Արմենակ Եղիայեան
Դերանուանական կրկնութիւններ
Կրկնութիւններու այս տեսակին կը հանդիպինք մասնաւորաբար թարգմանական գրականութեան մէջ, ուր թարգմանողը, անկախ իր համբակութենէն, աւելի կամ պակաս կ’իյնայ ազդեցութեանը տակ թարգմանած լեզուին, ըսենք՝ ֆրանսերէնին կամ անգլերէնին, որոնք այնպիսի լեզուներ են, որոնք պարտաւոր են անընդհատ կրկնելու ենթակայ ու յատկացուցիչ դերանունները հոն, ուր հայերէնը այդ ստիպողութեան տակ չէ՝ շնորհիւ մէկ կողմէ մեր բայերու դիմային այլազանութեան, միւս կողմէ՝ մեր ստացական յօդերուն:
Բերենք օրինակներ ըմբռնելի դարձնելու համար այս՝ ըստ ամենայնի որոշապէս բարդ կացութիւնը.
— Պաշտօնը ստանձնելէ ետք իմ առաջին այցելութեանս ժամանակ իմ ոււղերձս յստակ է:
Այս նախադասութեան բնագիրը գերմաներէն է: Թարգմանիչը չէ յստակացուցած է, թէ ուղղակի՞ թարգմանած է, թէ՞ միջնորդական լեզուէ մը՝ ֆրանսերէնէ կամ անգլերէնէ: Ինչպէս կը տեսնենք, այստեղ մեքենաբար կրկնուած է իմ յատկացուցիչ դերանունը, որովհետեւ այսպէս կը պարտադրեն այդ լեզուները հոն, ուր հայերէնը շատ դիւրաւ կրնայ երկուքէն ալ հրաժարիլ՝ կատարելապէս գոհանալով այցելութեանս եւ ուղերձս բառերու կրած ստացական «ս» յօդով.
— Պաշտօնը ստանձնելէ ետք առաջին այցելութեանս ժամանակ ոււղերձս յստակ է:
Բծախնդիր հայը պիտի ըսէր ստանձնելէս՝ փոխանակ ստանձնելէ:
Այլ խօսքով՝ ստանձնել դերբայը օժտէր «ս» դիմորոշ յօդով, ինչ որ հնդեւրոպական լեզուներէն մի՛այն հայերէնը կրնայ ընել: Սակայն չէ ըրած, որովհետեւ բնագիրին մէջ այդ դերբայը զուրկ է դիմորոշ յօդէ, եւ թարգմանիչը ինկած է բնագրի լեզուամտածողութեան ազդեցութեան տակ եւ ինք ալ զրկած է դերբայը յօդէ: Կարելի է որոշ լաւատեսութեամբ ըսել, որ եթէ այս կամ նման նախադասութեան մը հեղինակը ինքը հայ թարգմանիչը ըլլար, ապա այդ յօդը ենթադրելի է որ դնէր, որովհետեւ այդպէս կը պահանջէ հայեցի տարրական լեզուամտածողութիւնը նոյնիսկ առօրեայ ժողովրդախօսակցական արեւմտահայերէնի մէջ:
Այստեղ փութամ աւելցնել, որ բերուած նախադասութեան մէջ արեւելահայը իր կարգին ընդմիշտ պիտի չդնէր այդ դիմորոշ յօդը, քանի որ իր բարբառը կը մերժէ այդ կիրարկութիւնը. ան պիտի գոհանար ըսելով՝
— Պաշտօն(ս) ստանձնելուց յետոյ….
Այս ալ կը նշանակէ, որ արեւմատահայ անփոյթ գրողը սխալ պիտի թարգմանէր արեւելահայերէն գրութիւնն ալ: Այո՛, այդպէս է, եւ մեր թերթերուն մէջ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը վխտան այս եւ նման սխալներ՝ արեւելահայերէնէ կատարուած թարգմանութեանց մէջ: Արեւելահայերէնը ժամանակին աւելի կը պարտադրէ ինքզինք արեւմտահայերէնին՝ բոլորովին գաղտագողի, հեզասահ ու աննկատ թափով եւ մերոնց… մեղսակցութեամբ:
Ստորեւ տեսնենք այլ օրինակներ՝ սրբագրութիւններով հանդերձ:
— «Բրիտանիոյ վարչապետը իր երկրին քաղաքական վերնախաւին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց» («Ազդակ», 4/12/2024):
Ամենայն հաւանականութեամբ՝ թարգմանութիւն է անգլերէնէ, որ անհրաժեշտօրէն երկու դերանունով պարտէր արտայայտել այս միտքը: Թարգմանիչը իր հեւքին, անփութութեան, այլեւ անտարբերութեան մէջ՝ հանդէպ իր ոճին, մեքենաբար վերարտադրած է զանոնք, մինչդեռ շատ դիւրաւ կրնար խուսափիլ երկուքէն ալ.
–«Բրիտանիոյ վարչապետը քաղաքական վերնախաւին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց»:
Լռելեայն կ’իմացուի, որ Բրիտանիոյ վարչապետը ուրիշին քաղաքական վերնախաւին առջեւ պիտի չարտասանէր իր խօսքը… միւս կողմէ՝ ոչ մէկ ընթերցողի մտքէն կրնար անցնիլ, որ ան արտասանէր ուրիշի մը խօսքը, այլ պիտի արտասանէր իր սեփական խօսքը. թող որ խօսքին-ի «ն» ստացական յօդը արդէն ցոյց կու տայ խօսքին տիրոջ ո՛վ ըլլալը: Ջնջեցինք երկրին բառը եւս այն մտածումով, որ Բրիտանիոյ վարչապետը չէր կրնար Չինաստանի կամ Զանզիպարի մէջ՝ այս վերջիններէն մէկուն քաղաքական վերնախաւին առջեւ արտասանած ըլլար խօսքը:
Յիշեալ բոլոր զեղչերէն ետք պիտի մնար.
— «Բրիտանիոյ վարչապետը քաղաքական վերնախաւին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց»:
Բառային կրկնութիւն
Բառային կրկնութիւններու ծիրէն ներս շատ մեծ յաճախականութուն ունին այնպիսիները, ուր կրկնուողը նոյն բառը չէ, այլ անոր արմատակից ուրիշ բառ մը, ուրիշ կառոյց մը. օրինակ՝ գրած գրութիւնդ…առատաձեռն ձեռքով… եւ այլն:
Այսպիսիներուն սրբագրութիւնը կը կատարուի երկու միջոցով.
ա) կա՛մ ջնջելով կրկնուող տարրը, որ միաժամանակ աւելորդաբանութիւն մըն է,
ա) կա՛մ փոխարինելով զայն պատշաճ հոմանիշով մը:
Ստորեւ փունջ մը՝ համապատասխան սրբագրութիւններով, ուսանելի օրինակներու այն ծաւալուն պաշարէն, որ կը գտնուի մեր տրամադրութեան տակ:
— Սրբուհիին գրուած նամակներուն մէջ ան գրած է…
Սրբուհիին գրուած նամակներուն մէջ ան կ’ըսէ…:
— Առատաձեռն ձեռաձիր կու տային:
Առատ ձեռաձիր կու տային:
— Ամեն երեկոյ հաշուետւութիւն կու տայի անոր:
Ամեն երեկոյ հաշուետւութիւն կը կատարէի անոր :
Ամեն երեկոյ հաշիւ կու տայի անոր:
— Մարդուն ծնունդէն ի վեր մարդկային կեանքը փոխուած է:
Մարդուն ծնունդէն ի վեր անոր կեանքը փոխուած է:
— Լոյսը կը տեղափոխուէր գրադարանի դարաններէն ետ՝ դէպի նկարը:
Լոյսը գրադարանէն կը տեղափոխուէր ետ՝ դէպի նկարը:
— Գաղտնիքը բանալու առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:
Գաղտնիքը լուսաբանելու առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:
Գաղտնիքի առաջին բանալին ձեռքս անցաւ:
— Փողոցը ենթակայ էր արձակազէնին արձակած փամփուշտներուն:
Փողոցը ենթակայ էր արձակազէնի փամփուշտներուն:
— Տոլարի զգալի պահանջ մը զգացուած է շուկային մէջ:
Տոլարի զգալի պահանջ մը կը տիրէ շուկային մէջ:
Տոլարի մեծ պահանջ զգացուած է շուկային մէջ:
— Հիւսիսը արժանաւոր ներկայացուցիչներով ներկայացուած չէ:
Հիւսիսը արժանաւորապէս ներկայացուած չէ:
Հիւսիսը ըստ արժանւոյն չէ ներկայացուած:
— Յանձնախումբի անդամները նախնական համաձայնութեան մը համաձայն պիտի այցելեն Հայաստան:
Նախնական համաձայնութեան մը հիմամբ պիտի այցելեն…:
Ըստ նախնականհամաձայնութեան մը պիտի այցելեն…:
— Փոքրամասնութեան մը որոշումով տրուած որոշումը մտահոգութիւն չի պատճառեր Թուրքիոյ:
Փոքրամասնութեան մը տուած որոշումը մտահոգութին չի պատճառեր Թուրքիոյ:
— Այս տեղեկութիւնները կը կազմեն բարի վկայութեան լաւագոյն վկայագիրը:
Այս տեղեկութիւնները կը կազմեն բարի վկայութեան լաւագոյն գրաւականը (փաստը, հաւաստիքը, երաշխիքը):
— Գիրքին սկիզբը մեզի համար կարեւոր յայտնութիւն մը ի յայտ եկաւ:
Գիրքին սկիզբը մեզի համար կարեւոր յայտնութիւն մը եղաւ:
— Նախագահը դէպքին տեղեկանալէ ետք ուղղուեցաւ հիւանդանոց ու տեղեկացաւ տրուած տեղեկութիւններուն:
Նախագահը դէպքը իմանալէ ետք ուղղուեցաւ հիւանդանոց ու վերահասու դարձաւ տրուած տեղեկութիւններուն:
— Ամերիկեան օրէնքը կը պարտադրէ, որ վիզա պահանջող իւրաքանչիւր անձ պարտաւոր է անձնապէս ներկայ գտնուիլ:
Ամերիկեան օրէնքը կը պարտադրէ, որ ամեն վիզա պահանջող անձամբ ներկայանայ:
— Նախագահը շեշտած է անհրաժեշտ բարեկարգումները միասնաբար որոնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահը շեշտած է անհրաժեշտ բարեկարգումները միասնաբար որոնելու կարեւորութիւնը (անխուսափելիութիւնը):
— Իրաքեան մայրաքաղաքէն գալով Լառնաքա ժամանած միջոցին դիւանագէտը ըսաւ լրագրողներուն:
Իրաքեան մայրաքաղաքէն Լառնաքա ժամանած միջոցին դիւանագէտը ըսաւ…
— Սրբազանը ոգեւորիչ եւ զգայացունց ձեւով ոգեւորեց ներկաները:
Սրբազանը ոգեւորիչ եւ զգայացունց բառերով տոգորեց ներկաները:
Սրբազանը խանդավառ բառերով ոգեւորեց ներկաները:
— Բեմադրիչը կը գտնուի Քալիֆոռնիոյ հարաւը գտնուող բանտերէն մէկուն մէջ:
Բեմադրիչը կը գտնուի Քալիֆոռնիոյ հարաւային բանտերէն մէկուն մէջ:
— Վերջերս յաճախ հարցուող հարցումը հոս եւս հնչած է:
Վերջերս յաճախ տրուող (կամ՝ կրկնուող) հարցումը հոս եւս հնչած է:
— Այդ պաշտամունքը ակներեւ կերպով կը տեսնուի այս գիրքին մէջ:
Այդ պաշտամունքը ակներեւ կը տեսնուի այս գիրքին մէջ:
Այդ պաշտամունքը ակներեւ է այս գիրքին մէջ:
Հայերէնը հարուստ է այնպիսի մակբայներով, որոնք կ’արտայայտեն գործողութեան մը կրկնութիւնը, ինչպէս՝ դարձեալ, կրկին, նորէն եւ այլն: Ասոնց կից անգամ կամ ասոր նման բառի կիրարկութիւնը կը թելադրէ շատ անախորժ յաւելադրում մը. օրինակ՝
— Վեհափառը կրկին անգամ շնորհաւորեց ներկաները:
Վեհափառը կրկին շնորհաւորեց ներկաները:
Վեհափառը կրկնեց իր շնորհաւորանքը ներկաներուն:
— Բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ իրեն…:
Բազմիցս ըսած եմ իրեն…:
Անգամ բառը կը վանեն նաեւ՝ երկիցս, երիցս, քառիցս, կրկնապատիկ, տասնապատիկ, հարիւրապատիկ… եւ այլն:
Նոյնհետայն պէտք է խուսափիլ օր բառը աւելցնելէ օրանուններուն կից, ինչպէս նաեւ ամիս բառը ամսանուններուն կից. այսպէս՝ երկուշաբթի օր, հինգշաբթի օր, յունուար ամսուն/յունուարին, մայիս ամսուն/մայիսին եւ այլն:
* * *
Բառային կրկնութիւնները այնքան այլազան են, որ դժուարութիւն ունինք զանոնք միշտ դասակարգել կարենալու, ինչպէս յաջողեցանք ընել անոնց մէկ մասը: Ստորեւ այլազան ու պատահական օրինակներ իրենց ուսուցողական շատ բարձր արժէքով:
Կրկնակ գերադրականներ
Այսպէս կը կոչենք այն կառոյցները, որոնց մէջ ամենա- գերադրական նախածանցը կը դրուի այնպիսի ածականներու վրայ, որոնք իրենց կարգին գերադրական արժէք ունին. այսպէս՝ ամենագերազանց, ամենագլխաւոր, ամենաառաջին, ամենավերջին, ամենամեծագոյն, ամենայոռեգոյն, ամենավատթարագոյն եւ այլն:
Պարզ է, — բայց իրապէս պա՞րզ է, — որ գերազանց-էն վեր այլեւս որակական աստիճան չի մնար, հետեւաբար չենք կրնար անոր վրայ աւելցնել ամենա- գերադրականը: Բայց ահա շատ սովորական են այս բոլորը, որ այստեղ յիշեցինք:
Աւելի անհեթեթ է ամենավատթարագոյնը. քանի վատթար-ը արդէն գերադրականն է վատ-ին, բայց ահա ան դարձած է նախ՝ վատթարագոյն, այստեղ ալ կանգ չէ առած ու վերաճած է ամենավատթարագոյն-ին, որ երեւակայելի բան չէ: Սակայն ա՛յս եւս տեղին համեմատ գրուած կը տեսնենք սեւով ճերմակի վրայ:
Գերադրական չեն կրնար առնել առաջին եւ վերջին ածականները, որոնք որեւէ դասաւորութեան մէջ ունին իրենց անփոփոխ ու անփոփոխելի կարգը: Տրամաբանօրէն որեւէ դասաւորումի մէջ կրնայ գտնուիլ մէ՛կ առաջին կարգ եւ մէ՛կ վերջին կարգ, նոյնիսկ եթէ այդ կարգերուն վրայ մէկէ աւելի անդամներ գտնուին. օրինակ՝ ինչ-որ քննութեան մը մէկէ աւելի թեկնածուներ կրնան նոյն բարձրագոյն նիշերը հաւաքել եւ միասնաբար կոչուիլ «առաջին»: Այնպէս ալ՝ «վերջին»:
Անհամատեղելի հասկացութիւններ
Այսպիսին են այն բառակապակցութիւնները, որոնց բաղադրիչները ինչ-որ չափով ու ձեւով իմաստակից ըլլալով, կը վանեն զիրար եւ տրամաբանական չէ համատեղել զանոնք . օրինակ՝
— ամենագէտ իմաստուն,
— սնամէջ աւելորդաբանութիւն,
— ճարտար հանճար,
— չարախորհուրդ եղեռնագործութիւն եւ այլն:
Իմաստուն ածականը կամ մակդիրը պէտք է բաւարար նկատուէր, որպէսզի անոր չկցուէր ամենագէտ-ը, այնպէս ալ՝ աւելորդաբանութիւն-ը պէտք չունինք պիտակաւորելու սնամէջ-ով, քանի աւելորդաբանութիւնը չի կրնար սնամէջ չըլլալ: Այնպէս ալ մնացեալ երկուքը:
Հետեւեալները քաղած եմ Ն. Ռուսինեանի «Ուղղախօսութիւն»-էն (էջ 96):
Չմոռնանք, Ռուսինեանը իր ժամանակի պայծառագոյն միտքը ունեցող արեւմտաահայերէն էր, ինչպէս նաեւ արեւմտահայ աշխարհաբարի մեծագոյն նուիրեալներէն ու երախտաւորներէն, որ քերականութեան գիրքով մը եւ նորանոր բառերով ալ հարստացուց մեր բարբառը. իրեն կը պարտինք, օրինակ, թերթօն եւ սեղմիրան բառերու կազմութիւնը:
Իր այս արժանիքները արգելք չեն եղած, որ գրիչէն դուրս գան նաեւ սապիսի վանողական կառոյցներ.
— մտքով պատկերացնել,
Պատկերացնելու ուրիշ ձեւ ու միջոց կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ:
— լրացուցիչ յաւելավճար,
Չէ՞ որ յաւել արմատը արդէն կը թելադրէ վճարումին լրացուցիչ բնոյթը:
— կարճ համառօտագիր,
Համառօտագիրը կրնա՞յ երկար ըլլալ:
— շիկահեր մազեր,
Հեր եւ մազեր…
— երկկողմանի երկխօսութիւն,
Հետաքրքական է. պէ՞տք է մտածել, թէ երկխօսութիւնը կրնայ նաեւ երկկողմանի չըլլալ… որպէսզի Ռուսինեանի պէս մէկը շեշտէ անոր երկկողմանի-ութիւնը:
Շատ տարածուած է «անբան անասուն» բառակապակցութիւնը:
Անբան-ը եւ անասուն-ը հոմանիշներ են:
Քանի որ բան կը նշանակէ խօսք, նոյն նշանակութիւնը կը ստանանք ասուն ածականի արմատով՝ աս-ասել-ասուն-ասող՝ խօսող:
Անշուշտ կարելի է կրկնաբանութիւն նկատել այս մէկը: Ենթական յաճախ բաւարար գիտութիւն չունի, չի ճանչնար բառիս ստուգաբանութիւնը, եւ անասուն-ը կենդանի բառին համարժէք է իրեն համար, ուրեմն ամբողջ բառակապակցութիւնը կ’ընկալէ իբրեւ «անբան կենդանի»:
Բայց կարելի է մտածել նաեւ, որ սաստկական նպատակով գործուած է այս կրկնաբանութիւնը:
Բոլորս ալ յաճախ հակամէտ եղնք ըսելու «սպիտակ ձիւն»… առանց մտածելու, որ ձիւնը չի կրնար ճերմակ չըլլալ, հետեւաբար աւելորդ է սպիտակ կոչել զայն: Չմոռնանք ձիւնասպիտակ ածականը եւս:
(Շարունակելի)