«Ոչը միշտ ժխտական չէ» — Էտկար Մորէն(*)

Նորա Պարութճեան

Ի՞նչ է ոչը, եթէ ոչ այոյի տարածք։ Մուտք՝ դէպի այն ՙարգելք՚ուածը, որ պիտի չարձակուէր առանց ոչի հատու շեշտին, առանց ոչի կտրուկ բնաւորութեան։ Անհաւանականի շրջումն է ոչը դէպի կարելիութիւն, Continue reading “«Ոչը միշտ ժխտական չէ» — Էտկար Մորէն(*)”

Օշական

Նորա Պարութճեան

Պատմութիւնս ոչ ոք կը հետաքրքրէ։ Գիտեմ։ Այնքան տափակ, այնքան մածուցիկ, անկրակ ու նեխած, որ զիս անգամ կը ձանձրացնէ։
Ես ուսուցիչ եմ։ Հայերէնի ուսուցիչ։ Նետուած սփիւռի հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ։
— Ամբողջ կեանքս նուիրեցի հայ դպրոցին, — կ՚ըսեն ընդհանրապէս Continue reading “Օշական”

Մոռցուած գիրքը

Նորա Պարութճեան

Գնացքի նստարանին վրայ անխնամ պառկած էր։ Միայնակ։ Կողքին՝ ոչ ոք։ Կողքը՝ մաքուր։
Դիմացի նստարանին՝ արեւելքցի օտարականի երեւոյթով երիտասարդ մը, շրջապատին անտարբեր։ Տեղ գրաւեցի քովը եւ աչքս միւս նստարանին սեւեռած հարցուցի առանց սպասելու.
— Ձե՞րն է։ Continue reading “Մոռցուած գիրքը”

28 ՄԱՅԻՍ 2023

Նորա Պարութճեան

Աշակերտներս աշխատցուցեր էի Սարդարապատի նիւթով։ Ուզած էի ուղեղնուն մէջ մտցնել, որ ճակատամարտի յաղթանակին կը պարտէինք Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը։
… Նազարբէկեան, Սիլիկեան, Անդրանիկ, կանոնաւոր բանակ, կամաւորներ, ինչ գիտնամ՝ ծեր-երիտասարդ-կին-պատանի-մեծով Continue reading “28 ՄԱՅԻՍ 2023”