Բանաստեղծութիւններ

Նորա Պարութճեան
Հրէշս

հրէշս անօթեցած է կրկին
անզսպելի բողոքն իր բջիջներէս կը ժայթքի
կը սփռէ դեղնած ու լերդ նօթերը
հոն ուր ինձմէ ես մը անգոյն ինքզինք ըլլալ կ’աշխատի
կը դղրդայ համերգը դժնի
աստուծոյ հետ կռուի ելած
կայծակներու հպարտութեան պարտուած
ու մորթիս վրայ կը նուագուի այդ պարտութեան անգերազանց մեղեդին

անօթեցած է հրէշս կրկին
ու զի՜ս կ’ուզէ խենթացած
իր կատաղի աղօթքը
դատարկամոլ հաւատքիս դէմ կը հանէ
կը պարպէ զիս ժամանակէս վատնուած
ճշմարտաբուխ ախորժակը իր անյագ
ռունգերուս ու կոկորդիս կը փչէ
դատարկ միսս իր սերուցքով լեցնելու
մաքրելու զիս մաքրամաքուր ու հեշտալի երազէս
պատելու իր կարօտով մոլեգին
վառելու իր քաջութեամբ ամեհի
զիս
կերակուրն դարձեալ զարթնած հրէշի

անօթի է ան կրկին
ու կ’ուզէ զիս իր բոցերուն մէջ լուալ
լափլիզել հունտը մտքիս
խմել արիւնս ազնուական
ու աղալ երազներս
պարապին ու սովին
ակռաներու արանքին
իրն եմ ես դարձեալ

եկած է ան կրկին

 

* * *

կը մերժեմ գործիքները բառերուն
կը մերժեմ գոյնն ու չափը տխրութիւնը գիրերուն
չեմ ընդունիր անոնց ձեւը, անոնց անկիւնն ու գիծը
ամենակալ տիրապետող ու յաւակնոտ
նիզակասոյր խոյանքը
որ կախարդի աւելին պէս զիս իր վրան հեծցուցած
դուրս դէպի դուրս
անվայր անհող անգետին ամայութեան
մէջ տապալիլ կը տանի

չեմ ընդունիր այն բառերուն թեթեւամիտ շոգիաթոյր մեղկ լեզուն
առանց որուն ոչինչ եմ
կապանքներուն մէջ լռելեայն
կը փոթորկի դաստակս
ու ես կ’ատեմ լռութիւնը
անպարտելի սատանին
որուն առջեւ ծնրադիր
սուրբին գալը ներքինիաբար կը սպասեմ
ու չի գար
քանի չկայ փրկութիւնը բառերուն

կերպարանք մը զգեցած
անմարմին վերարկու – բառերը –
կը հմայեն
կը ցնցեն
կամ անտարբեր կը ձգեն
անցնելէն ետք
քիչ մը հեռուն
թափթփելու նսեմացած իրենց շուքէն նետահար
կը փլին անճարօրէն խեղճացած
ու կ’անհետին ձեւակալած ակռաներու տակ պողպատէ
ծամուելու ծամուելու ծամուելու
… մինչեւ վերջ

Փարիզ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *