28 ՄԱՅԻՍ 2023

Նորա Պարութճեան

Աշակերտներս աշխատցուցեր էի Սարդարապատի նիւթով։ Ուզած էի ուղեղնուն մէջ մտցնել, որ ճակատամարտի յաղթանակին կը պարտէինք Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը։
… Նազարբէկեան, Սիլիկեան, Անդրանիկ, կանոնաւոր բանակ, կամաւորներ, ինչ գիտնամ՝ ծեր-երիտասարդ-կին-պատանի-մեծով պզտիկով- տէր հայր-վարդապետ թշնամիին դէմ ելան մէկ մարդու պէս եւ յաղթեցին …։ Ասանկ բաներ գրուած են գիրքերուն մէջ։
Աաաանշո՜ւշտ սորվեցանք Պարոյր Սեւակի Սարդարապատը, բացատրեցինք վերէն վար, ձախէն աջ, աջէն ձախ, բանաստեղծութեան մէջ յաղթանակի ոգին, ելք ու ճար չմնալը, խենթին ով ըլլալը, տողերը անթերի արտաբերել սորվեցանք՝ հասկնալով, սիրտով, ըմբռնումով, երգը մտիկ ըրինք, յուշակոթողին նկարները դիտեցինք, զանգակներուն իմաստը փնտռեցինք։ Եւ հպարտութիւնը բերնէ բերան լեցուց պատանիներուս հոգիները։ Ասա՜նկ կ’ըլլայ յաղթանակ ըսուածը՝ ըսինք։ Խենթերուն հնարքը։
Եւ այսօր ունինք հանրապետութիւն։
Դասը եղաւ։ Կրցածս ըրի։ Դասարանէն դուրս ելանք, բաւարարուած։
Մեր գիրքերը երթալով կը գեղեցկանան։ Տեղեկութիւնները եւ նկարները թեքնիք որակի առումով կ’արդիանան, կը ճոխանան։ Հանգիստ ենք ուսուցիչներս։ Ատաղձ՝ շատ։ Ընտրէ ուզածդ։ Որքան գեղեցիկ են Սարդարապատի նկարները։ Ըսել կ’ուզեմ՝ կոթողին։
Ատո՜նք ցուցուցի աշակերտներուս, բարձրագոյն, անշրջանցելի արժէք՝ Սարդարապատը։ Մանաւանդ երբ կը կրկնես բանաստեղծին հոգեբորբ տողը «սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից» (կը հասկնա՞ք տղաք, խօսքը ձեզի ուղղուած է), ինչպէս կ’ըսեն՝ հոսող ջուրերը կանգ կ’առնեն։
Այսօր, Կիրակի, 28 մայիս 2023, գեղեցիկ եղանակ է դուրսը։ Փիքնիքի օդ է։ Երիտասարդները դուրս պիտի թափին։ Վաղն ալ արձակուրդային օր է, Հոգեգալուստ։ Երկար ուիք էնտ, օ՜խ։

Սիրտս կը բաբախէ։ Խուլ պայքար մը կը սկսի մէջս, որ կը խառնէ ստամոքսս։ Բառերս կը զրկեմ իմ վրաս իրենց ունեցած հեղինակութենէն։ Ինչ որ ինքզինքիս կը խոստովանիմ ինքզինքէս գաղտնի, պիտի չյանձնեմ անոնց, որպէսզի զիս չմատնեն, դաւաճանները։ Գլխուս ցաւ կը փակի։
Գերգրգռուած են հայկական ընկերային ցանցերը այսօր։ Որքան կիրք կայ խօսքերու մէջ։ Խօսքերով նուաճում։ Խօսքի նուաճում։ Թակարդի մէջ բռնուած կը զգամ։
Արդեօք աշակերտներուս փոխանցածս գիտելի՞ք է, թէ՞ …։
Անհիմն խօսողը տպաւորելու համար հանդիսաւոր ձեւեր կ’ընդունի եւ քարոզել կը սկսի։ Այնպիսի անվերապահութիւն եւ համոզում կը բխեցնէ, որ դիմացինը կասկածիլ անգամ չի համարձակիր։ Արդեօք… ե՞ս ալ կրօնական ջերմեռանդութեան վերածած եմ կար ու չկարի պատմութիւնները, որոնց մասին որքան խօսիս, այնքան կը գրգռուիս, որքան գրգռուիս այնքան կը հաւատաս ըսածիդ, ու որքան դիմացինդ համոզուի ըսածիդ, այնքան կը խորանայ համոզումդ ըսածիդ ճշմարտացիութեան վրայ։
— Իսկ ո՞ւր է ճիշդը, ուսուցի՜չ։ Ինքզինքիդ ինչպիսի՞ պարտականութիւն տուած դասարան կը մտնես։ Սարդարապատի կոթողի նկարներուն հետ ինչո՞ւ աշակերտներուդ ցոյց չտուիր Սարդարապատ գիւղի ամայութիւնը։ Երբ վերջին անգամ յուշակոթող բարձրացաք նկարուելու, ձեր դիմացը կ’երկարէր գիւղին փողոցը, սովետական ժամանակին մէջ կալանուած, ճանճերու պէս պատերուն փարած բնակիչներով։ Փողոցը այսօրն է, ինչո՞ւ փախար այսօրէն։ Եւ ինչո՞ւ զրկեցիր աշակերտներդ այսօրէն։ Ի՞նչ իրաւունքով։ Ի՞նչ իրաւունքով զրկեցիր։
Ըսի, որ պիտի չյանձնուէի բառերուս, բայց նորէն յաղթեցին։

Գեղեցիկ կիրակի մըն է։ 28 Մայիս 2023։ Միայն հիւանդները տուն կը մնան այսօր։ Կամ, Թուրքիոյ ընտրութեան արդիւնքներուն քայլ առ քայլ հեռատեսիլէն հետեւիլ ուզողները։ Մանաւանդ երազատեսները, որոնք Էրտողանի հակառակորդին ընտրութեան փոփոխութեան յոյսեր կապեր են։
Քանի մը օր առաջ էր, դասարանն էի ։ Աւարայրի ճակատամարտն էր նիւթը, Սարդարապատի մասին իմ ուռուցիկ երեւակայութեանս ախորժակները 1500 տարի առաջ նախապատրաստած Վարդանանքը։ Հանդիսաւոր լրջութեամբ կը պատմէի մէկ մարդու պէս ըմբոստացած ժողովուրդին տարած բարոյական յաղթանակին արժէքը եւ կ’ըմբոշխնէի աշակերտներուս յափշտակուած նայուածքները։ Ատ ալ՝ ի՜մ յաղթանակս։ Մէկէն, ամենէն հարցասէրը մատը բարձրացուց ըստ իր սովորութեան՝ անհամբեր շարժումներով.
— Հարցում մը ունիմ, բայց դասին հետ կապ չունի։ Կրնա՞մ։
— Հրամմէ, անշուշտ կրնաս։
— Դուք կ’ուզէք որ մայիս 28-ին Էրտողա՞նը շահի, թէ՞ հակառակորդը։
Կանգ առի։ Պիտի ըսէի՝ ինչո՞ւ նորէն ընդմիջեցիր խօսքս, թափս կտրեցիր, ես ներշնչումիս բարձունքները հասեր էի, նայէ հիմա միտքիս թելը ձեռքէս փախաւ։
Չկրցայ ըսել։ Չէր ընդմիջած տղան։ Խանգարած էր։ Օդէն իջեցուցեր էր գետին։ Հիմա ոտքերնիս հողին վրան էր։
— Դո՞ւն։ Իսկ դո՞ւք։ Կը նախընտրէ՞ք մէկն ու մէկը։
Հոսկէ հոնկէ պատասխանեցին.
— Էրտողանը չենք ուզեր, կ’ուզենք որ հակառակորդը ընտրուի, որ Հայաստանի դէմ պատերազմ չընէ։
2023-ի Հայաստանը 451-ի մահ իմացեալինը չէ, ո՜չ ալ 1918-ի խենթերու հնարքինը։ Մեզի համար, այսօրուանը վստահաբար կը տարբերի նախորդներէն մանաւանդ այն պատճառով, որ զայն կ’ապրինք օրը օրին առանց շատ բան հասկնալու եւ դեռ ժամանակ չենք ունեցած զայն զգեստաւորելու մեր ցնորքին տարազներով։
2023-ի Հայաստանը երկունք է։ Ուր որ է պիտի ծնի։ Բայց այս անգամ նորածինը գոնէ մկրտուէր իմաստութեան անունով։
— Ե՞ս ինչ կ’ուզեմ, աշակերտներ։ Կ’ուզեմ ա՜լ ձեզ չխաբել։

28 մայիս 2023
Փարիզ

 

One Reply to “28 ՄԱՅԻՍ 2023”

  1. Կեցցե՛ս Նորա: Ճիշդ գամերը ճիշդ տեղերը գամեր ես… դուն ալ միասին գամուեր, հիմա ալ մեզ գամեցիր, սիրելիս… որքան ճիշդ են ըսածներդ, ապրածներդ… իրապէս ինչպիսի՞ հայոց պատմութիւն մը պիտի պատմենք մեր յաջորդներուն… պիտի պատմե՞նք հայոց պատմութիւն…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *