել Յակոբ Մարթայեանը, որպէս իր անձնական հիւրը: Որովհետեւ 1922-ին, քեմալական շարժումէն սարսափած հազարաւոր հայերու նման, Մարթայեանն ալ հեռացած էր Պոլսէն եւ Պուլկարիա հաստատուած, ուստի իր անցաթուղթը (Passeport) այլեւս չէր թոյլատրեր Պոլիս վերադառնալ: Սակայն Մ. Քեմալ կը տնօրինէ որ ան իր անձնական հիւրը ըլլայ: Եւ այնքան կարեւորութիւն կ՚ընծայէ այս հրահանգի գործադրման, որ թրքական թերթերը կը լծուին շռնթալից գովազդներով շեփորել Պուլկարիայէն գալիք լեզուաբանին հաւանական ժամանումը: Միլլիէթ, Աքշամ, Վաքիթ, Ճումհուրիյէթ թերթերը, ինչպէս նաեւ հայկական թերթեր, իրենց էջերը կը տրամադրեն այս զգայացունց լուրին:
Եւ իսկապէս, Մարթայեան կը հասնի Պոլիս 1932-ին եւ լրագրողներու խումբին համեստօրէն կը յայտարարէ թէ ինք պարզապէս հին լեզուներու մասնագէտ է եւ քանի մը ուսումնասիրութիւններ բերած է, Համաժողովին զեկուցելու կամ ալ՝ պարզապէս թերթերուն մէջ հրատարակելու համար, օրինակ՝ «Թրքական եւ Ալպեան լեզուներու միջեւ կապակցութիւններ», «Սումերներու լեզուին հետ նմանութիւններ», եւլն.: Սակայն Մ. Քեմալի առաջարկով, համագումարի ընթացքին կը զեկուցէ «Թրքական, սումերական եւ հնդեւրոպական լեզուներու միջեւ կապակցութիւններ» խորագիրով իր ուսումնասիրութեան մասին, որ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ:
Համաժողովէն յետոյ Մ. Քեմալի առաջարկով կը մնայ Պոլիս եւ կը մասնակցի լեզուական աշխատանքներու: Այդ աշխատանքներուն հիմքը կը կազմէ հանրապետական Թուրքիոյ լեզուն հեռացնել օսմաներէնէ, որ խճողուած է արաբերէն ու պարսկերէն բառերով: Ժողովուրդի անուս եւ անգրագէտ մեծամասնութիւնը անհաղորդ կը մնայ այդ գրագրային -դիւանագիտական-պաշտօնական լեզուին, այլ կ՚օգտագործէ իրեն ծանօթ հին թրքական բարբառներէն մէկն ու մէկը:
Ըստ Մարթայեանի՝ «Թրքական լեզուի արմատը հարուստ է եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը բոլոր մտածումներն ու զգացումները ի՛ր միջոցներով, առանց օտար լեզուներու օգնութեան, կարող է արտայայտել: Միայն թէ, լեզուն կը հետեւի մարդկային մտքի եւ ժամանակակից գիտութեան ու արհեստագիտութեան զարգացումներուն: Արդ, անհրաժեշտ է լեզուական յեղաշրջում (Réforme linguistique) մը կատարել եւ թուրք լեզուն ժամանակակից լեզուական որակի հասցնել, ժամանակակից մտածողութիւնն ու կենցաղը, նաեւ արհեստագիտական նուաճումները արտայայտելու ի վիճակի դարձնել: Ասոր համար անհրաժեշտ է Օսմանեան թրքերէնը մաքրազտել (sadelestirme), թրքերէնէն դուրս նետել արաբական եւ պարսկական բառերը, լեզուն արդիականացնել, եւրոպականացնել: Այս զտումը կատարելու համար ամեն մէկ բառի արտայայտչական կարողութիւնը պէտք է քննել եւ ըստ այնմ որոշել թէ ո՞ր մէկ բառը պէտք է պահել, ո՞ր մէկը դուրս նետել»:
Մ. Քեմալ ամբողջովին համաձայն է Մարթայեանի այս «ախտաճանաչումին» Իր պահանջքն է, ամեն գնով, ի պահանջել հարկին եւրոպական լեզուներէ փոխառութիւններ կնքելով եւ նոյնիսկ նորաբանութիւններ (néologisme) ստեղծելով, արաբախառն եւ արաբատառ օսմանեան լեզուն թրքացնել, քանի որ իր նպատակը թրքերէնը արդիական եւ գիտական լեզուի մը մակարդակին բարձրացնելն է:
Ըստ Մարթայեանի, ոչ միայն անհրաժեշտ էր արաբական-պաrսկական տարրերէն լեզուն մաքրազտել, այլ նաեւ պէտք էր զայն հարազատացնել (özlestirme), այսինքն օգտագործել «հարազատ, զուտ թրքական արմատներ» , որպէսզի թուրք անուս գիւղացին զայն հարազատ զգար իրեն: Սակայն «հարազատ» թրքերէն ըսելով ի՞նչ պէտք էր հասկնալ: Թրքական հանրապետութեան բնակիչները կ՚օգտագործէին ույկուրերէն, քփչաքերէն, թիւրքմէներէն, չաղաթայերէն, թաթարերէն բառեր: «Հարազատ, զուտ թրքերէն» լեզուի մը համար անհրաժեշտ էր այդ թրքական բարբառներու բառային կազմը, օգտագործուող թէ չօգտագործուող ձեւերը քննել, արմատներն ու քերականական տարրերը դասաւորել եւ որոշները ընտրել: Նոյն մանրակրկիտ քննութիւնը կատարել նաեւ օսմաներէն բառերուն համար եւ ընտրել, պահել անոնցմէ որոշները: Նաեւ օտար լեզուներէ ընտրովի փոխառութիւններ կատարել, եթէ անոնք եւրոպական միտքը եւ 20րդ. դարու արհեստագիտութեան նուաճումները կ՚արտայայտեն: Ընդունելի էր նաեւ նորաբանութիւններ (néologisme) ստեղծել: Եւ ի վերջոյ, այդ հաւաքուած բառերով, նոր թրքերէնի (öz türkçe; Langue Turque Moderne) բառարանը կազմել: Միայն այս ձեւով էր որ թրքերէնը ժամանակակից քաղաքակրթութեան լեզուն կրնար դառնալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար, ըստ Մարթայեանի:
Արդ, այս տեսակ մանրակրկիտ աշխատանքի մը համար ամենայարմար անձը Մարթայեանն էր, որ ոչ միայն այդ հին թրքական բարբառներու մասնագէտն էր, այլ միաժամանակ հնդեւրոպական քառասունէ աւելի լեզուներու ալ կը տիրապետէր: Ուստի ճիշդ փնտռուած անձն էր Մ. Քեմալի համար, որ զայն կը պահէ Պոլիս, զինք նշանակելով 68 հոգինոց Լեզուագիտական յանձնախումբի մը գլուխը (Comission linguistique):

(Շարունակելի)

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *