ՆԱԶԱՆ Ա.
Երեք էին անոնք՝ Քնարը, Արշալոյսը եւ Յասմիկը՝ մայրս եւ իր քոյրերը, որոնք սարդերու նման իրենց ամենօրեայ ոստայնները՝ ձեռագործերը կը հիւսէին։ Անշուշտ չմոռնամ նշել ասոնց վարպետը մայր իշխանութիւն Եղիսաբէթ մեծ մայրս էր, որուն ձեռքերն ալ բնաւ դադար չունէին։ Ան ընտանիքի մեծն էր, բոլորին փափաքները սիրով եւ արագ կատարողը։
Այո, մեծ մօրս «մէյտանի» տունը կարծես կը նմանէր գոյն-գոյն թելերու, բուրդերու, կեռերու, կերպասներու, ասեղներու, կեռասեղներու, հիւսքի բոլոր թիւերով ճաղերու՝ «միլ»երու, բոլոր հաստութիւններով եւ չափերով ասեղներու շտեմարանի։
Կը սիրէի մէյտանի տունը մօրս հետ երթալ, հետաքրքրական աշխարհ մը կար այնտեղ՝ երգ, նուագ, արտասանութիւն, նիւթերու զանազանութիւն՝ «Յուսաբեր» կամ «Արեւ» օրաթերթերու յօդուածներուն, խմբագրականներուն «վերլուծումներով» խօսակցութիւն, եւ չմոռնամ աւելցնելու՝ գոյնզգոյն փետուրներով մեզի միշտ սպասող թութակ՝ շատախօս Գօգոն։
Տան մուտքէն արդէն կը լսուէր Գօգոյին ձայնը. գիտէր ո՛վ է այցելուն եւ ո՛վ էր տնեցին եւ ըստ այնմ կ՚ողջունէր դռնէն մտնողը։ Գօգոն Յասմիկ մօրաքրոջս թութակն էր, որ բախտաւոր օր մը եկած էր ու վիրաւոր ինկած ճամբուն վրայ բացուող իրենց պատշգամին ծայրամասին վրայ։ Մօրաքս զինք բուժած եւ ընդունած էր ներս, եւ իբրեւ ընտանիքի մէկ անդամը՝ ան կը վայելէր իրեն մատուցուած բոլոր բարիքները…
Եւ քանի որ նշեցի այդ պատշգամը, ըսեմ նաեւ, որ երեկոյեան մեր աշխատանքի հաւաքավայրն էր։ Կը յիշեմ մօրաքրոջս հետ, այնտեղ փոքր աթոռակի մը վրայ նստած, սորված եմ ձեռագործի առաջին դասերս՝ ասեղը զգուշութեամբ մատներուս միջեւ բռնելը, թելը ասեղի ծակէն անցընելը, թելին ամենածայրը հանգոյց ընելը, պարզ մէկ ուղղղութեամբ կարելը, շեղ կարը, «սիւր ֆիլէ» ընելը, խաչասեղ կարը, անյայտ կարը եւ վերջապէս թելը մկրատով կտրելը, որոնք ըստ իրեն կրնային օգտակար ըլլալ կեանք մը ապրելու համար… ։
Ընտանիքի աղջիկները կարել, հիւսել, ասեղնագործել գիտնալով՝ հագուստներու քակուած կարերը անմիջապէս պիտի կարենային կարել։ Կարելու մթնոլորտէն ներշնչուած, մեծ եղբայրս օր մը փափաքեցաւ «քանավա» աշխատիլ, եւ երկու սիրուն ծաղիկներով գոյն-գոյն տպուած «Էթամինի» վրայ յաջողեցաւ աշխատիլ եւ նոյնիսկ շրջանակի մէջ առնել տուաւ մօրս։
Տան մեծաւորուհին՝ մեծ մայրս, ինչպէս ըսի, հիւսքի վարպետն էր, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն իր «պարապ» ժամերուն սքանչելիօրէն կը հիւսէր՝ մէկուն բաճկոն, միւսին անթեւ «ժիլէ», փոքր աղջիկներուն «շալ»։ Շատ յաճախ հարց կու տայի իրեն՝ «Մեծ մամա, ե՞րբ ինծի համար խոստացած կարմիրով ճերմակ բաճկոնը պիտի հիւսես», միշտ ալ պատասխանը կ՚ըլլար նոյնը՝ «Այս ձեռքինս զարմիկիդ համար է, վերջացնեմ, յաջորդը քու կարմիր եւ ճերմակ զարդերով բաճկոնդ կ՚ըլլայ»։ Երեւակայեցէք, այս կինը որքան արագ պէտք է հիւսէր, որպէսզի գոհացնէր իր բազմանադամ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի փափաքները…։
Քնար մօրաքս խոզակ հիւսող շերամ էր, սակայն ան ասեղնագործութեան վարպետն էր։ Մինչեւ կեանքի աւարտը, որքան որ կարողութիւնը ներեց՝ ասեղնագործե՛ց։ Այլեւս ամսագրերը, գիրքերը բանալու ուսումնասիրելու ալ կարիքը չունէր, բոլոր բնազարդերը, նախշերը արձանագրուած էին մտքին մէջ։ Գլուխը ցոյց տալով, ժպիտով կ՚ըսէր՝ «ամենքը այստեղ են, այլեւս ձեռագործի թերթերը բանալու պէտք չունիմ»։ Մէկ ասեղնագործութիւնը դուռ կը բանար յաջորդին, ինքնաբուխ կը ստեղծագործէր, եւ բոլորն ալ կարծէք սքանչելի ցուցադրութեան նմուշներ ըլլային։ «Տե՛ս, այս մէկը շրջուած տերեւներ են, յետոյ աստղերով կը շարունակեմ, անպայման խաչեր կը տեղադրեմ, ծայրերը այս նախշերով պիտի աւարտեմ», — ներշնչուած կը բացատրէր ինծի։ Երբեմն առաւօտուն սկսած մէկ գործը կը քակէր երեկոյեան, կամ սխալ մը ըրած կ՚ըլլար եւ կամ ալ ուրիշ բնազարդ մը կը նախընտրէր տեղադրել։
«Նազի՛կ, աղջի՛կս, այս վերջին գործս է. նայէ հարիւր տարեկան մօրաքդ աշխատած է այս ասեղնագործութիւնը։ Տէ.Էմ.Սէ. թել դժուար է հիմա գտնելը, այս հաստ թելերը շատ չեմ սիրէր կոր, բայց հոգ չէ, այս ալ իբրեւ յիշատակ դիր տանդ մէջ եւ վրան գրէ՝ «հարիւր տարեկանի մը ձեռագործը»։ Մէկ ձեռքին մէջ ձեռագործը, իսկ գիրկին վրայ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը, թէ կ՚աշխատէր եւ թէ կը կարդար փոխնիփոխ։ Ինք նաեւ քոյրերուն հագուստներ կարած էր ատենին։ Կերպասները զատուած պէտք էին ըլլալ, անգլիական կամ ֆրանսական, երբեմն ալ Կիպրոսի զարմիկ Հայկուհիէն ստացուած կ՚ըլլային. կիպրացի ազգականները կերպասի վաճառական էին, եւ լաւագոյն բուրդէ կամ բամպակէ կերպասները ձեռք կրնային ձգել։ Ձեռագործի համար կը նախընտրէին «Էթամին», քաթան («լէն»), «գանըվա», մետաքս, «շիֆոն» կամ բամպակ։
Փոքր մօրաքրոջս՝ Յասմիկին մասնագիտութիւնը շուքի եւ խաչասեղի աշխատանքն էր, եւ ան էր մեզմով ամենաշատ զբաղողը։ Ինք զաւակ չէր կրցած ունենալ, սակայն բոլորս ալ իր զաւակները կը նկատէր եւ մեծին ու փոքրին կարիքները կը հոգար։
«Տե՛ս, Նազիկ, այս բաց կանաչ կերպասին վրայ գծեցի մատիտով, «Մանի Տի Ֆաթա»-յէն խոշորացոյցով մեծցնելով ընդօրինակած եմ ձեր վարժարանի ձեռագործի դասընթացքին համար, օրիորդ Ռեբեկան պիտի սիրէ։ Ցոյց տամ ինչպէս շուքի ասեղնագործութիւնը պիտի ընես, մաքուր պէտք է աշխատիս։ Միագոյն գոց կանաչ ֆրասական Տէ. Էմ. Սէ. թել բերած եմ, զգոյշ պիտի ըլլաս՝ գիծերէն դուրս չելլես։ Գալ շաբաթ պիտի գամ եւ օգնեմ քեզի եթէ կարիքը զգաս»։ Այդ տարին զարմիկս՝ Էլիզը, Պօղոսեան վարժարանի ձեռագործի մրցանակին առաջնութիւնը խլեց, իսկ ես եղայ երկրորդ մրցանակակիրը։ Երկուքս ալ ունէինք անշուշտ նոյն ուսուցիչը՝ մօրաքս։
Մայրիկս ընդհանրապէս հիւսքի եւ կարի մասնագէտն էր։ Իր շատ մը գործերուն միջեւ, իր հանգիստի ժամերուն ճերմակ ծրարը կը բանար ու մէջէն իր հիւսքը եւ ճաղերը կը հանէր։ Անպայման անգլիական բուրդ պէտք էր ըլլար, ըստ իրեն «որքան բարակ՛ այնքան լաւ, բաճկոնը աւելի նուրբ կ՚երեւէր հագուածիդ վրայ»։
Պատերազմի տարիներուն ստիպուած եղած էին իրենց գտած կերպասներուն վրայ աշխատիլ, երբեմն իրար կցել-կարելով նոյն գոյնի եւ տեսակի փոքր կերպասներ։ Վերջին անգամ Աղեքսանդրիա երթալուս, մօրաքս նմուշ մըն ալ տուաւ այդ տարիներու իր ստեղծագործութիւններէն։ Ոչ մէկ հետք իրար կարուած բաժիններէն։ Նոյնիսկ մութին մէջ գործած էին իրենց այդ տարիներու ձեռագործները, թոհուբոհի մէջ։
Եղիսաբէթ մեծ մօրս ապրած տան թաղին մօտ կը գտնուէր «Սուք էլ Քանթոն»՝ ոսկերիչներու շուկան, ուր շատ մը հայեր իրենց ոսկերչի եւ կերպասներու խանութները ունէին։ Շատ յաճախ, մօրս եւ մօրաքրոջս հետ այդ շուկան կ՚երթայի կերպաս կամ թել փնտռելու։ Այնքան ոսկի կեանքիս մէջ չէի տեսած, ինչպէս հայերու, նաեւ մեզի ծանօթ ոսկերիչներու խանութներուն մէջ. հետագային միայն Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ տեսայ ոսկերիչներու նման հարուստ խանութներ։
Մի քանի օր առաջ բացի պահարանիս այն դարակները, ուր կը գտնուին սիրելի մօրաքոյրներուս եւ մօրս ձեռագործները, զմայլանքով դիտեցի անոնց նուրբ ասեղնագործութիւնները եւ որոշեցի գրել այդ յիշատակներուս մասին։
Մանկութեան եւ պատանեկութեան ի՜նչ յիշատակներ։
Այդ կիները, հակառակ իրենց ապրած տեսակ-տեսակ դժուարութիւններուն, չկորսնցուցին երբեք իրենց ստեղծագործ ոգին, աշխատանքի սէրը, ստեղծելու կամքը եւ վերջապէս մեզի ժառանգ թողած իրենց ասեղնագործ ոսկի ձեռքերու արգասիքը՝ հեռացա՜ն…։