Փետրուար 28-ին կեանքէն անսպասելիօրէն հեռացաւ տաղանդաւոր բանաստեղծ, գրականագէտ, Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան:
Ստեղծագործական ինքնատիպ, բեղմնաւոր ճանապարհ ապրած Վարդան Յակոբեան հայ մշակոյթին ժառանգութիւն ձգած է բանաստեղծական տասնեակ բարձրարուեստ ժողովածուներ եւ գրականագիտական խորիմաստ ուսումնասիրութիւններ: Ան նաեւ հեղինակն է Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգին:
Վարդան Սարգիսի Յակոբեան ծնած է 1948 թուականին, Արցախի Հադրութի շրջանի Արփագետուկ (Քարինգ) գիւղը: Ուսանած է հայրենի գիւղի եօթնամեայ, Պաքուի N 152 եւ հայրենի շրջանի Հին Թաղերու միջնակարգ դպրոցներուն մէջ: Բանաստեղծութիւններ սկսած է գրել տասնմէկ տարեկանէն: Դպրոցական տարիներուն զբաղած է նաեւ գեղանկարչութեամբ եւ ստեղծագործող դպրոցականներու մարզային ողիմպիականին առաջնութիւնը շահած է «Եղնիկն ու լիճը» գեղանկարին համար:
Վ. Յակոբեան Պաքուի N 152 դպրոցին մէջ ուսանողութեան ժամանակ, 9-րդ դասարանին, կոմերիտմիութենէն հեռացուած ու մեղադրուած է «շիրազեան ազգամոլութեան» մէջ: Ան ազերիական հաւատաքննիչներու ճնշման տակ ստիպուած տեղափոխուած եւ ուսումը շարունակած է հայրենի շրջանի Հին Թաղեր գիւղը:
1965 թուականին բանաստեղծութիւններ ուղարկած է Շիրազին: Անոր քաջալերանքը ստանալէ ետք կնքուած է Վարդան Յակոբեան (անձնագրային անունը` Սլաւիկ) գրական անուամբ:
Պաքու, 60-ական թուականներուն, տակաւին ուսանողութեան տարիներուն, երկու տարի աշխատած է Պաքուի 26 կոմիսարներու անուան մշակոյթի հայկական տունը` իբրեւ ասմունքող:
1969 թուականին աւարտած է Պաքուի մանկավարժական հիմնարկը եւ աշխատանքի անցած` Ստեփանակերտի «Սովետական Ղարաբաղ» թերթի մշակոյթի բաժինին մէջ, նախ իբրեւ գրական աշխատող, ապա` բաժինի վարիչ, խմբագիրի տեղակալ:
1983 թուականէն սկսեալ եւ մինչեւ իր կեանքի շիջումը աշխատած է Արցախի Գրողներու միութեան մէջ` իբրեւ կազմակերպութեան ղեկավար:
Հիմնադրած եւ խմբագրած է` «Արցախ» հանդէսը, «Եղիցի Լոյս», «Պըլը-Պուղի», «Յարութիւն», «Նարեկ», «Դպրատուն» պարբերականներն ու «Արցախ» հրատարակչութիւնը:
Հեղինակ է բանաստեղծական, գրականագիտական եւ մշակութաբանական եօթը տասնեակէ աւելի ժողովածուներու, որոնք տպագրուած են Երեւանի, Ստեփանակերտի, Մոսկուայի, Պաքուի մէջ եւ այլուր:
Հեղինակ է շարք մը թատրերգութիւններու («Հայելիներ», «Քո սէրը քո տունն է», «Ես հրաժարւում եմ ինձանից», «Արցախեան բալլադ» եւ այլն), որոնք բեմադրուած են ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ մայր Հայաստանի պետական եւ ժողովրդական բեմերուն վրայ:
Վ. Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները տպագրուած են` ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, ուկրաիներէնով, պարսկերէնով, վրացերէնով, պուլկարերէնով, անգլերէնով եւ այլ լեզուներով:
Վ. Յակոբեանի ստեղծագործութիւններու մասին տպագրուած են մենագրական շարք մը աշխատանքներ (Ս. Սարինեան` «Բանաստեղծի յայտնութիւնը», Ս. Խանեան` «Ցաւի եւ սիրոյ պոէզիան», Տ. Սողմոնեան` «Վարդան Յակոբեանի պոէզիայի գեղագիտական համակարգը», «Տաճարի ճանապարհին կամ մենարանի ուխտաւորը» եւ այլն):
Վ. Յակոբեան բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր է (թեման` «Հայ նորագոյն բանաստեղծութեան զարգացման հիմնական ուղղութիւնները»):
Վ. Յակոբեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գրողներու միութեան վարչութեան նախագահն էր: Երկար տարիներու համալսարանական-մանկավարժական աշխատանքի փորձ ունէր, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի պատմութիւն, գրականութեան տեսութիւն դասաւանդած է Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Ան համատեղութեան կարգով իր հիմնադրած «Գրիգոր Նարեկացի» պետական հաւատարմագրուած համալսարանի նախագահն էր:
Նախաձեռնող խումբի յանձնարարութեամբ ղեկավարած է Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային խորհուրդի 1988 թուականին պատմական նստաշրջանի կայացման աշխատանքները:
Ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անդամ:
Արցախեան թեմին կողմէ Հայոց ազգային-եկեղեցական ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է եւ 1995 թուականին Սուրբ Էջմիածինի մէջ մասնակցած է կաթողիկոսական ընտրութիւններուն:
Արցախեան համազգային շարժման ղեկավար մարմինի` «Կռունկի» ստեղծման օրէն նախագահի տեղակալն էր:
Արցախեան համազգային ազատագրական շարժման աշխուժ գործիչ էր: Արցախը մայր Հայաստանի միացնելու մասին նամակի նախաձեռնողներէն ու պատրաստողներէն մէկն էր, նամակին տակ առաջին ստորագրութեան հեղինակը: Ղեկավարած է Արցախը մայր Հայաստանի միացնելու համար Մոսկուա մեկնած մտաւորականներու պատուիրակութիւնը:
Յաջորդիւ աւելի հանգամանալից կ՚անդրադառնանք իր կեանքին եւ գրականութեան։