«Ուրիշին չեմ վստահիր, միայն թուղթին»

ԶՐՈՅՑ ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆԻ ՀԵՏ ԻՐ «ԶԷՐՕ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՈՒՐՋ
Մեսրոպ Ադամեան

Ամեն գիրք իր պատմութիւնը ունի։
Այս մէկը, խիտ բովանդակութեամբ, մեզ կը տանի ծերանոցի մը լաբիւրինթոսը, կը քաշէ ներս, վար, դէպի տառապանքի այդ տեւական վայրը։ Անձնական մտածումներու եւ ապրումներու ընդմէջէն կը նետէ մեզ շէնքին փշրուած թապուներուն մէջ, ուրկէ՝ հեղինակին զսպուած հոգին պոռթկուն աղմուկով դուրս կ’ելլէ եւ կը բողոքէ չես գիտեր որո՞ւ դէմ. «Ո՜չ մըն եմ, բայց պիտի չմեկնիմ»։
Իրական դէպքերէ ներշնչուած է գիրքը, գրուած է փխրուն սիրտով, որ իւրայատուկ հմայքով կ’օժտէ գործը։ Ու կ’ազդուի ընթերցողը, կը յուզուի։ Տառապանքը կը նկարագրուի տաք երեւակայութեամբ եւ հոգեբանական նուրբ վերլուծութիւններով։
Հեղինակի լեզուն ունի առանձնայատուկ շնորհք եւ անուշութիւն։ Օտար բառերու գործածութիւնը անմիջականութիւն մը կ’ընձեռէ մաքուր հայերէնով գրելու հեղինակի ձգտումին։
«Զէրօ»ի բոլոր գրութիւնները միշտ չէ, որ դիւրաւ կ’ըմբռնուին։ Արդեօ՞ք՝ տագնապի խորութենէն։ Ընթերցողը թող դատէ։
Ամենայնդէպս, կեդրոնացած ընթերցում մը խորհրդածութեան բազմաթիւ հարցադրումներու առջեւ կը դնէ մեզ։
Այստեղ՝ հայերէնի երկու ուսուցիչ պաշտօնակիցներ՝ Մեսրոպ եւ Նորա, կը զրուցեն Նորային այս փորձառութեան արդիւնքին՝ «Զէրօ»ի մասին։ Գիրքը լոյս տեսած է յուլիս 2022-ին, Երեւան, Լուսակն հրատարակչատունէն։

Մեսրոպ — Ի՞նչ բանը, Նորա, քեզ դրդեց այս նիւթերու շուրջ գիրք մը գրելու։
Նորա — Ծերանոցի մէջ վեց տարի աշխատեցայ իբր վերակացու։ Պատասխանատու եւ բարդ պաշտօն մըն էր։ Ինկայ մարդկային յարաբերութիւններու եւ հոգեվիճակներու կնճռոտ, նուրբ եւ յաճախ անլուծելի իրականութեան մէջ, ուր կը գերիշխէ տառապանքը, Ֆիզիքական եւ հոգեկան։ Հոն, առջեւս տարածուած գտայ մարդասիրութեան ու անանձնական նուիրումի ընդարձակ դաշտ մը, ուր սակայն, տարօրինակ համակեցութեամբ, եսին չարակամութիւնը պարարտ հող կը գտնէր աճելու։ Ու կը յաջողէր։ «Զէրօ»ն ծերանոցային տագնապներուս, փորձառութեանս եւ մտորումներուս հաւաքածոն է։ Տասնինն վերնագիր կայ։ Վերջինէն զատ բոլորը ատենին լոյս տեսած են գրական զանազան թերթերու մէջ։ Երբ որոշեցի դուրս գալ աշխատանքէն, ուզեցի հաւաքել բոլորը, տետրակ մը կազմել եւ նուիրել Տան տնօրէն Ռաֆֆի Կարապետեանին, պատուական անձ մը, որուն ազնւութեան շատ բան կը պարտիմ։ Դէպքերու թաւալքը արագ որոշումով մը գիրքի վերածեց նուէրս։
Մ. — Ինչո՞ւ «Զէրօ» անուանեցիր գիրքդ։
Ն. — Որովհետեւ զէրոներու մասին է։ Բազմատեսակ զէրոներու հաւաքատեղի էր ծերանոցը։ «Հարցում մը ունիմ» տիտղոսին տակ կ’ըսեմ՝ «քու անկարողութեանդ չափը կու տայ այս տեղը։ Կը գիտակցիս պզտիկութեանդ»։ Անկարողութեան հետ հանդիպումս իրական կեանքին բացայայտումը եղաւ ինծի։ Վայրի։ Իսկ ի՜մ անկարողութեանս հետ առերեսումս փիլիսոփայ դարձուց զիս, «բայց ծակ փիլիսոփայ» ինչպէս կ’ըսեմ նոյն տեղը։ Այսինքն անկշիռ, իմաստազուրկ։ Այսինքն զէրօ։ Ամենամեծ զէրոն ես եմ։ Ասիկա դժուարակիր զէրօ մըն էր, մեծ մարտահրաւէր մը, զոր փորձեցի դիմագրաւել ինքզինքիս հետ կատաղի բախումներու գնով, բայց ուզեցի հասկնալ, ընդունիլ եւ մանաւանդ՝ խոստովանիլ։ Գրեցի։
Զէրոյի այս վայրը նաեւ այն տեղն է, ուր «մարդկութիւնդ կ’աճի, եթէ ունիս»։ Անկարողութեանդ չափը ըմբռնելով կ’իջնես մարդու աստիճանին, այսինքն կը բարձրանաս։ Իսկ չունեցո՞ղը … ան որուն մարդկային արժէքներու կշիռքին սլաքը զէրօ ցոյց կու տա՞յ։ Այս մէկը անկարող զէրօ մը չէ, ընդհակառակը, ամենակարող զէրօ է, խոփ-խոշոր, ամեն խաղի ընդունակ, սուտի, գողութեան, զրպարտութեան, թակարդներու զէրոն է, անողնաշար որդ, կատուի երեւնալուն՝ ծակուծուկ պահուըտող մուկ, ամօթին օտար, իր թեթեւութիւնը ծանրութեան տեղ ծախու հանող եւ ծախել կարողացող զէրօ է։ Անտառի օրէնքի հոգեբանութեամբ՝ թզուկ հոգի, որ կացին ի ձեռին, իր հասակէն բարձր ծառերը կը պզտիկցնէ, իր չափին կը յարմարցնէ, որպէսզի աչքի չզարնէ իր պզտիկութիւնը։
Զէրոներն ալ տեսակաւոր են։ Ասոնց մասին է գիրքը։

Մ. — Գիրքի կողքի նկարը որդնոտած խնձոր մըն է։ Ինչո՞ւ ընտրուած է այս պտուղը իբր խորհրդանիշ եւ ինչո՞ւ կէսը առողջ, կէսը որդնոտած է։
Ն. — Միտքը կը պատկանի դստերս՝ Անուշ Պանիքեանին, որ նկարազարդեց եւ էջադրեց գիրքը։ Խնձորը ընտրեց երկու պատճառով. նախ՝ քանի որ զէրոյի պէս կլոր է, ապա՝ քանի որ ճանաչումի աւանդական խորհրդանիշն է։ Այստեղ՝ խնձորը կը ներկայացնէ վայրը՝ ծերանոցը, որ պարզ անունի տակ կը համատեղէ բազմազան երեւոյթներ՝ իրարու զուգահեռ, զիրար հակասող կամ լրացնող, զիրար ոչնչացնող կամ սնուցանող։ Ընկերութեան մանրապատկերն է։ Անունը՝ ծերանոց։ Կեանքի ճանաչողութեան աղբիւր։ Այնտեղ՝ վայրի համակեցութեամբ կը գոյակցին ճիշդն ու սխալը, սուտն ու իրականութիւնը, ուր պարկեշտ մարդիկը կը սանձահարուին, քանի հոգեկան մեծութիւն ունին տէր կանգնելու ու ենթարկուելու իրենց զէրոյութեան գիտակցութեան։ Անոնք համեստ հոգիներն են, որոնք կ’երաշխաւորեն խնձորին կենսունակութիւնը եւ կենսանիւթով կ’ապահովեն զայն։ Բայց, ինչպէս ըսի՝ կը սանձահարուին ծանրակշիռ զէրոներու կողմէ, որոնք՝ զուրկ իրենց մարդկային անկարողութեան գիտակցութենէն, կը թունաւորեն խոձորը, կ’որդնոտեն։
Մ. — Գրած ոտանաւորներուդ մէջ կէտադրութիւն գոյութիւն չունի։ Ինչո՞ւ։
Ն. — Կէտադրութիւնը թելադրութիւն է, ուղղութիւն կու տայ ընթերցողին։ Ես թելադրելիք ոչինչ ունիմ։ Զէրօ մըն եմ։ Գլխագիր ալ չկայ։ Գրութիւնը ո՜չ առաջին տողով կը սկսի, ո՜չ ալ վերջին տողով կը վերջանայ։ Հատուած է ընդհանուրէ մը, որ գոյութիւն չունի շօշափելիօրէն։ Կարծես կաթսայի մէջ եռացող հեղուկ ըլլայ, որ տաքութեան ուժով երբ անզսպելիօրէն շատ բարձրանայ, կը հրէ կափարիչը ու մաս մը դուրս կը յորդի։ Այդ դուրս թափածը բանաստեղծութիւն կոչած եմ։ Յորդած մասը ես չեմ ընտրած։ Կաթսային մէջ այլեւս չբաւող մասն է այն։
Մ. — «Դուռը» բանաստեղծութիւնը ինչի՞ կ’ակնարկէ։
Ն. — Պահեստի դուռն է։ Հոն կ’ամբարէինք մեզմէ վերջնականօրէն հեռացած եւ ընտանիք չունեցող ապաստանեալներու անձնական իրերը։ Գիրքեր, լուսանկարներ, անձնական նամակներ…։ Այդ դրան բանալին միայն ես ունէի։ Իմ գաղտնարանս էր։ Հոն կը մտնէի տագնապներուս հետ առանձնանալու, միտքերս, ապրումներս կարգի բերել կը ջանայի, կը գրէի, կ’աղօթէի, շատ կ’աղօթէի, ու յաճախ այդ իրերը պահուած տուփերէն կը հանէի, կ’ուզէի հասկնալ տէրերուն ինչպիսի մարդ եղած ըլլալը։ Անոնց հետ կը զրուցէի։ Կ’ուզէի մոռացութեան դատապարտուած այդ մարդիկը միտքիս մէջ կենդանացնել, արժեւորել։ Ես այնտեղ սորվեցայ արժեւորել մեկնած կամ մեկնելու պատրաստուող սերունդը, որուն աշխատանքին եւ պայքարին կը պարտինք մեր ներկան։ Իսկական մահը մոռցուած ըլլալն է։ Յիշենք Խոր Վիրապ, Անյուշ բերդ … մոռացութեան ամենածանր պատիժներն են։ Ներանձնական ու մտերմասէր փորձառութիւն էր իւրաքանչիւր մուտքս հոն, «որուն դրան բանալին ելլելէս ետք կը կլլեմ»։ Ուրիշին չեմ վստահիր, միայն թուղթին։

Մ. — Բացատրէ մեզի «Ես պաշտօնեայ չեմ» հատուածը։
Ն. — Կը նկարագրուի զաւակ մը, որ կու գայ մահամերձ մօր այցելութեան ու ես պէտք է ընկերակցիմ անոր ըստ պաշտօնի ու մխիթարեմ։ Բայց «Ես պաշտօնեայ չեմ» խօսքին միտք բանին, որ կը տարածուի ամբողջ գիրքին վրայ, հետեւեալն է. ես մերժեցի աշխատիլ պաշտօնեայի հոգեբանութեամբ, թէեւ ամենադիւրին ձեւն էր դիմանալու։ Պարտականութիւններդ յստակ են. կը կատարես ու վերջ։ Օրէնք կայ, կը մնաս օրէնքի սահմանին մէջ, կ’ենթարկուիս անոր, ինքզինքդ կը պաշտպանես անով, չես մտածեր, չես խորասուզուիր, չես վերլուծեր, հարցում չես հարցներ ու հանգիստ ես, չես ընկճուիր։ Սրբազան իրաւունք։ Բնազդային իրավիճակ մըն է այս, զոր մերժեցի ընդունիլ, քանի անասնական գտայ, եսի շուրջ ոլորուած։ Իսկ մարդը եսը գերազանցող էակ է։
Ատեցի նաեւ «արհեստավարժ» եզրը, որ հազարումէկ ձեւի տակ կը նսեմանար զայն աժանցնողներու բերնին մէջ, երբ պաշտպանուած կը զգային անոր կարծր պատեանին մէջ։ Հետեւաբար, կրկնեցի ու գրեցի. «Ես փրոֆեսիոնել չեմ, ես մարդ մըն եմ, անունս այսինչ, եւ խիղճիս համեմատ, … պիտի ընեմ ինձմէ չակնկալուածը»։
Ըսեմ նաեւ, որ այդ միջավայրին մէջ ես ծանօթացայ այնպիսի արժէքաւոր անձերու, որոնք իրենց անջնջելի հետքը թողուցին կեանքիս մէջ ու հարստացուցին զիս։
Մ. — Շնորհակալութիւն Նորա։
Ն. — Ես եմ շնորհակալ։

28 փետրուար 2023
Փարիզ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *