Մարուշ Երամեան
Կ՚ըսեն թէ պիտի վերադառնայ, արդէն ճամբայ ելեր է եւ արդէն կրկին սկսանք մեր բարեկամները զոհ տալ անոր…
Կը յիշէ՞ք այդ օրերը՝ ժահր, շրջափակում, քարանթին, նոյնշաբթի…
Այդ օրերուն, մանաւանդ սկիզբները, մարդիկ կը փորձէին երգիծանքով մօտենալ անոր, թերեւս կրել կարենալու համար այդ ժահրէն ծնած վախը, մտահոգութիւնն ու ցաւը:
Երանի այդ օրերուն ըսուած-գրուածները բոլոր-բոլորը հաւաքած ըլլայի. չեմ ըրած. միայն ասո՛նք փրկուեր են…
Թագաժահր, պսակաձեւ ժահր, թագավարակ…
Պսակաձեւ ժահրը Արմենակ Եղիայեանին առաջարկն է եւ որպէս հաստատում կ՚ըսէ, թէ վաղուց քորոնա բառը որպէս պսակաձեւ թարգմանուած է, սիրտը եզերող անօթներուն համար:
Երկու վարկած կայ.
Ա. Չինաստան ըրաւ ասիկա, տնտեսական գերակայութիւն ունենալու համար ամբողջ աշխարհին, նոյնիսկ Ամերիկայի վրայ:
Բ. Ամերիկա ըրած էր, որպէս կենսաբանական զէնք, բայց չինական լրտեսութեամբ եւ անոնց սխալով ժահրը տարածուեցաւ:
«Ֆութպոլիստի մը մէկ միլիոն եւրո կու տաք ամսական, գիտնականի մը՝ 1800. եթէ կ՚ուզէք դարմանում գտնել, խնդրեմ դիմեցէ՛ք Քրիսթիանո Ռոնալտոյին, կամ Մեսսիին, անոնք դարման կը գտնեն»:
Օրինակ. այսօր շատ զիլ բան մը գրած էր արաբ մը.
«Պետութիւնը շուարեր է. մեզի քարանթին չպարտադրէ եւ բնակչութեան թիւը դառնայ 50 միլիո՞ն, թէ պարտադրէ, ամեն մարդ տունը մնայ եւ բնակչութեան թիւը դառնայ 150 միլիոն»:
Որովհետեւ Եգիպտոսի խնդիրներէն մէկն ալ բնակչութեան շատ արագ աճն է:
Մէկը գացեր է նշեղէն եւ կուտ գնելու. ծախողը ձեռնոցով է եղեր.
— Աս ի՞նչ է, ձեռնո՞ց:
— Անշո՛ւշտ, պէտք չէ՞ ուրիշներու առողջութեան մասին մտածենք, — ըսած է ծախողը եւ լաւ մը փչած է տոպրակին մէջ, զայն բանալու համար….
Ուրիշ մը կը գրէ.
«Վերջերս մեր կեանքի իրականութիւնը կարծես պատմութիւն մըն է, որ ութ տարեկան դպրոցական մը որպէս շարադրութիւն գրեր է.
“Այդ վայրըսը կար, որմէ ամբողջ աշխարհը կը սարսափէր եւ ամբողջ աշխարհի թուալէթի թուղթերը սպառեցան. դպրոցներն ալ գոց էին կարծեմ մէկ ամիսի չափ եւ յետոյ ամառ եկաւ”»:
Եւ տակաւին՝ «Կենդանիները մօտակայ անտառներէն քաղաք կը մտնեն, մինչ մարդիկ փակուած են իրենց տուներուն մէջ»:
Կը շարունակուի Լիբանանէն.
«Եթէ քորոնայի դէմ պայքարը տոկոսաշահով (գոմիսիոն) ըլլար, 24 ժամhն կը յաղթահարէին»:
«Եթէ շաբաթ մըն ալ քարանթինի մէջ մնանք, մայրերը գիտնականներէն առաջ պիտի գտնեն քորոնային հակադեղը»:
«Գալիք Ռամատանի ֆիլմաշարերը պիտի կոչուին՝ “Կորսուած դնչակալը”, “Սէրը քարանթինայի մէջ”, “Ո՛չ, հօրս դէմքին պիտի չփռնգտամ”»:
Արցախի Տատիկին եւ Պապիկին արձաններուն նկարը՝ դնչակալներով…
«Կարեւոր թարմացում.
Կը խնդրուի դիմակ օգտագործել նոյնիսկ տան մէջ, նոյնիսկ երբ մինակ էք. եթէ քորոնայէն պաշտպանուելու չօգնէ իսկ, կը ստիպէ որ ուտելէ դադրիք»:
Երէկ արաբերէն հետեւեալը կարդացի.
Իսկ երկրին (Եգիպտոսի) նախագահը ըսեր է՝ «Եթէ դուք չդաստիարակէք եւ փողոցներէն ներս չբերէք ձեր զաւակները, ես բանակը պիտի իջեցնեմ, որ թէ՛ ձեզ, թէ՛ ձեր զաւակները դաստիարակէ…»:
Վերջին լուր.
Եգիպտոսի Մանուֆիէ շրջանի Շանշուր Պաշմուն գիւղի ժողովուրդը գիշերով բացեր է շուկան, որովհետեւ մէկը զիրենք համոզեր է, թէ քորոնան գիշերով քնացած կ՚ըլլայ:
Միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւնը ասոնց պատճառով ինքզինք պիտի լուծարէ վերջաւորութեան կարծեմ…
Քորոնայի օրագրութենէն.
«Ոստիկանութեան մօտ վերջին 24 ժամերուն արձանագրուած դէպքերէն.
Գողութիւն 0
Ոճիր 0
Արկած 0
Այր ու կնոջ վէճեր 12.197»
Կենդանիներուն յարձակումները ամայացած քաղաքներուն վրայ օրէ օր կ՚աւելնան…
Մէկը յօդուած գրեր է՝ «Քորոնավայրըս՝ վարակ, որ աշխարհը փրկեց համաշխարհային պատերազմէն»:
Ուրիշ յօդուած մը՝ «Հիմա որ ԱՄՆ ինկած է վարակին տակ, Չինաստան կը պատրաստուի աշխարհի ղեկը ձեռք առնելու»:
Ասիոյ ժողովուրդը բրինձ կ՚ամբարէ, մեքսիքացիները՝ լուբիա, ռուսերը՝ վոտքա, իսկ ամերիկացիները՝ թուալէթի թուղթ …
«Եթէ պատահի որ քորոնայով վարակուիս, հիւանդանոց մի՛ երթար, այլ գնա՛ բոլոր թշնամիներդ այցելելու, համբուրէ զիրենք եւ ըսէ՛ կը ներեմ ձեր ըրածը ինծի…»:
Գըրմիդ Գորտ
«Աստուած նայում ա տեսնի, թէ ամբողջ աշխարհում ինչա կատարւում, տեսնում ա, որ բոլորը պաշտպանւում են քորոնավիրուսից, գերպետութիւնները հակաթոյն են փորձում ստեղծել։
Նայում ա մեր տարածաշրջանին ու տեսնում, որ ազերիները քորոնավիրուսից մահացածներ ունեն, մտածում են ոնց ճիշդ թաղեն, որ էտ վիրուսը չտարածուի, Իրանում էլ մահացածներ կան, հարեւան երկրները փակում են իրա հետ սահմանները:
Նայում ա Հայաստանի միւս հարեւան Վրաստանին ու տեսնում, որ ընտեղ էլ արդէն վարակման առաջին դէպքը կայ ու էլի բոլորը պայքարում են վիրուսի դէմ։
Ասում ա լաւ հլը նայեմ Հայաստանում ինչ վիճակ ա ու տեսնում ա, որ ստեղ մարդիկ, է՛լ հանրաքուէ են անում, է՛լ հարսանիք, ծնունդ են նշում, է՛լ փոստեր են անում Քորոնավիրուսի մասին ու ասում ա՝ “Թո՜ւ, արա էս հայերը էլի յոյսները իմ վրայ են դրել”»:
Ռուսիա փողոցները 500 առիւծ ձգեր է, որ մարդիկ ստիպուած տուները մնան: Գէշ ձեւ չէ:
Bored Panda էջը դրած է շարք մը նկարներ բժիշկներու եւ նըրսերու, երկար ժամեր պսակաձեւ ժահրի հիւանդներու հետ աշխատելէ ետք. ամեն մէկուն դէմքը տեսակ մը վիրաւոր է դրած դնջակալէն. լրջօրէն վիրաւորուած են դէմքերը:
Նըրսերէն մէկը կը գրէ, կը թուէ օրուան ընթացքին ըրածները, որոնց մէջ մեռնողներուն ձեռքն ալ բռնել նշեր է ու կ՚ըսէ.
«Տունը մնացէ՛ք եւ վայելեցէ՛ք, նաեւ իմ փոխարէն»:
Անկեղծօրէն՝ շատ յուզիչ էր:
Լիբանանէն.
«Տունը մնա՛, եթէ ոչ քու, գոնէ նախագահիդ առողջութեան համար, որ յետոյ ընտրութիւններուն էշ մը չշահի…»
2019 թուականին տիւանին վրայ, TV-ին առջեւ յուլօրէն ընկողմանած միջին տարիքի մարդը «անբան արարած» կը կոչուէր, 2020-ին նոյն մարդը «պատասխանատու քաղաքացի» կը կոչուի:
Մէկը նշում գրեր է՝ human devolution… շատ սիրեցի այս բառը. revolution, evolution, եւ հիմա՝ devolution… հա…
Միշտ Լիբանանէն.
«Բժիշկները կարողացան բնակչութեան կէսը համոզել, որ տունը մնայ. հիմա պէտք է որ անասնաբոյժները միւս կէսը համոզեն…»:
Քորոնավայրըսի քարանթինան վերջանալէ ետք, պիտի պարգեւատրուին ամուսնացած այն տասը զոյգերը, որոնք ողջ-առողջ, առանց զիրար սպանելու եւ առանց ամուսնալուծուելու աւարտին հասան:
Dear God,
Will you uninstall 2020 and reinstall it? It has virus.
Հիմա, չորս տարի ետք, նահանջ տարիի փետրուար 29-ի նման, քորոնան, թագաժահրը, պսակաձեւ ժահրը, թագավարակը կրկի՞ն պիտի ապրինք…
Աստուած ո՛չ ընէ…